Գիրք ու բրինձ

Մութ ու ցուրտ տարիներէն…

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Առաջին երկու շաբաթը բրինձը խառնելով կ՚եփէի: Մէկ գաւաթ պարսկական բրինձին երկու գաւաթ հայկական ջուր, Լիբանանէն բերած «մաժի քիւպ» մը մէջը կը նետէի, մի քանի տեսակ Հալէպի համեմունք եւ անպայման Այնճարէն հետս բերած, մայրիկիս չորցուցած «նանէ»ի (անանուխ) փոշիէն քիչիկ մը վրան կը ցանէի: Հալէպահայերը կ՚ըսէին «նանէ»ն բրինձին հետ չ՚երթար, պարսկահայերը կը պնդէին թէ բրինձին հետ ամեն ինչ կ՚երթայ: Ես ալ համոզուած էի որ «նանէ»ն ամեն ինչի հետ կ՚երթայ ու ձեռքիս գործը կ՚ընէի: Յետոյ կը սկսէի խառնել մինչեւ որ ջուրը քաշուի: Ամենալաւ օրերուն մէջը ստեպղին մըն ալ կը մանրէի: Այդ օրերուն ստեպղինով փիլաւը մեր խորովածն էր:

1993 թուականի հոկտեմբերին, Երեւանի Բուսաբանական այգիին քով գտնուող Աւանի ուսանողական հանրակացարանին մէջ հաւաքուած, մէկ երկու ամսուան սովի փորձառութիւն ունեցող արտասահմանցի ուսանողներուն «շեֆ»-ը ես էի, ոչ թէ անոր համար որ միւսներէն աւելի լաւ խոհարար էի, պարզապէս քանի որ առաջին անգամ բրինձը ես եփեցի:

Վերջը, միջազգային բրինձի իմ խառնուրդս երբ որ Զէյթունի հանրակացարանին մէջ բնակող, արդէն մէկ երկու տարուան սովի փորձ ունեցող եղբօրս եւ իր ընկերներուն՝ Բենիկին եւ Սեպուհին հրամցուցի, երեքը միասին վրայ տուին.
Բրինձը խառնելով չեն եփեր, տակը կը փակի, լափայ մը կ՚ըլլայ: Ցած կրակով, առանց խառնելու, հանգիստ պիտ՚ եփի:
Ասոնք «պէսթ շեֆ»-երն էին, որոնց կը պարտիմ ես իմ հետագայ ամբողջ խոհարարական գիտելիքներս, որոնք սովի աւարտէն ու Լիբանան վերադառնալէս ետք փորիս մեծնալուն հիմնական պատճառը դարձան:

Նոյն տարուան նոյեմբերին բրինձն ալ հազուագիւտ դարձաւ: Ուսանողական տոմսերով մեր ստացած հանապազօրեայ կէս-հացը, հազիւ հացի խանութէն մինչեւ տուն կը հասցնէր մեզի: Գոյատեւելու համար բրինձը կարեւոր էր:

Բրինձ գտնելու առաքելութեամբ ես եւ Սեպուհը գործուղուեցանք Երեւանի շուկաները: Դեռ քանի մը օր առաջ մէկ տոլարին դիմաց մեզի հազար ութ հարիւր ռուբլի կու տային, այդ օրը տասը տոլարը երեք հարիւր հազար ռուբլիով փոխանակեցինք: Մեծահարուստ դառնալն ի՞նչ օգուտ ունէր երբ որ երկիր մը ամբողջ բրինձի հատիկ չունէր: Զէյթունի, Կոմիտասի շուկաները ապարդիւն թափառելէ ետք հասած էինք ԳՈւՄի շուկան:
Բրինձ որտեղ ե՞ն վաճառում։
Բրի՞նձ… տղայ ջան արի էս կօշիկները վերցրու, քո հագովն են, սիրուն կը սազեն…. վերցրու էլի՜…
Մարդիկ ծախու հանած էին իրենց հագուստները, տան իրերը… եւ ամեն ինչին գինը նոյնն էր. — Ինչքան կը տաս՝ տու՜ր…
Կօշիկ ունէինք, հագուստ ունէինք, իրեր գնելու ժամանակը չէր… Անօթի էինք:

Յոյսերնիս կտրած հասանք Հանրապետութեան հրապարակ ու ցուրտէն պաշտպանուելու համար դրան ճեղքէ մը ներս սպրդեցանք… Գրախանութ էր: Բան մը ըրած ըլլալու սիրոյն սկսանք ուսումնասիրել դարաններուն վրայ շարուած գրքերը:

Էս Պարոյր Սեւակի «Եղիցի լոյսը» ի՞նչ արժի:
Քառասուն ռուբլի տղայ ջան, վայ չէ կը ներես երեսո՞ւն ա գրած, երեսուն ռուբլի:
Երեսո՞ւն թէ… երեք հազար կամ… երեք հարի՞ւր…
Չէ չէ տղայ ջան, հեսա տե՛ս, երեսուն ա գրած:
Մի հատ տուէք ինձ… կամ երկու հատ տուէք: Ինքն էլ երկու հատ է ուզում: Էս «Պորխես»ի գրքից էլ տուէք, «Հարիւր տարուայ մենութիւն»-ն էլ ենք ուզում, Սարոյանի չորս հատորը ինչքա՞ն է, հարիւր յիսո՞ւն , դա էլ ենք ուզում…

Տնտեսագիտութեան տիփլոմա պէտք չէ հաշուելու համար թէ տասը ամերիկեան տոլարին մէկ տասերորդով քանի հատոր գիրքով մենք գրախանութէն դուրս ելանք: Մեր մնացեալ հարստութիւնն ալ սովետական ռուբլիէն մեզի յիշատակ մնաց:

Յետոյ ռուբլին գնաց դրամը եկաւ, գիրքերուն գինը նոյնը մնաց։ Մարդիկ ծախեցին իրենց գիրքերը, որ բրինձ առնեն։ Մենք գիրք կարդացինք, որ բրինձը մոռնանք: Այդ գրքերը մեզ մոռնալ տուին բրինձի սովը ու պատսպարեցին ցուրտէն ու մութէն: Մեր դասերուն հետ միասին, մոմի լոյսով կարդացինք մենք այդ գիրքերը:

* * *

Մինչեւ այսօր ալ երբեմն ես բրինձ կ՚եփեմ: Ցած կրակի վրայ, առանց խառնելու որ լափայ չըլլայ։ Մինչեւ որ բրինձը եփի հեռաձայնիս մէջ ես գիրք կը կարդամ:
Ի՞նչ գիրք։
Դիմագիրք:
Դիմագի՞րքն (Facebook) է յանցաւորը, որ փոխարինեց բոլոր գիրքերը. մե՞նք, որ մահանաներ ըրինք եւ գիրքերը մոռցանք, թէ՞ անոնք, որ գիրքն ու կարդացողը մէկ կողմ նետեցին, եկան մեր գլխուն աքլոր կտրեցան:

Ժամանակները փոխուեցան. բրինձի սովը գնաց, եկաւ գրքի սով։ Գրքի այս սովը կրնայ ստեղծել խելքի, մտքի սով եւ այս ընթացքով կ՚երթայ առիւծը, կ՚երթայ նոյնիսկ աղուէսը, բոլորիս պետը կ՚ըլլայ աքլորը ու կը վերադառնայ բրինձի սովը։

Այնճար

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *