Ո՞վ այս մասին կը հարցնէ

ՀԵՐՎԷ ԺՈՐԺԸԼԷՆ

Արեգ Զուլումեան վեց տարի առաջ Յունաստան եկած է: Պոլսեցին իր հոռոմ կնոջ շնորհիւ առանց որեւէ դժուարութեան յունական հանրապետութենէն բնակութեան արտօնութիւն ստացած է:
Թուրքիոյ մէջ կեանքը դժուար էր: Մանաւանդ այս վերջին տարիները: Ռէիսը ապագային նկատմամբ անվստահութիւն կ՚աւելցնէր անվերջ: Շատոնց Թուրքիան ձգելու նպատակ ունէր: Այս մասին իր կնոջ հետ յաճախ կը խօսէր: Գանատա երթալ կ՚ուզէին: Մոնթրէալ հաստատուիլ հեշտ կ՚երեւէր: Բայց Անկելիքի պատրաստ չէր այսքան հեռանալ: Երեխայ չունին եւ պիտի չունենան: Ուշ է ալ: Յիսուն դարձած է Արեգը, իսկ Անկելիքի տրամադրութիւն բնաւ չէ ունեցած երեխաներով զբաղելու: Պիլկի համալսարան աւարտած է: Գերմանական մեծ ընկերութեան համար կ՚աշխատի, որ հիմա Յունաստանի նախկին ազգային հեռաձայնի ցանցը գնած է: Անկելիքիին առաջարկեցին Աթէնք տեղափոխուիլ՝ յունական ցանցը եւ մանաւանդ անոր առեւտրական գործընթացները արդիականացնելու համար:
Զոյգը շուտով որոշում պէտք է տար: Գանատական թուղթերը պատրաստ չէին: Յունաստան երթալ շատ աւելի դիւրին էր: Արդէն Անկելիքիին զարմիկները հոն կը բնակին եւ Կոկինիա անունով արուարձանին մէջ յարկաբաժիններու տէր էին: Արեգին պարագային տեղափոխութիւնը աւելի մեծ ջանք պիտի պահանջէ: Ինքը յունարէն գրեթէ չի գիտեր: Ուրկէ՞ ալ պիտի սորվէր: Աթէնք մէկը չունէր: Եոզկաթէն Պոլիս եկեր էր իր մեծ ծնողքը 1930 թուականներուն: Յունաստանի հետ կապ հաստատել պարզապէս անիմաստ էր: Պատճառ կամ առիթ չունէին: Ո՞վ մօտ օրէն պիտի հետաքրքրուէր այս պզտիկ, յաղթուած եւ սոսկալի աղքատ երկրով: Պոլսոյ հոռոմ համայնքը տակաւին մեծ էր, բայց նոյնիսկ այս հոռոմները Յունաստանի հետ միշտ կապ չունէին:
Արեգ Անկելիքիին հետ Թաքսիմի հրապարակին մօտ ծանօթացած էր: Իր քոյրը Էսայեան ճեմարան կ՚երթար, իսկ Անկելիքի՝ դիմացի Զափփիոն: Ինքը ամեն օր ճեմարանէն դուրս կը սպասէր Սամաթիա դառնալէն առաջ: Արեգ կանուխ ուսումէ դադրած էր: Մինչեւ հիմա ոսկերչութեամբ կը զբաղի: Իր հօրը հետ Իսթիքլալին վրայ խանութ մը կը պահէին: Ոսկերիչի աշխատանոցը նոյն տեղն էր: Համեստ կ՚երեւէր այս ամբողջը, բայց լաւ դրամ կրնային շահիլ, քանի որ աշխարհի չորս կողմէն զբօսաշրջիկներ Իսթիքլալ կու գային: Աղջկան ծնողքը խանդավառ չէին այս ամուսնութեամբ: Բայց գիտէին որ իրենց աղջիկը հոռոմ տղայ գտնելու դժուարութիւններ պիտի ունենար: Համայնքը գրեթէ գոյութիւն չունէր: Պարապ բեմանկար էին Պոլսոյ բոլոր հոռոմ հաստատութիւնները: Երկու երիտասարդ միասին լաւ ժամանակ կ՚անցընէին եւ ոչ մէկը արգիլեց թէ՛ աղջկան, թէ՛ ալ տղուն՝ ամուսնանալ: Այսպէս էր, զոյգէն զատ ոչ մէկը այս ամուսնութեան հակառակ չէր: Աս ալ համեստ սկիզբի պայման էր: Բայց յաճախ իրականութիւնը Պոլսոյ քրիստոնեայ մանր քաղաքական մտապատկերներուն չի համապատասխաներ:
Թերեւս տարօրինակ զոյգ մըն են, բայց երկուքն ալ գիտեն միւսին պէտք եղած չափով ազատութիւն ձգել, գիտեն ալ չհարցնել, երբ միւսը կ՚ուշանայ: Գիտեն նաեւ միւսին գործին մասին շատ չխօսիլ: Երկու տարբեր աշխարհի կը պատկանին: Երկուքը գիտակից են: Լաւ ժամանակ կ՚անցընեն: Պոլիս ձանձրացուցիչ բնաւ չէր: Երիտասարդները կամաց կամաց հասունցած են: Էրտողանի իշխանութեան հասնիլը իրենց հոգեկան վիճակը փոխած էր: Մտահոգութիւններ աւելցան: Պէտք էր հոնկէ ելլէին:
Հիմա գո՞հ են, թէ՞ ոչ նոր կեանքէն: Զուլումեան Իսթիքլալին կը կարօտնայ: Իր գործը Աթէնքի Սահմանադրութեան հրապարակին քովը, նոր պայմաններով, այնքան շահաբեր չէ: Գործատէր կամ գործաւոր ըլլալը նոյնը չէ: Չի կրնար ըսել, որ Անկելիքի աւելի յաճախ կը տեսնէ: Նոր լեզուն սորվեր է: Ականջով: Գիրք եւ թերթ իրմէ հեռու կը մնան: Թուրքիոյ մէջ կեանքը աւելի դիւրին էր այս իմաստով: Կը զգայ որ իր զոյգը նոյնպէս փոքրացաւ: Նոյնիսկ մարմնական շփումները համը կը կորսնցնեն: Անկելիքի, իր գանգատներով հանդերձ՝ տեղացիներուն մասին, առանց լուրջ խնդիրներու՝ յարմարեցա՛ւ: Գերմանական դարձած ΚΟΣΜΟΤΕ ընկերութեան քովը յաջող է: Արդէն այսքան կը փափաքէր: Իր ասպարէզը եւ իր աթէնքցի ընտանեկան շրջանակը ընկերական նոր կեանքին սկիզբը ընծայած են իրեն: Կամաց-կամաց իր պոլսական մասնաւոր ծանր լ-ը կը թեթեւնայ: Արեգին խնդիրները աւելի նրբիկ լ-ով պիտի չլմննային:
Արեգ ի՞նչ կը զգայ: Ի՞նչ կը մտածէ: Ո՞վ այս մասին կը հարցնէ: Արդէն ինք լրջօրէն կը համարձակի՞ ինք իրեն հարցնել…

Աթէնք

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Հերվէ Ժորժըլէն հայագիր ֆրանսացի գրող է եւ թարգմանիչ, մասնագիտութեամբ՝ պատմաբան։ Հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանած է Արամ Անտոնեանի «Այն սեւ օրերուն» եւ «Աքսորի ճամբուն վրայ», Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» եւ «Լկրտածը» երկերը։ Այժմ կը դասաւանդէ Աթէնքի ազգային համալսարանը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *