ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Շարադասութիւնը բառերու՝ խօսքի մէջ ունեցած կարգը որոշ սկզբունքով կատարելու արուեստն է. ան ունի երկակի արժէք՝ քերականական եւ ոճաբանական:
Առ այս ան իր ծաւալուն տեղը կը գտնէ հաւասարապէս քերականական ու ոճաբանական ձեռնարկներու մէջ, ուր սերտողութեան առարկայ են խօսքի իւրաքանչիւր անդամի, այսինքն՝ ենթակայի ու իր լրացումներուն եւ դիմաւոր բայի ու իր լրացումներուն ենթադրելի դիրքերը:
Սկսինք անդրադառնալով դիմաւոր բային՝ ստոորոգիչին:
Նախքան հայերէնին անցնիլը՝ աչք մը նետենք հետեւեալ հայատառ թրքերէն հատուածին, որ առնուած է «Ակօս»-ի 18 մարտ 2022-ի թիւէն, թէկուզ անհասկնալի ըլլայ ան:
—14 Մարտ Թըփ պայրամը նետենիյլէ Թաքսիմտէ Աթաթիւրք Անըթընա չելենք պըրաքմաք իսթէյեն հեքիմլերէ փոլիս միւտահալէ էթթի (= ըրաւ)։
—Միւտահալէ սըրասընտա փոլիս, 89 եաշընտաքի Տոքթոր Էրտինչ Քէօքսալը իթերեք տիւշմէսինէ նետեն օլտու (= եղաւ)։
—Քէօքսալ փոլիսէ դէփքի կէօսթերերէք. «Անանըզը, պապանըզը թետաւի էթթիք, եափմայըն։ Այըփթըր» տետի (= ըսաւ)։
—Իսթանպուլ Թապիփ Օտասը, 14 Մարտ Թըփ պայրամը նետենիյլէ Թաքսիմտէ Աթաթիւրք Անըթընա չելենք պըրաքմաք իսթետի» (= ուզեց)։
Ան կազմուած է չորս պարզ նախադասութիւններէ, որոնց իւրաքանչիւրին միակ դիմաւոր բայը՝ շեղով, հետեւողականօրէն ինկած է նախադասութեան վերջը: Հատուածը որեւէ ընտրութեան առարկայ չէ եղած, այլ առնուած է բոլորովին պատահականօրէն եւ իր այս սեղմ ծաւալովն ալ կը հաստատէ թրքերէնին բնորոշ յատկութիւն մը. այստեղ դիմաւոր բայը կը գրաւէ նախադասութեան վերջին դիրքը:
Հայը՝ աւելի քան հինգ դար, իսկ աշխարհաբարը իր կազմաւորման ամբողջ տեւողութեան ապրեցաւ թրքերէնի այս շարադասութեան ազդեցութեան ներքոյ: Այն աստիճան, որ Մանուկ Աբեղեան, իր «Հայոց լեզուի տեսութիւն» կոթողական աշխատութեան մէջ չէր վարաներ գրելու անցած դարու առաջին քառորդին.
«Բայը… ամենից վերջն է ընկնում. օրինակ՝ “Մայր Արաքսի ափերով քայլամոլոր գնում եմ”» (§199): Այսպիսի շարադասութիւնը ան կը կոչէ «սովորական», ուրիշներ կը կոչեն «ուղիղ», իսկ շեղումները՝ «շրջուն»:
Եթէ Աբեղեան հինգերորդ դարուն շարադրէր իր տեսութիւնը, ան նման կանոնի պիտի չակնարկէր այն պարզ պատճառով, որ հայերէնի բնիկ շարադասութիւնը, որ հնդեւրոպերէնէն ժառանգուած պէտք է ըլլար, նման թելադրանք պիտի չընէր երբեք:
Արդարեւ, հայերէն գրուած առաջին գիրքի առաջին գլուխի առաջին մէկ քանի օրինակները կը հաստատեն բոլորովին ուրիշ իրողութիւն մը:
—Ի սկզբանէ արար Աստուած զերկին եւ զերկիր։
—Հոգի Աստուծոյ շրջէր ի վերայ ջուրց։
—եւ ետես Աստուած զլոյսն զի բարի՛ է։
—եւ մեկնեաց Աստուած ի մէջ լուսոյն եւ ի մէջ խաւարին։
—եւ կոչեաց Աստուած զլոյսն տիւ, եւ զխաւարն կոչեաց գիշե՛ր։
Ասոնք առանց մասնաւոր ընտրութեան ջոկուած են «Ծննդոց» գրքի առաջին համարներէն եւ ցոյց կու տան շարադասական այն զուարթ պէսպիսութիւնը, որուն գերազանցօրէն կը տիրապետէին մեր աւագ թարգմանիչները: Այս նոյն պէսպիսութեամբ ալ շարունակած է գրաբարը մինչեւ 19-րդ դարը. ստորեւ նմուշներ՝ առնուած Պեշիկթաշլեանի «Հայաստան» քերթուածէն.
—Յորժամ յուսով խայտայ բնութիւն յետ դառնաշունչ ձմեռանւոյն…
—եւ յինէն խոյս տացեն վայելք կենաց թեթեւ ի գարշապար…
—Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամ, ո՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան…
որոնք շարադասուած են այն նոյն լուսեղէն լեզուամտածողութեամբ, որ յատուկ էր հինգերորդ դարու լուսաւորիչներուն:
Այս տուեալներով՝ եթէ աշխարհաբարը բոլորովին չկքեցաւ թրքերէնի ոճին տակ, պատճառը այն էր, որ գրաբարը 19-րդ դարու մինչեւ վերջերը, ճիշդը՝ 1892, դասաւանդուող միակ հայերէնն էր դպրոցներու մէջ եւ իր բարերար ազդեցութիւնը կը գործէր արեւմտահայ լեզուամտածողութեան վրայ, կը սանձէր շեղումները եւ նուազագոյնի կ՚իջեցնէր զանոնք՝ առանց բոլորովին ջնջելու թրքական ծանծաղ ու դարձդարձիկ ոճի բոլոր հետքերը:
* * *
—Իր ճիւղերն ու ընձիւղները՝ անհուն տարփանքի մը, ջիղերու մշտնջենական երիտասարդութեան մը գալարումները, պրկումները ունին (Գ. Զոհրապ, «Մամայիդ բարեւ ըրէ՛»):
—եւ ծերութիւնը, այս ծառին մէջ, ամեն գարնան՝ մոլեգին, ախտավարակ ծլումներով, ծաղկումներով աչքի կը զարնէ (անդ):
—Խոնջենքը իր գգուանքին իմ փոփոխամիտ երիտասարդի խառնուածքիս վրայ՝ պատատուկ բոյսի մը հազիւ թէ զգալի փաթթուածքովը՝ շղթայի մը ծանրութիւնը կ՚առնէր (Գ. Զոհրապ, «Վերադարձը»):
Օրինակները, ինչպէս նկատելի է, քաղուած են Զոհրապէն:
Զոհրապ համալսարանական իր զոյգ մասնագիտութիւններով՝ ճարտարապետութիւն եւ իրաւաբանութիւն, այլեւ իր առօրեայ շփումներուն բերումով շատ խոր ազդեցութեանը տակ էր թրքերէնի, իմա՝ օսմաներէնի, որուն աւելի լաւ կը տիրապետէր, քան հայերէնին, եւ իր շարադրանքին մէջ շատ յաճախ տուրք տուած է թրքերէնի այս շարադասութեան՝ բայը տանելով նախադասութեան բոլորովին վերջը:
Անշուշտ ինք միակը չէր: Եւ այլ հարց, թէ, միւս կողմէ, միշտ եւ ամենուր այսպէս գրած չեն նախ ինքը՝ Զոհրապը, ապա իր ժամանակակիցները:
Յետեղեռնեան տարիները, ուր հայ-թուրք կենակցութիւնը ընդհանրապէս վերջ գտաւ, շատ բան փոխեցին բայի շարադասութեան մէջ, սակայն եւ այնպէս աւանդոյթի յիշողութիւնը առկայծ մնաց մեր արեւմտահայ գրողներու ենթագիտակիցին մէջ՝ մերթ ընդ մերթ ի յայտ ցայտելով եւ հաստատելով, թէ բոլորովին անհետացած չէ:
Ստորեւ օրինակներ՝
—Աստուծոյ փառք տալը միաստուածեան երեք կրօններու ուսուցումներուն ու ծիսական արարողութիւններուն առանցքը կը կազմէ ( «Հասկ», 7-8, 2021, էջ 326):
—Առօրեայ կեանքի մէջ սովորական արտայայտութիւն դարձած Աստուծոյ փառք տալը, շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնելը իր մէջ խորունկ նշանակութիւն ու պատգամ ունի (անդ):
—Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապտոլլահեան Լիբանանին օժանդակելու եւ տնտեսական ու առեւտրական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամդրապնդելու Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց («Ազդակ», 25-3-2022, էջ 2):
—Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճո Պայտըն ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Պրիւքսել ճամբորդելու համար Սպիտակ տունէն մեկնած ատեն լրագրողներուն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ.. (անդ, 24 մարտ 2022, էջ 4):
Այս պարագային, որքան երկարի նախադասութիւնը, — ինչպէս վերջին երկու օրինակներն են, — այնքան աւելի կը ծանծաղի խօսքը, ընդհուպ ձգելով մահախօսականի մը ճնշիչ ու մռայլ տպաւորութիւնը:
* * *
Պատշաճ է, որ, շարունակելէ առաջ, հակիրճ անդրադարձ մը կատարենք նաեւ ենթակայի շարադասութեան:
ԵՆԹԱԿԱՅ
Եթէ բայի շարադասութեան մէջ իր յատուկ ազդեցութիւնը գործած է թրքերէնը, ենթակայի շարադասութեան մէջ հաւասարապէս ազդած են թրքերէնը եւ օտար լեզուները՝ ֆրանսերէնը, իտալերէնը, անգլերէնը եւ այլն, որոնց բոլորը կը հետեւին ենթակայ-ստորոգիչ պարտադիր հերթագայութեան՝ հետեւեալ տիպարի հիմամբ.
Սոխակը կ՚երգէ: Ջուրը կը հոսի: Գարունը հասաւ:
Եթէ հայերէնը ընդհանրապէս կը հետեւի այս շարադասութեան, ապա միւս կողմէ ան կը պահէ լայն ազատութիւն մը, արձակի թէ ոտանաւորի մէջ, շրջելու այս կարգը եւ ըսելու՝ «կ՚երգէ սոխակը», մինչ վերոնշեալ լեզուներուն համար անսովոր է ան:
— Կը պարզուէր Հայոց աշխարհի ամենագեղեցիկ առաւօտներէն մին:
— եւ ահա որ գայթակղեցաւ Զենոբ Գլակ:
— Այսպէս խօսեցաւ Զենոբ Գլակ:
— Գլուխը կայ կարմիր սաղաւարտ մը:
— Գաւթակին առջեւ կան չորս սիւներ:
Օրինակները առնուած են Շահան Շահնուրի «Առաւօտեան շեփոր»-ի մուտքէն:
Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ այս նոյն տեղը կը գերակշռէ ուղիղ՝ ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութիւնը, եւ ընդհանրապէս այսպէս է արձակի մէջ:
Ոտանաւորի մէջ աւելի մեծ համեմատութեամբ կը գտնենք շրջուն շարադասութիւնը.
— Ու չեն խայտար քո ալեակք:
— եւ կամ միթէ կը զմայլի՞ն ալեակքդ երկնի կապոյտին…
— Այլ եթէ գոգդ ալ թափին բոյլքն աստեղաց երկնքին…
— Նմանիլ չես կրնար դուն…
— Հոն կայ մոխիր… յիշատակ…
Առանց այս շրջումներուն՝ հայերէնը, յատկապէս ոտանաւորը, շատ բան պիտի կորսնցնէր իր քնարականութենէն՝ իյնալով տաղտկալի միօրինակութեան մը հոսանքին մէջ: Մեր գրողները կը փնտռեն զայն՝ լաւ անդրադառնալով անոր ոճաբանական արժէքին. այդ արժէքը հաստատելու համար, կարդացէ՛ք, օրինակ, «Լճակ»-ը՝ ջնջելով բերուած օրինակներուն շրջումը ու փոխարէնը կիրարկելով միայն ենթակայ-ստորոգիչ ուղիղ շարադասութիւնը:
ՇԱՐԱԴԱՍԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Այս բոլորը հակում ունինք վերագրելու շարադասական այն լայն ազատութեան, որով օժտուած է հայերէնը հաւանաբար իր կազմաւորումի անյիշելի ժամանակներէն սկսեալ:
Այսուհանդերձ գոյութիւն ունին շարադասական կարգ մը պարտադրանքներ եւս, որ թոյլատրելի չէ զանց առնել: Տեսնենք մէկ քանին:
ա) Ուրիշի խօսք
Մենք մեր խօսքին մէջ յաճախ հարկ կը տեսնենք մէջբերելու ուրիշին խօսք(եր)ը՝ լրագրողի մը, գրողի մը, բարեկամի մը կամ պատահական մէկուն. օրինակ՝ առնենք թերթի մը հետեւեալ լուրը. «Հացը պիտի սղի»: Դուն կարդացած ես այս լուրը եւ կը փութաս փոխանցել զայն մէկ խօսակիցիդ կամ ընթերցողիդ: Ունինք երկու ձեւ.
— Այսինչ թերթը գրած է. «Հացը պիտի սղի»:
— «Հացը պիտի սղի», — գրած է այսինչ թերթը:
Ուրեմն առաջին տարբերակին մէջ, ուր նախադաս է հեղինակային խօսքը, ունինք ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութիւնը, որ պարտադիր է: Ընդունելի չէ շրջել ու ըսել. «Գրած է այսինչ թերթը. “Հացը պիտի սղի”»:
Յետադաս հեղինակային խօսքի պարագային կիրարկած ենք ստորոգիչ-ենթակայ շարադասութիւնը, որ իր կարգին պարտադիր է եւ կարելի չէ փոխել ու ըսել. «“Հացը պիտի սղի”, — այսինչ թերթը գրած է», ինչ որ շատ խորթ կը հնչէ եւ կը մատնէ ճաշակի ամբողջական անմշակուածութիւն:
Ծանօթ.
1. Մէջբերուած խօսքը երկու պարագաներուն ալ կը դրուի չակերտներու մէջ:
2. Նախադաս հեղինակային խօսքը ուրիշի խօսքէն կը տրոհուի միջակէտով, յետադաս հեղինակային խօսքը ուրիշի խօսքէն կը տրոհուի ստորակէտ-անջատման գիծով:
բ) Դերբայական դարձուած
Պարզ նախադասութիւնը կրնայ իր ծոցին մէջ կրել դերբայական դարձուած մը, որ է դերբայ մը՝ իր լրացումներով հանդերձ. նման խճողուած կառոյցը ունի շարադասական եւ այլ կարգի սեղմումներ, որոնց կ’անդրադառնանք ստորեւ:
Առնենք հետեւեալ օրինակը.
ա. Զգալով որսորդին գերակայութիւնը՝ արջը նախընտրեց արագ փախչիլ:
բ. Արջը, զգալով որսորդին գերակայութիւնը, նախընտրեց արագ փախչիլ:
գ. Արջը նախընտրեց արագ փախչիլ՝ զգալով որսորդին գերակայութիւնը:
Այստեղ դերբայն է զգալով, իսկ դարձուածը՝ շեղով տրուած ամբողջ հատուածը:
— Ուրեմն սկսինք ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութենէն:
Նախադաս դերբայական դարձուածի պարագային (ա.) ենթական (արջը) կը դրուի յետադաս հեղինակային խօսքի բոլորովին սկիզբը: Ստորոգիչ-ենթակայ շրջումը մերժելի է:
Միջադաս դերբայական դարձուածի պարագային (բ.) ենթական կը դրուի նախադասութեան սկիզբը, իսկ ստորոգիչը (նախընտրեց) դարձուածէն անմիջապէս ետք. ընդունելի չէ հետեւեալը. «Արջը, զգալով որսորդին գերակայութիւնը, արագ փախչիլ նախընտրեց»:
Յետադաս դերբայական դարձուածի պարագային (գ.) կը պահպանուի ենթակայ-ստորոգիչ ուղիղ շարադասութիւնը:
— Գալով դարձուածի անդամներու շարադասութեան, ապա կը նկատենք, որ բոլոր դիրքերու վրայ կայուն պահեցինք այս մէկը՝ դերբայ-յատկացուցիչ-յատկացեալ (որ է նաեւ ուղիղ խնդիրը զգալով դերբային): Այս շարադասութիւնը բացարձակ չէ. կարելի է, օրինակ, առաջինին (ա) պարագային առանց մեծ մեղանչումի գրել նաեւ՝ «որսորդին գերակայութիւնը զգալով»: Երկրորդին մէջ (բ.) չունինք այդ ազատութիւնը: Իսկ երրորդին մէջ (գ) բոլորովին պարտադիր է բերուած շարադասութիւնը. այստեղ յատուկ յիշատակութեան արժանի է զգալով դերբայը, որուն նախադաս դիրքի պահպանումը պարտադիր է: Անթոյլատրելի է գրել. «Արջը նախընտրեց արագ փախչիլ՝ որսորդին գերակայութիւնը զգալով»:
— Չանտեսենք նաեւ կառոյցին կէտադրութիւնը:
— Նախադաս եւ վերջադաս դերբայական դարձուածները (ա. եւ գ.) բուն կամ լրացեալ նախադասութենէն կը տրոհուին բութով:
— Միջադաս դերբայական դարձուածը (բ.) ստորակէտով կը տրոհուի երկու կողմերէն:
armenag@gmail.com