ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հիմա գիշեր: Օրավերջի ժամն է ճշգրիտ՝
Ու ես կ՚ընեմ խիղճըս կըշիռք նուրբ ու վճիտ:
Ցանգեր է օրն ահա լամբիս հսկուն աստղին,
Սեղանիս քով, ուր սրտամփոփ և անձկագին՝
Շիջած օրուան լուսանկարն աչքիս դէմ խոր
Ինձ հարց կու տամ, — Հոգի՛ս, ես ի՞նչ ըրի այսօր… Continue reading “ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ”

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դաժան դարեր անդադար կռփեր, կրծեր, խածխծեր
Են ձոյլ մարմինը անոր՝ դարերուն չափ հի՛ն ու ծե՛ր՝:
Բայց իր խաչով, որ դրօշակ կը ծածանէ յաղթօրէն,
Իր գմբէթով, որ կարծէք Արարատ է հոգեղէն,
Դեռ կա՛յ, կանգո՛ւն է Հայ Եկեղեցին: Continue reading “ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ”

Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 100 տարեկան

Հազուադէպ է, երբ գրողի մը ծննդեան 100-ամեակը կը նշենք իր ողջութեան, աւելի հազուադէպ երբ ան կը մասնակցի իր յոբելեանի նշումին իր կոչումի՛ն վայել ձեւով՝ բանաստեղծութեամբ, որ կու տանք կողքին։ Իսկ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր Ժագ Ս. Յակոբեանի 100-ամեակին առթիւ վերընթերցելով իր կենսագրականը, չենք կրնար զուգահեռ մը չգծել այդ անդաստանական կենսագրականին եւ իրեն տարեկից յետ-եղեռնեան մեր իրականութեան միջեւ, որ լաւագոյնս արտայայտած էր ինքը՝ գրողը, աւելի քան կէս դար առաջ հրատարակուած «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ կենսագրականը, ընթերցողէն խնդրելով որ անոր հետեւի քարտէզի օգնութեամբ։ Continue reading “Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 100 տարեկան”

ՄԵ՛ՆՔ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՄԵ՛ՆՔ… – Մենք բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՜.
ՄԵ՛ՆՔ՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
ՄԵ՛ՆՔ սրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք մտքի. Continue reading “ՄԵ՛ՆՔ”