ՀԻՐՈՇԻՄԱ / ՊԷՅՐՈՒԹ. — ՊԱՅԹՈՒՄ(ՆԵՐ)Ը ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՀԻՄԱ…

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քորոնաժամանակներու այն միեւնոյնշաբթին պատահեցաւ եւ թուականը արձանագրեցին՝ 4 օգոստոս 2020: Մէկը կը յիշէ՞: Եօթանասունհինգ տարի առաջ էր այն միւս պայթումը որ արձանագրուեցաւ որպէս 6 օգոստոս 1945 եւ կը նշուի պահու ծանրութեամբ ու լռութեամբ, մարդկութեան յիշեցնելու համար իր մահկանացութեան փաստին մասին, աշխարհ մոլորակը քանի մը տասնեակ անգամ ոչնչացնելու ատակ հազարաւոր հիւլէական ռումբերու մասին՝ գետնին տակ թէ ովկիանոսներու յատակը սուզանաւերու մէջ, որոնք, հեգնանք թէ շնականութիւն, Պաղ պատերազմին առաջացած «տարհամոզման տեսութեան» հետեւումով մարդ արարածի բանականութեան եւ ինքնազսպումի գերագոյն փաստն են եղեր…
Չեմ գիտեր, թէ այս միեւնոյն շաբթուան պայթումը պիտի յիշուի անյիշողութեան տոմարին մէջ, երբ մեռելները քորոնազոհերու թիւ են: Մինչեւ որ, ատեն ատեն, արդէն քաղաքի բնական տեսարան դարձած աւերակներուն մէջէն (Նաոմի Քլայնի «Շոքային տոքթրին»-ի — Naomi Klein, The Shock Doctrine. The Rise of Disaster Capitalism, New York: Picador, 2007 — չգրուած գլո՞ւխը, թէ՞ քաղաքակրթութիւններու օրրան Միջերկրականի արեւելքի անապատացումը որպէս «ուրբանիզացիա»յի նոր նորմալ…) յայտնաբերուած անշունչ մը չգրանցուի «քորոնատաթա»-յի «1-եւ-0»-ներու շարքին: Որովհետեւ լիբանանեան անհեթեթաբեմին վրայ Պատմութեան (վարչապետի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան) կրկնութեան մարքսեան տեսութեան թերիութիւնը արդէն փաստուած է. «ֆարս»ը հոն կը յայտնուի համակարգչային գիտութեան հանրածանօթ infinite loop-ի պատկերով, որուն պատճառած ժպիտը համանուն ժապաւէնի Ճոքէրեան ծիծաղի Չարիքն է ամենայն ժամ, ամենայն ժամ…
Հիրոշիմայէն Պէյրութ պայթումներուն թուականները՝ երկու օրուան տարբերութեամբ միայն, զուգադիպութիւն են եւ ոչ նոսթրատամութիւն: Ոչ անոնց ուժգնութիւնը: «Պէյրութշիմա»ն ուրեմն, որ կարծեմ կարդացի Վարդան Թաշճեանի էջին վրայ, կ՚իմաստաւորուի, թէկուզ եւ անոր յղացումը յատուկ, այսինքն՝ աննախընթաց եւ անկրկնելի, դէպքի մը առիթով ըլլայ եւ, հետեւաբար, ոչ-պիտանի՝ իր որպէս բանաստեղծագործութիւն արժէքէն անդին:
Այդպէս մտածած էի 1989-ին, երբ նոյն ուժգնութեամբ պայթում մը ցնցեց Պէյրութը: Չեմ գիտեր, թէ այդ մէկը յիշող կա՞յ: Հոն չէի այն ժամանակ ալ եւ երբ ըսին կամ կարդացի այդ համեմատութիւնը եւ չյաջողեցայ ցարդ ապրած պատերազմի տարիներուս որեւէ այլ պայթումի հետ բաղդատել այն, ճիգ մը ըրի բառերու գրաւոր շարադրութեամբ հասկնալու պատահածը: Արդիւնքով՝ Պէյրութշիմա յղացքաւորումով պատմուածք մը, որ կը կարծէի օրին հրատարակած ըլլալ «Հորիզոն»ի Գրական յաւելուածին մէջ: Ըստ երեւոյթին բնագիրը չեմ իսկ ուղարկած:
Եթէ այդ միւս պայթումին մասին կ՚ուզէք իմանալ կամ յիշել, վարը դրած եմ պատմուածքը: Այլապէս՝ այս գրութեամբ կրնաք եզրակացնել, թէ եթէ երկու տարբեր, իրարմէ անտեղեակ, իրարու հետ կապ չունեցող առիթներու գործածուած է յղացքը՝ Պէյրութշիմա, ապա եւ այն թերեւս այնքան անպիտանի եւ յատուկ բանայղացում մը չէ, անպիտանի՝ ժահրաբնակ միեւնոյնշաբթիներու անորոշութեան Գոյին (ու) Ժամանակին:

ՊԷՅՐՈՒԹՇԻՄԱ. ԼՈՒՐԸ

Վստահաբար պէյրութցիներու յիշողութեան մէջ, կամ՝ առնուազն անոնց, որոնք տակաւին կրնան յիշել, այդ պայթումը ունեցած է իր իւրայատուկ տեղը:
Ես լուրը առի յաջորդ օրը՝ 1 ապրիլ 1989, ժամը 17:30-ին, երբ Պուէնոս Այրէսը տակաւին առաւօտեան նման լուսաւոր է աշնանային արեւով:
Լուրը նախ կարդացի թերթին մէջ, ապա լրագրող գործընկերս ինծի երկարեց բոլոր այն հեռատիպերը որոնք եկած էին այդ մասին:
— Պէյրութի մէջ կացութիւնը շատ գէշ է:
Ընդհանրապէս ես կը պատրաստեմ Լիբանանի վերաբերող լուրերը: Երբ քանի մը տարի առաջ Լիբանանը ձգելով հաստատուեցայ Պուէնոս Այրէս եւ գործ գտնելու նպատակով դիմեցի այն թերթին, ուր ներկայիս կ՚աշխատիմ, տնօրէնը, ուսումնասիրելէ յետոյ դիմումնագիրս եւ անոր ընկերացող հաստատագրերս, յստակ դարձուց, թէ զինք շատ աւելի կը հետաքրքրէր տասնեակ մը տարիներ պատերազմին հետ մօտէն շփում ունեցած ըլլալու փորձառութիւնս քան թէ քանի մը լեզու գիտնալս կամ ալ լրագրողի յաջող ասպարէզս: «Կը հասկնաք թէ լուրերէն պէտք է այժմէականութիւն պատրաստել»,— ըսաւ ինծի:
Այս անգամ ալ չուշացաւ զիս իր գրասենեակը կանչելու: Նոյնիսկ չէի ամբողջացուցած բոլոր հեռատիպերուն ընթերցումը: Երկուշաբթի օրուան համար ինձմէ կ՚ուզուէր վերլուծական յօդուած մը, «ցնցիչ բան մը. նոյնիսկ խորագիրը ունիմ՝ «Պէյրութշիմա», ըսաւ:
Դժուար չէր ինծի համար Լիբանանի մասին յօդուած մը գրել: Կը բաւէր որ կարդայի օրուան լուրը եւ արդէն ուղեղիս մէջ կը վերազարթնէին անցեալի ուրուականները, եւ ապրած բոլոր վախերս բառերու կը վերածուէին՝ բաղդատական ակնարկներով հարուստ շատ կենդանի յօդուածներու ծնունդ տալով: Բայց այս անգամ կը դժուարանայի հասկնալ այն ինչ որ մեքենագիր տառերուն վրայ հեշտօրէն սահող հայեացքովս կրնայի ընկալել: Ըսենք թէ պայթած էին Պէյրութի քարիւղի շտեմարանները եւ սեւ ծուխը պատած էր ամբողջ քաղաքը, այնպէս ինչպէս յիշողութեանս մէջ դրոշմուած յուշը պատերազմէն ամառնային այն առաւօտեան երբ արեւածագին ձայնասփիւռը կը հաղորդէր շատ պայծառ օդ մը, մինչ մենք արեւը չէինք կրնար տեսնել արդէն ծայր առած ռմբակոծումներէն բարձրացած ծուխին պատճառով: Սակայն ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր լուրին հետեւեալ բաժինը. «Մասնագէտները պայթումին ուժը կը գնահատեն մէկ քիլոթոնով»: Ի զուր կը փորձէի գրգռել յիշողութիւնս՝ վերակենդանացնելու համար հոն ժամանակագրուած բոլոր պայթումներուն յիշատակը: Նոյնիսկ անոնք չէին օգներ ինծի հասկնալու համար այս պայթումին ձայնը, հոտը, փայլատակումը, ցնցումը, սարսափը… մէկ խօսքով այն ամեն ինչը, որ պիտի ներշնչէր յօդուածս: Զօրաւոր, շատ զօրաւոր պայթում մը եղած ըլլալու էր: Արեւին նայիլն անգամ անիմաստ էր. Հիրոշիմայի տարիքը չունէի ես:
Մտածեցի հեռաձայնել Պէյրութ: Արդէն, յիշեցի, պէտք է մտահոգուէի հոն մնացածներով: Լուրը այնքան անըմբռնելի էր, որ նոյնիսկ ա՛յդ մտքէս գացած էր: Զարմանալիօրէն կրցայ շուտ կապուիլ: Լսափողին մէջ հարազատիս ձայնը պարզ պատկերով մը պատասխանեց հարցումիս.
— Քար քարի վրայ մնացած չէ:
— Մէկուն բան մը եղա՞ւ:
— Ոչ, ոչ, բոլորս լաւ ենք: Մի՛ մտահոգուիր:
եւ յետոյ՝
— Ամեն ինչ Աստծոյ ձեռքն է:
Զո՞վ կ՚ուզէր համոզել…
Ճիշդ չեմ յիշեր թէ ինչպէս վերջացաւ խօսակցութիւնը: Ոչ ոքի բան մը չէր եղած. կարծես թէ կենդանի մնալը բաւարար բախտաւորութիւն մը ըլլար պէյրութցիին համար եւ ես խղճի զզուելի հանգստութեամբ վերադարձայ բուն մտահոգութեանս՝ ինչպէ՞ս գրել յօդուածը, երբ ոչ իսկ Պէյրութէն եկած այս ճակատագրապաշտ ձայնը օգնած էր ինծի բան մը հասկնալու պատահածէն:
Դուրս եկայ խմբագրատունէն խոստանալով յաջորդ գիշերուան համար պատրաստ ունենալ յօդուածը: Շաբաթ գիշեր էր, գացի քաղաքամէջ, առանց մասնաւոր ծրագրի, միշտ նոյն մոլոր վիճակով. պայթումը կը փնտռէի հակնալու համար, ապա բացատրելու անոր գործած աւերը, մահը, դժոխքը… բառերով միայն, եւ միայն յօդուածի մը համար, որ անհրաժեշտ էր աշխատավարձքիս համար:
Շարժանկարի մութ սրահին մէջ: Պաստառին վրայ Պերկմանեան բնազանցութեան հաւասարութիւնները Աստուած կը փնտռէին: Իրերայաջորդ նկարներ, եւ անիմաստ հարցումներու ընդմէջէն՝ պարագայական սարսափ մը. «Աստուած գոյութիւն ունի»: Իրերայաջորդ տառապող նկարներ, չարչարուող բառեր եւ հարցումին անորոշութեան մէջ կորսուած հայեացքներ՝ ուղղուած մէկ եւ միեւնոյն առեղծուածին՝ Աստծոյ, մինչեւ որ սրահին լոյսերը վառեցան կրկին:
Բեմադրիչին տաղանդով հմայուած հանդիսատեսները դուրս կ՚ելլէին գոհունակ՝ իրենց գոյութեան կայունութեան համոզումին մէջ կտոր մը մտաւորական անդոհանք ճաշակած ըլլալնուն համար: Եւ սակայն… Սրահին մէջ երբ պահ մը առանձին մնացի եւ դուրս ելլող վերջին հանդիսատեսին քայլերուն մարող ձայնին հետ հաստատուեցաւ լռութիւնը, յանկարծ անդրադարձայ որ առանձին էի ե՛ւ աշխարհին մէջ… Այն ատեն, այո, ա՛յն ատեն էր որ, Աստծոյ չափ մօտ՝ զգացի պայթումը, որ կրնար, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հոս պատահիլ: Այն բնազդական շարժումով, որով կը հակազդէի, երբ կոյր հրթիռ մը կամ լարուած ական մը անակնկալի կը բերէր զիս, դուրս նետուեցայ սրահէն, ուրկէ, ինծի թուաց դուրսը կու գային պայթումին արձագանգները, զորս չէի լսեր, բայց ակնթարթային սոսկում մը պատած էր էութիւնս, պայթումը կը զգայի մորթիս վրայ, միսերուս մէջ, անոր ջերմութեան ալիքը կ՚ողողէր զիս, շուրջս ամեն ինչ կը քարանար, կեանքը կ՚արիւնէր, կ՚ածխանար համատարած հրդեհին մէջ եւ ես սարսափով կ՚անդրադառնայի որ ողջ մնացած եմ:
Փողոցին մէջ պայթումը չքացաւ: Նոյնքան յանկարծակիօրէն որքան որ տեղի ունեցած էր: Անդրադարձայ, թէ շուրջս կեանքը կը շարունակուի, թէեւ կը դժուարանայի հասկնալ թէ ե՞րբ սկիզբ առած էր ամեն ինչի գոյութիւնը: Հազարումէկ լոյսերով կենդանի եւ շաբաթ գիշերուան ամբոխով խայտուն գիշեր մըն էր եւ կեանքը կ՚եռար այնքան իրական ու անտարբեր, որ պարզապէս ապրելու միակ ու բացարձակ ճշմարտութիւնը հարցականի տակ չէր դրուեր: Կեանքի ծրագիրներ կային այդ փողոցին մէջ, շողշողուն յոյսեր, պայքարներ, ծախուող ապրանք, ձրի ծանուցում, գրեթէ պարտադրուած վաճառք ու սպառում, առանձին անցորդներ եւ ձեռք ձեռքի զբօսնող զոյգեր, որոնք իրարու սէր կը խոստովանէին կամ կը վիճէին, համբուրուող եւ իրարմէ բաժնուող զոյգեր: Անհատնում կերպով սպառուող կեանքն էր՝ ժպիտներու, յոյսերու, ձայներու, աղօթքներու եւ անէծքներու ընթացիկ գոյութեան հսկայ քաոսը, ուր զգացի, թէ կը խեղդուիմ, կը մեռնի տագնապս, պայթումը կը կորսուի, եւ այս բոլորը կը թուի այնքան յիմար:
«… Անբացատրելի խայտանք մըն էր գիշերը եւ անհատնում խոստում կեանքի անսպառ բարիքներուն, որոնց հանդէպ խորթ ու օտար ան քալեց զարմացած, շատ զարմացած թէ ո՞ւր կորսուեր էր Աստուած: Հիմա կը փնտռէր զայն, կը փնտռէր իրեն այնքան հարազատ անդոհանքը, որ չէր կրնար ապրիլ, օ՜ կրկնակի՛ տառապանք, եւ չէր կրնար ընկալել այդ ամբողջ կեանքը, որ այնքան հեշտօրէն կը հրամցուէր իրեն հոս: Յայտնութիւնը պայթումէն յետո՞յ եղած էր, թէ՞ պայթումը տեղի ունեցած էր բայց վերջինը չէր, եւ հիմա մնացած էր «պայթումէն յետոյ»-ն՝
գոյութեան աւերակները փուլ եկած քաղաքի անապատին մէջ մոռցուած բոլոր ոճրագործութեանց շնորհուած թողութիւնը եւ անմեղութիւնը՝ ըլլալու, մեռնելէ առաջ, կորսուելէ առաջ, անբացատրելի սարսափին լռութիւնը,
եւ կեանքը որ հոս, հոն, քիչ մը ամեն տեղ եւ անտեղի կը շարունակուի տակաւին,
եւ մահը որ հոս, հոն, քիչ մը ամեն տեղ եւ անտեղի կ՚ուշանայ տակաւին:»
Գրածս երբեք լոյս չտեսաւ:
Յօդուածը վերջացնելէս յետոյ, ձեռագիր թուղթերը հաւաքեցի՝ առանց շատ մտահոգուելու թէ ի՛նչ գրած էի,— շատ ալ սովորութիւն չունիմ գրածս կրկին կարդալու: Գոհ էի միայն որ գրած էի: Վճարեցի խմած սուրճերուս դրամը եւ սրճարանէն դուրս եկայ: Արեւածագի առաջին ճառագայթներուն հետ մտայ տուն, ուր բացակայութեանս եկած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ձայնագրող մեքենան աշխատցնելով լսեցի տնօրէնին ձայնը, որ կ՚ըսէր թէ երկուշաբթի օրուան թիւին համար մոռնայի գրելիք յօդուածս որովհետեւ գաղտնի տեղեկագրէ մը իմացած էր, որ անցնող ամսուան գնաճը մրցանիշ կոտրած էր եւ բնականաբար պիտի ըլլար գլխաւոր լուրը, ուստի յաւելեալ տեղի պէտք ունէին ներքին լուրերու բաժնին համար: Գնաճին տոկոսը, որ խորհրդապահօրէն ինծի կը փոխանցէր տնօրէնս, լուրը առաջինը տալու խանդավառութենէն տարուած, իսկապէս սարսափելի էր:

Պուէնոս Այրէս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *