ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Բոլոր տուեալները առկայ են ենթադրելու, թէ մեհենագրական ոճը ուղիղ ժառանգուած էր պատկերագրութենէն, որ եղած է հնագոյն ժողովուրդներու գրաւոր հաղորդակցութեան առաջին փուլը, այն, ուր գիրերու բացակայութեան՝ մարդիկ իրենց մտքերը նկարներով կը հաղորդէին իրարու. օրինակ՝ կը գծէին հաւ մը կամ խնձոր մը, ուտելու գործողութիւնը ցոյց կու տային դէպի բերան ուղղուած ձեռքով, ու տակաւին՝ առնելու եւ տալու գործողութիւնները, ինչպէս քնանալու եւ վեր կենալու, այլեւ քալելու եւ վազելու եւ այլ պատկերացումնր՝ տեսակ-տեսակ անասուններու եւ իրերու: Ասոնք բոլորը տակաւին առկայ են եգիպտական մեհենագրերու մէջ, սա՛ տարբերութեամբ, որ հետագային անոնք անուանողական արժէք ստացած են:
Խմբագրութեան կողմէ. Գրութեան մնացեալ մասը կը պարունակէ բազմաթիւ նշանագրեր, որոնք անհնար էր առցանց տարբերակով հասկնալի ներկայացնել, ուստի ընթերցողէն պիտի խնդրենք որ գրութիւնը կարդայ թերթի տպագիր տարբերակի պատճէնին վրայ, հետեւելով այս կապին։