Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու,— երբրեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի,— բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը, ուր զայն կազմող բառերը կը կորսնցնեն իրենց բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր`«դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Օրինակ՝ դարձուածք մըն է «երես տալ» բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ”

Լալա Միսկարեանի «Ծիրանի ոգիներ» հատորը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Սուրիայէն հասնող գրային ամեն փշուր սարսուռով կը պատէ մեր հոգիները, որովհետեւ ան իսկոյն կ՚ոգեկոչէ այն ահաւոր պայմանները, ուր մարդիկ կ՚ապրէին մօտիկ անցեալին, այն «երազային Հալէպը», որ այլես չի կրնար պաշտպանել իր զաւակները, չի կրնար լուսաւորել անոր գիշերները, չի կրնար ջերմացնել մինչեւ ոսկորները թափանցող ցուրտը, եւ ընդհանրապէս միշտ չէ, որ կը յաջողի ապահովել անոր հանապազօրեայ հացն ու ջուրն իսկ: Եւ չես կրնար առանց շլմորելու հարց չտալ՝ հապա ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այս պայմաններուն մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք, անտեսելով այդ բոլորը, սիրտ կ՚ունենան գրիչ բռնելու, իրենց պատգամը յղելու աշխարհին ու մարդկութեան, արուեստի գործ մշակելու՝ ջերմացնելով իրենց եւ ընթերցողներուն հոգիները: Continue reading “Լալա Միսկարեանի «Ծիրանի ոգիներ» հատորը”

Կ՚ՈՒԶՈՒԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Վերջին քանի մը տարիներուն Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան գործելադաշտի ընդարձակման ու ծաւալման որպէս արդիւնք, ներկայիս կարիքը կը զգացուի աշխուժ ու փորձառու վճարովի վարիչ-տնօրէն-ի մը նշանակման»:

«Վարիչ-տնօրէնը, համագործակցելով թերթի գլխաւոր խմբագրին եւ թղթակիցներուն հետ, զեկուցելով Արմենիա Մետիա ընկերկացութեան խնամակալ կազմին, պատասխանատու պիտի ըլլայ՝ ստեղծելու եւ վարելու յատուկ ռազմավարական ծրագիր, զորս պիտի ընդգրկէ մամուլէն ներս ամսական յատուկ թեմաներու կիրարկում»: Continue reading “Կ՚ՈՒԶՈՒԻ”

ԵՒ ԱՅԼՆ… ԵՒԱՅԼՆ… ԵՒՆ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ա) Ուղղագրութիւն

Դուք հանդիպա՞ծ էք լեզուի մը մէկ բառին, որ գրուի… վեց ձեւով:
—Կարելի՞ բան է,— պիտի մտածէք շփոթած:
Բայց եւ այնպէս իրողութիւն է:
Այդ բառը հայերէնի «եւ այլն»-ն է:
Ըստ երեւոյթի աննշան, չըսելու համար՝ անկարեւոր բառ մը, որ սակայն գոնէ վեց տարբեր ձեւերով կը գրուի արեւմտահայուն կողմէ, նայած թէ ո՛ր օտար լեզուի ազդեցութեան տակ է գրողը ընդհանրապէս կամ տուեալ պահուն. օրինակ՝ Continue reading “ԵՒ ԱՅԼՆ… ԵՒԱՅԼՆ… ԵՒՆ”

Ո՞ւր է տեսլականը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Վերջին քանի մը տարիներուն արեւմտահայ սփիւռքի մէջ սկսած է զարգանալ ու տեղ ընել մտայնութիւն մը, թէ արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը պէտք է ստանձնէ Հայաստանը: Առ այս կը գրուին յօդուածներ, կը ներկայացուին հայցեր, կը մշակուին ծրագրեր, կը կազմակերպուին համագումարներ՝ ի սփիւռս թէ ի Հայաստան, ուր ելոյթ կ՚ունենան շատ լուրջ ազգայիններ. ասոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ ամիս մը առաջ Երեւանի մէջ եւ արեւմտահայու նախաձեռնութեամբ՝ աւարտելու համար կատարեալ ձախողութեամբ մը:

Չկմկմանք, դարձդարձիկ ճամբաներէ չմօտենանք հարցին, այլ փորձենք եզը իր եղջիւրներէն զսպել. որքա՞ն իրապաշտ է նման ցանկութիւն մը: Որքանո՞վ Հայաստան կրնայ օգտակար ըլլալ լեզուի մը, որ կը կը գրուի ու խօսուի սփիւռքի մէջ, կ՚ուսուցուի սփիւռքահայ վարժարաններու մէջ, կը ծառայէ սփիւռքահայ մամուլին ու հրատարակչատուներուն եւ որոնց բոլորէն մազ մը իսկ փոխելու իրաւասութիւնը չունի ինք: Continue reading “Ո՞ւր է տեսլականը”