ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

ազատաբուխ ուղեղը պայթելէն ոչ ոք կրնայ կեցնել
աստուածիկ մը հոն մեծնալու կամք կը յայտնէ վճռօրէն
կը խշխշայ ներսիդին ծուռին բոցը շիփշիտակ
լենալ կ՚ուզէ լիանալ յորդեցնել
արդար պահը խոստումին
այլ կերպ ըլլալ չի կրնար
ան պիտի չվերանայ ճամբան կոտրած կուժի պէս

իր ծիներէն կենսառատ ձայն կը հասնի ուղեղին
անյստակ ու կրակէ լեզու մը
կ՚արգիլէ գերութիւնն ստամոքսին
ան կ՚երկարէ իր բարակուկ վիզիկը
հաստաբուն ժամանակին
ուրկէ մտրակ ու ճիպոտ կը շառաչեն անխնայ
կը շառաչեն անդադար ու դեռ պիտի շառաչեն
լեցնելու տարածքը անայլընտրանք ցուցմունքով

կը յանդգնի ան տակաւին չըմբռնել
հասնելու իր անխափան կամքին դէմ
մինակութիւն մը ահեղ սպառնալիք կը տեղայ
բայց անօթեւան տղեկի պէս ան կ՚ընթանայ կ՚ընթանայ
դէպի դիմացը մեծցող հայելիի սիլհուեթին
ու այն պահուն երբ հպի անոր ուժին
ազատաբուխ մոլուցքը պայթելէն
ոչ ոք կեցնել պիտի կրնայ երբեւէ

իսկ ո՞վ է ան որ անոր
ձեռք տալ պիտի կարենայ։

Ալֆորվիլ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *