ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ — Խոկումներ/Գրիգոր Նարեկացիի »Մատեան Ողբերգութեան«ի Ընթերցմամբ, Ա. Տետր

Հեղինակ՝ Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Մոնթրէալ, 2022, մեծադիր 48 էջ:

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Նոր լոյս տեսած ու ճաշակաւոր տպուած այս տետրը չորրորդն է Արժ. Տ. Գառնիկի տետրաձեւ հրատարակութիւններուն: Նախկիններն են՝ «Արամ Ա./Հայ Աստուածաբանական Մտքի Վերանորոգման Համար» (Մոնթրէալ, 2005, Հորիզոն Յաւելուած), Ալեքսանդր Շմեմանի «’’Հայր մեր’’/Բացատրութիւն» (Մոնթրէալ, 2020), եւ «Հաւատքի Հանգանակ (Բացատրութիւն)» (Մոնթրէալ, 2021): «Խոկումներ»ը ձօնուած է տիրամօր յիշատակին: Հրատարակիչն է տիկ. Հուրի Հաքիմեան:
Տետրը կը սկսի «Խօսք Մը» նախաբանով: Այնտեղ գրուած է. «Երկար փափաքած էի Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ի մեկնաբանութեան մը ձեռնարկել, դպրեվանքեան օրերէս՝ երբ կարդացած էի Գր. Պըլտեանի «Գրիգոր Նարեկացի Լեզուի Սահմաններուն Մէջ»ը (Վենետիկ, 1985), որ Յակոբ պտր. Նալեանի ծանրածանր վարդապետական-բարոյագիտական «Գիրք Մեկնութեան»էն (Կ. Պոլիս, 1745), եւ Գաբրիէլ վրդ. Աւետիքեանի բանասիրական եւ բացայայտողական (commentarial) «Նարեկլուծ»էն (Վենետիկ, 1827) ետք՝ զիս հիացուցած էր իր նորութեամբ: Եւ ընթերցումներ, նոթագրութիւններ կուտակուած էին, բայց միշտ վարանած էի անցնելու փափաքիս իրականացման…:
Նախ վարանած՝ որովհետեւ սրբազնօրէն շատ վեր է Մատեանը: Երկրորդ՝ մնայուն սոսկումը, թէ մեկնաբանո-ւթիւնը պիտի չկարենայ պահել սրբազնութեան զգայարանքը: (Արդէն որեւէ մեկնաբանութիւն՝ այն զգայարանքին պահպանմամբ կարելի չէ): Երրորդ՝ նարեկացիական հոգիին եւ այսօրուանին միջեւ հազարամեայ ժամանակը: …Ու հասած էի խոկումին, եւ ապա՝ աղօթական խոկումին»:
Հոգեպարար այս խոկումներու Ա. Տետրը՝ ներապրումով կ’ընթերցէ Բան Ա.-Բան Ե.ը: Խոկումները: Անոնք ամփոփ, իմաստալից, իմանալի, դիւրահաղորդ ոճով, բանաստեղծական շնորհով, գեղուն եւ ջինջ լեզուով ստեղծումներ են:
Ճաշակ մը տալու համար խոկումներէն՝ կը մէջբերեմ թիւ 1 Խոկումը.
Մեր խօսակցութիւնները, Տէր,
ողորմողիդ պարգեւներն են:
Զանոնք ունիմ քեզի նուիրելու,
որովհետեւ անոնց մէջ երկիւղս եւ սիրտս
քու խօսքիդ
մշտաբարբառ եւ ամենիմաստ լռութեան
կը հաղորդուին,
եւ չունին քեզի վայել այլ պատարագ:
Նուիրածներս կամաւոր զոհ ընդունէ,
որպէսզի քեզ գտնեմ,
եւ որպէսզի հոգիս վերագտնուի մէջդ…

Քաջառողջութիւն կը մաղթեմ հեղինակին, որ շարունակէ այս կարեւոր եւ աստուածահաճոյ աշխատանքը:

Մոնթրէալ

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *