ՄԻՇՏ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

«Անձը դժուարութեամբ կ՚արտայայտուի, ո՛չ թէ որովհետեւ լեզուն աղքատ է, այլ՝ գլխաւորաբար, որովհետեւ իր մտածումները տակաւին չեն յստակացած» ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Մուշեղ Ճէնտէրէճեանի — Մուշեղ Իշխան (1914-1990), բանաստեղծ, Պէյրութի «Համազգայինի Հայ Ճեմարան»ի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ — հետ «Բագին»ի խմբագիր Սարգիս Կիրակոսեան ձայնագրած էր երկխօսութիւն մը, որ ամսագրին 1979-ի հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու թիւերուն մէջ լոյս տեսած էր։ Իր շահեկանութեան համար այդ երկխօսութիւնէն մասեր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հարցում. — Ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը շուրջ յիսնամեայ փորձառութիւն մը ապրած Մուշեղ Իշխան բանաստեղծին համար։

Պատ. — Բանաստեղծութեան կամ արուեստներու մասին տրուած պատասխաններն ու սահմանները այլազան են, նայած թէ ո՛ր անկիւնէն կը դիտուի հարցը։ Այլազան են, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը ապրող մարդոց կեցուածքը կեանքին հանդէպ այլազան է։ Եւ այն գրողը, որ՝ «Բանաստեղծութիւնը յաւիտենական կեանքին աւիշն էր» ըսած է, սխալ դատում մը չէ կատարած։ Բայց աւելի յստակացնելով, ես պիտի ըսէի, որ քերթուածը կեանքին յաւերժական գոյներուն անդրադարձումն ու ցոլացումն է բանաստեղծին հոգեկան աշխարհին մէջ։ Որովհետեւ կեանքը իր այլազան երեսներով եւ երեւոյթներով երբ կ՚անցնի մեր ջիղերէն, հակազդեցութիւն մը կ՚առաջացնէ, կ՚արձագանգէ, կը զարնուի մեր հոգիին քարայրներուն, եւ այդ բախումէն ծնունդ կ՚առնէ բանաստեղծութիւնը, այդ արձագանգի ձայնը։

Հարցում. — Կարգ մը ժամանակակից լեզուաբաններ կը պաշտպանեն այն տեսակետը, թէ իր կառոյցը փոփոխութեան ենթարկելէ խուսափող լեզուն իր մեծ մասամբ անցեալ կը նշանակէ, մինչդեռ որեւէ ապրող լեզուի կարելիութիւնները եւ առաձգական հնարաւորութիւնները ի նկատի առած անիկա ապագայ է՝ ներկայ եւ անցեալ ըլլալէ առաջ։ Իբրեւ բանաստեղծ անկասկած դուք ապրած էք այս փորձառութիւնը։ Արդ, կրնանք հարց տալ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանին. ան ինչպէ՞ս յաղթահարեց «լեզուի պատնէշ»ը շրջանցելու այս հանգրուանը եւ այդ գծով գլխաւոր ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաք։

Պատ. — Լեզուն քարացած իրողութիւն մը չէ, այլ՝ կենդանի երեւոյթ մը աշխարհի բոլոր ազգերուն մօտ, որովհետեւ բոլոր լեզուներն ալ կ՚ունենան իրենց զարգացման ընթացքը դարերու ընդմէջէն եւ, իբրեւ ապրող երեւոյթ, անդադար կը նորոգուին։ Պէտք չէ կարծել, որ լեզուն երբ մեզի ժառանգ կուգայ անցեալէն, կը ներկայանայ վերջնական կաղապարներով։ Ընդհակառակն, ժամանակին հետ, նոր սերունդներու փորձառութեամբ անիկա կ՚ունենայ իր զարգացումն եւ ուռճացումը։ Լեզուն կը մեռնի նաեւ, ինչպէս ապրող ամեն երեւոյթ, որ կը ծնի, կը զարգանայ եւ կը մեռնի, ինչպէս մեր գրաբարը մեռաւ, ինչպէս լատիներէնը, հին յունարէնը, հին պահլաւերէնը, եւ բազմաթիւ այլ լեզուներ։ Բայց կարեւորը այն է, որ մահացած լեզուն ժառանգորդ կը ձգէ, ինչպէս՝ պարագան մեր աշխարհաբարին՝ իր արեւմտահայ եւ արեւելահայ ճիւղերով։ Սակայն լեզուն ապրող երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, յար եւ նման է մարդ էակին. ունի իր նկարագիրը, արտայայտութեան կերպերը, որոնք նման չեն ուրիշ ժողովուրդներու արտայայտութեան եղանակներուն։ Կարելի է լեզուի մը կառոյցը ուսումնասիրել եւ երեւան բերել անոր առանձնայատկութիւնները. արդէն ա՛յդ է, որ կը կոչուի հայերէն մտածողութիւն, անգլերէն մտածողութիւն, կամ ճափոներէն մտածողութիւն։ Լեզուն եւ միտքը անբաժանելի միութիւն կը կազմեն, իսկ մենք կը մտածենք լեզուով։ Հիմա, պահ մը նստէ եւ լուռ կերպով մտածէ։ Իրականութեան մէջ, դուն նախադասութիւններ կը կազմես մտքիդ մէջ, իսկ մտածումը չի բիւրեղանար, ձեւ ու կերպարանք չի ստանար, մինչեւ որ չմտնէ լեզուին կաղապարին մէջ։ Եւ անձը դժուարութեամբ կ՚արտայայտուի, ո՛չ թէ որովհետեւ լեզուն աղքատ է, այլ՝ գլխաւորաբար, որովհետեւ իր մտածումները տակաւին չեն յստակացած։ Վերջապէս, ամեն մէկ բառ նոյնիսկ առանց նախադասութեան մը կառոյցին մէջ մտնելու մշակոյթ մը կը բերէ եւ կ՚արթնցնէ յատուկ զգայնութիւններ, նայած խնդրոյ առարկայ բառին մէջ ի՛նչ բովանդակութիւն դրած են քու հայրերդ եւ անկէ ի՛նչ ժառանգ անցած է քեզի։ Այնպէս որ, ես ո՛չ միայն չեմ հաւատար «Պէտք է քանդել լեզուն, պէտք է նոր կառոյց մը առաջացնել կամ լեզուն վայր է» ըսողներուն, այլեւ արուեստական կը գտնեմ։ Տակաւին լեզուն միայն արտայայտութեան գործիչ չէ, թէեւ պարզ ձեւին մէջ եւ իբրեւ բացատրութիւն այսպէս կ՚ըսենք, բայց ասիկա շատ մակերեսային եւ անճիշտ սահմանում մըն է, որովհետեւ հոգիին եւ մտքին հարազատ պատկերն է լեզուն։ Այնպէս որ ժողովուրդի մը մեծագոյն ստեղծագործութիւնը իր լեզուն է, իսկ եթէ ժողովուրդ մը տիրացած է բարձր մակարդակի հասած լեզուի մը, որուն միջոցաւ կրնայ արտայայտել բանաստեղծութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ գիտութիւն, կը նշանակէ, թէ այդ ժողովուրդը յաջողած է ձեւաւորել իր մշակութային բարձրագոյն ստեղծագործութիւնը։ Եւ պարապ տեղը չէ ըսուած, որ մենք ազգ դարձանք, երբ Ոսկեդարուն, գիրի միջոցաւ մեր գրաբար լեզուն հասաւ իր հաւանութեան ու կատարելութեան գագաթնակետին։

Հարցում. — Իսկ կարգ մը լեզուաբաններու բացատրութեամբ «լեզուի պատնէշ»ը դուք ինչպէ՞ս յաղթահարեցիք, դարերու հոլովոյթին զուգահեռ բարձրացած այս արգելքի կապակցութեամբ ի՞նչ դժուարութիւններու բախեցաք։

Պատ. — Սկզբնական շրջանին ամեն գրող կ՚ունենայ խարխափումներ, բայց լեզուէն աւելի՝ ասիկա ոճի, արտայայտութեան ձեւի փնտռտուքն է, եթէ լեզուն անցած է իր արեան մէջ։ Կան գրողներ, որոնք մինչեւ իրենց մահը կ՚ունենան բարդ լեզու մը եւ չեն հասնիր արտայայտութեան պարզագոյն վիճակներուն։ Այս ալ խառնուածքի հարց է, եւ պարապ տեղը չեն ըսած՝ «Le style c՚est l՚homme»։ Օրինակ՝ Յակոբ Օշականինը, որ բիւրեղացած, մաքրազտուած ոճ մը չէ, բարդ է, որովհետեւ իր մտածելակերպը այդպէս է, հակառակ անոր, որ մեր լեզուին բոլոր գանձերուն տիրացած արտակարգ երեւոյթ մը կը պարզէ անիկա, բառապաշարն ալ անհունօրէն հարուստ է, բայց երբ նախադասութիւն կը կազմէ, բիւրեղացած ձեւով չի շիներ, որովհետեւ իր մտածման կերպը գալարուող, տառապագին բարդոյթներու հասնող système մը ունի։

Հարցում. — Անկասկած, իւրաքանչիւր գրող կամ սերունդ պէտք է անսայ իր ներքին ձայնին։ Այլապէս, ան կը դառնայ անհոգի խամաճիկ մը։ Այս կապակցութեամբ, չենք կարծեր, որ աւանդական բանաստեղծութեան նուիրականացումը մերժող շարժումը, որ կը փորձուի Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, աւելի օգտակար է հայ բանաստեղծութեան, քան դասական վարպետներու հետքերով ընթացող աւանդապաշտ քերթողներուն պահպանողական կրկնութիւնները։

Պատ. — Այո, մեզմէ ետք եւ մինչեւ ձեր սերունդը սկսան գրել այնպիսի բանաստեղծութիւններ, որոնք ընդհանուր բառով մը ներկայիս «Նորարարութիւն» կ՚անուանուին։ Այս բանաստեղծներուն հիմնական առաջին յատկանիշը ա՛յն է, որ յանգն ու չափը մէկ կողմ նետուած են, երկրորդ՝ պատկերներուն ճոխութիւնն է, որ երբեմն տրամաբանութենէն անդին գացող գերիրապաշտ եւ այլ հասկացողութիւններու դիմելով հանդերձ, դժուարացուցին յուզումին փոխանցումը։ Հիմա, ասոնք բոլորն ալ անշուշտ ըմբռնումի եւ ժամանակի հարցեր են։ Մեր օրերուն, նորարարական ձեւով գրող բանաստեղծը Կոստան Զարեանն էր, բայց ըմբռնելի եւ հաղորդական։

Պատրաստեց՝ Մատլէն Ս. Արիսեան Պուէնոս Այրէս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *