ԳԱՌՆ
1
Դարձեալ կը խոստովանիմ,
թէ դուն կը շնորհես
մեր խօսակցութիւնները:
Եւ աներկմտօրէն հաւատալով հանդերձ ողորմութեանդ,
կը տեսնեմ,
թէ իմ բաժին խօսքերը
մարմին են
շրթունքայնութեան եւ ստեղծականութեան,
ուր մեղքը իր ցանկութիւններուն
կը հնազանդեցնէ ամեն ինչ
եւ սիրտս դէպի ամենատեսակ գերութիւնը կը վարէ։
Թէեւ այլասերումիս միայն շարք մը դէմքերուն անունները կու տամ,
սակայն անթուելի են անոր փոխակերպումները։
Կատարեալ տարագրեալն եմ ես.
իսկ դուն՝
խնայող պահապանը խօսակցութիւններուն…
2
Գաղտնատեսէդ
ո՞վ կրնայ ծածկել
իր սեփական ստուերները եւ կամ մթութիւնները։
Մինչ անոնք քեզի համար անթաքչելի են՝
ո՞վ իրապէս եւ ստուգապէս գիտէ
իր ծածկածները։
Իսկ չծածկածները գիտէ՞…
Երբ հետդ կը խօսիմ՝
մարմինս է, որ կը խօսի եւ կը հաճոյանայ։
Ներկայ է անիկա.
կը բանի եւ կը բանեցնէ,
նոյնիսկ՝ զղջումին բարբառով։
Երբ հետդ կը խօսիմ՝
մարմինս կը մոռնայ
քու խօսքիդ հեզութիւնը,
եւ կը գինովնայ
իր ստուերագին ու մթագին ձայնով։
Տէր,
մաքրամաքրող խօսքերդ
անդադար ցօղէ մարմնիս վրայ:
3
Սրտիս ամենաժամ ցանկութիւնն ու դարձը
դէպի գերութիւն՝
միջոցն են բազմակերպարան մեղքին:
Ու այն ցանկութեան եւ դարձին մէջ
թաղուած են ու կը թաղուին
քու բաշխած շնորհքներդ եւ պարգեւներդ,
պատրանքով՝
թէ կամքիդ հաճելի
շահարկման են տրուած:
Մինչ անձս
ինքնախաբ հաւատարմութիւն
եւ հնազանդութիւն ցուցադրելով
խօսքեր կը բանի
անկաշառելիդ կաշառելու:
Բարձրեա’լ,
դո’ւն ես ելքը, ազատութիւնը, կենդանութիւնը,
արդիւնաւորութիւնը, իրականութիւնը
եւ ճշմարտութիւնը:
Թիւ 1, 2 եւ 3 խոկումները՝ Մատեանի 2.1-ին վրայ:
4
Հոգիներու եւ մարմիններու Աստուած,
համբերութեամբդ կը մաքրուին
ու կ՚աճին քեզի միացած հոգիները,
եւ բազմողորմութեամբդ
կը խնայուին ու կը խնամուին անոնց մարմինները:
ինքնախաբէութիւններով մոլորածը
եւ յանցանքներով
ու մեղքերով ծանրաբեռնուածը որ եմ՝
կրնա՞յ յուսալ,
թէ արժանի պիտի ըլլայ միաւորման,
ուր կը համբերես՝
մաքրելու եւ աճեցնելու համար,
եւ կ՚ողորմիս՝
խնայելու եւ խնամելու համար:
Շնորհէ որ նմանիմ այն մատեանին,
որ հետդ խօսակցութիւններու
հասկատարածքն է
հնձուորներուդ ժամանմամբ բերկրուն:
5
Ունկնդրութիւնդ, Տէր,
ամենագթութեանդ ներգործութիւն մըն է,
որ կը բուժէ որեւէ ամլութիւն:
Երբ կ՚ունկնդրես՝
ոչ թէ միայն մարմիններէն
քեզի համար որդիներու ծնունդ կու տաս,
այլ նաեւ՝ քարերէն,
քանի որ
գերաշնորհ ձեռքերովդ կը կերպաւորես զանոնք
