ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՅՍ ԴԷՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Պետական սահմանին միւս դէմէն ակնկալելի որեւէ վտանգի առջեւ ամենէն մտահոգը մենք էինք՝ մեր ընտանիքը։ Սահման կար, սահմանապահ չկար։ 1939-ի սահմանագծումէն առաջ ստեղծուած թշնամութիւն մը հիմա երկու կողմ ունէր. Թուրքիա մնացած Մուրսալաք գիւղի Փելթեք Չաուշի երկու տղաքը եւ սահմանէն այս կողմ մնացած հայրս։
Իսկ մեր տունը 1000-ական մեթրով հեռու էր ձորի վերի եւ վարի թաղերէն։ Հոն միակ ճրագը մեր տունինն էր։ Մեր շուրջ հայրենիք ներգաղթած մեր թաղեցիներու տուներն էին։ Անդուռ-անպատուհան տուները լոյս ցերեկով նոյնիսկ վախազդու էին, ալ ուր մնաց գիշերուան խաւարին մէջ։
Մենք վարժուեր էինք մինչեւ լոյս վերլուծել մեր շուներուն հաջոցները, առաւօտուն դուռը բանալէ ետք վարժուեր էինք ափը ճակտին վրայ դրած դիտել Կիւնիկ լեռան բոլոր կածանները, լեռնանցքները, ժայռերու տակ դեռ լոյսին չելած ստուերները… Այսպէս կ՚ընէր մայրս… Այսպէս կ՚ընէին Սաղտըժենց Գրքուրը, երկու տղաքը, Ծաղիր լելոն… Երբեմն մօտենալով արտին մէջ աշխատող հօրս՝ կը զգուշացնէին, «թող գնա, աչքի մի երեւիր, լեռը կասկածելի շարժում կ՚երեւի…»։
Կ՚ըսէին նաեւ, որ անոնք ցերեկ աչքով լեռան իւէն այս կողմ չեն կրնար գալ՝ ամեն թուփի տակ դարանակալ հօրս պատկերէն սարսափելով…
— Չեն համարձակիր, — կ՚ըսէր Նինոշ ամոն Եարալէ պապուկին, — գիտեն որ այս մարդը Կիւնիկէն Տունակ լեռ անցնող թռչունին որձն ու մատակը կը զանազանէ, ինչպէ՞ս համարձակին գիւղի սահմանները անցնիլ։
Գիտէինք, որ անոնք թուրք են, իսկ մենք՝ հայ, գիտէինք նաեւ, որ Ապտուլ Համիտը, Թալաաթ Փաշան, Փելթեք Չաուշը թուրք էին, բայց ամեն թուրք ու թուրքմէն Թալաաթ չէր…։ Մեր կողմի թուրքմէնները յաճախ կու գային մեզի, կ՚աշխատէին մեր արտին մէջ, բերքեր կը փոխանակէին մեզի հետ։ Անոնցմէ մէկը իր կինը ուխտի բերեր էր մեր թաղի «կիղիցիկ»ը՝ զաւակ մը ունենալու խնդրուածքով, ու ամիսներ ետք՝ տուփ մը լոխում «քառսանէք» բերեր էր մեզի՝ իր նորածին աղջկան համար։ Տղայ ըլլար՝ իբրեւ քառսանէք պարկ մը ընկոյզ բերած կ՚ըլլար։
— Թշնամութիւնը ժամանակի ծնունդ է, — կ՚ըսէր Լաւլաւ հալեւորը, — ժամանակի հետ կը մեռնի, մարդիկ զիրար կը հասկնան, կը ցաւակցին ու կ՚ապրին մարդու պէս…
Մենք այդ ժամանակին հասնելու յոյս չունէինք, մինչ ուրիշներ կը վայելէին անոր պտուղները։
Սուղ տարիներ էին, տնտեսական ծանր տարիներ։ Ապրուստ հայթայթելը աղի բեռ դարձեր էր սահմանին երկու կողմերուն համար եւս։ Մեր գիւղացիներէն ոմանք ստացեր էին «գաչաղչի» անունը։ Գաչաղչին մաքսանենգն էր, սահմանին վրայ գաղտնի առեւտուր կազմակերպողը։ Մերինները «թուրքին չի վստահուիր» ասացուածքէն թելադրուած՝ սահման չէին երթար, այլ կ՚ապահովէին անոնց գիշերային այցելութիւնները իրենց տուներուն մէջ…
Անշուշտ ատիկա կը նկատէին մեր շուները։ Անոնց ահաւոր հաջոցը երկար կ՚արձագանգէր Կիւնիկ լեռան լանջերէն, ուրկէ կ՚անցնէին գաչաղչիները…։ Գիտէին գիւղացիները։
— Ինչպէ՞ս մոռցան Թալանտն ու Սաֆարպիրլիկը, ինչպէ՞ս մոռցան իրենց մեռելները, — կ՚ըսէր Գազլի նանարը:
— Օրն ի բուն արտերուն մէջ «հնչակեան ընկեր» եւ «արիւնոտ դրօշ» կը գոռան, գիշերը թուրքը տուն կ՚ընդունին, — կը բողոքէր Գընտըրը։
— Ասոնք հայ չեն, տոնմա թուրքեր են, տոնմա թուրքեր…
Յետոյ պիտի գիտնայինք, որ «տոնմա» կը կոչուէին հրեայ ծագումով երիտթուրքերէն շատերը։
— Ամօթ է,- կ՚ըսէր Աբոյեանը, — թուրքն է թուրքը, իսկ մեր մէջ թուրք չկայ, ամեն տեղ թշնամիին անունը տալ կարելի չէ, ճիշդ չէ, ատիկա լեզուի ու հոգիի արատ կը դառնայ…
— Առեւտուրի մէջ բարեկամի եւ թշնամիի հաշիւ չկայ, — կ՚ըսէր մէկ ուրիշը, — առեւտուրի մէջ բարեկամութիւններ կը խորանան, թշնամութիւններ կը խամրին։
Իսկ մեր ընտանիքին համար վիճակը բաւական մտահոգիչ կը դառնար։ Թշնամիին տղաքը մեր հայրենակիցներուն տան մէջ կակուղ բարձ ունէին։ Հիմա ո՞վ էր թշնամին…
— Հիմա ո՞վ է թշնամին, — կը մտածէր հայրս։

Մուրսալաք գիւղէն հօրս վաղեմի թուրք բարեկամը բարեւ ղրկեր էր հօրս, թէ «հացի խնդիր է, բարեկամ, ես ալ կ՚աշխատիմ ձերիններուն հետ։ Ձերիններուն մի՛ վստահիր, անոնք միամիտ են, մերինները մի՛ արհամարհեր, անոնք նենգամիտ են…։ Հաւատաս թէ ոչ՝ տարբերութիւն չ՚ըներ. չեմ արտօներ, որ մէկը ձեր կողմը թեքի…»։
Հայրս կը զգար, որ մնացեր էր երկու քարի միջեւ. «Վերը թքեմ՝ պեխս է, վարը թքեմ ՝ մօրուքս»։
Երեւան
(«ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ» ՇԱՐՔԷՆ)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *