ԱՆՈՐ՝ ՈՐՈՒՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՄՈՄԵՐԸ ՔԱՐԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ՎԱՌԻՆ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

գիտցիր
ես յոգնեցայ հաշուոյդ այսքան ստելէն
չէ մի աճապարեր
խաբուելու նորէն
ի՞նչ կը կարծես
չստելու այդքան ուժ ուրկէ՞ ուր ինծի
ես տակաւին յիշատակիդ
ողբագին ու սրտառուչ աղօթքներ պիտի յղեմ Աստուծոյ
սրբացնեմ զոհ հոգիդ
երգեր պարեր ու քերթուած յօրինեմ
թատերախաղ բեմ խորան դպրաց դաս ու երգչախումբ
ազդեցիկ ձայն սրտաճմլիկ շարական
ու քարոզ յաղթական դրօշակի փոխարէն
քու պատկերդ հերոսազօծ
պատիս զարդը դեռ դարձնեմ ես պիտի
անունդ տամ զաւակներուս
երկու բառ ալ քաջութենէդ
անուանդ պոչին փակցնեմ
որ կէս սերունդ լորձնաշուրթն կրկնուիս
յետոյ հալիս միս մինակ տափակութեան խոռոչին մէջ լափլիզող
իբրեւ հզօր անպարտելի ողորմեա՜
չէ, յոգնեցայ ստելէն
գերեզմանիդ բաց բերանէն զզուեցայ
հոն ամէն օր խենթութեան հետ չհաշտուած
ուռած կանայք կը դեգերին անխնամ
փորերնուն մէջ քաշքշելով դեռ մի քանի տարի առաջ
քեզ փայփայած որովայնը բարկաճայթ
անոնց ոտքին կոշտուկները հաշուելէն
կոշկոռ կապեց բողոքական եռանդս
որ թամ-թամի կշռոյթով բոլորակի կը չալէ
կալանաւոր արցունքը տեսերիզի ու գրական կայքէջի յոյսին կապելով
երկու խօսքի միջեւ ճօճուող թել մը մազի
թեթեւութեամբ
կ՚ըսեմ քեզի՝ գիտցիր
ես յոգնեցայ հաշուոյդ այսքան ստելէն
բայց …
ուրկէ՞ ինծի չստելու զօրութիւն
ես տակաւին խոյս պիտի տամ
ցանցերու մէջ տարածելի արեանդ խտացեալ վերջին կաթիլէն
պաշտպանեմ մայրութիւնս անպաշտպան մօրդ մաշած հաւատքէն
գետնին վրայ սողունի պէս գալարուող հօրդ անատամ անէծքը օրհնեմ
ու անցնիմ
քանզի չունիմ չունեցայ ու դեռ պիտի չունենամ չստելու քաջութիւն

Ալֆորվիլ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *