ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
ՉԻՄԱՍՏ
պիտի քալեն փոշիները չհասկցուած ճամբաներու մայթերէն
ու ոչ մէկը դիմացէն հարցումով մը պիտի դպնայ ուսերնուն
պիտի տեսնեն բերանքսիվայր մրմռացող ցոլքերը
ու ձայներուն ափերը՝ աղմուկներէն ածխացած
կողպ կուրծքի արձանին տակ հով՝
պիտի շարժեն չորցած գնդիկները արիւնի
անոնց սմքած ուղեղները այլեւս
չեն գիտեր ե՞րբ
սիրաբանիլն ու սիրելը նոյնն էին
հատիկ մը ազատութեան
թաւալգլոր
ոտքերու տակ կը թռչկոտէ
հերոսացած ճուտիկի պէս ճւճւան
լոյսին հանգիստը կ՚աւրէ
անէծք-ներ խինդըն անոր կը ծեծեն
յօրանջի չափ սովորական
ու յոգնակի տխրութիւնը մարդերուն
ձանձրոյթէն խօսիլն անգամ մոռցած է
կը մզմզան կը հայհոյեն իրաւունքի ներբանին
որմէ լեզու ելլել ու բարբառել կը սպասեն
սկիզբ ընթացք ու վախճան
զանազանել ալ չ’ըլլար
չէր ալ եղած
ինչո՞ւ այդպէս գրած են ճակտին վրայ
անսահման խաբկանքի դաշտ տեսնելով
այս բոլորին չիմաստը ինքնագոհ պատմութիւն մ’է
բերնէ բերան երկնցած
ԿԸ ԳՐՈՒԻ
յորդեալ հեղուկ մոխրագոյն
չարաբոյր հոսուկ թանձրացած
սիրոյ ամանէն ինկած
աւելորդութիւն
որուն չի կրնար այլեւս մարմինը տոկալ
կը գրուի … կը գրուի
անկապ անորոշ
սողանցքներէն երակի
բացին վրայ
չքանալիք մէկ պահի
որ հեռու է հասկցուելու ճաշակէն
ո՞ւր է ո՞ւր է իմաստը
եւ թոյրը զոր ծայրերով մատներուն
դիտեցինք օր մը
ու տեսանք անկէ ծորող լուսափոշին
մեր ծոցին
մելանի պէս ջնջուելիք
կու գայ դարձեալ խաբելու
լեցուելիք ճերմակութիւնն մեր առջեւ
որ ոչ մէկուն հոգիին մէջ տեղ ունի
խամրելիք
արդէն իսկ խամրած
յոյսէն բխած տմարդութիւն
դեռ կառչած ենք պարապութեան
ու կը լսենք միայն աղմուկ
միայն թշուառ ափսոսանք
ու տակաւին անլրջութեամբ միամիտ
զայն կը քշենք մանուկի պէս աճելիք
մեր անցնելիք ճամբայէն
կը քրտնի երգը մեր մորթէն
կը շոգիանայ դէպի վեր
մեզ կապելու մեզմէ անդին գտնուողին
ու կանգնելու
չհասկցուած մեր անձին դէմ
միս-մինակ
ՓԼՈՒԶՈՒՄԸ ԿԸ ՏԵՒԷ
երբ վայրկեանի մը մէջ կարմիր
հոգեշարժը կատաղութեան կը վերածէ
պարարտ հողը բարեհամբոյր յառնումին
մարդիկ կ՚երթան արածելու
միւսներուն պէս քաշքշելով ոտքերը
անհիւրընկալ դուռերէն ներս
աջին տեղ ձախ
հարաւին տեղ հիւսիս նայող պատուհաններ փնտռելու
բաժանումը կրակէ իրենց միջեւ կը մտնէ
կը կտրուին կայծակնահուր շաչումով
կապերը մարդու տեսքին եւ իրական կծկումին
պայթումէ մը պատին փակած միսերու պէս քէնոտած
կը սահին վար
ժահրը- իրենց միւսին թքնել ջանալով
ու չկարողանալով
կը ներքաշուին ամլութեան մէջ
հատիկներուն նայլոնէ
որ թափանցիկ պատրանքի տակ
ինչ որ լոյս է կը ծծէ
իր սնամէջ փորին ձեռքով խեղդելու
կը կործանի երկվայրկեան մը չտեւած
ու կը տեւէ կը տեւէ՛ փլուզումը
նոյնիսկ մահէն ալ անդին
տեսնել՝
կարենալ է այլեւս
բայց դիմանալ՝
Աստուծոյ ձայնին անսալ է
ձա՜յնդ Աստուած
ձա՜յնդ ցոյց տուր
այս աչքերուն փոշեպատ
Փարիզ