ԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

արձաններու միջեւ շրջող
կը նկրտիս բանաստեղծութեամբ
անոնց ականջները խժժոցներու թիրախ է
ճիւղաւորուած լեզուներու աղմուկին վրայ
կը ցատկռտես
անդորրի սիրոյն
տող մը միտք մը բռնելու
կը լափլիզէ տօթը կաթիլները քրտինքիդ
բեմին վրայ ամէն մարդ տառապանքը կը խաղայ
քեզի՜ միայն ուղղուած է սուտը դատարկ
այդ ցաւին
զոր կը դիտես սրահին մէջ
անդիմակ շուքերու հետ խարխափած
մէկը չուզեց որ հոս գաս
կարծեցիր որ բեմին վրայ տեղ ունիս
որ խաղալը դիւրին է
կամ խաղալու խօսք ունիս
այսպէս՝ մինչեւ ի վերջոյ լռութիւնը մարմինիդ
շքեղօրէն անէծքները յորդեցուց
ու բազմաճող արձագանգը ալիքներու փսխունքին
դադար պիտի չունենայ

կը թափի վրադ
ու կը ծեծէ քեզ յորձանքը իր բարկութեան
ոխին դիմաց անտեսուած իր օրերուն
զղջումին համար ալ ուշ է
շալկէ բեռդ եւ օրօրուէ դէպի դուռը կրակին
ուրիշ բաց դուռ քեզի համար չմնաց

Ալֆորվիլ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *