ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ
Բոլորդ ծանօթ էք Լիբանանի վերջին դէպքերուն եւ աշխարհի ղեկավարներուն տարօրինակ կեցուածքին։ Բայց ամենէն տարօրինակը հեռատեսիլային քարոզիչներուն եւ ծայրայեղ քրիստոնեայ առաջնորդներուն յայտարարութիւններն են Քրիստոսի երկրորդ գալուստին մասին եւ այդ դէպքերուն միջեւ կապեր տեսնող։ Հակառակ անոր, որ Քրիստոս ինք յստակօրէն կ՚ըսէ Մատթէոսի աւետարանի 24:36-ի մէջ. «Ոչ ոք գիտէ այդ օրուան կամ ժամուն մասին, ոչ իսկ երկնքի հրեշտակները, ոչ իսկ զաւակը, այլ միայն հայրը», սակայն այս գիտակները տակաւին կը պնդեն եւ Աստուածաշունչէն տարբեր վերլուծումներ ընելով, կը գուշակեն աշխարհի վերջը՝ Յիսուսի երկրորդ գալուստով։ Իրենց միլիոնաւոր հաւատացեալ-հետեւորդներուն միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ահ ու սարսափ ցանելու իրենց քաղաքականութեամբ, ամեն մեծ աղէտի ատեն, աւրուած սկաւառակի պէս նոյն յանկերգը կրկնելով՝ դրամատան իրենց հաշիւները աւելի կը պարարտացնեն։
Վայրկեանի մը համար հաւատանք այս խանութպան-քարոզիչներուն եւ ենթադրենք թէ իսկապէս Քրիստոս երկրորդ անգամ եկաւ։
Նախ Յիսուս պէտք է որոշէ թէ ո՞ւր պէտք է ընէ իր այնքան սպասուած էջքը։ Նորէ՞ն Երուսաղեմ. բայց ոչ, հոն շատ վտանգաւոր է եւ կրնայ հըզպոլլահի հրթիռի մը զոհ երթալ։ Երկար մտմտումներէ ետք, Յիսուս ալ կը նախընտրէ «Լոս»ը, որովհետեւ Լոս Անճելըս տարբեր հմայք մը ունի եւ հեռատեսիլի ու սինեմարուեստի մայրաքաղաքը ըլլալով, կրնայ իր այս այցելութիւնը աշխարհին լաւ մը ներկայացնել։
Եւ Յիսուս Քրիստոս իր ճերմակ աւանակին վրայ նստած, փառաւոր էջք կը կատարէ արեւելեան Լոս Անճելըսի մեծ պողոտաներէն մէկը։ Քաղաքի արեւելեան շրջաններուն մեքսիկական ծագում ունեցող ամբողջ բնակչութիւնը արդէն իրենց տուն-կարաժներէն դուրս թափած է։ Էրիկ մարդիկը մէկական գարեջուրի շիշ ձեռքերնին, իսկ կիները հինգ-վեց գիրուկ երեխայի ձեռքերէն բռնած, տասնեակ հազարաւոր բազմութեան հետ, որ լեցուցած է պողոտան եզերող մայթերը, «ովսաննաներով» եւ «ալելուիաներով» կը դիմաւորեն Քրիստոսը։ Խելահեղ խանդավառութիւն կը տիրէ ամեն կողմ։ Հեռատեսիլի մեծ ընկերութիւններէն մէկը ամեն ջանք կը թափէ այս մեծ դէպքին պաշտօնական հովանաւորը ըլլալու եւ զայն հեռասփռելու առանցնաշնորհումը ձեռք ձգելու, բայց կը ձախողի եւ միջազգային լրատուական բոլոր ընկերութիւնները հոն են ու տակաւին նորեր կը հասնին, իրենց “live” հեռասփռումներով, եւ աշխարհ իր շունչը բռնած կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն։ Հոն են նաեւ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն առաջնորդները, մէջը ըլլալով հայ երկու թեմերուն սրբազանները, նաեւ հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Մինչ այդ, խումբ մը ճարպիկ հայեր անմիջապէս երգչախումբ մը կը կազմեն, եւ Ֆիկերոա ու Փիքօ խաչմերուկին վրայ բարձր տեղ մը կանգնած, շքախումբը կը դիմաւորեն երգելով «Եկան, եկան մոկաց հարսներ, հարա լո հարա լո, ոսկէ թելով հիւսած վարսեր, հարա լո հարա լո»։ Յիսուս ինքն ալ խանդավառուած կը սկսի ձայնակցիլ կրկներգին. «Հարա լո, հարա լո»։ Հայ երկու սրբազաններ իրենց գոհունակութիւնը չկարենալով զսպել, իրարու high five կու տան։
Ամերիկեան TV-ի ընկերութիւնները անշուշտ չեն մոռնար հրաւիրելու հանգստեան կոչուած նախկին բարձրաստիճան սպաներ, որոնք կը ջանան վերլուծել թէ Յիսուսի այս գալուստը ինչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ՝ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի ապահովական տեսակէտէն։ Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով, Քրիստոս յստակ կ՚ըսէ, թէ այս վերջին դատաստանը չէ, այլ պարզապէս հետախուզական այց մը շրջան, աւելի մօտէն ծանօթանալու երկրին հարցերուն եւ լսելու տարբեր կողմերուն տեսակէտները։
Շքախումբը քաղաքամէջ չհասած, տեղւոյն հրեայ կազմակերպութիւններէն մէկուն ղեկավար ռաբբիներէն մէկը կը յաջողի ամերիկեան կայաններուն ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրել, ամբաստանելով այս մեծ եղելութիւնը եւ զայն կոչելով հակասեմական ահռելի ցուցադրութիւն։ Թէեւ ամերիկեան մամուլի ներկայացուցիչները նախ շատ լուրջի կ՚առնեն այս ամբաստանութիւնները, սակայն տեսնելով ժողովուրդին անտարբերութիւնը ռաբբիին ըսածներուն հանդէպ, իրենք ալ կ՚անտեսեն զինք։
Երբ թափօրը կը հասնի քաղաքամէջի Hill եւ վեցերորդ փողոցներու խաչմերուկին, բոլոր հայ ոսկերիչները հոն են արդէն։ Մեծահարուստ հայ ոսկերիչներէն մի քանին շատ սուղնոց ադամանդէ մանեակներ կ՚անցընեն Յիսուսի վզին, չմոռնալով նաեւ քանի մը հատ ալ աժաննոց վզնոցներ անցընել աւանակին վզին։ Անոնցմէ մէկը կը յաջողի նոյնիսկ Յիսուսի ականջին մէկ միլիոննոց եկեղեցաշինական խոստում փսփսալ։ Այս ձեւով ան կը յուսար փառաբանուիլ եւ թերեւս Քրիստոս իրեն համար բարեխօսութիւն ընէր իր հօր մօտ եւ ինք արժանանար «Պօղոս-Պետրոս» շքանշանին, կամ նոյնիսկ դրախտի ամենաբարձր կարգի «Յովսէփ-Մարիամ» շքանշանին։ Բայց այս ոսկերիչները զարմանքով եւ ապշանքով կը տեսնեն, թէ ինչպէս Յիսուս՝ զայրացած, այդ ադամանդները ետ իրենց երեսին կը շպրտէ։ Անշուշտ զարմանալու եւ զայրանալու իրաւունք ունէին անոնք։ Ամբողջ իրենց կեանքի ընթացքին, քրիստոնէական հաւատքը քարոզող երկրային իրենց կրօնական ղեկավարներուն կողմէ միշտ պատուի, յարգանքի եւ զանազան շքանշաններու արժանացած էին իրենց մեծագումար նուիրատուութիւններուն համար եւ հիմա բուն անձը՝ Քրիստոս, զանոնք կը շպրտէ իրենց երեսին։
Երբ թափօրը Vermont-ով դէպի Sunset կ՚ուղղուէր, մզկիթի մը առջեւ հաւաքուած իսլամ բազմութիւն մը ապշած կը հետեւէր տեսարանին, երբ իրենց զօրակցութիւն ցոյց տալու համար Յիսուս կը գոչէ. «Ալլահու աքպար, Ալլահու աքպար»։ Իսլամնները շշմած անմիջապէս ծունկի գալով կը կրկնեն նոյնը։
Իսկ երբ շքախումբը Sunset փողոցով բաւական քալելէ ետք հասաւ Beverly Hills-ի շրջանը, մայթերուն բազմութիւնը արդէն շատ ծանծաղ էր, որովհետեւ այս հսկայական ապարանքանման տուներէն ամեն մէկուն մէջ հազիւ երկու կամ երեք հոգի կ՚ապրին, ի հակասութիւն արեւելեան մեքսիկական շրջանին, ուր պզտիկ հիւղակի մը մէջ երկու կամ երեք բազմանդամ ընտանիքներ թխմուած են։ Եւ Յիսուս նողկանքով կը նկատէ հարստութեան այսքան անհաւասար բաշխումը այս քաղաքին մէջ։
Երբ առաջին օրուան այս արբշիռ վիճակը կը հանդարտի, Քրիստոս անմիջապէս գործի կը լծուի։ Առաջին գործը կ՚ըլլայ քօղազերծել թէլէ-աւետարանիչները, քրիստոնէական հաւատքը կրօնքի վաճառականութեան վերածած այս վաշխառուները, եւ զանոնք վռնտել իրենց հեռատեսիլի կայաններէն։ Կը քօղազերծէ նաեւ Ամերիկայի ներկայ վարչակարգը, որ իր սուտերով տասնեակ հազարաւորներու մահուան պատճառ դարձած է Իրաքի մէջ եւ այլուր։ Կը դատապարտէ Եւրոպան, որ երկու համաշխարհային պատերազմի պատճառ եղած է։ Ապա կարգը կու գայ Իսրայէլի, արաբ ղեկավարներուն, իսլամ ծայրայեղականերուն։ Եւ որովհետեւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներն ու ղեկավարները այս կամ այն ձեւով անմեղ արեան հեղումի պատճառ դարձած են, բոլորն ալ կը պախարակուին եւ կը սաստուին։
Յիսուսի այս քօղազերծումներն ու ամբաստանութիւնները դիմագրաւելու համար, խուճապի մատնուած աշխարհի ղեկավարները ահազանգային շտապ ժողով մը կը գումարեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ, առաջին անգամ ըլլալով, բոլորը միաձայնութեամբ քանի մը ժամուան մէջ որոշում կ՚որդեգրեն. նոյն երեկոյեան իսկ արդէն Յիսուսի նկարը ամեն հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ է որպէս աշխարհի թիւ մէկ եւ ամենէն վտանգաւոր ահաբեկիչը (terrorist)։ Փրկչի գալուստին այնքան անհամբերութեամբ սպասողները այնքան սարսափազդու, սոսկալի եւ ահռելի ահաբեկիչի պատկեր մը կը հիւսեն իր շուրջ, որ Ուսամա պին Լատէնը իր հետ բաղդատած հազիւ մանկապարտէզի չարաճճի մանուկ մը նկատուի։
Հիմա ի՞նչ։ Արդէն կարելի բան չէ, որ որեւէ երկիր իրեն ապաստան տայ։ Եւ Յիսուս Քրիստոսի կը մնայ երկու ընտրանք։ Կամ ոտքի «սանտալ»ներէն եւ վրայի հնամաշ հագուստներէն ձերբազատելով, սուղնոց եւ արդիական հագուստներով ներկայանալ մարդկութեան եւ սնափառ ու սուտ խոստումներով սիրաշահիլ զիրենք՝ այսպէսով ցոյց տալով աշխարհի ղեկավարներուն եւ նախագահներուն, թէ ինք ալ իրենցմէ է։ Կամ ալ իր առաջին գալուստին պէս, տղամարդու պէս դիմագրաւել մարդկութիւնը եւ նորէն խաչուիլ։ Կը մտածէ առաջին եւ դիւրին ընտրանքին մասին։ Բայց կարելի բան չէ։ Երկու հազար տարիէ ի վեր իր գործին ու անձին շուրջ պատկեր մը շինուած է եւ հիմա կարելի չէ այդ բոլորը մէկ անգամէն քանդել։ Եւ Յիսուս կ՚ընտրէ երկրորդը, այսինքն խաչելութիւնը։ Բայց որովհետեւ ան հիմա շատ աւելի փորձառու է, քան իր առաջին գալուստին, փոխանակ խաչուելու, յարութիւն առնելու եւ յետոյ երկինք համբառնալու, Յիսուս Քրիստոս կ՚ընտրէ աւելի կարճ ճամբան։ Խաչելութիւնն ու յարութիւնը զանց ընելով, ուղղակի կը համբառնայ երկինք, ետին ու մէջտեղ ձգելով ճերմակ աւանակը։ Միշտ այդպէս չէ՞ եղած արդէն։ Ճարպիկ ղեկավար առաջնորդները տագնապի ժամուն միշտ կերպը գտած են համբառնալու, ետին եւ մէջտեղ ձգելով իրենց հետեւորդ աւանակները։ Անպաշտպան եւ խոցելի։
Լոս Անճելըս