Երեք գիրք եւս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Տարին չաւարտած ցանկալի է այս գիրքերու հրապարակումն ալ հասցնել ընթերցողին։ Ահա ուրեմն։

Գնչուհի Ձունոյ, ՏԱՐՓԱՆՔ – Երգեր հրկիզուող գիշերներու, Գահիրէ 2024, 60 էջ (առցանց)։
Քերթուածներու իւրայատուկ հատոր մը, թերեւս կրնանք ըսել հատորիկ մը, ուր վառ զգացումներ, կիրքեր ու տենչեր կը տողանցեն էջ առ էջ, մատուցելով նաեւ ըսելու ինքնատիպ ձեւեր։ Ահա մէկ օրինակ, գաղափար մը տալու համար բանաստեղծի ոճին մասին։

ԿԸ ՄՈՌՆԱՄ
Թեւերուդ մէջ կը մոռնամ ինքզինքս
Բայց չեմ լուծուիր մէջդ
Հեռուէն կը դիտեմ մեզ
Հովը կ՚անցնի քաղաքին վրայէն
Գարուն կը յուշէ
Յուշերով ծանր է մարմինս
Ուր տատրակ մը անընդհատ կը թփրտայ
Թափահարումին հետ կը ճերմկին մազերս
Գետդ կ՚անցնի հունէս
Ափերուս ծաղիկներ կ՚օրօրուին

Հատորը գեղեցկացած է նաեւ շատ ժուժկալ գծանկարներով, որոնք «ես քիչ ըսեմ դուն շատ հասկցիր» ոճով յօրինուած են։ Տեղ մը միայն կայ անորոշ ստորագրութիւն մը՝ թերեւս flow կամ glow։ Որքան փափագելի պիտի ըլլար, որ այդ տաղանդաւոր արուեստագէտին անունը յստակօրէն յիշուէր, յիշուէր նաեւ կողքի նկարին հեղինակը։
Գալով գիրքի հեղինակին, որ Գնչուհի Ձունոյի անունով կը մատուցէ այս երկը, ուշիմ ընթերցողը, երբ հասնի վերջին էջին, դիւրաւ պիտի կռահէ, թէ ո՛վ է այդ գնչուհին… ոչ ոք բացի Մարուշէն։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ԲԺԻՇԿԻՆ Է. ԽՕՍՔԸ, տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ 2024, 508 էջ։
Կողքին, ինչպէս նախորդ հատորներուն պարագային՝ ողբ. Վազգէն Թիւթիւնճեանին կողմէ պատրաստուած յատուկ գծանկարը: Սարգիս Մասերէճեան կատարած է լեզուական սրբագրութիւնը։
Բժիշկ Հարպոյեանի «Խօսք»-երուն այս վերջինն ալ լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մեկենասութեամբ։
Այս հատորը կազմուած է եօթ գլուխներէ, որոնց առաջինը կը բաղկանայ բժշկական յօդուածներէ: Երկրորդը կը ներկայացնէ մեր մարմնի տարբեր մասերուն եւ օրկաններուն կազմուածքի հանրագիտակը: Երրորդին մէջ կը խօսուի հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթաքցին ու անկէ ետք, իսկ չորրորդ գլուխը կը ներկայացնէ վերապրող եւ նոր յայտնաբերուած 38 նման անձեր: Հինգերորդին մէջ տրուած է 1850-1980 լոյս տեսած բժշկական հայ գիրքերու եւ պարբերաթերթերու նոր գտնուած ցանկը՝ որպէս յաւելուած նախորդներուն: Վեցերորդ գլուխին մէջ գրուած է հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը բժշկական մարզէն ներս գործող 43 հայ երախտաւորներու մասին, մինչ եօթներորդով յիշատակուած են 9 գրող բժշկուհիներ։
Գիրքին սկիզբը, «Խօսք ի սրտէ» վերնագրին տակ, այս տողերը գրողը կ՚ընդգծէ Հարպոյեանի «գլխաւոր արժանիքը մեր բժշկագիտութեան մէջ. այդ՝ իր բերած ներդրումն է մեր լեզուակերտման մարզին մէջ»։
Անգամ մը եւս շնորհաւորենք հեղինակը իր այս անխոնջ ու յարատեւ ճիգին համար։
Հատորը կարելի է ստանալ բժ. Հարպոյեանէն (514 686-3961)։

Armenian Relief Society – NJ Shakeh Chapter, GOLDEN HEARTS RECIPES, Morris Press Cookbooks, Kearney, NE, 2024, 250 pp +։
Գիրքը լոյս կը տեսնէ մեկենասութեամբ Զարմայր Սեդրակեանի՝ ի յիշատակ իր ՀՕՄուհի կնոջ Սոնիայի ու մօր Մարիի, որոնք գործունեայ անդամները եղած են այս մեծ կազմակերպութեան։
Խոհագրերու ճոխ շտեմարան մը, գեղատիպ ու դիւրընթեռնելի մատուցումով, հարստացած հայկական գաւառներու նուիրուած սկզբնական հարուստ բաժինով մը, բառացուցակով մը եւ այլ գործնական տեղեկութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են լաւ խոհարարութեան համար։ Բազմաթիւ պարագաներու նշուած է Հայաստանի ո՛ր շրջանին վերաբերիլը։
Ի հարկէ ցանկալի պիտի ըլլայ նոյնը վերահրատարակել նաեւ հայերէն, նկատի առնելով, որ հայկական ու արեւելեան ճաշերը եւ ուտեստները կարեւոր մէկ երեւոյթը կը հանդիսանան մեր մշակոյթին, ու անոնց հայերէն բառեզրերը պէտք է ծանօթացուին ու տարածուին։
Գիրքը կարելի ձեռք ձգել ՀՕՄ-ի տուեալ մասնաճիւղէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *