Hey Brother

ՎԻԿՏՈՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Եղբօրս՝ Արտակին

Ձեռքիս ափը դնում եմ ափիդ։ Քո ձեռքում ափս էլ աւելի փոքր է երևում, քոնն՝ աւելի մեծ։ «Կը մեծանաս, ոչի՛նչ», — ծիծաղում ես՝ իմանալով, որ քեզանից մեծ եմ երկու տարի ու ինն ամսով։
Մայթերին աճող հաստաբուն ծառերի կողքին տնկուել են բարակ շիւեր, եղանակները՝ փոխուել ութ անգամ։ Մանր անձրև է տեղում. շուտով էլի Continue reading “Hey Brother”

ԵՐԳԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՉԷՐ ՍԽԱԼԱԾ…

ՎԱՀԷ ԹՂԼԵԱՆ

Մեծ սիրով կը կրկնեմ Արցախ իմ այցելութիւնս, այն մտերմիկ ու հարազատ մարդոց մօտ, որոնք միայն վստահութիւն կը ներշնչեն. ամուր կամքի տէր ու դիմացկուն հոգի, ընկրկիլ չիմացող, հայու պայքարող տեսակ մարդիկ:
Ինչքան երջանիկ եմ որ, հաց կիսած եմ իրենց հետ:

«Արցախն է մեզ կանչում…»
Պէտք էր անտեսել բոլոր արգելքներն ու դժուարութիւնները: Ու ամեն ոք Continue reading “ԵՐԳԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՉԷՐ ՍԽԱԼԱԾ…”

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Յակոբ Չոլաքեան

Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած հերթական գիտաժողովն է, Արեւմտեան Պէյրութ, Մեքսիք փողոց, Հայկազեան համալսարան։ Փողոցի պատերուն կռթնած կամ մայթերուն ու բակի նստարաններուն վրայ նստած, կարծես ծանօթ ու հարազատ տղաք ու աղջիկներ են ասոնք, հայ եւ ոչ հայ համալսարանականներ, ու սիրտս բնական հպարտութեամբ մը կը լեցուի ի տես Սփիւռքի մեր միակ համալսարանին, ուրկէ անցած եմ նաեւ ես, եւ զոր աւարտած են Continue reading “ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ”

ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԳԵՒՈՐԸ

ՊԵՏՐՈՍ ԱԲԱՋԵԱՆ

Մեր տան դիմաց՝ Ղուկասեան թիւ 9 շէնքի բակում մէկ յարկանի ախոռատիպ երկու կառոյց կար, որտեղ «Սանբակ» կոչուող ինստիտուտի լաբորատորիայի փորձերի համար ճագարներ և ծովային խոզուկներ էին աճեցնում: Տատիկս, որ մինչև Հայաստան ներգաղթելը իր ամբողջ կեանքում անասուններ էր պահել, ընդունուեց այնտեղ որպէս այդ կեդանիներին խնամող: Կենդանիները պահւում էին երկու յարկով շարուած վանդակների մէջ: Ինչքան յիշում եմ, այդ խեղճ կենդանիների Continue reading “ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԳԵՒՈՐԸ”

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ

Յակոբ Չոլաքեան

Ժողովրդային ծէսերը, խաղերն ու բարքերը որքան արագ կը փոխուին. յիշողութիւնն անգամ պատրանք կը թուի ու անհաւանական։
Պատկերացուցէ՛ք, Նոր տարուան գիշերը չարաճճի տղաք կը բարձրանային թաղի տանիքները, կը հանէին բուխերիկի սալքարը ու թիթեղեայ տուփը պարանով կ՚իջեցնէին կրակին վրայ։ Տան տարեց կինը «Հա՜յ շնորհաւոր ըլլայ Ձեր Կաղանդը» կ՚ըսէր անծանօթ տղոց ու Continue reading “ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

ԱՍՏՂԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Երեւանի բանտը. 1937։

Բանաստեղծը արթուն է՝ նստած բանտին խուցին մէջ. միայնակ։ Գիտէ, որ վաղը, ա՛յ վաղը, շունչը վերջնականապէս պիտի դադրի։ Արդէն ցաւերը շատցեր են, արդէն յուշերը կը տանջեն զինք իրենց առատութեամբ ու պայծառութեամբ… իսկ ինքը նստած է մութ ու ցուրտ վայր մը, շրջապատուած անախորժ բանտարկեալներով, որոնց գիշերային վշտալի կանչերը զինք խլացուցեր էին։
Ան կը կարծէ, որ շատ ուշ չէ օրուան մէջ։ Պատի երկու աղիւսներուն Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ”

«Հորիզոն գրական»-ի 2022 տարուան բովանդակութիւնը

ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Ռազմիկ Դաւոյեան, ԲԱՌԸ էջ 1
Ոչ եւս է բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան էջ 2
Ռազմիկ Դաւոյեան, ԵՏԱԴԱՐՁ էջ 3
Մովսէս Ծիրանի, ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ — ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԵԽԵՐԸ էջ 4 Continue reading “«Հորիզոն գրական»-ի 2022 տարուան բովանդակութիւնը”

«Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում»

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան, «Կազիրոկ», 1979

Ընկերներով Ժամադրուած էինք Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգին, ուր հանդիպեցանք նաեւ Տիգրան Մանսուրեանին: Ան շատ քիչ առիթներով միայն հանրութեան մէջ կ՚երեւէր: Այդ օր եկած էր նախ անոր համար, որ առաջին անգամ ըլլալով գեղանկարչական բացօթեայ ցուցադրութիւն՝ («վերնիսաժ») կազմակերպուած էր հոն, ապա հանդիպելու Արտաշէս Յունանեանին, որուն արուեստն ու յատկապէս հաւաքած գաւառական երգերը կը հետաքրքրէին զինք: Դիտելէ ետք ցուցադրուած կտաւները, (որոնք իրենց ոճով եւ արտայայտչաձեւերով Continue reading “«Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում»”