Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Համավարակէն յետոյ» մը տակաւին չկայ: Չէր մտածուած այն ժամանակ, Ժահրի առաջին ալիքին գագաթնակէտային ժամանակներուն, երբ կարծես թէ անհրաժեշտ էր ապրուող տիսթոփիային գտնել Bred Easton Ellis-ի American Psycho-ի THIS IS NOT AN EXIT-էն տարբեր աւարտ մը:
Հարաւային կիսագունդին մէջ Դադար 2 է — Pausa 2. արժանթինցի լրագրող Hugo Alconada Mon-ի նոր լոյս ընծայած գրքի խորագրին հետեւումով (քսանհինգ անձնաւորութիւններու խորքային հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մը, ուր անոնք կը խորհրդածեն Ժահրին բովէն անցած աշխարհի մասին): Երկրորդ ալիքը արդէն երկու ամիս է կ՚իջնէ, վարակուողներու եւ մահերու թիւերը կայունացած են ցած հարթակի մը վրայ, պատուաստի սատանայացում չէ եղած, Continue reading “Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ”

ՀԻՐՈՇԻՄԱ / ՊԷՅՐՈՒԹ. — ՊԱՅԹՈՒՄ(ՆԵՐ)Ը ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՀԻՄԱ…

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քորոնաժամանակներու այն միեւնոյնշաբթին պատահեցաւ եւ թուականը արձանագրեցին՝ 4 օգոստոս 2020: Մէկը կը յիշէ՞: Եօթանասունհինգ տարի առաջ էր այն միւս պայթումը որ արձանագրուեցաւ որպէս 6 օգոստոս 1945 եւ կը նշուի պահու ծանրութեամբ ու լռութեամբ, մարդկութեան յիշեցնելու համար իր մահկանացութեան փաստին մասին, աշխարհ մոլորակը քանի մը Continue reading “ՀԻՐՈՇԻՄԱ / ՊԷՅՐՈՒԹ. — ՊԱՅԹՈՒՄ(ՆԵՐ)Ը ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՀԻՄԱ…”

Սուրբ Նշանի քովի Հաճիէն մինչեւ Barbershop. գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը եւ հօրս մազին խազը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պէյրութի Սուրբ Նշան եկեցեցւոյ մօտ էր Հաճիին սափրատունը ուր հայրս իր մազերը կը կտրէր եւ, հետեւաբար, մազ կտրելու իմ առաջին յիշատակներս ալ կապուած են անոր հետ: Հանրածանօթ էր Հաճին իր պատմութիւններով, որոնք մեծ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէին իրենց կարգը սպասող յաճախորդները, որոնց շարքին կ՚ըլլայինք հայրս եւ ես, ընդհանրապէս շաբաթ օրերը երեկոյեան: Continue reading “Սուրբ Նշանի քովի Հաճիէն մինչեւ Barbershop. գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը եւ հօրս մազին խազը”