ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Առաջին վերծանումները
Ռոզեթեան քարի առաջին շերտին մէջ յստակօրէն զանազանելի են հինգ յատուկ ձուաձեւ շրջանակներ, իւրաքանչիւրը ձախ ծայրէն օժտուած ուղղահայեաց գծիկով մը:
Շամպոլիոն դիւրաւ կրցաւ ենթադրել, թէ այդ շրջանակներուն մէջ կը գտնուի Պտղոմէոս (Ptolmis) փարաւոնին անունը, քանի որ յունական հատուածին մէջ ճիշդ հինգ անգամ յիշուած է այդ անունը:
Այս շրջանակները, որ եգիպտագիտութեան մէջ cartouche (փամփուշտ) կը կոչուին եւ յատկացուած են արքաներու, թագուհիներու եւ աստուածներու միայն, մեր սերտած շերտին մէջ ունին տարբեր ծաւալ. անոնցմէ երկուքը կը բովանդակեն եօթը մեհենագիր տառեր, մինչ միւսները աւելի կը բովանդակեն: Սա՛ կայուն ու յստակ տուեալով, որ բոլորին մէջ առաջին եօթն նո՛յնն են: Ռոզեթեան քարի եգիպտական բաժնի հետեւեալ տարբերակին մէջ շատ յստակ է այդ զանազանութիւնը.
Ուրեմն երեք փամփուշտ կը գտնենք 6-րդ տողին վրայ. ձախէն առաջին երկուքը օժտուած են եօթը մեհենագրով, մինչ երրորդը, ինչպէս նաեւ վարէն առաջին եւ երրորդ տողերուն վրայ գտնուող փամփուշտները այդ եօթը մեհենագրերէն անդին ունին շարունակութիւն մը (ստորեւ բացատրուած է այդ շարունակութիւնը):
Շամպոլիոն կրցաւ որոշել, թէ առաջին եօթը մեհենագրերը կը ձեւացնեն ունենալ նո՛յն բովանդակութիւնը. յունական շերտին մէջ այս հինգին կը համապատասխանէ Πτολεμαις (Ptolémaïs) արքայական անունը:
Խմբագրութեան կողմէ. Գրութեան մնացեալ մասը կը պարունակէ բազմաթիւ նշանագրեր, որոնք անհնար էր առցանց տարբերակով հասկնալի ներկայացնել, ուստի ընթերցողէն պիտի խնդրենք որ շարունակութիւնը կարդայ թերթի տպագիր տարբերակի պատճէնին վրայ, հետեւելով այս կապին։