Յուլիսի 17-ին Հայաստանի գրողների միութեան (ՀԳՄ) Մեծ դահլիճում տեղի ունեցաւ հանդիպում սփիւռքահայ ուսուցիչների հետ: Continue reading “Վսեմ առաքելութեամբ”
ՅՈՒՆԻՍ 2017-ի թիւը
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ ՅՈՒՆԻՍ 2017-ի տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Յուշանկար
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Ողջ մնայ «Կուկըլ մափ»-ը: Անոր շնորհիւ տասը րոպէ քալելէ ետք հասանք Ինսպրուկի(*) այն պարտիզակը որուն կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին հայկական գեղեցիկ խաչքար մը տեղադրուեցաւ 2016-ին: Քանի մը երկվայրկեան լուռ ու խորունկ հայեացք մը նետեցինք յուշարձանին, տակը գրուած գերմաներէնով յուշագրութիւնը կարդացինք, ետեւը երեւցող հրաշալի Ալպեան լեռնաշղթաներուն գեղեցկութիւնը գովերգեցինք ու նկատեցինք որ անոր շրջակայքը նստարաններ կան: Continue reading “Յուշանկար”
Գիրք ու բրինձ
Մութ ու ցուրտ տարիներէն…
ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Առաջին երկու շաբաթը բրինձը խառնելով կ՚եփէի: Մէկ գաւաթ պարսկական բրինձին երկու գաւաթ հայկական ջուր, Լիբանանէն բերած «մաժի քիւպ» մը մէջը կը նետէի, մի քանի տեսակ Հալէպի համեմունք եւ անպայման Այնճարէն հետս բերած, մայրիկիս չորցուցած «նանէ»ի (անանուխ) փոշիէն քիչիկ մը վրան կը ցանէի: Հալէպահայերը կ՚ըսէին «նանէ»ն բրինձին հետ չ՚երթար, պարսկահայերը կը պնդէին թէ բրինձին հետ ամեն ինչ կ՚երթայ: Ես ալ համոզուած էի որ «նանէ»ն ամեն ինչի հետ կ՚երթայ ու ձեռքիս գործը կ՚ընէի: Յետոյ կը սկսէի խառնել մինչեւ որ ջուրը քաշուի: Ամենալաւ օրերուն մէջը ստեպղին մըն ալ կը մանրէի: Այդ օրերուն ստեպղինով փիլաւը մեր խորովածն էր: Continue reading “Գիրք ու բրինձ”
ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԱՂՕԹԱՄԱՏԵԱՆԸ
ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ.— 60 տարիներ առաջ, 1957-ին, Համազգայինի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Սփիւռքի ամենատաղանդաւոր գրիչներէն՝ Համաստեղի «Աղօթարան» հատորը, որ աւելի առաջ լոյս տեսած Այծետոմարին հետ կը կազմէ իր գրական հարուստ ժառանգութեան քերթողական երեսը։ Հատորը առանձինն չէ վերահրատարակուած, սակայն Երեւան մէջ լոյս տեսաւ 2005-ին, Մարգարիտ Խաչատրեանի աշխատասիրած «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» գրքի Գ. հատորին մէջ՝ էջ 211-242։ Continue reading “ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԱՂՕԹԱՄԱՏԵԱՆԸ”
Գուրգէն Մահարին անմահացնող կոթողական գործ մը
Անուանի գրողին որդին՝ Գրիգոր Աճէմեան իր կեանքի վերջին քառասունէ աւելի տարիները նուիրած է իր հօր գրական ժառանգութիւնը հաւաքելու, ծանօթագրելու եւ ամենէն համապարփակ ձեւով հրատարակելու դժուարին ու կենսական աշխատանքին։ Այդ աշխատանքը հանգամանօրէն ներկայացնելու կը ծառայեն «Բագին»-ի 2017 յունուար-մարտ թիւին մէջ լոյս տեսած երկու յօդուածներ։ Continue reading “Գուրգէն Մահարին անմահացնող կոթողական գործ մը”
ՄԻՇՏ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
«Անձը դժուարութեամբ կ՚արտայայտուի, ո՛չ թէ որովհետեւ լեզուն աղքատ է, այլ՝ գլխաւորաբար, որովհետեւ իր մտածումները տակաւին չեն յստակացած» ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
Մուշեղ Ճէնտէրէճեանի — Մուշեղ Իշխան (1914-1990), բանաստեղծ, Պէյրութի «Համազգայինի Հայ Ճեմարան»ի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ — հետ «Բագին»ի խմբագիր Սարգիս Կիրակոսեան ձայնագրած էր երկխօսութիւն մը, որ ամսագրին 1979-ի հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու թիւերուն մէջ լոյս տեսած էր։ Իր շահեկանութեան համար այդ երկխօսութիւնէն մասեր կը ներկայացնենք ստորեւ։ Continue reading “ՄԻՇՏ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ”