Բանաստեղծութիւններ

Փանոս Ճերանեան

 

Հայրենիք

Ամեն բանէ ամենամօտն ես ինծի դուն,
Ինչպէս օդը
Ինչպէս լոյսը առաւօտեան
Ամենափայլ արեգակին նման ես դուն:
Ժամանակի անհաս վերջն իսկ եթէ ըլլաս,
Հիւսիսափայլ աստղին նման կը շողաս դուն.
Երեկոյեան կարկաչիւնին պէս աղբիւրին
Կը ձայնես դուն:

 

Ակնարկ

Շռայլուած գովասանքը
Քեզ կը դիւթէ.
Ինչպէս փայլը կախարդական լուսաստղին,
Ինչպէս անցքը այն պարծենկոտ գիսաստղին,
Որոնց ի տես հայեացքիդ մէջ՝ կը մնաս դուն
անբարբառ,
Մինչեւ երկնի այդ մոգական լապտերներն,
Առաւօտեան զեփիւռին ամենամեղմ շունչէն իսկ
մարմրին:

 

Ծառ անապատական

Ծա՛ռ անապատական,
Դառնութեան աւազներէն բարձրացած
Զրոյցդ ո՞վ ունկնդրեց:
Ո՞ր մէկ երկինքն
Իր սուրբին աղերսաբիբ հայեացքին մէջ թաթաւուն
Չոր տերեւիդ գոյնը դեռ կանաչ պահեց:
Միթէ ընդհատուած մտերմութի՞ւն մը շշնջալու,
Աւազի մը հատիկէն մինչեւ կապոյտն աստղերուն…
Օ՜, ժամանակ,
Ոստերուդ երբեմնի ծփանքն հարսներգող,
Խանդաղատանքն ո՞վ մարեց:

Ճիւղերուդ վրայ
Հազարամեայ բոցեր կ’աճին,
Հրդեհաձայն խոհերով…Շուքիդ ներքեւ,
Սաղարթաձայն գալարումով
Օձեր
Լռութիւնդ կը սերտեն…

Ծա՛ռ մենակեաց,
Դուն կարօտն ես
Կորուսեալ դայլայլին
Ու մեղեդին
Առեւանգուած այգաբացին:
Գիտե՞ս ինչու
Արիւնաքամ լուսնակէն
Շիթեր կ’իյնան
Փշածաղիկներուդ բոսոր հեւքերն յուզելու…

 

* * *

Հին օրերու
Համազգեստս հնամաշ՝
Պահարանիս փեղկերուն տակ կ’երազէ…

Համազգեստիս գրպանին մէջ՝
Պատկեր մ’ունի մանկութիւնս անշշուկ.
Ափերուս մէջ
Պահած ափերն անհանդարտ՝
Ան կը տանի զիս հիմա
Ժամանակէն դուրս, հեռո՜ւ,
Մարդոց մռայլ դէմքերուն
Լոյս ժպիտներ բերելու:

Մոնթրէալ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *