Պատառիկներ Արա Արծրունիէն

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երեկոյեան ժամերուն ո՛չ ներսի լոյսը, ո՛չ ալ դուրսի լոյսը բաւարար էին լուսաւորելու տան միջանցքը, բայց մութուլոյս էր նաեւ մէջս։ Ենթագիտակցութեանս մէջ «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը» թատրերգութեան կշիռը հոգիիս վրայ տակաւին կը շարունակէր իր ազդեցութիւնը ունենալ այս Մարդուն հանդէպ ունեցած տպաւորութեանս վրայ։
Զինք ճանչցած եմ անունով՝ Արա Արծրունի, ու 2017-ի ամրան էր, որ բախտը ունեցայ ծանօթանալու իրեն, իսկ այս հանդիպումը մեր առաջին մտերմիկ հանդիպումն էր, քանի մը ամիս ետք։ Թէեւ մտերմութիւն մը սկսած կարելի է համարել «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը»-ով, ապա «Ալեկորիա»-ով եւ յետոյ «Մժեղ»-ով… Անշուշտ Մարդուն գրութիւններուն վերնագրերը չեն, որ կը շարեմ, այլ անոր գրութիւններուն ներգործութիւնը հոգիիս ու մտքիս վրայ։ Այդ օր, սեղանին վրայ տպարանէն նոր լոյս տեսած «Ալեկորիա»-էն հատ մը տուաւ ինծի ու խոստացաւ աւելի ուշ մակագրուածը ղրկել. այդպէս ալ ըրաւ։

* * *

«Ալեկորիա»
Դէպքը տեղի կ՚ունենայ բարձր առաստաղի վրայ զետեղուած արուեստական պղտոր «աստղեր»-ու ներքեւ, ուր Մօնո ն եւ Բազմը՝ երկու կէսեր (կամ չորս քառորդներ, կամ փշրանքներ…) ու Կինը՝ Կեանքը, Պատմութիւնը եւ այլն, քիչ ետք իրենց երկխօսութիւններու ճամբով պիտի ներխուժեն ուղեղս ու ամիսներով, թմրեցուցիչի պէս, պիտի նստին անոր յատակին…
Մօնօն, Բազմը եւ Կինը, երեւակայածին վէպին ամբողջ ընթացքին ճամբորդութիւն մը կը կատարեն կեանքի զանազան ծալքերուն մէջ։ Առայժմ անոնք տասը մեթրով տասը մեթր չափերով ընդարձակ սրահի մը մէջ են, ուր մերկ կինը քիչ առաջ հագուեցաւ իր սպասուհիի հագուստը եւ զրուցեց Մօնոյին հետ, որ իր վանդակին մէջէն իրեն կը հետեւէր։ Մօնոն՝ թերեւս բարին, դրականը, իր երազները պզտոր աստղերուն մէջ փնտռելով (թէ գտնելո՞վ, չեմ գիտեր)՝ դէմ յանդիման կը գտնուի Բազմի հետ գրեթէ միշտ, ու անոնց հակադրութիւնը զիրար իրարու կը մօտեցնէ, մագնիսի պէս։ Բազմը՝ թերեւս չարը, ժխտականը, կ՚ընդվզի «աստղերուն» աղօտ փայլքէն ու ատոր համար միշտ ալ ինքզինք դուրս նետած կը գտնէ սրահին ցածլիկ դռնէն, որուն մէջէն հարկ է կորաքամակ անցնիլ։
Բանալինե՜ր… Ծակե՜ր…
Կը յաջողին խլել Կնոջ քով գտնուող բանալիներուն տրցակը, երբ Կնոջ անշունչ մարմինը կը պառկի գետին, անոր վիզը Բազմին ափերուն մէջ։
…Իսկ հիմա ի՞նչ, ոչ մէկ բանալի չի դառնար այս ծակերուն մէջ…
«Կեանքի բանալիներ… խաբկա՛նք» (էջ 23)

* * *

Յաջորդ հանդիպումիս «Ալեկորիա»-ն հետս կ՚առնեմ ու կը մօտենամ Արծրունիի սնարին։ Հակառակ դողդողացող ձայնին ու կարճ շունչին, ու հակառակ կնոջ անհամաձայնութեան, Մարդը կ՚ըսէ. «աւելի ճիշդ է ես կարդամ»։

* * *

Կին-Կեանքը մագաղաթին վրայ կ՚արձանագրէ Կեանքի աղբիւրին հետ իր խօսակցութիւնը ու կը գանգատի, թէ ան ոչ թէ մարդ-արարածի, այլ Մարդու՝ Գլխագիր, Ամբողջական մարդու հետ կոչուած է ապրիլ։ Մօնոն ու Բազմը ամբողջական չէին, թերեւս անցեալին ամբողջական էին, բայց հիմա՝ ոչ։ Անկարող է ան հիմա կատարելու փոփոխութիւններ, որովհետեւ անկարող է փոխելու ինքզինք։ «Ես Կեանքն եմ, որ կը սպասէ որպէսզի մարդիկ, գիտակի՛ց մարդիկ փոխեն կեանքս։ Որովհետեւ, ինչպէս ըսի, կը կրկնե՛մ, Մարդն է, որ պիտի կոփէ Կեանքը. ան կեանքը, որ ի՛րն է, եւ ի՛նքն է, որ պիտի ապրի զայն» (էջ 40)
Եւ յաջորդ օրն իսկ Կինը նախ Մօնոյին եւ ապա Բազմին կ՚երեւի առանձնաբար իբրեւ փորձութիւն եւ զանոնք կը տանի դէպի ինքնաճանաչում։ Հոս, անոնք՝ երեքը, կը միանան։

* * *

Բայց այդքան ալ հեշտ չըլլար միացումը, որովհետեւ առանց երկունքի ոչ մէկ բան լոյս աշխարհ կու գայ, եւ միայն ինքնազննումի երկար հանգրուանէ մը ետք կարելի է իրականացնել այդ։ Նախկին ուղեկորոյս Կեանքը՝ այժմ երջանիկ նոր կազմուած ամբողջութեամբ, կ՚անցնի յաջորդ փուլ՝ փոփոխութեան (յեղափոխութեան)։ Քանդել հինը, որպէսզի կարենալ շինել նորը։ Իսկ Արծրունին այս վէպին մէջ կը խորհի, թէ կարեւորը քանդելը չէ, այլ շինելը։
* * *
Ես ալ կորսուած եմ այս տողերուն մէջ… Արծրունին հազիւ լսելի ձայնով կը բացատրէ՝ «Ծուէններուն մէջ եզրակացուցի, որ մարդ-արարածին մէջ դրական եւ ժխտականը կայ։ Մարդ-արարածը երկուք է, մէկ չէ, եւ բաժնեցի իրարմէ. շատ յոգնեցայ, բայց որոշեցի ընել եւ այս գիրքը, որ տուի… հոն, ուր անցումային շրջան կայ…»
Նորէն քիչ մը շփոթահար կը մնամ ու ջանք կը թափեմ լսել մնացածը։
Արծրունի կ՚ըսէ. «աւելի ճիշդ է ես կարդամ»…
«Սարսափեցաւ Մօնօ եւ հարցուց.
— Մա՛հն ես, թէ ոչ անոր պատգամաբերը։
— Երկուքն ալ գոյութիւն չունին ինծի համար, — շշնջաց Անծանօթը,— անոնք մաս չեն կազմեր կեանքին»։
* * *
Արա Արծրունին շաբաթ մը ետք իր մահկանացուն կնքեց։ Մեզմէ հեռացաւ Գլխագիր Մարդն ու Գրողը։
Այս տողերը թող նուիրուին անոր, որուն գրութիւնները տագնապեցուցին հոգիս ամեն անգամ, որ ընթերցեցի զանոնք։ Իսկ «Ալեկորիա»-ն, անգամ մը եւս պիտի/պէտք է ընթերցեմ եւ անգամ մը եւս…

Պուրճ Համուտ

Արազ Գոճայեան վկայեալ է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն՝ հայագիտութեան եւ մանկավարժութեան մէջ, իսկ մարդաբանութեան մէջ՝ տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանէն։ Ներկայիս կը պաշտօնավարէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժինը, մաս կը կազմէ «Հասկ»-ի խմբագրակազմին, կ՚աշխատակցի «Ազդակ»-ին։ Յաջորդ տարեշրջանին պիտի մաս կազմէ նաեւ մեր խմբագրակազմին։

One Reply to “Պատառիկներ Արա Արծրունիէն”

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *