ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթներէ ի վեր ուզած էի Քեզի հետ խօսիլ: Քեզի դիմել: Մտահոգութիւնս յայտնել: Պարզել: Բայց սանկ տեսակ մը վախ, ակնածանք եւ անհամարձակութիւն պատճառ դարձած էին, որ չկարենամ ինծի համար շատ մտերմիկ եւ նոյնքան ալ հարազատ այդ զրոյցս իրականացնել:
Ըսեմ, որ ես ալ աշխարհին հետ մտահոգ եմ: Այն աշխարհին, որ Դո՛ւն ստեղծած ես: Գիտեմ, որ Քեզի համար այս բոլոր ըսելիքներս նորութիւններ պիտի չըլլային: Չեն արդէն: Որովհետեւ Դո՛ւն ամեն բան գիտես: Ամեն «բան» կը տեսնե՛ս, կը լսե՛ս: Բայց, անգամի մը համար պիտի խնդրէի, որ ինծի ալ առիթ տայիր, որ այս ամփոփած բառերովս, մտահոգութիւններով բեռնաւորուած միտքս Քու դիմացդ բացայայտէի: Քեզի համեստօրէն եւ անմեղ՝ փոխանցէի այն ինչ որ միտքս կը կրծէր: Եւ ահա անոր համար, այսօր, առիթէն օգտուելով, այս նիհար ու աղքատ, անյոյս եւ տխուր տողերս Քեզի կը հասցէագրեմ:
Միտքս աւելի պարզեմ:
Տեղեակ ես, թէ շաբաթներէ ի վեր, այս գեղեցիկ մոլորակի համայն բնակչութիւնը, մեծով-պզտիկով ինքզինք, իր տան մէջ բանտարկած կը պահէ: Կամաւոր ինքնակալանաւորում: Բոլորս ալ կը ծամենք եւ կ՚-որոճանք մեզի հրամցուած երկար ու կարճ հրահանգներն ու թելադրանքները ու ագահօրէն յոյսի սպասման հետ միատեղ, մեր մտքերու խաղաղութիւնը կը փնտռենք:
Բոլորս ալ մեր հոգեկան սահմաններուն մէջ կծկուած կ՚ապրինք: Պատճառը շատ պարզ է: Այդ գորոնա-ժահրն է, «վիրուսը», որ աշխարհի վրայ իր անողոք մահուան շունչը փչած է եւ գերեզմանները կապած կեանքին: Մարդիկ, ե՛ւ սգաւոր, ե՛ւ վշտահար, ե՛ւ տխուր դարձած են: Մարդիկ, իրենց ցաւը իրենց մէջ սկսած են լալ: Տեսանելի է, թէ որչափ խոր է ժողովուրդներու դժբախտութիւնը: Հոգիներուն մէջ անաւարտ յուզումներ կան: Այս բոլորը Դո՛ւն մեզմէ առաջ արդէն տեսած ըլլալու էիր եւ ես: Թէեւ իմ Քեզի յուշելս աւելորդ է, բայց կը խնդրեմ՝ զայն յանցանք մի՛ սեպեր: Այդ մէկն ալ տարիքիս վերագրէ՛…: Որովհետեւ, անկեղծօրէն, «բան» մը ներսս կ՚եռայ, չէ սառած: Անոր համար անպայման կ՚ուզեմ արտայայտել: Քեզի դիմել: Սիրտս Քեզի բանալ: Ինքզինքս Քեզի բացայայտել:
Տակաւին քանի մը ժամ առաջ էր, երբ մէկ կողմ դրած էի Օշականի «Խոնարհները»: Համեստօրէն ըսեմ, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, այս չորրորդ անգամն էր, որ զայն կը կարդայի: Հաճելի կրկնութիւն: Թէ՛ հաճելի ժամանց-զբաղում եւ թէ՛ մտքի զարգացում: Անկէ առաջ Զօհրապն ու Ահարոնեանը՝ Սեւակին հետ, Սիամանթոն ու Թումանեանը՝ Պարոնեանին ու Օտեանին հետ միասին ժամերս եւ օրերս կլանած էին: Եւ տակաւին կան «միւսները», որոնք անհամբեր իրենց կարգին կը սպասեն:
Իսկ գալով սենեակիս եւ յատկապէս գրասեղանիս վրայ անշարժ եւ հաստատ տեղ գրաւած համակարգիչիս, մի հարցներ, բայց ըսեմ, որ բոլորն ալ՝ սենեակը, սեղանը, համակարգիչը՝ սիրտ չունին եւ իրենց նախկին խանդավառութիւնն ու ներշնչումի մոգական կարողականութիւնները կարծես արդէն կորսնցուցած են եւ կամ այս ընթացքով ալ կորսնցնելու վրայ են: Դժբախտաբար: Ի՜նչ կրնամ ընել: Ձեռքս չէ:
