ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ, ՈՒՂՂԱԽՕՍԱԿԱՆ, ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ»-Ը

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքէն ուրախութեամբ իմացանք, որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է մեր վաղեմի աշխատակից Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։
«Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ» կ՚ըսէ Բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան։
Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս Ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր Յառաջաբանին մէջ։
Իր թուայնացած բնոյթով՝ այս աշխատասիրութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նորանոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է ոճաբանութեան բաժինը, որ անվարան կրնայ նկատուիլ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի դաստիարակչական մատեան մը։
Ուղեցոյցէն կրնան օգտուիլ բոլորը՝ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, մասնագէտ թէ պարզ ընթերցող՝ դիւրութեամբ որոնելով ու գտնելով իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւն, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը իր խորհին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանին (ընդհանուր ղեկավար-համադրող), Յարութիւն Քիւրքճեանին (վերստուգող խմբագիր), Վրէժ-Արմէն Արթինեանին (խմբագիր) եւ Սէրուժ Ուրիշեանին («Նայիրի» կայքէջ) իրենց նուիրումին եւ խղճամիտ աշխատանքին համար։ Դժուարին ու խնամեալ էջադրումը կատարուած է Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեանի, իսկ կողքի եւ գեղարուեստական ընդհանուր ձեւաւորումը՝ Նունէ Խիւդավերդեանի կողմէ։
Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ գործածել ուղղակի։
Սրտանց կը ձայնակցինք Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան շնորհաւորանքին, մեր շնորհակալութիւնն ալ աւելցնելով այս ազգօգուտ աշխատանքի բոլոր նուիրեալներուն, յատկապէս հեղինակին, որ նման ընգրկուն աշխատութիւն մը արեւմտահայերէնի եւ ընդհանրապէս հայերէնի մասնագէտներուն եւ օգտագործողներու տրամադրութեան տակ դրին։

«Հորիզոն գրական»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *