ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պէյրութի Սուրբ Նշան եկեցեցւոյ մօտ էր Հաճիին սափրատունը ուր հայրս իր մազերը կը կտրէր եւ, հետեւաբար, մազ կտրելու իմ առաջին յիշատակներս ալ կապուած են անոր հետ: Հանրածանօթ էր Հաճին իր պատմութիւններով, որոնք մեծ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէին իրենց կարգը սպասող յաճախորդները, որոնց շարքին կ՚ըլլայինք հայրս եւ ես, ընդհանրապէս շաբաթ օրերը երեկոյեան:
Մանկական քաղցր յիշատակներուս մաս կը կազմէ մազերը կտրելու այդ արարողութիւնը: Կրնայ ըլլալ որովհետեւ կան Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Զատիկի ընտանեկան պատկերներ, ուր կ՚երեւիմ այն ժամանակուան քաղքենի տիպար մանչուկի մը սանտրուածքով: Բայց փոքր քեռիիս Քոտաքով քաշուած այդ սեւ-ճերմակ լուսանկարներէն անդին մտքիս մէջ վառ է նաեւ պատկերը սափրիչի յատուկ բազկաթոռին վրայ դրուած աթոռակին, ուր զիս կը նստեցնէր Հաճին, վրաս կը դնէր սաւանանման կտորը եւ մկրատին չխռկացումով ազդանշանը կու տար գործի անցնելու, առանց երբեք հօրս հետ չհասկցած նիւթերուս մասին խօսակցութիւնը դադրեցնելու: Վերջաւորութեան «Amatoury 114»-ով կը թրջէր արդէն ձեւի մտած գլուխս, կը սանտրէր մազերս, ճերմակ լաթը կը հանէր վրայէս եւ հօրս հետ միաձայն «նա՚իմէն» (արաբ. «շնորհաւոր») կ՚ըսէր՝ գործը լաւ ըրած վարպետի մը արդար բաւարարութեամբ:
Բայց երբ խելքս հասնելու սկսաւ նորոյթ ըսուածին, շուրջս դիտելու սկսայ, սինեմայի պաստառներ, պատկերասփիւռի դերասաններ, բայց մանաւանդ ֆրանսական վարիեթէի թէ անգլերէն ռոք-էն-ռոլի փոփ սթարներ եւ «Գարուն գարուն»-ով յայտնաբերուած Ատիսը տեսայ, անոնց նման մազերս երկար ձգելու ցանկութիւնը կամաց-կամաց բայց վստահօրէն հաստատուեցաւ մէջս: Եթէ տաբատ գնելու կամ կարուելու համար փաթ տ՚էլեֆանը ընդունելի էր՝ ինչո՞ւ երկար մազերը առարկելի էին: Դժուար հարցումներն ալ չէին պակսեր եկեղեցասէր հօրս ու քեռիներուս՝ եթէ Յիսուս, այն մէկը որուն առջեւ մոմ կը վառէին՝ ոչ թէ Ճիզըս Քրայսթ Սուփըր Սթարին դերասանը, երկար մազեր ունէր, ինչո՞ւ ինծի կը զլացուէր այդ մէկը: Ունէի անշուշտ ինձմէ մեծ զարմիկիս զօրակցութիւնը, ան որ մազերը համեմատաբար երկար կը ձգէր, կողմնամօրուս արդէն ունէր եւ հօրս ու քեռիներուս կ՚ըսէր որ իրաւունք ունէի: Բայց, թէկուզ եւ նուազ յաճախակիութեամբ, այնուամենայնիւ սափրիչին երթալը ընտանեկան օրակարգի վրայ կը մնար: Այն ժամանակ էր որ Հաճիին երթալու երբեմնի հաճոյքս վերածուեցաւ խոր անձկութեան՝ երբ գետին ինկող մազի փունջերուն ընդմէջէն կը տեսնէի ահաւորութիւնը դարուն համար անընդունելի գլխու մը պատկերին, որ կ՚երեւէր հայելիին մէջ եւ կը բազմանար ետեւը գտնուող հայելին մէջ արտացոլող եւ բազմացող առաւել ահաւոր պատկերներով: Արցունքներս զսպելու համար կոկորդս կը ցաւէր, Հաճին ուշադիր կ՚ըլլար որ շատ կարճ չկտրէր, հայրս իր գլխուն գալիքը գիտնալով արդէն կը փորձէր որեւէ նիւթ գտնել՝ կիրակի օր ֆութպոլի պիտի երթանք, սինեմա… բայց ես ընելիքս արդէն միտքս դրած էի: Սուրաթ (երես) կախելու վարպետ մըն էի եւ հօրս շաբաթավերջը քիթէն բերնէն բերելու որոշումս անդառնալի կերպով տուած էի…
Պատերազմը վրայ հասաւ եւ Հաճիին սափրատան կողմերը երթալն ալ վտանգաւոր դարձաւ: Երկար մօրուքներու ժամանակն էր, հայրս ալ այդ ալիքին վրայ էր, մազ կտրելն ալ տերտերուն վերջինն էր՝ երբ գործ չկար, խանութը կողոպտած էին, դպրոցները գոց, ռումբերը թաղին մէջ կ՚իյնային:
Պատանի եղայ տիսքոյի ռիթմերով: Ճոն Թրավոլթան Սաթըրտէյ Նայթ Ֆիվըրով վերածուեցաւ հայելիի եւ օր մըն ալ որոշեցի մազերս դէպի ետեւ սանտրելու սկսիլ, փոխել ամեն լուքս, ըլլալ ինչ որ ե՛ս կ՚ուզեմ ըլլալ եւ ոչ թէ ան որուն գլխու մազերուն ճակատագիրը հայրս կամ Հաճին կ՚որոշէին…
Կարծեցի որ ատանկ աւարտած էր գլուխս սափրիչի մը յանձնելու անձկութիւնը: Բայց սխալեցայ: Պէյրութէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, յետոյ Միամի եւ Արժանթին վերադարձիս՝ Պուէնոս Այրէսի արուարձաններէն Մարթինէզ քաղաքը, լաւ սափրիչ մը գտնելը, մազ ու մօրուք յարդարելու միտքս իրեն հասկցնելը նոյնքան դժուար եղաւ որքան լաւ ատամնաբոյժ մը գտնելը… Արկածախդրութիւններու ամբողջ շարք մը կայ որոնց կարգին՝ յաճախ պատահող հիասթափութիւնը արդէն վարժուած սափրիչէ մը՝ որ այնքան լաւ ճանչնալէ յետոյ յանկարծ օր մը կը սխալի, եւ արդէն վրայէն գիծ կը քաշեմ ու նոր մը փնտռելու անձկութիւնը կը վերադառնայ: Ահաւոր եղաւ Միամի առաջին անգամ մազերս կտրելու փորձառութիւնը, երբ կեանքէն զզուած սկսնակի մը ձեռքը ինկայ եւ իր ձախողած գոյութեան բարկութիւնը ինձմէ առաւ՝ գլուխս պերպաթ ընելով: Ուաշինկթըն այցելութիւններս առիթ էին Սպիտակ Տան մօտ գտնուող եւ Սաուլ երաժշտութիւն հնչող սափրատան մը ֆոլքլորիք փորձառութեան սիրահարուելու: Բայց մազերը կտրելու հարցը չէր կրնար Ուաշինկթըն այցելութեան հետ կապուիլ, ոչ ալ մազեր կտրելու կամար Միամիյէն Ուաշինկթըն թռիլը կրնար խելացի արարք մը թուիլ Փի-Էյչ-Տիի ձգտող մէկու մը համար որ ուսանողի կրթաթոշակով ամսուան վերջ հասնելու մնայուն խնդիրը ունէր… Մարթինէզ հաստատուելէս յետոյ յաճախելու սկսայ սափրիչի մը որ ամաթէօր բռնցքամարտիկ մըն էր եւ ատիկա առիթ էր հաճելի խօսակցութեան ծաւալումին: Իւրայատուկ էր նաեւ անով, որ միայն ածելի կը գործածէր եւ գործը գիտէր: Առաջին անգամ երբ զգուշանալով ածելիին հետ կապուած Սիտա-միտայով վարակուելու պատմութիւններէն իրեն հարցուցի թէ կրնա՞ր մկրատ գործածել, վիրաւորուած՝ երեսիս նայեցաւ ըսելով՝ «Դուն գիտես, բայց չես գիտեր թէ ինչ կը կորսնցնես»: Կը խոստովանիմ որ ըսածը սպառնալիքի պէս առի եւ առաջարկս ետ քաշեցի, թէեւ արդիւնքը տեսնելով ոչ միայն բնաւ չզղջացի, այլ ըսի որ մաչային պիլլին զարկինք, վարպետ սափրիչը գտանք, եւ ես, որ Պուէնոս Այրէսէն դուրս ապրիլը մտքիս ծայրէն իսկ չէի անցուցած Արժանթին հաստատուելէս եւ վերադառնալէս յետոյ, սկսայ Մարթինէզը սիրել… Բայց Մարվըլըս Մարվին Հակլըրի ու Գարլոս Մոնսոնի այս հիացողին հետ գրեթէ ամբողջ տարուան մը ամիսը մէկ-երկու առիթով անցուցած այդ հաճելի պահերը իրենց աւարտին հասան: Օր մը սափրատունը գոց տեսայ: Քովի իգական վարսաւիրանոցին մէջ աշխատող դրացուհին ըսաւ, որ անձնասպան եղած էր կամ գողութեան փորձի ժամանակ զինք վիրաւորած էին եւ հիւանդանոցին մէջ ապրելու կամք չէր դրսեւորած, այնքան ալ լաւ չէր գիտեր, բայց մէկ խօսքով՝ չկար այլեւս: Յիշեցի որ կնոջմէ բաժնուած էր, կ՚ուզէր պահել իրենց աղջիկ զաւակը, որ տղուս յաճախած դպրոցը կ՚երթար եւ ամեն անգամ որ այդ մասին կը խօսէր շատ յուսալքուած կը թուէր, նոք-աութներէն կ՚անցնէր կեանքի իմաստի հարցականներու… Այդ տրամաթիք վիճակին մէջն էի երբ դրացուհին առաջարկեց մազերս յարդարել եւ զգաստութեան բերաւ զիս: Անմիջապէս քաղաքավար կերպով մերժեցի: Ատանկ ատ-հոք որոշումներ մազ կտրելու մասին կրնան շատ սուղի նստիլ — եւ գանձելիք գինին մասին չէ խօսքս…
Անցեալ տարի Պուէնոս Այրէսի մէջ նորոյթ դառնալու սկսաւ barbershop-ի երեւոյթը՝ հիփսթըր մօրուքներու արդէն բաւական ժամանակէ ի վեր հաստատուած նորոյթին որպէս հետեւանք (կարծեմ…): Հակառակ որ տանս մօտ կայ սափրատուն մը որ կը յաճախեմ երկար ժամանակէ ի վեր բաւարարութեան վերիվայրումներով, barbershop-եան փորձութեան քաշողականութեան չեմ կրցած դիմադրել: Փորձութիւն կ՚ըսեմ քաղքենի փիս բնազդէն մղուած, որովհետեւ մազ կտրելու եւ մօրուք յարդարելու գինը այդ տեղերը փաստօրէն ընթացիկ սափրատունի մը գանձելիքէն մը քանի մը անգամ աւելի է եւ երաշխիք չկայ որ գործը աւելի լաւ կ՚ընեն: Բայց գիտենք նաեւ որ ունայնութինը քաղքենիներու սիրած ու ատած յատկանիշերէն է…
Անցեալ շաբաթ որոշեցի փորձել գրասենեակիս մօտ հազիւ վեց ամիս առաջ բացուած barbershop-ը: Մինչ կարգիս կը սպասէի, երկու հակասական մտածումներ եկան արթնցնելու ատենէ մը ի վեր մոռացութեան տրուած գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը: Առաջինը Ուաշինկթընի Սաուլ սափրատան փորձառութեան հաճելի յիշատակն էր որ մտքէս չէր անցած նախապէս: Թերեւս որովհետեւ ան որ քիչ յետոյ հաւանաբար իմ մազերով ու մօրուքով պիտի զբաղէր սեւամորթ էր, հաւանաբար Վենեզուելայէն եկած երիտասարդ մը, որուն մօրուքն ու պեխը երեսին վրայ գծուած էին այնքան խնամքով որ ե՛ւ հիացում, ե՛ւ բարի նախանձ, ե՛ւ մանաւանդ գործէն հասկցողի վստահութիւն կը ներշնչէին: Շատ շուտով սակայն այս հաճելի զգացումը տեղի տուաւ այլ մտածումի մը որ անձկութիւնը վերածեց գրեթէ գոյութենական տագնապի. հապա եթէ երեսս տաք սրբիչներով գոցելէն յետոյ մօրուքս յարդարած ատեն երիտասարդին խելքը փչէր եւ կանկսթերական դասական ֆիլմի մը նման ածելին դնէր կոկորդիս… Սարսափելի մտածում մը որուն պատճառով ինքզինքիդ կը հայհոյես Կատֆատըրը այնքան դիտած ըլլալուդ համար թէկուզ, եւ անոր մէջ ձիուն գլուխը ոչ սափրիչ մը կտրած ըլլար, ոչ ալ սափրիչի ածելիով կարելի ըլլար կտրելը… Զգոյշ էի երբ ժպիտով մը հրաւիրեց որ բազկաթոռին նստիմ: Մազերս զննեց մասնագէտի հայեացքով (մինչ ես ուշադիր կ՚ըլլայի որ իր հայեացքը կոկորդիս վրայ չկեդրոնանայ…), հարցուց թէ ճերմակը, մազերուս ըսել կ՚ուզեմ ոչ թէ կոկորդիս…, բնակա՞ն էր, թէ՞ որեւէ ներկ կը գործածէի (զարմանայի՞, կարծէի թէ վրա՞ս կը խնդայ, ուրախանայի՞ որ աւելի երիտասարդ կը կարծէր զիս…) եւ հետաքրքրուեցաւ թէ ինչպէ՞ս կը փափաքէի որ ըլլար կտրուածքը: Իրեն բացատրեցի մշտական խնդիրս, որ կարծեմ սափրատան մէջ անձկութեանս բուն պատճառն է ընդհանրապէս, ըսելով որ կ՚ուզեմ մազերս դէպի ետեւ սանտրել բայց միշտ աջ կողմը անհաւասար կը մնայ: Այդ մէկը, ըսաւ երբ արդէն աշխատանքի անցած էր, արդիւնք է անոր, որ մազերդ բնականաբար այդ ալիքաւորումը կ՚առնեն: «Կրնանք ձեւի բերել ինչպէս ուզես, բայց թելադրելի չէ որ այդ բնական ալիքին ընդդիմանաս», մասնագէտի իր խորհուրդը տուաւ:
Խորհուրդին հետեւեցայ, եւ երբ աւարտեց, նայեցայ հայելիին մէջ եւ լսեցի «նա՚իմէն»…
Երիտասարդը չէր անշուշտ: Հայելիին մէջ արտացոլացած նկարին հետ հօրս երիտասարդութեան լուսանկարն էր որ երեւաց: Այդ լուսանկարը եղբայրս դրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ՝ հօրս մահուան առիթով: Հօրս մազերը երիտասարդութեան ետեւ սանտրուած էին, բայց դէպի կողմ թեքած բնական ալիքաւորումով մը: Ամբողջ կեանքին մէջ այդ սանտրուածքը պահեց, եւ գլխուն ձախ կողմի խազը, որ այնքան խնամքով ամեն առտու հայելիին առջեւ կը բանար թաց մազերուն մէջ, նոյնքան բծախնդիր կը գծէր, որքան որ ուշադիր կեդրոնացած կ՚ըլլար, երբ զարդի նոր մոտելի մը վրայ կ՚աշխատէր: Այդ ձեւով ալ իմ մազերս սանտրեց երկար ժամանակ, մինչեւ որ ես որոշեցի փոխել այդ սանտրուածքը, տարբերիլ: Իր մահէն քառասուն օր ետք հայելիին կը նայիմ եւ կը տեսնեմ որ բնական սանտրուած մազերովս, թէկուզ եւ առանց խազի, որքան իրեն կը նմանիմ:
Մահուան քառասունքին իր յիշատակին գրի առի այս բոլորը, փորձելով ժպտալ, խնդալ նոյնիսկ, այնպէս ինչպէս ինք, որ ամբողջ կեանքը ուզած էր ապրիլ որպէս լրջախոհ մէկը բայց առիթը երբեք չէր փախցներ բարձրաձայն ծիծաղելու: Գրեցի մտածելով որ թերեւս այս տողերը կարդալով ալ խնդար, կամ, թերեւս, կը խնդայ, ուրախ է:
Պուէնոս Այրէս,
9 սեպտեմբեր 2018