Արդ ըսէ՛, խնդրեմ, զիս ընթերցանութեան մղելու եւ կամ գրիչ բռնելու համար անպայման գորոնա՞ն պէտք էր, որ ղրկէիր: Եւ կամ՝ աշխարհի մարդոց զգաստութեան հրաւիրելու համար, արդեօ՞ք կարեւոր էր այս մարդասպան անիծեալին ներկայութիւնը:
Անկասկած, բոլորս ալ անհաւատալի սքանչացում ունինք Քեզի հանդէպ: Նորութիւն մը չէ: Բայց…:
Եւ տակաւին, բոլորին տուներուն նման մեր տան մէջ ալ ծնած է աղմկոտ տագնապը: Բնական ծնունդ: Մենք ալ ընտանեօք ինկած ենք նոր եւ վախազդու յուսահատութեան մը գիրկը: Այսպէս, երկար օրերէ ի վեր դուրսը շրջագայելու, բարեկամներու, հարազատներու եւ կամ մտերիմներու հանդիպելու «իրաւունքէն», նոյնիսկ զաւակներու եւ թոռներու ներկայութենէն զրկուած ենք: Ու կարօտը մեզի համար տեսակ մը յոյսի թեւեր հագած է: Այս երեւոյթէն մեկնած, կարծես իրարմէ հեռու երկիրներ ապրած ըլլայինք: Որովհետեւ… Դուն ալ տեղեակ ես, թէ այդ գորոնան գրաւած է մեր այս աշխարհը եւ նոյնիսկ անոր դարաւոր անիւը՝ ծռած: Ահա թէ ինչո՞ւ մեր մտքերը անղեկ նաւակի նման աջ-ձախ կ՚երերան:
Ըսեմ, որ աշխարհը, Քու ստեղծած այս կապոյտ եւ գեղեցիկ մոլորակը եւ կամ Երկրագունդ կոչուածը, այս օրերուն ուրիշ շատ մը բաներու կողքին, իր արեւն ալ կորսնցուցած է: Մարդոց ձայներուն մէջ թագնուած եւ խորհրդաւոր բան մը ծնունդ առած է: Կայ: Մարդիկ սկսած են ամեն օր եւ ամեն վայրկեան դէպի երկինք նայիլ եւ Քեզ փնտռել, իրենքզիրենք փնտռած պահուն: Աշխարհը դժբախտացած է. տեսանելի է, չէ՞: Եւ այս մէկը սոսկ իրականութիւնն ալ է, նոյնքան ալ՝ դաժան: Բոլորս ալ մեր կեանքի հոսքը կորսնցուցած ենք: Որովհետեւ գորոնան զայն կասեցուցած է:
Նաեւ յիշեցնեմ. եթէ նախապէս կնոջս «կ՚օգնէի» թոռներուս «նայելով», այս օրերուն, օգնած ըլլալու պատրուակով, տան մէջ սուրճ եփելով ալ կը զբաղիմ: Ու աւելցնեմ, ե՛ս որ, ինչպէս տնեցիք միշտ կատակելով օրինակ կը բերեն, նոյնիսկ «գամ մը գամել» չեմ գիտեր, մեր խոհանոցի քանի մը ծռած պահարաններու դռները շտկած եմ: Լաւ որ տունն եմ եղեր…: Նոյնիսկ սենեակիս մէջ գիրքերս եւ թուղթերս կանոնաւորած: Կարաժէն ներս ալ՝ բազմատեսակ տուփեր եւ իրեղէններ շտկելու համար, երկար ժամեր վատնած: Բայց, հարազատօրէն ըսէ՛, հաճիս, այս բոլորին համար, արդեօ՞ք պէտք էր, որ գորոնայի սաւանը փռէիր այս կապոյտ մոլորակին վրայ:
Միտքս դարձեալ հեռաւոր երազանքով սկսած է սնանիլ: Ամփոփեմ:
Հիմա ցաւալի իրականութիւնն է, որ կ՚ապրի բոլոր տուներէն ներս: Մարդիկ խորապէս կապուած են կեանքին, այն կեանքին որ Դո՛ւն շնորհած էիր, իբրեւ՝ պարգեւ մեծագոյն եւ սակայն այդ փոքրիկ անպիտան մանրէն կարծես եկած էր, նոյն այդ կեանքը մեզմէ խլելու եւ յափշտակելու համար: Անոր համար հառաչանքի աղմուկով լեցուած են մեր տուները:
Այժմ ըսէ՛, որո՞ւ դէմ պէտք է բարձրացնել բողոքի մեր դրօշը: Ե՞րբ մեր բոլորին կեանքը պիտի պարգեւէ իր նախկին ուրախութիւնը: Այս հարցումներուս պատասխանները մօտս չեն: Դո՛ւն ունիս, որովհետեւ Դո՛ւն ես Ամենակալը:
Տակաւին ամիս մը առաջ էր, թոռնիկիս կը կարդայի Համաստեղի «Աղօթարան»ը, ուր ամբողջ եօթանասուն փոքր էջերու մէջ, հեղինակը իր միտքը պարզելով թէ՛ կը շեշտէր, եւ թէ՛ կը հաւատար, որ Դուն կա՛ս:
Ու թոռնիկս զարմացած, իր խելապատիկէն ծնած, հայ-ամերիկացի իր հասունութեան դիմելով անհամար հարցումներով ընդհատած էր ընթերցումս: Իսկ այս օրերուն, ան թէեւ ինձմէ հեռու, հեռաձայնով եւ կամ «ֆէյս թայմի» ալիքներուն մէջէն, իբրեւ մեծ մխիթարանք ինծի կը յիշեցնէր, թէ
—Պապի՛կ, «տոնթ ուորի», մի մտահոգուիր, չէ՞, որ վերը Աստուած կայ…»:
Անշուշտ կասկած չունէի: Բայց… այս գունաւոր սարսափէն ազատելու համար, ամեն վայրկեան մտքիս խաղաղութիւնը սկսած եմ փնտռել:
Արդ, եթէ մեզի պատգամ պիտի տայիր, կամ պիտի սաստէիր եւ կամ եթէ մեզի զգաստութեան պիտի հրաւիրէիր, արդեօ՞ք պէտք ունէինք այսքան ահաւոր եւ մահացու իրականութեան մը զոհ դառնալու:
Սնունդէն եւ նիւթականէն աւելի, հոգեկանը սկսած ենք փնտռել. ամեն վայրկեան: Որովհետեւ, ինչպէս ըսի, մեր ժամանակը ա՛լ դարձած է անըմբռնելի: Բոլորս ալ զինաթափ կեցած ենք կեանքի այս անակնկալին առջեւ, առանց սակարկութեան: Սեւն ու ճերմակը խառնուած են: Ամեն օր մտքերու խաղաղութեան համար, դրական պատասխան մը, խապրիկ մը կ՚ուզենք լսել կամ ալ փնտռել: Մեր միտքերը հանդարտեցնող պատասխան մը: Գորոնան զգետնող ե՛ւ յաղթող, ե՛ւ զայն զինաթափ ընող միջոց մը, դեղ մը:
Ու կը մնայ միշտ միեւնոյն հարցականը. Ո՞ւր եւ ե՞րբ…: Եւ տակաւին՝ ինչպէ՞ս աշխարհ պիտի վերադառնայ իր նախկին պարին: Ահա մօտիկ եւ հեռու անստուգութիւն:
Երկիւղը, մեծ վախն ու սարսափը գրաւած են մեր միտքերը եւ չորցուցած մեր ուղեղները: Տեսանելի են: Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ արդէն յոյսն ու աղօթքն են միակ մխիթարիչները: Այնքան զարմանալի նոյնքան իրական: Մէկ խօսքով, հոգեկան աներեւակայելի տառապանք:
Արդեօ՞ք այս բոլորը…, որպէսզի մեր հաւատքը ջերմացնենք: Չեմ գիտեր: Դո՛ւն աւելի լաւ գիտես:
Միւս կողմէ սակայն, թէեւ մեզի հրամցուած տառապանքը կ՚ընդունինք, բայց չենք կրնար զայն ըմբռնել: Անոր համար է, որ կրկին անգամ քեզի կը դիմենք, մեր շրթներուն վրայ քարացած պահելով հետեւեալ նոյն անմեղ հարցումը.
— Ինչո՞ւ այս բոլորը…, արդեօ՞ք որպէսզի աւելի ծանօթանայինք մեր սեփական խեղճութեան: Մեր անհոգ իրականութեան: Մեր այլամերժ ոգիին: Մեր՝ յաճախ անմարդկային կերպարին:
Դարձեալ չեմ գիտեր:
Հասկնալի է, թէ ապրելու համար միայն ապրիլ ցանկալը ա՛լ իմաստ չունի:
Էական է, հետեւիլ Քեզի եւ Քու քայլերուդ եւ Քու խրատականներուդ: Զգաստանալ: Անկեղծօրէն՝ անսակարկ մօտենալ մարդոց խուլ ցաւերուն: Սփոփել ու մխիթարել զիրենք: Գուրգուրալ եւ օգնել: Զիրար յարգել եւ սիրել: Զիրար գնահատել եւ քաջալերել: Ու վերջապէս բանաստեղծին խօսքերը յիշելով եւ անոնց հետեւելով՝ իրապէս «մարդ դառնալ»:
Լոս Անճելըս