ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Ողջ մնայ «Կուկըլ մափ»-ը: Անոր շնորհիւ տասը րոպէ քալելէ ետք հասանք Ինսպրուկի(*) այն պարտիզակը որուն կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին հայկական գեղեցիկ խաչքար մը տեղադրուեցաւ 2016-ին: Քանի մը երկվայրկեան լուռ ու խորունկ հայեացք մը նետեցինք յուշարձանին, տակը գրուած գերմաներէնով յուշագրութիւնը կարդացինք, ետեւը երեւցող հրաշալի Ալպեան լեռնաշղթաներուն գեղեցկութիւնը գովերգեցինք ու նկատեցինք որ անոր շրջակայքը նստարաններ կան:
Նստարաններէն մէկուն վրայ թուրքի նմանող լաչակաւոր կիներ նստած էին: Ինսպրուկի մէջ մեծ թիւով թուրքեր կ՚ապրին: Անոնք յուշարձանի բացման օրերուն բաւական աղմուկ բարձրացուցին եւ ճնշում բանեցուցին տեղական իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի յուշարձանը չտեղադրուի, սակայն Ինսպրուկի քաղաքապետարանը, որ նախաձեռնողն էր այս գործին, անշեղ մնաց իր որոշումին մէջ ու յուշարձանը զետեղեց: Նստող կիները Ինսպրուկի մէջ ապրող թուրքերէն կարծեցի:
«Մարդ որքա՛ն անտարբեր պիտի ըլլայ, որ իր նախնիներուն ոճրագործութեան պատճառաւ տեղադրուած յուշարձանին շրջակայքը օդափոխութեան գայ»,— ըսի մտքովս: Յետոյ նկատեցի, որ թրքերէն չէին խօսէր անոնք: Թուրքեր չէին, արեւելեան Ասիոյ երկիրներէն ըլլալու էին: Սխալ ենթադրութիւններու եւ նախապաշարումներու ծուղակը ինկած էի նորէն: Երբեմն որքան նախապաշարուած ենք թուրքերուն հանդէպ: Կիներուն միայն արտաքինը տեսնելով, պահ մը վճռեցի որ անոնք թուրքեր են, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ օդափոխութեան եկած են ու անտարբեր են…: Նմանատիպ կեցուածքներ շատերուս հետ կը պատահին: Խորքին մէջ, նախապաշարումով ու կանխադատումով (prejudgement) առաջնորդուելու այս երեւոյթը՝ ծանր ու ցաւալի փորձի, դաստիարակութեան, միջավայրի ու երկխօսութեան չգոյութեան հետեւանք է, որ կ՚արժէ լրջօրէն սակայն զգոյշութեամբ ու գերպատրաստուածութեամբ վերատեսութեան ենթարկել, մեր հաւաքականութիւնը նպատակասլաց, առարկայական, շատ աւելի առողջ ու արդիւնաւետ աշխարհահայեացքի առաջնորդելու համար:
Ուրիշ նստարանի մը վրան պատանի աղջնակ մը նստած էր, որմէ խնդրեցինք մեր խելախօսով (smart phone) նկարէ մեզ: Աղջիկը զարմացած էր, ըսաւ թէ իր ամենօրեայ այցելութեան վայրն է այստեղ, սակայն առաջին անգամն է, որ մարդոց կը հանդիպի, որոնք կը կենան, երկա՜ր կը զննեն յուշարձանը ու նկարուիլ կ՚ուզեն անոր կողքին:
«Մենք հայերս նկարուիլ շա՜տ կը սիրենք»,— ըսի:
Աղջկան «նկարուիլ» ըսի, բայց մտքովս «նկարուի՜լ, երեւի՛լ, ցուցադրուի՜լ, ապրիլ 24-է ապրիլ 24 ցոյցերու ելլե՜լ («այս տարի կլոր տարեդարձ չէ, չ՚արժեր ցոյցի ելլել» ըսողներ ալ եղա՛ն, — այս ի՞նչ տրամաբանութիւն), քիչ մը նեղուիլ, քիչ մը պոռալ-կանչել, ձեռնարկներ կազմակերպել, ճառեր կարդալ, գիրք հրատարակել, ցուցահանդէս ընել, եւ այս բոլորը՝ «ֆէյսպուք» դնել շա՜տ կը սիրենք…»— փսփսացի: Օ՜հ որքան ահաւոր ու վտանգաւոր է Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան հաշուետւութեան եւ անոր հետ կապուած իրաւական պահանջատիրութեան մեր համազգային մօտեցումը տարուէ տարի մակերեսային մակարդակի իջեցնելու երեւոյթը…
Այս ամբողջ ինքնաքննադատութիւնը մէկ կողմ նետեցի, երբ աղջիկը պատրաստուեցաւ մեզ նկարել: Այդ պահուն անբացատրելի զգացում մը մէջս արթնցաւ: 102 տարի առաջ թուրքը մեզ փորձեց բնաջինջ ընել, հայրենազրկեց ու արմատախիլ ըրաւ մեր օրրանէն, բայց 102 տարի ետք, մենք Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն երրորդ սերունդի ժառանգորդներս՝ Պէյրութ ծնած Տոքթ. Սերժը, Գամիշլի ծնած սիրելի Անին եւ Հալէպ ծնած ստորագրեալս, արեւմուտքի մէջ եկած էինք մեր նահատակներուն նուազագոյն յարգանքի տուրքը մատուցելու: Վերապրողի, չմեռնողի, գոյատեւողի զգացումը տեսակ մը յոյս ու ինքնավստահութիւն կը ներշնչէր մեզի ու կը հաւատայինք որ մենք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պիտի կարենանք արդարութիւնը վերականգնել: Այն արդարութիւնը, որ միա՛յն մեր անդուլ պայքարով, հաստատակամութեամբ, խոհեմութեամբ, միասնութեամբ ու մե՛ր բազուկներով կարելի է ապահովել:
Նկարող աղջկան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, երեքս անմիջապէս եռանկիւն մը կազմեցինք, խելախօսը բացինք ու սկսանք նկարուած պատկերները ստուգել: Կ՚ըլլա՞յ չստուգել. թերեւ՞ս մէկուն աչքը գոց ելած է, կամ պատկերը մութ է, կամ ընդհանրապէս լաւ չէ նկարուած: Առնուած նկարները պահ մը զիս Տէր-Զօր տարին: Տէր-Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին ճի՛շտ ճակատը, նմանատիպ խաչքարին ու անմար կրակին առջեւ, շատերս բազմաթիւ յիշատակներ ունինք: Հակասական ապրումներու՝ ցաւի եւ յոյսի, մահուան ու կեանքի ապրումներ: Ինսպրուկի եւ Տէր-Զօրի միջեւ զուգահեռներ գծած պահուս, նկատեցի որ նկարին մէջ անզգալաբար Անին գրկած եմ…: Պահ մը անհանգստացայ, մտածելով թէ կրնայի պաշտօնական ու փրոթոքոլային օրէնքները աւելի յարգել, ուղիղ կենալ, ձեռքս Անիին ուսին չդնել եւ այլն, եւ այլն…: Արդեօ՞ք աւելի լուրջ եւ պաշտօնական պէտք է ըլլայի…
Որքան կը սիրենք կաղապարներ ու սահմաններ գծել մեզի համար: Նոյնիսկ ոչ-պաշտօնական հանգամանքներու մէջ երբեմն մենք զմեզ կը կաշկանդենք: Բայց ոչ. երբեմն պէ՛տք է կտրել պաշտօնականութեան շղթաները, յարգանքն ու պատշաճութիւնը պահելով հանդերձ: Պէտք է ճզմել քարացած մտայնութիւնները ու թռիչք տալ մեր ապրումներուն: Ես այդ պահուն Անիով ուժ ու կորով կը ստանայի ու իմ կեցուածքը բնական դրսեւորումն ու արտացոլումն էր այդ պահու ներքին հարազատ ապրումներուս: Ներքուստ կը բացականչէի, որ ուս-ուսի, կողք-կողքի, միասի՛ն, շատ աւելի դիւրին է հայօրէն ապրիլ, կառչած մնալ մեր ազգային արժէքներուն եւ նահատակներուն կտակին:
Մեկնումի պահն էր արդէն: Յուշարձանէն կը հեռանայինք մտաբերելով թէ Ալպեան լեռներու հովիտներուն մէջ ու անոնցմէ քիչ մը հեռու Լօզանի, Ժընեւի, Փարիզի, Վենետիկի, Վիեննայի ու այլ եւրոպական յառաջատար քաղաքներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Ռուբեն Սեւակը, Վարուժանը, Սիամանթօն եւ շատ շատերը այս ցամաքամասին քաղաքակիրթ բարքերը կը վայելէին, սակայն անոնք կռնակ դարձուցին արեւմուտքի բարւոք կեանքին, վերադարձան իրենց հայրենակիցներուն մօտ ու գիտակցաբար մարտիրոսուեցան: Պատրա՞ստ ենք մեր օրերու Սիամանթօները դառնալ, քաջ գիտնալով թէ «Հողը կայ դեռ, յղի պերճանքներով բեռնաւոր, թաքուն յոյսի եւ հուրերու շտեմարան(**)» է։
Վիեննա, 22 ապրիլ 2017
*) Ինսպրուկը Աւստրիոյ Թիրոլ նահանգի մայրաքաղաքն է: Ան համաշախարհային զբօսաշրջութեան եւ ձմեռնային մարզախաղերու կեդրոն է: **) Սիամանթօ