ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, մենք երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս: Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ անձրեւ-ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր, թէ ցուրտերը հասած էին:
Քայլերս սառեցան: Ինքնաբերաբար ես ալ կեցայ: Continue reading “ԻՆՔԸ ԵՒ ԵՍ”