«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ահա երկու գիրք եւս, որոնք տակաւին չէին տեղաւորուած գրադարանիս մէջ՝ սպասելով, որ իրենց մասին ալ քանի մը տող գրեմ։
Առաջինը Արամ Հայկազի «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»-ն է, որուն առաջին տպագրութիւնը (յԱնթիլիաս) օրին ունեցած եմ՝ հեղինակին մակագրութեամբ ալ օժտուած, եւ որուն 50-ամեակին առթիւ է, որ լոյս տեսած է այս մէկը 2022-ին, Երեւան, 608 էջերով։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.”

Մեր ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԴԵՄՈԿՐԱՏԻԱՅԻ ԱՃՈՒՐԴ

Էդուարդ Միլիտոնեան

Սեպտեմբերեան աղէտէն անցաւ աւելի քան մէկ ամիս, եւ անշուշտ հետզհետէ կը փարատի հարուածին առթած շշմածութիւնը։ Գրականութեան մէջ առաջին արձագանգները եղան քերթուածի ձեւին տակ, որոնցմէ նմուշներ ներկայացուցինք մեր ընթերցողներուն նախորդ եւ այս թիւերով։ Այս թիւով կու տանք, քերթուածներէն բացի, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեանի ստորեւ գրութիւնը, լոյս տեսած միութեան պաշտօնաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն տեղը հրատարակուած ուշագրաւ գրութիւն մը՝ Նանէի գրչին արգասիքը։
Հորիզոն գրական

Գիւտ արած չեմ լինի, եթէ ասեմ` աշխարհում ամեն ինչ վաճառւում է, եւ այս առեւտրում խիղճ կամ ամօթ փնտռելը հէնց ամօթ է։
Առեւտուրն իր շրջանագծում ընդգրկում է ու փայփայում խաբէութիւն, Continue reading “ԴԵՄՈԿՐԱՏԻԱՅԻ ԱՃՈՒՐԴ”

ՍԻՒՆԵԱՑ ԼԵՌՆԵՐԻՑ ԱՅՆ ԿՈՂՄ, ԱՌԱՅԺՄ… ՄՏՈՎԻ

Նանէ

Դէպի Սիւնիք ճանապարհը դժուարանում եմ ասել՝ երկա՞ր տեւեց, թէ՞ կարճ. խառնիխուռն մտքերի մէջ կորցրել էի ժամանակի զգացողութիւնը: Մի 4-5 օր առաջ Արցախը դատարկուել էր, թուրք-ազերին նորից իր վայրագութեան խրախճանքի մէջ էր: Տանը պատէպատ վիճակից փրկուելու ելք էր Արցախին գոնէ մօտ լինելու միտքը, ու… ճանապարհին եմ: Continue reading “ՍԻՒՆԵԱՑ ԼԵՌՆԵՐԻՑ ԱՅՆ ԿՈՂՄ, ԱՌԱՅԺՄ… ՄՏՈՎԻ”

Հայու երգիծական հանճարին նահապետն ու անհասանելի գագաթը — Յակոբ Պարոնեան (1843-1891)

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 2-ին (19-ին՝ նոր տոմարով) լրացաւ հայ մեծագոյն երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանի ծննդեան 180-ամեակը։ Նշելու համար հայ գրականութեան միշտ անմահ այս հեղինակին տարեդարձը, ընթերցողին կ՚առաջարկենք Նազարէթ Պէրպէրեանի այս ակնարկը, որ ան հրապարակած էր 5 տարիներ առաջ մեր լծակից «Ազդակ»-ի էջերէն։

Հորիզոն գրական

Յունիս 8-ին, 127 տարի առաջ (այժմ՝ 132 տարի — խմբ.), Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ մեծ մարդու եւ նոյնքան մեծ հայու պայծառագոյն դէմքերէն մէկը` անմահն Յակոբ Պարոնեան: Continue reading “Հայու երգիծական հանճարին նահապետն ու անհասանելի գագաթը — Յակոբ Պարոնեան (1843-1891)”

Մեծապատիւ մուրացկաններ

Յակոբ Պարոնեան

Հազար ութը հարիւր եօթանասուն… չեմ յիշեր՝ քանիին, սեպտեմբերի երեսունը մէկին, — ներեցէք, երեսունին պիտի ըսէի, վասնզի սեպտեմբերն երեսուն օր միայն ունի, — երկար եւ ընդարձակ թիկնոցի մը մէջ փաթաթուած միջահասակ եւ գիրուկ մարդ մը, որ Տրապիզոնի շոգենաւէն նոր ելած էր, Ղալաթիոյ նաւամատոյցին վրայ կայնած՝ նաւակէ մը իւր սնտուկները հանել կ՚աշխատէր։ Continue reading “Մեծապատիւ մուրացկաններ”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Բ.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 8

Սիմէոն Նոր Աստուածաբան կարդալով

Հոգի Տեառն, եկո՜ւր…դուն որ ցերեկ եւ գիշեր եւ յամենայն ժամ ու ռոպէ կ՚այցելես:
Եկո՜ւր, ծածկեալ խորհուրդ, դուն որ աղօթողներուն տկարութեան կը հասնիս, Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Բ.)”