իբրեւ քաղցր կամքիդ ընդունարաններ,
ու այս մթութեան մէջ
կ՚ընտելացնես զանոնք այն լոյսին,
որ վերին երկնքինն է:
6
Արարիչ Տէր,
դուն որ յաւիտեանները մէջդ ունիս,
երկայնամտութիւնն ու բազումողորմութիւնը
քո’ւ փառքիդ ճառագայթներն են
եւ քեզի’ վայել են միայն:
Մարդը կաւն է, դուն՝ բրուտը:
Հպումներդ
երկայնամտութեանդ եւ բազումողորմութեանդ
շնորհներ են,
որ միշտ նոր կերպարանք կու տան
քեզի յանձնուողներուն,
որպէսզի անոնք արժանի ըլլան
միշտ դիմացդ կենալու
եւ բարին խորհելու, խօսելու եւ գործելու:
7
Ով տիեզերաստեղծ իմ Բրուտս,
ձայնդ էր,
որ կանչեց ու կը կանչէ զղջումին,
եւ բարի լուրիդ հաւատալու:
Զղջումի
հարազատ խոստովանութիւններ
հոսեցուր սրտէս,
որպէսզի երբ սերմանեմ անպտուղ չմնայ արտս,
այլ ապրիմ
անտիտղոսաւորելիիդ բարութիւնը,
որ ակնաղբիւրն է,
աճեցնողը
եւ միակ պտղաւորողը:
Քեզմէ ինծի տրուած
անսահման շնորհք մը եւս պիտի ըլլայ անիկա,
մինչեւ այն օրը,
երբ լուսեղէն մը
անսպառելի սիրոյդ պարգեւը պիտի բերէ ինծի,
յանցանքներէ եւ մեղքերէ ճաթռտած կաւամանիս,
ու զայն նորոգէ երկնքին համար:
Թիւ 4, 5, 6 եւ 7 խոկումները՝ Մատեանի 2.2-ին վրայ:
8
Դուն ճշմարտագոյն Պսակաւորն ես,
Սիրելն ես,
երկնային փառքին Ճառագայթումն ես,
անոր ճոխութեան Առատաբաշխումն ես,
Ողորմիլն ես,
Գթասիրտ խոնարհիլն ես,
Բարերարելն ես,՚
Բժշկելն ես,
Կենագործելն ես,
բովանդակ փրկութեան Մատակարարումն ես,
եւ կատարեալ ու տենչալի Արքայութիւնն ես, Տէր,
որ լինելակերպերդ կ՚ըլլաս ու կը յիշես
յաւիտենական օրուանդ մէջ,
ուր անցեալն ու ներկան եւ ապագան
կամքիդ ձեռքերով ես բռնած։
9
Մինչ յաւերժական սէրդ կը տենչամ՝
արդէն միայն այն ես Դուն, ու միայն այն կ՚ըլլաս.
մինչ մարդասիրելդ կ՚աղերսեմ՝
Դուն զայն բաշխած ես այն օրէն,
երբ զիս կերպաւորեցիր
ոչ թէ միայն ըստ պատկերիդ ,
այլեւ՝ ըստ նմանութեանդ,
որպէսզի աստուածսիրութեան ճանապարհը ընտրեմ.
մինչ ողորմութիւնդ կը հայցեմ՝
ատիկա Դուն կամարած ես՝ «Եղիցի լոյս» խօսքովդ.
մինչ բարերարելդ կ՚ակնկալեմ՝
ատիկա հաստատած ես Դուն՝
ստեղծագործութիւնդ բարի տեսնելով.
մինչ կենագործելուդ դադարեցման սոսկումը կը հնարեմ՝
պատուիրանազանցութեամբ ինքնաքսորումէս ասդին՝
Դուն նախախնամ նորոգողն ես.
մինչ քաղցրութեանդ ծաղիկը կը սպասեմ՝
անոր յաւերժածառ Խաչը նուիրած ես ինծի Դուն,
ով Ինքնութիւն եւ Իսկութիւն մշտնջենաւոր,
որ օրհնաբանեալ ես
եւ փառաւորեալ յաւիտեանս յաւիտենից:
Թիւ 8 եւ 9 խոկումները՝ Մատեանի 2.3-ին վրայ: