ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Է.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1. Կ՚երդնունք, որ պիտի շարունակենք պայքարը…

Բոլորս ալ հակամէտ ենք գործածելու այսպիսիները՝ կ՚երդնում, կը զբօսնուս, կ՚ընթեռնու, պիտի թողուր…
Իսկ եթէ շարունակել պէտք ըլլայ այս բայերու խոնարհումը՝ տարածելու զայն այլ դէմքերու, թիւերու, եղանակներու ու ժամանակներու վրայ, — ապա կը կարծեմ, թէ բոլորս ալ պիտի անճրկինք. միայն հմուտ գրաբարագէտ մը պիտի կարենար ընել այդ մէկը, եթէ իրապէս հմուտ գրաբարագէտ մնացած է ի մերում կողմանս: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Է.)”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Զ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1. «Պուտինը եւ Բայդենը համատեղ յայտարարութիւն են ընդունել ռազմավարական կայունութեան վերաբերեալ»:

Կը կարծեմ, թէ ձեզմէ ոչ մէկը անծանօթ է այս՝ «յայտարարութիւն ընդունիլ» արտայայտութեան, որուն հետ սկսանք ընտելանալ վերջին տասնամեակներուն եւ տեղին համեմատ ալ… ընդօրինակել զայն՝ առանց անդրադառնալու կացութեան այլանդակութեան, գէթ հայեցի մտածողութեան տեսանկիւնէ: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Զ.)”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ե.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1. Ինչ որ … ինչ-որ

Ոմանք չեն յաջողիր զանազանել այս երկուքը, ուրիշներ բոլորովին անտեղեակ են նման զոյգի մը գոյութեան, այսինքն՝ ոչ իսկ գիտեն, թէ նման բան գոյութիւն ունի:
Ինչ որ բաղադրեալ յարաբերական դերանուն մըն է: Բուն դերանունը ինչ-ն է, որուն կցուած է որ թարմատարը(1), ճիշդ հետեւեալներուն պէս՝ ով-ով որ, ուր-ուր որ, երբ-երբ որ, ինչպէս-ինչպէս որ, քանի-քանի որ եւ այլն: Իր այս կիրարկութեամբ՝ ինչ որ-ը կը փոխարինէ ոչ թէ գլխաւոր նախադասութեան մէկ անդամը երկրորդական նախադասութեան մէջ, այլ ամբողջ գերադասը: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ե.)”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Դ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Զկեռ – զղեար

Արեւմտահայ բառարանագրութեան որբ ու անտէր բառերէն մէկն է այս. մեր բոլոր բառարանագիրները ակնարկած են անոր՝ իբրեւ պտուղի մը, որ ունեցած է երկու անուն, առանց, սակայն, բան մը հասկնալու անկէ, առանց պատկերացնելու, թէ ճիշդ ի՛նչ է ան:
— Գայայեան (1938) ունի՝ զղեար – տե՛ս զկեռ:
Կը բանաս զկեռ, կը գտնես՝ «զղեար, ծառը՝ զկեռի, կարծր փայտով»:
Գնա՛-հասկցի՛ր, թէ ի՛նչ է: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Դ.)”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Գ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Երեւան, 23 յունուարի, Արմէնփրես: «Իտալիան արգելափակել է «TikTok»-ը որոշ օգտատէրերի համար…»:
—Այս ալ արգելափակումի ուրիշ այլանդակ պարագայ մը, որ այլեւս… չի զարմացներ, երբ նկատի ունենանք, որ անոր ետին կեցողը «Արմէնփրես»-ն է, որուն հայագիտական մակարդակին ու ճաշակին, այլեւ հայեցի զգացողութեան ծանօթ է սփիւռքահայ ընթերցողը: Կը մնայ, որ արժանանանք այն բախտին, ուր կարելի դառնայ այս կայքի Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Գ.)”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Բ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Կը կարծեմ, թէ բոլորդ պիտի համաձայնիք ինծի հետ, եթէ ըսեմ, որ Յարութ Սասունեանը կը հանդիսանայ մեր լաւագոյն լրագրողներէն մէկը, այն, որուն վերլուծումները յափշտակութեամբ կը կարդացուին սփիւռքի մէջ եւ յաճախ լոյս կը տեսնեն հայրենի լրատուական ցանցերու վրայ եւս:
Անոնք ունին մէկ անպատեհութիւն. Սասունեան հայերէն չի գրեր իր յօդուածները, որոնք մեզի կը հասնին երկու թարգմանութիւններէ ետք. նախ՝ արեւելահայերէնի, այս վերջինէն ալ՝ արեւմտհայերէնի, եւ այս ոլորապտոյտ բաւիղներուն վրայ անոնք կը հանդիպին լեզուական Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Բ.)”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ա.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր անխոնջ աշխատակից Արմենակ Եղիայեան պարբերաբար կը վերլուծէ հայերէն մամուլին մէջ լոյս տեսնող ընգծելի թերիներ կամ այլապէս հայերէնի առօրեայ օգտագործման ընթացքին նկատուող անհեթեթութիւններ։ Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք անոնցմէ առաջին քաղուածք մը։

ՇՈՒՏԱԼՈՒՏ

Մամուլի մէջ կարդացինք. «Մաքրոնի շուտալուտ այցելութիւնը Լիբանան…»
— Ի զուր պիտի փնտռէք ձեր բառարաններուն մէջ այս շուտալուտ կոչուած մարգարիտը, որուն հեղինակն է արեւմտահայ շնորհալի խմբագիր մը: Շատ որոշ է անոր տրամաբանութիւնը. ինչո՞ւ մօտ կրնայ տալ մօտալուտ, իսկ շուտ պիտի չտայ… շուտալուտ: Այո՜, արեւմտահայ Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ա.)”

Ի՞նչ կ՚ըսենք… ի՞նչ կը հասկնանք

ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ

Լեզուն բոլոր մշակոյթներու բառային տեսքով արտայայտուելու ուղին է։ Հայերէն լեզուն իր գրական, խօսակցական եւ բարբառային տարբերակներով կը հանդիսանայ աշխարհի հնագոյն եւ գեղեցկագոյն լեզուներէն մէկը, իր հազարագանձ բառամթերքով, բառակազմութիւններով, շարադասութեամբ, հնչիւնաբանութեամբ եւ լեզուական այլ յատկանիշներով։ Խօսակցական հայերէնը ոչ միայն Continue reading “Ի՞նչ կ՚ըսենք… ի՞նչ կը հասկնանք”

ԵՍ ՉԵՄ ԱՄԱՉՈՒՄ, ՈՐ ԱՄԵՆ ՕՐ ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՄ ՍՈՎՈՐՈՒՄ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

Ինչ խօսք, ինչպէս իւրաքանչիւրդ, ինքս էլ եմ հպարտ իմ հայութեամբ՝ հպարտ եմ յատկապէս այն բանի համար, որ, կոպիտ չհնչի, հայերէնն ինձ համար աշխատանքային «ատաղձ» է: Ըստ մատենավարների հրապարակած, բնաւ էլ ոչ ամբողջական տուեալների՝ ֆրանսերէնից մի քանի տասնեակ գրական-գեղարուեստական, պատմական, գիտական՝ ամենատարբեր բնոյթի գրքեր եմ թարգմանել, ու գրեթէ չի պատահել դէպք, որ որեւէ բառի հայերէն համարժէքը գտնելու դժուարութիւն ունենամ: Եթէ ունեցել եմ, պատճառը ոչ թէ մեր ոսկեղենիկը, իմ անգիտութիւնն է եղել: Continue reading “ԵՍ ՉԵՄ ԱՄԱՉՈՒՄ, ՈՐ ԱՄԵՆ ՕՐ ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՄ ՍՈՎՈՐՈՒՄ”

ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԱՅՍ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ձեզմէ աղէկ չըլլայ, պոլսահայ բարեկամ մը ունէի, որ նաեւ տերվիշ էր՝ այս բառին ազնիւ իմաստով, այսինքն՝ մօտաւորապէս փիլիսոփայ, առանց փիլիսոփայի յաւակնութիւններ ունենալու: Երբ ակնկալուած արդիւնք մը չստացուէր կամ կիսատ-պռատ ստացուէր, կ՚ըսէր… թրքերէնով. «Կարճ օրուան շահը՝ պզտիկ կ՚ըլլայ»:
Հիմա, համավարակի այս պարտադրանքին տակ, ա՛յդ է, որ յիշեցի:
Վասնզի պիտի գոհանամ քանի մը բառերու լուսաբանութեամբ: Continue reading “ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԱՅՍ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ”