ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Եւ բարձրացայ Հիրոշիմայի ցցուած ձորերէն
Ուր ակռաները կը փտին եւ աստղերը կը փետտուին.
Ուր մթութիւնը վերջալոյսի
կակուղ բուրդի պէս կը հիւսուի
արիւնի եւ ճառագայթի
պատռա՛ծ ցանցին մէջ.
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Եւ բարձրացայ Հիրոշիմայի ցցուած ձորերէն
Ուր ակռաները կը փտին եւ աստղերը կը փետտուին.
Ուր մթութիւնը վերջալոյսի
կակուղ բուրդի պէս կը հիւսուի
արիւնի եւ ճառագայթի
պատռա՛ծ ցանցին մէջ.
Մ.
Հազիւ վեց տարեկան տղան հօր հետ քայլելիս հարցնում է.
— Պա՛պ, եթէ բոլորը մեռնում են, ախր ինչու՞ ենք ծնուել…
1994թ. Արցախ
Եւ ահա ձեռքիս է ազատամարտիկի օրագիրը: Նա ինձանից մեծ է 18 տարով, բայց ես նրան ընկեր եմ համարում, որովհետեւ ազնիւ մարդիկ այսօր շատ քիչ են, իսկ այդ քչերի հետ ես աշխատում եմ ընկերութիւն անել: Նրա երիտասարդութիւնը, ինչպէս եւ շատերինը, «ծաղկել է» խրամատներում, բայց նրա համար այդ տարիները ոչ թէ կորցրած, այլ գտած տարիներ են: Հարցնում եմ՝ ինչո՞ւ, ասում է՝ երեւի բառապաշարս չհերիքի պատասխանել, այդ տարիները պէտք է պարզապէս ապրել, զգալ…
Continue reading “1994. Ծաղկած խրամատներ”ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ
ՀՈԳԵԽՌՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՂՕԹՔԸ
Անդորրութիւն մը տուր, ո՛վ Տէր,
Որ ըլլայ ամեն բանէ վեր.
Անդորրութիւն մը հոգեկան՝
Անստգիւտ եւ անզուգական…
Անդորրութիւն մը տուր ո՛վ Տէր,
Բալասան՝ հոգւոյս կարեվէր.
Անդորրութիւն մը իրական՝
Ո՛չ խաբուսիկ, անրջական…
ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ ես, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու.
Գիտեմ, որ միշտ պատրաստ ես ինձ լրբօրէն խաբելու,
Բայց տե՛ս, ձեռքս պարզած եմ, պարկեշտօէն օգնելու,
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ՝ ապրելու:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յովհաննէս Թումանեան. պարզ եւ սակայն մեզի մեծ ժառանգ ձգած հարուստ անուն մը:Նոյնքան մեծ բանաստեղծ մը, որ փոքր տարիքէս իր հաճելի տողերով ներգրաւած էր միտքս ու հոգիս։ Մէկ խօսքով, մեր բոլորին կողմէ սիրելի ու մանաւանդ փնտուած հայ բանաստեղծ մը, որուն բանաստեղծութիւնները օրին արագ ու մեծ հաճոյքով կը սորվէի եւ ամեն առիթով ալ՝ ընտանեկան մեր հաւաքներուն համարձակ եւ հպարտ կ՚արտասանէի։
Continue reading “Ամենայն Հայոց բանաստեղծը 150 տարեկան է”ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Ի՞նչ կը կորսնցնենք, երբ բանաստեղծ մը կորսնցնենք …
Մտածած չենք. որովհետեւ մեզի կը թուի, թէ չենք կրնար բանաստեղծ մը կորսնցնել:
Ճիշդ է: Բանաստեղծը կ՚ապրի մեր մէջ իր տողերով եւ իր արտաշնչանքով, որ կը ներշնչէ մեզ:
Բայց կը կորսնցնենք իր գալիք տողերը, իր սոսկական գոյութիւնը, որ տարօրինակ ապահովութիւն մը կու տար մեզի. կարծես ի՛ր վրայ բեռցուցած լեզուն պահելու ամբողջ հոգը, մենք կրնայինք ապրիլ մեր առօրեան քիչ մը անհոգ, քիչ մը անուշադիր, քիչ մը էական բաները մոռացութեան տուած:
ԶՈՒԼԱԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Մշուշէն անդի՞ն. — ոչի՛նչ։
Ինչ որ տեսայ՝ սրտիս մէջ էր միայն.
Ալիքներ որ ընդմիշտ ալիքներ կանչեցին,
Ձեռքեր որ միացան ձեռքերու։
ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Ոչ հեղինակին գիտեմ, ոչ՝ բեմադրիչին: Այնքանն եմ լսել, որ Քեմալ Աթաթուրքի բռնահանութիւնից յետոյ («Կամ՝ թրքացէք, կամ՝ հեռացէք») Բուլղարիայի Պլովդիւ քաղաքում ապաստանած քեռայրս «Թալէաթի անկումը» ամենայն հաւանականութեամբ սիրողական ներկայացումում ստանձնում է Սողոմոն Թեհլիրեանի դերը: Բեռլինի Շառլոտենբուրգ թաղամասի Հայդենբերգ փողոցում , երբ նա ձեռքը ճիւաղի ուսին է դնում, ու նա յետ շրջվելով, այլայլուած հարցնում է՝ «Ի՞նչ էք կամենում երիտասարդ», քեռայրս իր կողմից մի նախադասութիւն է ավելացնում՝ «Մէկ ու կէս միլիոն հայերի արիւնն եմ ուզում», ու նոր միայն սնդաւում(*) է:
Continue reading “ԱՐԵԱՆ ՏԱՐՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (Գրախօսութեան փոխարէն)”Կը տեղեկանանք, թէ մեր երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Ջանիկեան արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան եւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համատեղ մրցանակին։ Իրեն շնորհուած է 2018 թուականի մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակը՝ արձակի բաժնէն, իր «Սպարտակ, 80-ամեայ արծիւ-մահապարտի վիպասքը գրքին» համար։
Continue reading “ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ”Վարդգէս Շամլեան (իրաւաբան), «Յուշագրական ալպոմ», Մոնթրէալ 2018, 384 էջ + բովանդակութեան ցանկ։
Ս.Ա.Յ.
Համաշխարհային գրականութեան մէջ թէեւ անհատական յուշագրութիւնը հին երեւոյթ է, սակայն վերջերս շատ աշխուժացած է մանաւանդ արեւմուտքի մէջ։ Հայ գրականութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ու անոնց յաջորդ սերունդներու յուշապատումները, որոնք վկայարան կը հանդիսանան անպատմելի տխուր ապրած օրերու։
Continue reading “«ՆԻՒԹԸ ՆԻՒԹ ԿԸ ԲԱՆԱՅ»”