«Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում»

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան, «Կազիրոկ», 1979

Ընկերներով Ժամադրուած էինք Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգին, ուր հանդիպեցանք նաեւ Տիգրան Մանսուրեանին: Ան շատ քիչ առիթներով միայն հանրութեան մէջ կ՚երեւէր: Այդ օր եկած էր նախ անոր համար, որ առաջին անգամ ըլլալով գեղանկարչական բացօթեայ ցուցադրութիւն՝ («վերնիսաժ») կազմակերպուած էր հոն, ապա հանդիպելու Արտաշէս Յունանեանին, որուն արուեստն ու յատկապէս հաւաքած գաւառական երգերը կը հետաքրքրէին զինք: Դիտելէ ետք ցուցադրուած կտաւները, (որոնք իրենց ոճով եւ արտայայտչաձեւերով խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէին), տեղաւորուեցանք օփերային մօտիկ՝ «Կազիրոկ» (Գլխարկ) սրճարանը: Այն ատեն շրջանին մէջ կային եւս երկու սրճարաններ «Պապլաւոկ» (Առագաստ) եւ «Սկուազնիակ» (Միջանցահովիկ), որոնք նոյնպէս «Կազիրոկ»-ի նման արուեստագէտներու եւ առհասարակ մտաւորականներու հաւաքավայր կը համարուէին:
Վերացապաշտ գեղանկարիչ Սէյրան Խաթլամաճեանը, որ աւելի ըմբոստ ու համարձակ կը թուէր ըլլալ, նորարարները գնահատելէ եւ «հին»երը (որոնք կ՚ենթարկուէին ու կը հետեւէին «սոցիալիստական ռէալիզմի» ուղղութեան) խստագոյնս քննադատելէ ետք, շարունակեց.
— Շատեր ստեղծագործական դիւրին միջոցների են դիմում, յանուն փողի, պարզապէս իշխանութիւններին դուր գալու համար: Դա արդէն արուեստագէտի գործ չի:
Ճիշդ հասկցուելու համար հարկաւոր է փակագիծ մը բանալ եւ տեղեկացնել, որ այն ժամանակներուն, ինչպէս Մոսկուայի եւ խորհրդային այլ քաղաքներու պարագային, Երեւանի մէջ եւս կային արուեստի նորարական անպաշտօն «խմբակցութիւններ», որոնք մերժելէ ետք «սոց-ռէալիզմը», ազատօրէն ստեղծագործելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Երիտասարդ գրողներու առաջնորդ-գաղափարախօսը Ալեքսանդր Թոփճեանն էր, կերպարուեստագէտներունը՝ Հենրիկ Իգիթեանը, միւս արուեստի տեսակները թէեւ մասնաւոր առաջնորդ մը չունէին, սակայն բոլորը կը գործակցէին իրարու հետ: Այդ օր երբ Վիգէն Թադեւոսեանն ու յատկապէս Արտաշէս Յունանեանը սկսան դժգոհիլ ու բողոքել, որ իրենց արուեստը (առաջինը վերացապաշտ էր իսկ երկրորդը՝ գերիրապաշտ) ոչ միայն չի գնահատուիր խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ, այլեւ շատերու նման իրենք եւս հալածանքներու կ՚ենթարկուին, Տիգրան Մանսուրեանը, որ մինչ այդ լուռ էր, միջամտեց.
—Այո’, արուեստի նորարական շեղումները դուր չեն գալիս իշխանութիւններին, սակայն եթէ որակը բարձր լինի ու գնահատուի յատկապէս դրսի աշխարհի կողմից, ապա նրանք հանդուրժում են եղածը… հարկադրաբար: Իսկ բարձր որակ ստեղծելը այնքան էլ հեշտ չի, որովհետեւ իսկական արուեստը ծնւում է տանջանքից: Սակայն բոլոր պարագաներին մինչեւ այն ատեն որ ինձ չեն խանգարում ես հարց չունեմ «նրանց» հետ..:
Տրուած ըլլալով, որ երաժշտութիւնը իր բնոյթով շատ աւելի վերացական է քան միւս արուեստները, խորհրդայինները դժուարութիւն կ՚ունենային հսկողութիւն սահմանելու անոնց վրայ, այս պատճառով ալ անոնք հնարաւորութիւն ունէին համեմատաբար աւելի ազատ ու համարձակ ըլլալու… իրենց յօրինումներուն մէջ։
Ապա Արտաշէսը, որ գաղտնի պայմաններու տակ «Պահպանակը» կը գրէր այդ շրջանին ու ձեռագիրը տարբեր տեղեր կը պահէր, հաստատելէ ետք Տիգրանի բնութագրումը, թէ արուեստը ծնւում է տանջանքից, բազմաթիւ օրինակներ բերաւ, սկսեալ Փարաջանովէն ու Նարեկացիէն, հասնելով մինչեւ Վան-Կոկն ու Վիվեկանանտան:
Իսկ Հենրիկ Էդոյեանը, որ պետ-համալսարանի գեղագիտութեան ամպիոնի մեր դասախօսն էր, աւելցուց.
— Արուեստագէտը եթէ խուսափի դժուարութիւններից, թէկուզ՝ տառապանքից, ապա նա դատապարտուած է մնալու միջակ հարթակների վրայ: Ինչպէս կեանքում այնպէս էլ արուեստում, լաւագոյնին հասնելու համար ճանապարհը միշտ էլ փշոտ է եղել…ու դաժան:
Առաջին հանդիպումէն ետք, տպաւորուած՝ «իսկական արուեստը ծնւում է տանջանքից» իր բնութագրումէն, սկսայ հետաքրքրուիլ Մանսուրեանի նորարարական (յատկապէս՝ ֆիլմարուեստի) յօրինումներով, որոնց կիզակէտը կը համարուէր Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի երաժշտութիւնը: Այդ օրերուն հայրենի մշակոյթը վերելքի մէջ էր: Հինի եւ նորի պայքարը թէեւ թէժ էր, սակայն միաժամանակ բեղմնաւոր էր ու արդիւնաւէտ: Մեր՝ խումբ մը ընկերներու խնդրանքով եւ Ալ. Թոփճեանի միջնորդութեամբ, կիսագաղտնի պայմաններու տակ, հնարաւորութիւն ունեցանք դիտելու «Նռան գոյնը»-ի ամբողջական տարբերակը, որուն երաժշտութիւնը իր նորարական բնոյթով, նոյնքան խնդրայարոյց էր, ինչքան Փարաջանովի ֆիլմարուեստի յղացքը: Ի դէպ այդ օրերուն բազմավաստակ եւ հմուտ գրականագէտ Ալ. Թոփճեանը ոչ միայն յառաջապահ գրողներու գաղափարախօս առաջնորդն էր, այլեւ հակամէտ էր պաշտպանելու նաեւ արուեստի միւս նորարարները, ըլլային անոնք կերպարուեստագէտներ, երաժիշտներ, թէ թատրոնի ու ֆիլմարուեստի գործիչներ: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ ինք եւս Վիլէն Գալստեանի, Հենրիկ Իգիթեանի, Արտաշէս Յունանեանի եւ ուրիշներու նման, իբրեւ դերակատար, իր մասնակցութիւնը բերած էր «Նռան գոյնը» ժապաւէնի իրականացման մէջ:
Այո, բացայայտ էր, որ Տիգրան Մանսուրեան եղած էր յառաջապահներէն մէկը խոհրդային նորարար երաժիշտներու, որոնք շրջանցելէ ետք «սոց-ռէալիզմը», ստեղծագործական ազատութիւն ձեռք բերին ու իրենց հերթին դրական ազդեցութիւն ունեցան առհասարակ խորհրդային երաժշտական կեանքէն ներս:
Յաջորդ հանդիպումս Տիգրանին հետ դարձեալ պատահական էր: Ռազմիկի (Դաւոյեան) հետ գացած էինք բարեխօսելու Սահեանի մօտ, զինք եւ Հրանդ Մաթեւոսեանը հաշտեցնելու համար: Սահեանը, նոր բաժնուած իր նախկին կնոջմէն, բնակարան ստացած էր Տէրեան փողոցին կից՝ Աղայեան փողոցի վրայ… հարեւանութեամբ Սիվա Կապուտիկեանի, Արա Շիրազի, Արտեմ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ՝ Տիգրան Մանսուրեանի, որ այդ օր հոն կը գտնուէր: Ան մեր զրոյցներուն հարեւանցիօրէն միայն կը մասնակցէր, ու Ռազմիկի ու Սահեանի քիչ մը «վրան բաց» սրամտութիւններուն գրեթէ չէր արձագանգեր: Միտքը ուրիշ տեղ էր կարծէք…:
Երբ Սահեանի բնակարանէն դուրս ելանք ու Ռազմիկի ուշադրութեան յանձնեցի Տիգրանի «անտրամաբանական» պահուածքը, ան ըսաւ.
—Տիգրանը թէեւ մարդկային է, համեստ ու ընկերասէր, սակայն իր չափազանց աշխատասիրութեան հետեւանքով մնում է ինքնամփոփ ու հանրութեան մէջ, նոյնի’սկ մեր ընկերական շրջանակներում շատ քիչ է երեւում…: Շնորհիւ իր աշատասիրութեան ու բացառիկ տաղանդին, նա կարողացաւ բարձրորակ երաժշտութիւն ստեղծել ու կարճ ժամանակի ընթացքում, գնահատուել բոլորի, նոյնիսկ՝ իշխանութիւնների կողմից: Դրա համար էլ տրուած պատուէրները չափազանց շատ են, յատկապէս՝ ֆիլմարուեստի բնագաւառում…
Ռազմիկը միակը չէր, ընդհակառակը՝ իմ շրջապատիս մէջ իր մասին բարձր կարծիք ունէին բոլորը, ինչպէս Սօս Սագսեան, Հրանդ Մաթեւոսեան, Ար. Յունանեան, Ալ. Թոփճեան, Մուշեղ Գալշոյեան եւ շատեր: Այդ պատճառով ալ ցանկութիւն ունէի անոր հետ վերստին հանդիպելու: Պէտք էր սպասէի, մինչեւ որ 2019-ին, Արամ Վեհափառի հրաւէրով, ան Պէյրութ ժամանէր…:

Անթիլիասի Մայրավանք, 2019, փետրուար 15

Իմ լաւ ընկերներէս Ժիրայր Դանիէլեանը, որ այն ատեն տնօրէնն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին, հեռաձայնեց ու առաջարկեց.
—Տիգրան Մանսուրեանը հանդիպում պիտի ունենայ ուսանողներու հետ, լաւ կ՚ըլլայ, որ դո՛ւն ներկայացնես զինք.
Խոստացայ…
Այս առիթով չեմ կրնար գրիչս զսպել ու չյայտարարել, որ վերջերս, յանձին Ժիրայրի, մեծ կորուստ մը ունեցանք հայ բանասիրական ու կրթական բնագաւառներէն ներս. անոր մասին հարկաւոր է անդրադառնալ հանգամանօրէն:
Խոստացայ: Առաջին հերթին յիշողութիւնս թարմացնելու համար կենսագրութիւնը վերընթերցեցի: Պարզուեցաւ, որ ան անկախութենէն ետք միջազգային շարք մը ամբիոններէ գնահատուած ու արժանացած է ազգային ու միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու ու շքանշաններու: Անմիջապէս փնտռեցի ու գտայ այն լուսանկարի պատճէնը, որ ճիշդ քառասուն տարիներ առաջ ընկերներով նկարուած էինք Մ. Սարեանի անուան զբօսայգիին մէջ:
Հանդիպումը կայացաւ Կիլիկիա թանգարանի այն սրահը, ուր հայագիտականի դասաւանդութիւնները տեղի կ՚ունենային: Յաւուր պատշաճի ներկայացնելէ ետք իր ստեղծագործական կեանքը, եզրակացուցի.
— Շնորհիւ Արամ Վեհափառի նախաձեռնութեան, մենք բոլորս բախտաւոր ենք որ այսօր առիթը ունինք հանդիպելու եւ զրուցելու Տիգրան Մանսուրեանի նման բազմավաստակ ու համամարդկային արժէք ներկայացնող երգահանի մը հետ: Սակայն ես աստիճան մը աւելի ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ, որովհետեւ ան իմ վաղեմի ծանօթներէս մէկը եղած է…:
Տիգրանը շուռ եկաւ դէպի ինծի. անոր հայեացքը պաղ էր ու անորոշ…: Սակայյն երբ մեր խմբային լուսանկարը ցոյց տուի անոր, քանի մը անգամ դէմքիս հետ համեմատելէ ետք, ուրախացած ոտքի ելաւ ու ըսաւ.
— Այո, ի հարկէ յիշում եմ, սա նուէ՞ր է ինձ…
— Ի հարկէ:
— Յիշատակներ… յիշատակներ…
Մթնոլորտը ջերմացաւ ու ամեն ինչ փոխուեցաւ…: Ուսանողները խանդավառուած սկսան բազմաթիւ ու բազմակողմանի հարցեր տալ անոր: Կը պատասխանէր ամենայն համբերատարութեամբ ու թէեւ դանդաղ կը խօսէր, սակայն յստակօրէն կը բացատրէր ամեն ինչ: Երբ հարց տրուեցաւ անոր իր արուեստի հայկականութեան մասին, ըսաւ.
—Թէեւ ես որդեգրել եմ նաեւ արեւմտեան նորարական արտայայտչաձեւեր, բայց երբեք չեմ կտրուել իմ ազգային արմատներից: Մարդ հարուստ կը լինի իր արմատներով:
Ապա ան հաստատեց, որ ինք եւ քոյրը՝ Արաքս Մանսուրեանը (օփերայի կայացած երգչուհի), ծնած են Պէյրութ ու առաջին անգամ երաժշտութիւն լսած են նախ իրենց տան մէջ (երբեմն իբրեւ աղօթք), ապա նաեւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ։
Իր խօսքի ողջ ընթացքին ան շեշտը դրաւ յարատեւ ու տքնաջան աշվատանքի վրայ ու եզրակացուց.
—Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում:
Իմաստային գետնի վրայ «մոլեգին» բառին մէջ կայ թէ՛ կրքոտութիւն, թէ՛ մոլեռանդութիւն, թէ՛ խենթութիւն եւ թէ՛ բացառիկ նուիրուածութիւն: Կ՚ենթադրեմ որ Տիգրան նախ կը փորձէր «բառը» անջատել սեռային կրքոտութենէ, ու կապել զայն մայրանալու երկունքի հետ, եւ ապա կ՚ուզէր շեշտել իր անմնացորդ նուիրումը արուեստին…
Իսկ երբ խօսք բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգին մասին, ան պատասխանեց.
—Պետական հիմնը, դրօշակի ու գերբի նման, մեծ նշանակութիւն եւ իւրայատուկ տեղ ունի ազգային մշակոյթին մէջ: Հիմնը այնպիսի ոգեղէն արժէք է, որ մի կողմից պէտք է որ ազգային վարկը վառ պահի օտարի մօտ եւ միւս կողմից սերունդներ ոգեւորի ու դաստիարակի: Դրա համար պէտք է լինի ազգային ու շեշտը դրուի որակի վրայ: Այն ինչ որ կայ իր բովանդակութեամբ չի համապատասխանում մեր ազգային խառնուածքին, ու իր որակով զիջում է մեր բարձրորակ մշակոյթին: Առանց քաղաքականացնելու հարցը, հարկաւոր է մերժել նախկին երկու տաբերակներն էլ ու նորը ստեղծել: Բանաստեղծութիւնը կայ: Դա Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստան»-ն է:
—Իսկ երաժշտութիւնը՞…
—Կայ, ես եմ յօրինել եւ կարող էք լսել այն համացանցում…
Իմ երաժշտասէր ու արդարամիտ ընթերցող՝ ես ատակ չեմ գնահատելու Մանսուրեանի ո՛չ երաժշտական վաստակը եւ ո՛չ ալ անոր առանձին յղացքները: Այդ՝ մասնագէտներու գործ է: Բայց դուք կրնաք լսել Մանսուրեանի յօրինումը, Չարենցի բառերով երգուած իբրեւ մեր ազգային օրհներգը, ու համաձայն ձեր երաժշտական ճաշակին ու առողջ դատողութեան՝ եզրակացնել…:
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի իր ազգային մշակութային արմատներուն, աւելի համոզիչ ըլլալու համար, այս մասին պիտի չվկայակոչեմ հայ երաժիշտներուն կարծիքը, այլ պիտի մէջբերեմ Los Angelos Times-ի կարծիքը, ուր կ՚ըսուի. «Մանսուրեանի ոգեշնչող երաժշտութիւնը կ՚արտացոլէ 20-րդ դարու հայ ժողովուրդի կացութիւնն ու մշտակայուն մշակոյթը»:
Այնուամենայնիւ իր մասին ընդհանուր համոզումն այն է, որ մեկնելով իր ազգային «մշտակայուն մշակոյթի» արմատներէն, Մանսուրեանի արուեստը ունի համամարդկային բնոյթ եւ տարողութիւն։
Սակայն, որովհետեւ իրմէ առաջ ես ծանօթացած էի Տիգրանի քրոջ՝ Շուշան Պետրոսեանի մօր՝ Արաքս Մանսուրեանի հետ, որ կողակիցն էր գեղանկարիչ ընկերներէս՝ Սմմոյի (Սամուէլ Պետրոսեանի), պարտք կը զգամ քանի մը խօսք արձանագրելու նաեւ Արաքսի մասին: Մեր կապը բժ. Յարութիւն Նագուլեանի մօտիկ եւ իմ համեմատաբար հեռաւոր ազգական Լուսին Այնթապլեանն էր: Լուսինը՝ Թովմաս Այնթապլեանի ամենափոքր դուստրը, կինն էր Շուշանի հօրեղբօր՝ յայտնի բժիշկ Մելսի, որ իր հերթին մօտիկ յարաբերութեան մէջ էր Մուսալեռցի Այնթապլեաներու (Փայլակ, Պետրոս, Խաչիկ, Յովնաննէս, Մացակ եւ ուրիշներու) հետ: Հետեւաբար տարբեր առիթներով կը հրաւիրուէի Պետրոսեաններուն մօտ, որոնք Երեւանի հայրենասէր արուեստագէտներու յայտնի գերդաստաններէն կը համարուէին: Անոնց գաղափարական անպաշտօն առաջնորդը կը թուէր ըլլալ Սըմմոյի քոյրը՝ գրող եւ հրապարակախոս՝ Ալվարդ Պետրոսեանը, որ «Բագին» ընթերցելու առիթ կ՚ունենար առանց իմանալու սակայն որ զայն բերողն ու տարածողը ես էի: Ան Հայաստանի անկախացումէն ետք միայն այլ առիթով մը իմացաւ ճշմարտութիւնը, Սըմմոյի տան մէջ, ուր այդ օր ներկայ էին նաեւ Ալվարդն ու իր կողակիցը՝ Սունդուկեանի յայտնի դերասաններէն Լորենց Արուշանեանը, բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ բժ. Յարութիւն Նագուլեանը իր կնոջ՝ Էմմային հետ, գեղանկարիչներ՝ Էդ. Խարազեանը ու Ռ. Էլիբեկեանը, քանդակագործ՝ Արա Շիրազը եւ ուրիշներ:
Մինչ այդ սակայն Պետրոսեաններու յարկին տակ ես այլ առիթով հանդիպած էի Արաքս Մանսուրեանին, երբ տակաւին ան Երաժշտանոցի ուսանողուհի էր: Թէեւ իր արտաքին տեսքով (ուղխինահոս երկար վարսեր ունէր) ու կանացի հմայքով տպաւորած էր զիս, սակայն իբրեւ երգչուհի տեղեկութիւն չունէի իր մասին: Այլ հաւաքի մը ընթացքին էր, որ Լորենցը բաժակաճառի մը սահմաններուն մէջ ներկայացուց զինք ու բարձր գնահատեց անոր հմայիչ ձայնն ու կատարողական մակարդակը: Այնուհետեւ թէեւ իրեն անձամբ չէի հանդիպած, սակայն քանի մը անգամներ առիթ ունեցած էի զինք լսելու բեմերէն ու հիացած իր դիւթիչ ձայնով:
Այդ պատճառով ալ երբ իմ Հալէպի մշակութասէր ընկերներս 1990-ին, Դաշնակցութեան 100-ամեակին առիթով ցանկութիւն յայտնեցին երգչուհի մը հրաւիրելու, իմ ճանչցածներուն մէջ իբրեւ լաւագոյնը՝ զինք առաջարկեցի: Անոնք հրաւիրած էին նաեւ Սօս Սարգսեանը, Հենրիկ Իգիթեանն ու Ռազմիկ Դաւոյեանը իբրեւ պատգամախօսներ, իսկ դերասան Անդրանիկ Յարութիւննեանը իբրեւ ասմունքող: Նոյն առիթով իբրեւ հրաւիրեալներու գաղափարակից գործընկերը հրաւիրած էին նաեւ զիս եւ կինս՝ Էլոն: Հ.Յ.Դ.-ի փառահեղ տօնակատարութենէն ետք հալէպահայ մշակութային գործիչներէն՝ գեղանկարչուհի Սոնա Գաբրիէլեանին եւ կնոջս՝ էլոյին ընկերակցութեամբ ջերմ ու յիշատակելի հանդիպում մը ունեցանք Արաքսին հետ, որ չափազանց գոհ էր հալէպահայութեան ասպնջական ընդունելութենէն ու հպարտ էր որ քոյրն է երգահան Տիգրան եւ գեղանկարիչ Մհեր Մանսուրեաններուն ու մայրը՝ Շուշան Պետրոսեանի:

Մոնթրէալ, դեկտեմբեր 2022

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *