«Հորիզոն գրական»-ի 40-ամեայ վաստակը նշելու համար, խմբագրակազմս գրական մրցոյթ մը կազմակերպեց յունուար եւ փետրուար ամիսներուն ընթացքին՝ կոչ ուղղելով 15-20 եւ 21-40 տարեկան գրողներու, որ իրենց անտիպ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն արձակ, բանաստեղծական թէ գծանկարաշարային գործերը ուղարկեն խմբագրակազմ։ Յայտարարուած ժամկէտին մեզի հասած էին 5 գրողներէ 12 գործեր՝ 2 արձակ, 9 բանաստեղծութիւն եւ 1 գծանկարաշար։
Մրցոյթին մասնակցեցան Արմինէ Ապրեսեան, Զարինէ Սառաջեան եւ Նանար Սիմոնեան՝ առայժմ Հայաստան հաստատուած արցախցիներ, ինչպէս նաեւ Ալիսա Իգիթեան եւ Մարիամ Ասուլեան՝ Ֆրանսայէն։
Գնահատելի էր երիտասարդներուն կորովը եւ ստեղծագործական միտքի արտացոլացումը մայրենի լեզուով՝ թէկուզ գրութիւններէն միայն երկուքը արեւմտահայերէնով էին, իսկ արեւելահայերէններէն մին միայն դասական ուղղագրութեամբ էր։
Յատկանշական էր, որ գործերուն մեծամասնութիւնը շաղախուած էր արցախաբաղձութեամբ՝ մանաւանդ հայրենիքէն մասնակիցներու գրիչով։
Մասնակիցներէն Սառաջեան կը գրէ՝
Կ՚ուզե՞ս Աստծոյ հետ հաղորդակցուել՝
— Աղօթքիդ մէջ շշնջա՛ — Ամարաս, Գանձասար, Շուշի…
եւ
Ճանապարհ ես՝ տուն կանչող,
Որով ամեն գիշեր, ամեն առաւօտ
Քայլում եմ, քայլում եմ, բայց տեղ չեմ հասնում…
Իմ Մենակ ու Միակ…
Իմ Արցախ։
Այլ մասնակից մը, Ասուլեան, իր ոտանաւորը կ՚աւարտէ՝
Արդարութեան ձայնը լռել է ճանապարհ տալով խաւարին։
Բայց մեր հողը յիշում է՝ այն դեռ կը պահի յիշատակ։
Ազգի խիղճը կը զարթնի, թէկուզ ուշացած,
Եւ ճշմարտութիւնը կրկին կը լուսաւորի մեր գիշերը՝ մթնած։
Սիմոնեան իր արձակ տողերուն ընդմէջէն կը վերապրի Արցախի հետ կորսուած իր կեանքը՝ ուժ առնելով իր փոքրիկ դստեր աչքերէն եւ անոր հետ խօսած Արցախի բարբառէն. մեզի կը տանի նաեւ իր տան թաղերը, հերոս տղոց մօտ՝ նախքան պատերազմի խաւարը՝ «Պատերազմից առաջ համատարած լոյս էր, պատերազմից յետոյ՝ համատարած խաւար»։
Իսկ Ապրեսեան ինքզինք կ՚արտայայտէ բանաստեղծական չափաւորեալ տողերու սահմաններու մէջ՝ սակայն թարգմանը ըլլալով զգացումներու անսահմանութեամբ մը՝
«Քո աչքերի մեջ ամեն ինչ բարդ է,
Ծովից ծով թախիծ, հայրենի դարդ է,»
Վերջապէս, Իգիթեանի գծանկարաշարը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ՝ թէ գծանկարչութեան ձիրքով թէ նիւթի ընտրութեամբ։
Գրիչը դալար մեր բոլոր մասնակիցներուն։
Նկատի ունենալով մրցոյթի մը օրէնքները, մենք քանակով քիչ սակայն հարուստ օրինակներէն ընտրեցինք հետեւեալ գրութիւնները՝
— բանաստեղծութիւն (21-40 տարեկան)՝ Արմինէ Ապրեսեան, «Իմ միւս ԵՍ-ին/ To My Alter Ego»
— արձակ (21-40 տարեկան)՝ ոչ ոք
— բանաստեղծութիւն (15-20 տարեկան)՝ Մարիամ Ասուլեան «Մոռացուած լռութեան տառապանքը»
—Գծանկարչութիւն՝ Ալիսա Իգիթեան «Նամակը»
Գրական հորիզոն