Մեր գրողները միջազգային գրական փառատօների չեն մասնակցում եւ առաջիկայ տարիներին դժուար էլ մասնակցեն

ԵՐԵՒԱՆ—Այսօր ամենակարեւորը ժամանակակից հայ գրողին թարգմանելու խնդիրն է, եւ սա իրենց քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնն է, իր տարեկան ամփոփիչ ասուլիսում ասաց Հայաստանի գրողների միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը 20 դեկտեմբերին: Continue reading “Մեր գրողները միջազգային գրական փառատօների չեն մասնակցում եւ առաջիկայ տարիներին դժուար էլ մասնակցեն”

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի դեկտեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ

Վ.-Ա. Ա.

Այդ տարին յատկանշական էր։ Անկախութեան հռչակումէն հազիւ ամիսներ անց մենք արդէն պիտի վայելէինք ներկայութիւնը հայրենի մտաւորականներու, գործիչներու, արուեստագէտներու։ Անոնցմէ մէկն ալ էդմոն Աւետեանն էր՝ ծանօթ գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ մանաւանդ՝ այլախոհ, որուն այցելութիւնը չէինք կրնար աննկատ ձգել։
Մոնթրէալ եկած էր քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հրաւէրով՝ բուժման նպատակով, ու մենք, անմիջապէս որ տեղեակ եղանք, որոշեցինք հանդիպում մը կազմակերպել 1992 մայիս 13-ին, «Հորիզոն»-ի նախաձեռնութեամբ՝ Հայ կեդրոնի «Թիւ 3» (մինչեւ օրս այդպէս անանուն մնացած) սրահին մէջ։ Իրարու լուր տալով քով-քովի բերինք 25 հոգի, որոնց համար Էդմոն Աւետեան անունը բան մը կ՚ըսէր վստահաբար։ Continue reading “25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ”

ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)

Գրականագէտ, փիլիսոփայ, այլախոհ Էդմոն Աւետեան ծնած է 10 նոյեմբեր 1929-ին Ուզբեկստանի Անդիժան քաղաքը, ուր հայրը աքսորուած էր։ 1934-ին ընտանիքը կը վերադառնայ Երեւան, ուր կ՚աւարտէ միջնակարգ դպրոցը 1946-ին։ Այդ թուականներուն նաեւ կը հիւանդանայ թոքախտով եւ, հակառակ բժիշկներու բացասական կարծիքին, կ՚ապաքինի։ Continue reading “ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)”

ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անցեալ տարուան մայիսին, «Գրական թերթ»ին մէջ լոյս տեսաւ Ռուբէն Յովսէփեանի «Խաչատուր Աբովեան» դեռ անաւարտ վէպէն ընդարձակ հատուած մը, որուն առաջին մասը տուինք մեր նախորդ թիւով եւ այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր երկրորդ բաժինը։ Continue reading “ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս”

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի նոյեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս  կապին։

Բարի ընթերցում։

* * *

ԼՈՒՍԻՆԷ ԵՂԵԱՆ

տխրութիւնը՝ չզգալու մարմնիս ճահճացումը, խելակորոյս անհոգութիւնը բոլոր երեւոյթների ու ամբողջութիւնը տառապանքի, այն, որն չի դեֆորմացւում, չի մասնատւում, չի սկսում, չի վերջանում, այն, որի մասին պատմում էիր, երբ ինձ թոյլ էի տալիս խմած թափուել վրադ Continue reading “* * *”

Տարի մը արդէն

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կեանքը մեզի չի սպասեր, կը թաւալի ու կ՚երթայ։ Տարի մը առաջ էր արդէն, երբ Համաստեղի մահուան յիսնամեակին անդրադառնալու կը պատրաստուէինք, ստացանք գոյժը մեր նորագոյն գրականութեան տիտաններէն Ռուբէն Յովսէփեանի մահուան։ Continue reading “Տարի մը արդէն”

«Եթէ կեանքիդ պատմութիւնը կրկնւում է, նշանակում է՝ սխալ ես ապրել»

Կը վերահրատարակենք «Երկիր» կայքէջին վրայ 27 յունուար 2014-ին լոյս տեսած հարցազրոյցը Ռուբէն Յովսէփեանի հետ։

— Սկսե՞նք:
— Պատրաստ եմ, ահա, դէ, կրակեցէք: Continue reading “«Եթէ կեանքիդ պատմութիւնը կրկնւում է, նշանակում է՝ սխալ ես ապրել»”