«ՆԻՒԹԸ ՆԻՒԹ ԿԸ ԲԱՆԱՅ»

Վարդգէս Շամլեան (իրաւաբան), «Յուշագրական ալպոմ», Մոնթրէալ 2018, 384 էջ + բովանդակութեան ցանկ։

Ս.Ա.Յ.

Համաշխարհային գրականութեան մէջ թէեւ անհատական յուշագրութիւնը հին երեւոյթ է, սակայն վերջերս շատ աշխուժացած է մանաւանդ արեւմուտքի մէջ։ Հայ գրականութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ու անոնց յաջորդ սերունդներու յուշապատումները, որոնք վկայարան կը հանդիսանան անպատմելի տխուր ապրած օրերու։

Մեթր Վարդգէս Շամլեանի վերջերս հրատարակած յուշագրութիւնը անձնական լուսանկարներու միջոցաւ ընթերցողը իրազեկ կը դարձնէ քսաներորդ դարու կէսէն մինչեւ 2017 Լիբանանի, Գանատայի եւ հայ կազմակերպական կեանքի շարք մը իրադարձութիւններուն, որոնց մասնակից եւ դերակատար եղած է ինք։ Այս յուշագրութիւնը վկայութիւնն է մեր գաղութային կեանքին։
Հատորը կը սկսի յառաջաբանով մը, ուր հեղինակը կը խոստովանի յուշագրութեան հոգեկան ծանրութիւնը՝ այրուածքը։ Յառաջաբանին կը յաջորդեն վեց բաժիններ՝ Պէյրութի անձնական իրադարձութիւններու շրջան, նախագահներու հետ հանդիպումներ, գանատական շրջան, ազգային եւ եկեղեցական իրադարձութիւններ, բարեկամներու յիշատակում,— իր դասընկերոջ՝ Աբրահամ Ալիքեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Վահէ եւ Արսինէ Օշականի։ Իսկ վերջին բաժինը աւելի անձնական է, յատկացուած հեղինակի ընտանիքի, ծագման, ինքնակենսագրական գիծերուն, իր որսորդական սիրոյն եւ այլ նիւթերու ու դրուագներու, այս բոլորը համեմուած լուսանկարներով։
Վարդգէս Շամլեան իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է ըլլա՛յ Լիբանանի, ըլլա՛յ Գանատայի մեր գաղթօճախներու ազգային կեանքին, յատկապէս թեմական մարմիններու եւ «Համազգային»-ի շրջանակներէն ներս ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ՝ շրջանային թէ համասփիւռքեան առումով։
Ան նաեւ եղած է հայ հին իրաւունքի դասախօս «Համազգային»-ի Հայագիտական հիմնարկին։
Յաջորդ էջերով կու տանք նմուշ մը գրքի բովանդակութենէն՝ Աբրահամ Ալիքեանին յատկացուած գլուխը։
Վարձքդ կատար՝ մեթր Շամլեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *