Որոտանը որոտա՛ց

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

1976-ին երբ Երեւան էի, օր մը Վահագն Դաւթեանը ըսաւ.
— Այսօր Համօ Սահեանին պիտի երթանք։
— Ինչո՞ւ, հո՞ս է։
— Ո՞ւր պիտի ըլլայ, հո՛ս՝ Երեւանի մէջ է։
— Ի՛նչ գիտնամ՝ Որոտա՜ն, Որոտա՜ն. կարծեցի գիւղը կ՚ապրի, Որոտանի ափին։
— Այ աղջիկ,— ժպտեցաւ,— Որոտանը իր մէջ կ՚ապրի։Այն տասնամեակներուն յիշողութիւնս տեղն էր։ Մշակութային Կապի կոմիտէի շէնքին ներքնայարկի սրճարանին մէջ,— «ուր Չարենց կը յաճախէր»,— գարեջուրի բաժակներու հետ դէմ-դիմաց նստած, ցած ձայնով արտասանեցի «Հայաստանը երգերի մէջ»-ը։ Դաւթեանի աչքերը փափուկ արցունքներով լեցուեցան։

* * *

Ուշ յետմիջօրէին Վահագն Դաւթեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը եւ ես զարկինք շէնքի մը վերի յարկերէն դուռ մը։ Դուռը բացաւ յարաբերաբար երիտասարդ, լեցունկեկ, այն ատենուան նորոյթ՝ ծունկէն վեր -հագուստով օրիորդ մը։ Կը սպասէինք Սահեանի յայտնուելուն, որ կ՚ուշանար։ Համբերութիւնս հատաւ. «Ձեր մայրը հոս չէ կ՚երեւի» ըսի։
Վահագն Դաւթեանը քիչ մը անդին նստած էր, մեղմ ձայնով՝ «իր տիկի՛նն է» ըսաւ։
Երբ տիկինը որոշեց ներս երթալ, ես ալ որոշեցի բացատրել զարմանքս. «Բայց իր տիկինը Մարիա Յակոբեանը չէ՞»։ Անդրանիկ Ծառուկեան «Նայիրի»-ին մէջ յաճախ կր հրատարակէր անոր դիւրասահ քնքուշ բանաստեղծութիւնները, ընդհանրապէս երեք-չորս տուն, քառատող։ Կը կարդայի հաճոյքով։ Կ՚ըսէին թէ Համօ Սահեանին կինն է։
Պէյրութ ապրած ըլլալուս չէի գիտեր թէ եզակի երեւոյթ չէ ապահարզանը։ Յետոյ Դաւթեան բացատրեց թէ Հայպետհրատ կ՚աշխատէր նոր տիկինը, հաւնած ըլլալու էր Սահեանի թէ՛ բանաստեղծութիւնները եւ թէ՛ հոնորարը։

* * *

Բայց, բա՜յց ուրիշ բան մը պատահեցաւ, որ շատ բան յայտնեց Սահեանի հոգիի տագնապին եւ զայն դրսեւորելու անվերապահութեան մասին։ Անունը պիտի չտամ, բայց նշանաւոր համայնավար գործիչ մը կար Պէյրութի մէջ։ Նստած էր հոն՝ հիւրասենեակին մէջ. պիրկ դէմքով՝ կարծես թէ պնդութիւն ունի։ Խօսակցութիւնը հասաւ Սոլժենիցիի վերջերս հրապարակ ելած «Գուլագ արշիբելագ»-ին։ Հիւրը կ՚անարգէր, կը խծբծէր Սոլժենիցինը որ յերիւրածոյ բաներ գրեր է, համբաւ ու վաստակ ապահովելու համար յաջողեր է երկրէն դուրս սպրդեցնել ձեռագիրը եւ իբրեւ այլախոհ կը մեծարուի ու առաջին կարգի գրող կը նկատուի։ Ինքզինքը ծախելով Նոպելեան մրցանակակիր կը դառնայ։
Յանկարծ Համօ Սահեան բարձրացուց ձայնը. « Ինչո՞ւ այսքան կը խեղաթիւրէք իրականութիւնը, բռնութիւնը։ Մենք հոս ստիպուա՛ծ ենք համայնավար ըլլալ, լռել ու հանդուրժել։ Ինծի հասկնալի չէ, թէ դուք հոն արտասահմանի մէջ ինչո՞ւ համայնավար կ՚ըլլաք. Ի՞նչ կը շահիք։ Մենք պատճառ ունինք։ Սփիւռքի մէջ համայնավարութի՞ւնը որն է։ Ձեր այս դաւանումով աղէ՛տ կ՚ըլլաք մեր գլխուն։ Ի՜նչ անհեթեթութիւն»։
Համօ Սահեան գլուխը առաջ բերած, աջ ձեռքը անոր ուղղած՝ «ինչո՛ւներ,» «ինչո՛ւներ» կը փրփրեցնէր օդին մէջ (Անշուշտ կրնամ միայն արեւմտահայերէնով արտայայտել իր ըսածը, եւ եթէ ոչ իր բառերու ճշգրտութիւնը, ապա գէթ անոնց թոնը, զայրոյթը փոխանցել)։
Ես որ առտուընէ ի վեր զարմացած բաներուս նկատմամբ բերանս չէի գոցած, յայտնեցի թէ նոր կարդացեր էի «Գուլագ»-ը. ցնցուեր էի անոր իրապաշտ պատումէն, տրուած բիրտ ու նուաստացնող իրավիճակներէն, որոնց միլիոնաւորներ ենթարկուած են։ Մեր գրողները…,— հի՛մա յանկարծ անդրադարձայ թէ «ր» գիրը փրկարար է, եթէ գրողին մէջէն «ր»-ն հանես, սարսափելի բան մը կ՚ըլլայ,— մեր գրողները ոչ միայն գող չեն, այլ ընդհակառակը՝ կողոպտուա՛ծ են. նաեւ վերջին երկու գիրերուն հետեւողութեամբ՝ ողնայա՛ր ունին։ Իբրեւ մարդ ու գրող, մտաւորական ու գիտնական, քաղաքացի թէ ներգաղթած,— յափշտակուա՜ծ էր իրենցմէ ամեն բան որ էական էր,— արժանապատիւ կեանքի բնականոն ընթացք, ընտանիք, առողջութիւն, ստեղծագործելու ոյժ եւ պայմաններ, արժանապատուութիւն, մարդկայնականութիւն եւ մանաւանդ արդարութիւն։ Մահարին, Լեռ Կամսարը, Մկրտիչ Արմէնը եւ ուրիշներ, ողջ մնացին ու պատմեցին։
Մոլեռա՛նդ համայնավար, որ կոկոզավիզ բազմեր ես հայրենի բանաստեղծին հիւրասենեակին մէջ, չլռեցիր անգամ իր բարկաճայթ յանդիմանութեան դիմաց։ «Մենք ստիպուա՛ծ ենք, բաներ փրկելու համար համայնավար ենք, դուք բախտաւոր զգալու փոխարէն միայն փորձանք կը բերէք համայնավար ըլլալով։ Ի՜նչ պէտք ունիք արտասահմանի մէջ։ Ինչո՞ւ կը փորձէք մէկդի հրել լոյսի պէս յստակ ճշմարտութիւնը»։
Կինը փութաց հանգստացնել, Սահեան սրտի խնդիր ունէր։ Մարդը պնդութիւնը շալկած դուրս ելաւ. հարկաւ Սահեան բա՛ռ մը իսկ չըսաւ անոր գրած ոտանաւորներուն մասին։
Երբ մենք ալ դուրս ելանք, նորէն մտածածս ըսի.
— Որոտանը որոտա՛ց։

Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *