Արմենակ Եղիայեան
Շարունակուած նախորդ թիւէն
Նախորդ երկու յօդուածներով տեսանք աւելորդաբար գործածուող ու լեզուն աղարտող այլազան բառեր:
Կը շարունակենք հետեւեալներով.
Համար
Սա իր կարգին մակաբուծաբար կը մտնէ այնպիսի կառոյցներու մէջ, ուր շատ յաճախ հոլով մը լայնօրէն գոհացուցիչ է:
Համար-ը նմանապէս յետադրութիւն մըն է, որ կը դրուի տրական հոլով ունեցող գոյականներու կամ այլ առարկայանիշ բառերու վրայ. հիմնական դերակատարութիւնը լեզուի մէջ նպատակ ցոյց տալն է. օրինակ՝
—Ան հայրենիքի ազատութեան համար կը պայքարի:
Ի՞նչ նպատակով կը պայքարի,— ազատութեան (հայրենիքի ազատութեան):
Ազատութեան-ը դրուած է տրական հոլով եւ խնդիրն է համար յետադրութեան:
«Ազատութեան համար»՝ ասոնք միասնաբար ցոյց կու տան պայքարիլ բայի նպատակը եւ կը կոչուին «նպատակի պարագայ կը պայքարի ստորոգիչին», այսինքն՝ դիմաւոր բային:
«Կ’ըլլան մարդիկ, որ լացող մը չունին,
Անոր համար նա դրաւ այդ լուսին» (Պ. Դուրեան):
Ըստ վաղամեռիկ բանաստեղծին՝ Աստուած լուսինը դրած է երկինքի վրայ՝ նպատակով մը. որպէսզի ան լայ այն դժբախտներուն համար, որոնք լացող չունին:
Բայց ահա ստորոգիչին նպատակը ցոյց տալու համար միշտ անհրաժեշտ չէ համար կիրարկել. օրինակ՝
—Աղջիկները աղբիւր գացին ջուր բերելու համար:
—Աղջիկները աղբիւր գացին ջուր բերելու:
Բերելու տրական հոլով դերբայը կատարելապէս ի վիճակի է առանձինը ցոյց տալու աղջիկներուն՝ աղբիւր երթալու նպատակը: Բայց ահա մեզմէ շատեր բոլորովին մեքենաբար կ’աւելցնեն համար-ը:
Այնպէս ալ աւելորդ է համար-ը հետեւեալներուն մէջ.
—Քեզ տեսնելու (համար) եկանք:
—Մամաս փուռ գնաց հաց գնելու (համար):
—Քեզի հետ խաղալու (համար) եկայ:
—Ասիկա կրնայ ոմանց համար յաւակնոտ թուիլ («Ազդակ», 29/8/2024):
* * *
Համար-ը նպատակի փոխարէն պատճառ ցոյց կու տայ, երբ անոր կցենք դիմորոշ յօդ մը. հետեւեալները կը պատասխանեն՝ «ի՞նչ պատճառով» հարցումին .
—Շատ ուտելուս համար գիրցայ:
—Շատ գիտնալուդ համա՞ր սխալեցար:
—Դասարանը խանգարելուն համար պատժուեցաւ:
Նաեւ՝ գիտնալնուս համար… չերթալնուդ համար… կոտրելնուն համար…
—Ճիշդը խօսելնուս համար գէշ մարդ եղանք (եղաք, եղան)…
Յաճախ կը պատահի, որ խօսողը կամ գրողը նոյնիսկ ջնջէ համար-ը.
—Շատ կարդալուն՝ աչքերը տկարացուց…
Պարզ է՝ « շատ կարդալուն պատճառով աչքերը տկարացուց»:
Այս պարագային պէտք է անպայման բութ մը դնել դերբային վրայ. այդ բութը ձեւով մը զեղղչուած համար-ը կը փոխարինէ: Արտասանելու առթիւ՝ այդ բութին պէտք է ակնթարթ մը կանգ առնել՝ առանց ձայնը իջեցնելու:
Բաւական դժուար ոճ մըն է այս եւ լեզուական որոշ հմտութիւն կը պահանջէ:
Անշուշտ անյաղթահարելի չէ այդ դժուարութիւնը, եւ որոշ ճիգով կարելի է տիրապետել անոր:
* * *
Այս բոլորը շարադրեցինք արեւմտահայերէնի ծիրէն ներս:
Արեւելահայերէնը ունի իր սահմանափակումները:
Ան չի կրնար դիմորոշ յօդով օժտել անորոշ դերբայը եւ ըսել.
—Աղմկելուս համար պատժուեցայ:
—Յաջողելուն համար վարձատրուեցաւ:
Եւ այս վերջինին փոխարէն ու առանց դիմորոշ յօդի կ’ըսէ.
—Յաջողելու համար վարձատրուեցաւ:
Արդ, արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ՝ այս վերջինը ոչ թէ պատճառ, այլ նպատակ ցոյց կու տայ.
—Ի՞նչ նպատակով ան վարձատրուեցաւ:
Յաջողելու նպատակով:
Այսինքն՝ զինք վարձատրեցին՝ յուսալով, որ աւելի ճիգ կը թափէ ու … կը յաջողի:
Եւ ուրիշ բան չի նշանակեր:
Մինչդեռ արեւելահայուն մտքին մէջ ան կրնայ նշանակել երկու բան.
ա. Ան վարձատրուեցաւ, որպէսզի յաջողի: ի՞նչ նպատակով…
բ. Ան վարձատրուեցաւ, որովհետեւ յաջողեցաւ: ի՞նչ պատճառով…
Այլ խօսքով՝ արեւելահայ մտածողութեամբ, — եւ ուրեմն արեւելահայերէն բնագրերու մէջ,— նոյն կառոյցը կրնայ թէ՛ պատճառ ցոյց տալ, թէ՛ նպատակ:
Ես ուղղակի կ’ապշիմ, թէ այս մարդիկ ինչպէ՞ս կը հաղորդակցին ու կը հասկնան զիրար, երբ նոյն խօսքը երկու բոլորովին տարբեր՝ իրարու ներհակ միտքեր կ’արտայատէ:
Եւ այս՝ մեզի համար այլանդակ կիրակութիւնները հիմա ազատօրէն սկսած են սպրդիլ արեւմտահայ թերթերու մէջ: Ստորեւ երեք օրինակ՝
—Նախարարը գոհ էր ընտրութիւնները որոշուած թուականին կատարելու համար:
—Դիւանագէտը մեղադրած է կուսակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ աջակցութիւնը խափանելու համար:
—Քաղաքը աղտոտելու համար քաղաքապետարանը աւելի պիտի տուգանէ:
Ընթացքին
Սա իր կարգին ուրիշ աւելորդաբանութիւն մըն է, որ կը դրուի ժամանակ ցոյց տուող բառերու վրայ հոն, ուր այդ բառերուն տրական հոլովը առանձին կրնայ ցոյց տալ ցանկալի ժամանակը. օրինակ՝
—Վերջին ժամուան ընթացքին ստացուած են կարգ մը հաստատումներ:
Բոլորովին աւելորդ է «ընթացքին»-ը. ահաւասիկ.
—Վերջին ժամուն ստացուած են կարգ մը հաստատումներ:
Պակաս բան մը ըսած եղա՞նք՝ առանց «ընթացքին»-ի եւ գործածելով միայն ժամ գոյականի տրական հոլովը:
—Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին 7.000.000 գերմանացի մեռաւ:
—Համաշխարհային Բ. պատերազմին 7.000.000 գերմանացի մեռաւ:
—Սրբազան քահանայապետը յունիս ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան:
—Սրբազան քահանայապետը յունիս ամսուն պիտի այցելէ Լիբանան:
Ինչպէս կը տեսնենք, ժամուն, պատերազմին, ամսուն տրականները կատարելապէս ի վիճակի են ուզուած ժամանակը բնորոշելու, կարելի է մինչեւ անգամ ըսել, որ մեր խօսքը շատ աւելի դիպուկ, յստակ ու հաղորդական է առանց ընթացքին-ի ներկայութեան:
Այս չի նշանակեր, թէ ընթացքին բառը, որ ժամանակ ցոյց տուող յետադրութիւն մըն է, դուրս կ’ընենք լեզուէն, ոչ ալ կ’առաջարկենք զայն վանել բառարաններէն: Ան մեր ընտիր բառերէն մէկն է, որ իր անփոխարինելի դերը ունի լեզուի մէջ, քանի միշտ չէ, որ պարզ հոլով մը բաւարար է ժամանակ կամ տարածութիւն ցոյց տալու:
Ահաւասիկ օրինակներ.
—Գործի ընթացքին պատահած է այս արկածը:
—Ճամբու ընթացքին տեսածները մանրամասն պատմեց:
Չենք կրնար ըսել կամ ալ գոհացուցիչ չէ, թերի բան մը ունի հետեւեալը.
—Գործին հանդիպած է այս արկածին:
Այսինքն՝ ընթացքին-ը այստեղ կը պարտադրէ ինքզինք:
Միւս կողմէ՝ ուրիշ բան է ըսել՝
—Ճամբան տեսածները մանրամասն պատմեց:
Ճամբու ընթացքին-ը տեւողութեան, շարունակականութեան գաղափարը կը թելադրէ. ան ճամբուն զանազան կէտերուն վրայ տեսածները պատմեց: Մինչդեռ ճամբան առանձին առած՝ կրնայ նշանակել յատուկ, սահմանափակ կէտ մը. օրինակ. «ճամբան սատկած կատու մը տեսայ»,— անշուշտ ինչ-որ տեղ մը, միայն կէտի մը վրայ տեսածը կը նշէ այս ըսողը:
* * *
Վերը բերուած բոլոր օրինակներուն մէջ ընթացքին-ը կիրարկուած է իբրեւ յետադրութիւն: Սակայն ծագումով ան հասարակ գոյական մըն է, որ կրնայ ազատօրէն հոլովուիլ՝
ընթացք-ընթացքի-ընթացքէ-ընթացքով
եւ ունենալ գոյականական զանազան կիրարկութիւններ. օրինակ՝
—Ներկայ ընթացքդ շատ գոհացուցիչ է:
—Ջուրին ընթացքին հետեւելով՝ հասանք լճակի մը:
—Գործատէրը շատ գոհ է եղբօրդ ընթացքէն:
—Նայինք այս ընթացքով ո՛ւր պիտի հասնինք:
Մօտ
Արդի հայերէնը՝ իր զոյգ բարբառներով, խաթարող եւ հայերէն գրողներուն միտքը բթացնող ահարկու գործօնի մը վերածուած է այս բառը վերջին քանի մը տասնամեակներուն. ան յաջողած է անգործութեան մատնել բազմաթիւ բնորոշ բառեր ու գրաւել անոնց տեղը՝ մտաւորականին ու ռամիկին բառամթերքին մէջ հաւասարապէս: Առայժմ կը յաջողի անտեղիտալիօրէն դիմադրել իր յոռի ու հիւանդագին կիրարկութիւնները արմատախիլ ընելու բոլոր ջանքերուն. կը բաւէ աչք մը նետել «Ազդակ»-ի հերթական մէկ թիւին վրայ՝ համոզուելու համար այս իրողութեան:
Անոր համապարփակ սերտողութիւնը ձգելով այլ առիթի, ստորեւ տեսնենք անոր աւելորդաբար կիրարկումի մէկ քանի օրինակները միայն:
— Որքան ճիգեր ի գործ դրուած են հայոց լեզուն հայ աշակերտութեան մօտ ջամբելու համար:
Ուր բոլորովին աւելորդ է մօտ յետադրութիւնը: Ուրեմն պարտինք ըսել՝
— Որքան ճիգեր ի գործ դրուած են հայոց լեզուն հայ աշակերտութեան ջամբելու համար:
— Պայտընի հրաժարիլը զարմանք պատճառեց հակառակորդներու մօտ:
— Պայտընի հրաժարիլը զարմանք պատճառեց հակառակորդնեդուն:
— Պետութեան մօտ կատարուող քննութիւնները տեղի կ’ունենան ա՛յս դպրոցին մէջ:
— Պետական քննութիւնները տեղի կ’ուենան ա՛յս դպրոցին մէջ:
— Տարեգիրքը հրատարակուեցաւ նոյն տպարանին մօտ:
— Նոյն տպարանը հրատարակեց տարեգիրքը:
— Մելիք-Թանգեան բացառիկ պատիւ կը վայելէր պարսիկ պետութեան մօտ:
— Մելիք-Թանգեան բացառիկ պատիւ կը վայելէր պարսիկ պետութենէն:
— Այս գիրքը շատ գնահատուած է ընթերցողներուն մօտ:
— Ընթերցողները շատ կը գնահատեն այս գիրքը:
—Այս գիրքը շատ գնահատուած է ընթերցողներէն:
Կողմէ
Այս եւս պարզ գոյական մըն է, որուն բացառական հոլովը կը կիրարկուի նաեւ իբրեւ յետադրութիւն, յաճախ բոլորովին անտեղի՝ աւելորդաբար. օրինակ՝
— Պէտք է նկատի ունենալ թշնամիին կողմէ մագլցումի վտանգները:
— Պէտք է նկատի ունենալ թշնամիին մագլցումի վտանգները:
— Հիւանդանոցները իրենց հացը մեր ընկերութեան կողմէ կը ստանան:
— Հիւանդանոցները իրենց հացը մեր ընկերութենէն կը ստանան:
— Իրանի կողմէ տրոած հարուածը կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու:
— Իրանի տուած հարուածը կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու:
— Լիբանանի Կարմիր խաչի կողմէ իրագործուած դասախօսական շարքեր…
— Լիբանանի Կարմիր խաչի իրագործած դասախօսական շարքերը…
— Սերտեցինք թշնամիին կողմէ կացութիւնը սրելու փորձերը:
— Սերտեցինք թշնամիին՝ կացութիւնը սրելու փորձերը:
Մեր, ձեր, իրենց…
Աշխարհաբարը ստացականութիւն ցոյց տալու համար ունի`
—մէկ կողմէ ստացական յօդերը՝ ս, դ, ն/ը, նիս, նիդ, նին. օրինակ՝
մատիտս – մատիտդ – մատիտը – մատիտնիս – մատիտնիդ -մատիտնին,
—միւս կողմէ՝ ստացական դերանունները՝
իմ-քու-իր-անոր-մեր-ձեր-իրենց-անոնց:
Մեր շուրջը այս նոյն յատկութեամբ, դուք ըսէք՝ ճոխութեամբ, օժտուած է միայն թրքերէնը: Եւրոպական լեզուները ունին ստացական դերանուններ՝ mon-ton-son, my, your, his/her, mio-tuo-suo… սակայն չունին համապատասխան յօդերը:
Ուրեմն հայերէնը ստացականութիւնը կ’արտայայտէ մեծահարուստի պէս. մերթ ստացական յօդով, մերթ ստացական դերանունով, մերթ երկուքով միաժամանակ՝ ստանալով հաճելի զանազանութիւն մը, մինչ օտար լեզուները պարտաւոր են կրկնել եղած ստացական դերանունները՝ միշտ նոյն փողկապը կապող կամ նոյն հագուստը հագնող չունեւորին պէս, ձանձրացուցիչ միօրինակութեամբ մը:
Օրինակ՝ հայերէնը հաւասարապէս կրնայ ըսել.
—Թորոսը իր գլխարկը դրաւ ու դուրս ելաւ:
Այստեղ ստացականութիւնը կը նշուի իր դերանունով եւ (գլխարկ)ը ստացական յօդով:
Սակայն կը բաւէ նաեւ ըսել՝
— Թորոսը գլխարկը դրաւ ու դուրս ելաւ:
Ուր ստացականութիւնը կատարելապէս զգալի է շնորհիւ ը յօդին: Թորոսին դրածը իրն էր, անշուշտ, եւ չէր կրնար ըլլալ… մէկ ուրիշինը:
Եւրոպացին չի կրնար ըսել այս վերջինը, եւ ան ստիպուած է ամեն անգամ դիմելու ստացական դերանունին. օրինակ՝
—Jean a mis son chapeau.
—John has put his cap.
—Giovanni ha messo suo capello.
Միւս կողմէ, սակայն, խօսողէն ու յատկապէս գրողէն կ՚ակնկալուի, որ ան գիտնայ կիրթ ճաշակով տնտեսել այս հարստութիւնը եւ չիյնալ աւելորդ ու վանելի ցուցադրութեան ու մսխումի մէջ:
Մեր թարգմանիչներն ու լրագրողները, դժբախտաբար, միշտ չէ որ ճիշդ կ’օգտուին հայերէնի այս գերակայութենէն՝ իյնալով անտեղի աւելորդաբանութեան մէջ. օրինակ՝
—Մեր կուսակցութիւնները հայուն անհատապաշտութիւնը խորտակելու իրենց դերին հրաժեշտ չեն տուած:
Այստեղ աւելորդ է իրենց դերանունը, քանի բացայայտ է, որ այդ դերը կուսակցութիւններէն զատ ուրիշին չէր կրնար պատկանիլ:
—Պարոն Թրամփ երեսս ուղղեց իր շիլ աչքերը:
Անշուշտ թէ Թրամփ ի՛ր աչքերը պիտի ուղղէր, քանի որ մարդ չի կրնար իրեններէն տարբեր աչքեր ուղղել ուրիշի մը երեսին: Միւս կողմէ՝ աչքերը բառին ը ստացական յօդը արդէն յստակօրէն կը թելադրէ, թէ որո՛ւն կը պատկանին աչքերը:
—Ռուսական բանակը իր յառաջխաղցքին մէջ իր վերահսկողութեան տակ առաւ քաղաքը:
Օտար լեզուն, որմէ թարգմանուած է այս նախադասութիւնը, պարտադրաբար կիրարկած է երկու ստացական դերանուն՝ իր…իր… որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ իր քերականութիւնը, օրինակ՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, իտալերէնի եւ այլ լեզուներու:
Հայերէնի մէջ՝ յառաջխաղացքին-ի ստացական յօդի ներկայութեան՝ բոլորովին աւելորդ է առաջին իր-ը: Անդին կրնանք ազատօրէն ջնջել երկրորդ իր-ը եւս, քանի կը խօսուի միայն մէ՛կ բանակի՝ ռուսականին մասին, եւ անկէ զատ ուրիշ մը չէր կրնար «իր վերահսկողութեան տակ առնել քաղաքը»:
Ենթադրենք պահ մը, որ յառաջխաղացող բանակները ըլլային երկու՝ ռուսական եւ գերմանական, եւ քաղաքը գրաւողը կամ առաջին գրաւողը ըլլար ռուսականը, այդ պարագային պարտաւոր էինք գրելու.
—Յառաջխաղացող բանակներէն ռուսականը իր վերահսկողութեան տակ առաւ քաղաքը:
Թոյլատրելի է նոյնիսկ շեշտել իր-ը՝ բոլորովին զանազանելով գերմանականէն:
Կրնանք նաեւ իր-ը փոխարինել ը ստացական յօդով.
— Յառաջխաղացող բանակներէն ռուսականը վերահսկողութեանը տակ առաւ քաղաքը:
— Մեր բաժանմունքը ցոյց տուաւ այդ գործը ձեռնհասօրէն կատարելու իր կարողութիւնը:
Աւելորդ է իր-ը՝ քանի յստակ կ’երեւի, որ կարողութիւնը կը պատկանի բաժանմունքին:
— Քամալա Հարիս իր կուսակցութեան ժողովի ծիրին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ:
Հիմնուելով նախորդ օրինակներէն բխող լեզուազգացողութեան վրայ՝ ապա դիւրաւ պիտի անդրադառնանք, որ բերուած նախադասութիւնը կարելի է գրել նաեւ սա՛պէս.
—Քամալա Հարիս իր կուսակցութեան ժողովին արտասանած խօսքով խոստացաւ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ:
Ուր ջնջեցինք երկու դերանուններէն երկրորդը:
Չէինք կրնար ջնջել առաջինը եւս, քանի որ առանց առաջին «իր»-ին պիտի չգիտցուէր, թէ որո՞ւ կը պատկանի կուսակցութիւն-ը:
Պահեցինք յօդը ժողովին-ին, որովհետեւ բառս յատկացեալն է կուսակցութեան-ին, եւ յատկացեալին յօդը ընդհանրապէս չենք կրնար ջնջել:
Պահեցինք ամերիկացիներուն-ին յօդը եւս, քանի որ բոլոր դերանունին որոշեալը անպայման յօդ կը պահանջէ. բոլոր ծառերը-բոլոր ծառերուն, բոլոր տուները-բոլոր տուներուն եւ այլն: Չենք կրնար ըսել՝ բոլոր ծառերու, բոլոր տուներու, բոլոր ամերիկացիներու:
Նկատել, որ առիթէն օգտուելով ջնջեցինք երկու մէջ-երը եւս, որոնք նմանապէս անպէտ ու աւելորդ շատախօսութիւն են:
(Շարունակելի)