ՄԱՏԻՏԸ եւ այլ պատկերներ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Անցեալ տարի էր (տարի մը չեղաւ, բայց 2019-ը նոր հասանք)։
Պետական Արնագիտութեան (Hematology) քննութիւնն էր, Գ. տարուան ամենադժուարը։
Սրահ մտայ, բոլորին փորերը լեցուն ու կուշտ։ Ո՛չ թէ ուտելիքով, այլ վախո՛վ։ Պարապ տեղ մը փնտռեցի ու նստայ։ Զինուորական տետրակս, —անբաժանելի ընկերս, — վերարկուիս գրպանէն առի ու մէջէն համալսարանական քարտս հանելով՝ սեղանին դրի։ Գրչատուփս բացի՝ կապոյտ մելան, սրբիչ եւ… մատիտ։ «Մատիտ»ը սակայն մտքիս մէջէն էր միայն որ ըսի: Նիլի(*) գոյնով B2 ածխամատիտը, որով կը ներկեմ, — իմ կարծիքովս, — ճիշդ պատասխանները։ Այո՛, չունիմ։ Ունէի՞ չեմ բերած, թէ սկիզբէն չունէի։ Չեմ գիտեր։ Առաջին օրն է այսօր, ու ես քննութեան եկած եմ ԱՌԱՆՑ ՄԱՏԻՏԻ։

Continue reading “ՄԱՏԻՏԸ եւ այլ պատկերներ”

1994. Ծաղկած խրամատներ

Մ.

Հազիւ վեց տարեկան տղան հօր հետ քայլելիս հարցնում է.
— Պա՛պ, եթէ բոլորը մեռնում են, ախր ինչու՞ ենք ծնուել…
1994թ. Արցախ

Եւ ահա ձեռքիս է ազատամարտիկի օրագիրը: Նա ինձանից մեծ է 18 տարով, բայց ես նրան ընկեր եմ համարում, որովհետեւ ազնիւ մարդիկ այսօր շատ քիչ են, իսկ այդ քչերի հետ ես աշխատում եմ ընկերութիւն անել: Նրա երիտասարդութիւնը, ինչպէս եւ շատերինը, «ծաղկել է» խրամատներում, բայց նրա համար այդ տարիները ոչ թէ կորցրած, այլ գտած տարիներ են: Հարցնում եմ՝ ինչո՞ւ, ասում է՝ երեւի բառապաշարս չհերիքի պատասխանել, այդ տարիները պէտք է պարզապէս ապրել, զգալ…

Continue reading “1994. Ծաղկած խրամատներ”

ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ԶՐՈՅՑ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ

… Գիտցէ՛ք, որ մի՛շտ կենդանի եմ:
Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ:
Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ

Աբրահա՛մ, դասընկերս իմ սիրելի: Գիտցի՛ր, որ ինծի եւ շատերու համար դեռ կենդանի ես ու յիշատակդ ալ միշտ անթառամ պիտի մնայ:
Երկրագունդի հակառակ երեսին վրայ գտնուելով` մահուանդ լուրը թերթերէն իմացայ, ներէ, որ յուղարկաւորներու թափօրին միանալ եւ ես ալ ափ մը հող շիրիմիդ մէջ նետել չկարողացայ: Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս:

Continue reading “ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ԶՐՈՅՑ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻՆ ՀԵՏ”

Դասընկերոջս նոր զրոյցը

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ


Պղատոն թերեւս իրաւունք ունէր, որ կ՚արգիլէր բանաստեղծներուն մուտքը իր հանրապետութենէն ներս: Մեր պատմիչները չեն հաւաստեր մեզի. տեսնես, մեր ամենէն մտառու, լայնախոհ եւ ատով իսկ ամենաողբերգական թագաւորներէն մէկըԱրշակ Երկրորդ, իր Արշակաւանին մէջ տեղ տուա՞ծ էր արդեօք քերթողներու, թէ՞ ոչ: Բայց եւ այնպէս ինծի կը թուի, թէ այդ «տխրահռչակ» քաղաքին առաջին բնակիչները պէտք է հագներգու-գուսանները եղած ըլլային, քանի որ դժուա՜ր թէ այդ դարերուն ալ մարդիկ շատ աւելի բարեհաճ վերաբերում ունենային անոնց հանդէպ, քան հիմա բանաստեղծներու նկատմամբ: Արդարեւ, ի՞նչ է բանաստեղծը, մանաւանդ հա՛յ բանաստեղծը հիմա. երեւութապէս կարծես հիացքի առարկայ. օ՜, բանաստե՞ղծ, ի՞նչ կ՚ըսէք. բայց խորքին մէջ ամեն վայրկեան, լռելեայն, մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն հանրայայտ տողին նշաւակ անձնաւորութիւն. «Ոտանաւորն ի՞նչ ընել, ոտանաւորը կ՚ուտուի՞…»:

Continue reading “Դասընկերոջս նոր զրոյցը”

ԵՂԲՕՐՍ ՏԱՆ ՃԱՄԲԻՆ (*)

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

Եղբայրս ապրում է ինձանից ոչ հեռու, եւ երբեմն-երբեմն ես նրա տանն էի յայտնւումնախապէս այդպիսի նպատակ չունենալով: Պատահում էր, որ տանից դուրս էի գալիս զբօսնելու, նեղլիկ փողոցներով քայլում էի աւելի շուտ մտքերիս, քան թէ ոտքերիս ընթացքին հետեւելով եւ յանկարծ տեսնում էի, որ յայտնուել եմ եղբօրս տան մօտակայքում:

Continue reading “ԵՂԲՕՐՍ ՏԱՆ ՃԱՄԲԻՆ (*)”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Զ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ԻՆՉ ԸՍԻ՜Ր…

Խառն տարիներ էին, ինչպէս նախորդները: Այս անգամ ցնցումները կու գային Անթիլիասէն, կ՚անցնէին Պէյրութի հայկական թաղերէն ու հրդեհի մուլ ու մոծիրի պէս կը թափէին մեր կողմերը: Կաթողիկոսի ընտրութիւն կար, եղա՞ւ թէ չեղաւ, օրինակա՞ն է, թէ ոչ, տուրուտմբոցը շատցած էր գիւղին մէջ:

Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Զ.”

ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ՉԵՆ ԱՒԱՐՏՒՈՒՄ

ՎԱՆ ՆՈՎԻԿՈՎ

Պատերազմը սնւում է պատերազմով:
Շիլլեր

Պատերազմը ծնուեց թերեւս այն ժամանակ, երբ… Կայէնը սպանեց եղբօրը` Աբելին: Յետոյ որդին սպանեց ծնողին, ծնողը` որդուն, ազգը` ազգին, ու պատերազմը մեծացա՜ւ-մեծացաւ, բայց ոչ ծերանում է, ոչ էլ մեռնում: Մարդկութեան միամիտ տեսակը յոյս է պահում, թէ ինչպէս արցունքն է յորդում ցաւից, բայց ի վերջոյ սպառւում, ինչպէս Continue reading “ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ՉԵՆ ԱՒԱՐՏՒՈՒՄ”

ԿԱՐՄԻՐ ԾԱՂԿԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ

ՎԱՆ ՆՈՎԻԿՈՎ

Զինուորի մահը դանդաղ էր մօտենում: Աչքերի առաջն արնագոյն ստուերներ են պատում: Մահացու վէրքից արիւն է ծորում: Կաթ-կաթ: Բայց մահը վարանում էր մօտ գալ ու պահմտոցու պէս մի խաղ էր սկսել: Շուրջբոլորը մշուշուած էր մահուան խորհրդաւորութեամբ: Քիչ առաջ, երբ ամբողջ մարտադաշտը ոռնում էր արեան համն առած գազանի նման, այսպիսի անդորր պատկերացնելն անբնական կը թուար: Continue reading “ԿԱՐՄԻՐ ԾԱՂԿԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ”

Պատառիկներ Արա Արծրունիէն

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երեկոյեան ժամերուն ո՛չ ներսի լոյսը, ո՛չ ալ դուրսի լոյսը բաւարար էին լուսաւորելու տան միջանցքը, բայց մութուլոյս էր նաեւ մէջս։ Ենթագիտակցութեանս մէջ «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը» թատրերգութեան կշիռը հոգիիս վրայ տակաւին կը շարունակէր իր ազդեցութիւնը ունենալ այս Մարդուն հանդէպ ունեցած տպաւորութեանս վրայ։ Continue reading “Պատառիկներ Արա Արծրունիէն”

Ո՞վ այս մասին կը հարցնէ

ՀԵՐՎԷ ԺՈՐԺԸԼԷՆ

Արեգ Զուլումեան վեց տարի առաջ Յունաստան եկած է: Պոլսեցին իր հոռոմ կնոջ շնորհիւ առանց որեւէ դժուարութեան յունական հանրապետութենէն բնակութեան արտօնութիւն ստացած է:
Թուրքիոյ մէջ կեանքը դժուար էր: Մանաւանդ այս վերջին տարիները: Ռէիսը ապագային նկատմամբ անվստահութիւն կ՚աւելցնէր անվերջ: Continue reading “Ո՞վ այս մասին կը հարցնէ”