ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Դ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Անոնք թէեւ երկու ոտք ունէին, բայց մէկ ոտքը փոխ առնուածի պէս էր, թեթեւ մը կը քաշէին, որովհետեւ բունը մնացեր էր սահմանին միւս կողմը՝ իրենց հայրական կալուածներուն մէջ, ուր այլեւս չէին կրնար ըլլալ: Իրաւ որ այդպէս չէր կրնար ըլլալ. եղածը տարիներու ծանր վաստակի հետեւանք էր, երբ ամեն օր գիւղէն մինչեւ իրենց հեռաւոր արտերն ու արօտները հասնելու համար պէտք էր քալած ըլլային, այն ալ շալակի բեռով, երկուքէն երեք ժամ, ելլել-իջնելով ցից լեռնանցքներու քարէ աստիճաններէն, անդնդախոր կիրճերու բերանը լիզող նեղ կածաններէն, ծովու ալիքներէն թնդացող ցից խարակներու վրայէն:
Ո՞տք կը դիմանար:
Բայց այդ հայրական կալուածներէն զրկուիլը միթէ աւելի ծանր ցաւ չէ՞ր տասնամեակէ տասնամեակ տանելու համար:
1939-ին միջպետական նորանշանակ սահմանէն անդին մնացեր էր իրենց մէկ ոտքը:
Երեկոյեան հայրս յաճախ ջրտուքի կ՚երթար աղբիւրին մօտիկ մեր ածուները: «Աբրահամին բարեւ» մաղթելով հին մարդիկ աղբիւրի առջեւէն կ՚անցնէին հօրս քով, կը նստէին պատին տակ մէկ ոտքը միւսին տակ պահելով, իրարու ծխախոտի տուփ կը հրամցնէին, գլանակ կը փաթթէին: Մեր հողի ծխախոտին համ ու հոտին չէին դիմանար ծխամոլները: Ակնթարթի մը մէջ խօսքը կը փոխուէր, կարօտով ու ցաւով կ՚երթար սահմանին միւս կողմը մնացած իրենց կալուածներուն մասին:
— Իմ Էսքիճայի արտիս համը կ՚առնեմ, — կ՚ըսէր Հաննան ծուխը քիթէն հանելով:
Ղազարեաններու ունեցած-չունեցածը հոն էր, ծովու խարակներու վրայէն մինչեւ բարձր լեռնալանջերը կարգ-կարգ բացուած դարաւանդները: Հաննա եւ Խաչիկ եղբայրները հիմա, վաթսունը շատոնց ետին ձգած, ձեռք անցուցած էին գիւղի գետնասահքի ենթարկուած, տակնուվրայ եղած գետինները ու ամեն օր մութուլուսէն սկսեալ նոր արտ շինելու համար ափ-ափ կը մաղէին գետինը, քարերն ու մեծ խիճերը հատիկ-հատիկ կը հաւաքէին ու կը դիզէին մէկ անկիւնը, որ կը բարձրանար եգիպտական բուրգի նման: Ո՞վ կը հաւատար, որ այդ քար ու խիճէն հող կը գոյանայ: Հող կ՚արարէին՝ յիշելով հինը ու ցաւելով անոր համար:
Մէկը կը պատմէր Կարճաւօտի լեռնագոգին մէջ իր նոր բացած արտին ճիշդ մէջտեղը մնացած ժայռին մասին ու դեռ կը հաւատար, որ օր մը ճամբան կը բացուի ու ինք կ՚երթայ եւ այդ ժայռը ուժանակով կը պայթեցնէ, կը հանէ, ու երկու օրավար հողը ափի պէս դոյր կը դառնայ: Այդ քարը իր յիշողութեան մէջ կը մնար ինչպէս փուշ մը մարդու ներբանին:
Բոլորն ալ կիսատ մնացած հէքեաթի մը վերջաբանը կը փնտռէին ու չէին գտներ:
Երկու բազուկներով ձեռնափայտը մէջքին սեղմած Ռէիս պապուկը կ՚երեւէր կարծես երկու ծունկերուն վրայ քալելով: Ետեւ կախուած ափերը առջեւ-ետեւ կը տարուբերէր հօտը առաջ քշելու պէս ու կը մտնէր մեր ածուն: Հայրս ջուրի ճամբան կը փոխէր, բրիչը մէկ կողմ կը նետէր, կը դիմաւորէր ծերունին, կը հիւրասիրէր թարմ վարունգով ու պահ մը կը նստէր կողքին:
— Աբրահամ, տղաս, քեզ ատենը մէյ մը չտեսնեմ, հօտէն տասը այծ կորսնցուցածի պէս կ՚ըլլամ, — կ՚ըսէր Ռէիս պապուկը մանկացող ժպիտը աչքերուն մէջ: Տակաւին հովուական մազէ վերարկուն՝ ապան, ուսէն չէր հանած, ոչ ալ շալվարը փոխած տաբատով: Հովիւները զինք կոչած էին ռէիս, որ արաբերէնով կը նշանակէ ղեկավար: Անոր ղեկավարութեամբ կ՚որոշուէին արօտավայրերը, հովուական չերդիկները(1) զարնելու տեղերը, կը խառնէին հօտերը, պանիր կտրելու կարգ կը նշանակէին:
Ռէիս պապուկը կը բողոքէր, որ հիմա ցած տեղերը արածող այծերը ստերջ կը մնան: Հոգին սիրես Կասիոսի բարձր լանջերուն, հոն չաշուր(2) արածող այծերը մէկ-երկու օրուան մէջ կը գիտոտուէին(3) արդէն:
Ռէիս պապուկ ծունկերը կը դնէր քարին, կը խոնարհէր, ակէն ջուր կը խմէր, թեզանիքով կը սրբէր բերանը ու կը բողոքէր, որ իր ծարաւը երբեք չէ յագեցած սահմանը նշանակուելէն ետք: Ան այնքան կարօտցած էր Մեծ Քարայրին առաստաղէն բխող սառնորակ ջուրը գլուխը վեր տնկած կաթ-կաթ խմելը:
Կը հաւաքուէին մեծերը, ու անցած-գացածը կու գար կը կենդանանար մեր ածուին պատին տակ: Ա՛լ Թալանտի օրերէն մինչեւ Տարագրութիւն, տունդարձ եւ քանդուածն ու կորնցուցածը վերաշինելու պայքար: Գիտէի՞ն այդ մարդիկ, որ ամբողջ Օսմանեան կայսրութենէն փրցուած խլեակներ էին իրենք, բուռ մը հայութիւն, որ դարձաւ իր տուն ու տեղին, 1939-ին դարձեալ կիսեց իր հողն ու ջուրը, աւելի պզտիկցաւ, Պալլումը(4) մնաց այն կողմ, ուխտերը անկատար մնացին ու կորուստի ցաւը երգ դարձաւ.
Քեսպու վիրիվը Պալլում,
Վառիցուօվ եալում եուլում(5):

Այս մարդն ալ Ազգային կը կոչուէր, որովհետեւ ակումբի, եկեղեցւոյ եւ միութեան մարդ էր: Քիչ անդին գտնուող իր պարտէզը այցելելէ ետք կու գար ու մէկ ոտքը միւս ոտքին ետին պահելով կը յենէր պատին: Կողովին մէջ հաւաքած թուզը կը հրամցնէր, առնողը կ՚առնէր կ՚ուտէր եւ երբ խօսք բացուէր Պանտորի մասին, սահմանին միւս կողմը մնացած իր ագարակին մասին, Ազգայինը կը քարանար, կը լռէր այլեւս, իսկ թուզը կը մնար մատներուն մէջ, կարծես Պանտորի իր պարտէզներուն մեղրածոր թուզին համին յիշողութիւնը չխաթարելու համար:
— Ամբողջ Հայաստան մը գնաց գայլի բերան՝ ի՞նչ կրցանք ընել, — կը մռմռար վերջապէս, կը ձգէր կ՚երթար:
Ես վստահ եմ, որ բեմէն ուրիշ ճար պիտի խօսէր Ազգայինը:
Հայրս առուն Գրգուրենց կողմը կը դարձնէր:
— Գրգուր եղբայր, — ձայն կու տար, — ջուրը ձեր կողմը անցաւ, առջեւը առ:
Կեանքը նիհար առուակին պէս կը շարունակէր հոսիլ:

ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

1939-ի սահմանագծումին հետեւանքով Քեսապի շրջանին հիւսիս-արեւելեան կողմերը մնացին Թուրքիա, որովհետեւ այդ տարածքին մէջ կը գտնուէին մէկ-երկու թրքաբնակ գիւղեր, իսկ մեր Կիւնիկ լեռան ետեւը՝ ուրիշ մը Մուրսալէք կամ Մուղուսլէք անուն:
Կը պատմուէր, որ Տարագրութենէն առաջ Գարատուրանի եւ Պաշորտի հայերը իրենց հետ տանիլ չկրցած բոլոր անշարժ գոյքն ու կենդանիները կը յանձնեն այդ գիւղի բնակիչներուն՝ վերադարձին ստանալու յոյսով: Հինգ-վեց տարի ետք, երբ վերապրողները կը վերադառնան, արդէն չկային օսմանեան ոստիկանները, ֆրանսական զօրքերն ալ տակաւին չէին թափանցած շրջանը: Ամերիկայէն եկած քեսապցի լեգէոնականները Կիլիկիա ելլելէն ետք, կը լքեն բանակը, կը փութան Քեսապ ու չորս տարի, մինչեւ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ Աղեքսանդրէթի սանճաքի կազմաւորումը, կը հաստատեն զինուորական իշխանութիւն մը, որ ծանրօրէն կը պատժէ վերապրողներու կեանքին սպառնացող հարաւի գիւղերը: Մուղուսլէքի մեծաւոր Փելթէք Չաւուշ, զգալով վտանգը, կ՚ենթարկուի զինուորական իշխանութեան կամքին, կը վերադարձնէ գոյքերը եւ կը շահի շարք մը ղեկավարներու վստահութիւնը:
Մարդ միտքէն չ՚անցըներ, որ իր սնած ու պահած ագռաւը օր կու գայ աչք կը փորէ: Տասնամեակ մը ետք թրքաբնակ գիւղերու մէջ կ՚աւելնայ թուրք պետութեան ազդեցութիւնը, առաջ կը տարուի Աղեքսանդրէթի սանճաքը Թուրքիոյ կցելու քաղաքականութիւնը: Կիլիկիայէն ետք ֆրանսան երկրորդ զիջումի մը կը պատրաստուէր: Հայեր, հոռոմներ, ալեւիներ, քիւրտեր ու արաբներ կը բողոքեն: Փելթէք Չաւուշ կը համարձակի նեղութիւններ պատճառել իր գիւղի շուրջ կալուածներ ունեցող գարատուրանցիներուն եւ պաշորտցիներուն: Տարագրութենէն ետք խաշնարածութիւնը Գարատուրանի եւ Պաշորտի հայերուն հիմնական զբաղումն էր: Հազար գլուխ հաշուող հօտերուն թիւը կ՚անցնէր 70-ը: Փելթէք Չաւուշ հօտերուն վնաս կը պատճառէ, արգելք կը հանդիսանայ հասարակաց աղբիւրէն օգտուելու, քանի մը հովիւներ դաւադրաբար սպանել կու տայ: Դերերը փոխուած էին, Քեսապի ազգային-կուսակցական շրջանակները հիմա թուրք տեղական մեծաւորներու բարեացակամութեան պէտք ունէին, կամ ալ կը նախընտրէին առժամապէս հեռանալ շրջանէն: Փելթէք Չաւուշ կը սպառնար հովիւներուն ոտքը կոտրել այդ կողմերէն: Մեր հօտն ալ կը տուժէ, հօրեղբայրներս ճարահատ կը ձգեն Պէյրութ կ՚երթան, իսկ հայրս կը յամառի մնացածը պահել:
— Կեավուր տոլի(6), քու սատակդ շուներուս կեր պիտի ընեմ, — լուր կը ղրկէ Փելթէք Չաւուշը:
Հայրս աւելի արագ կը շարժի:
Հովիւները շունչ կը քաշեն, որովհետեւ թուրքերը Աբրահամի ուրուականը կը նկատեն ամեն տեղ, հօտերուն մէջ, ճամբաներուն վրայ, գոմերուն մէջ, զրոյցներ կը շրջին բերնէ բերան, որ ամեն տեղ է ան ու ամեն բան կը լրտեսէ: Հարաւի եւ հիւսիսի թուրքերուն ձայնը իրենց աղբիւսներէն դուրս չ՚ելլեր այլեւս:
— Կիւնիկ լեռնէն Տունակ լեռ անցնող թեւաւոր ձագին մատակն ու որձը կը զանազանէր, — կը պատմէին հին հովիւները Աբրահամին մասին:
1938-ի սեպտեմբեր 2-ին կը հռչակուի Հաթայի պետութիւնը: Թրքական զօրքերը կը մտնեն Քեսապ, ֆրանասական զօրքերը կը հեռանան գետին նայելով: Հին լեգէոնականները կը փախին Սուրիա, իսկ հայրս եւ ուրիշներ կ՚իյնան լեռները: Թուրք ոստիկաններ, զինուորներ, պաշըպոզուքներ մեծ խումբերով գոմերն ու գիւղերը կը կոխեն, «թուրք սպանած»-ները գտնելու նպատակով, գոմերն ու տուները կը խուզարկեն, հովիւները ծեծի կ՚ենթարկեն, կը խոշտանգեն: Գիշեր մը 40 հոգինոց վաշտ մը գաղտագողի կը պաշարէ մեր տունը: Հայրս կը ճեղքէ շղթան ու գնդակներու տարափին տակ կ՚անցնի Գազազեան թաղը: Թաղի կիները կը կտրեն վաշտի ճամբան: Զինուորները կը կալանաւորեն մեր թաղի մէջ այդ պահուն գտնուող քանի մը հովիւները եւ կողոպտելով-քանդելով կը խուզարկեն տուները: Գիւղի այր մարդիկ կը հաւաքուին եկեղեցւոյ բակը, զինեալ երիտասարդները կը խմբուին հոս ու հոն: Հրամանատարը կը զգայ պահին լրջութիւնը ու կը հանդիպի եկեղեցւոյ բակ հաւաքուած ժողովուրդին:
— Պետութեան յանձնեցէք չէթէները(7), —կը պահանջէ ան:
— Մեր մէջ չէթէներ չկան, մենք ձեզի յանձնելիք մարդ չունինք, ոչ ոք ձեր կողմը զէնք կը դարձնէ, պայմանով որ դուք անմիջապէս ազատ արձակէք անմեղ կալանաւորները, վերջ տաք խուզարկութիւններուն ու խաղաղութեամբ հեռանաք գիւղէն, — կը պատասխանեն գիւղացիները:
Զօրքը կը քաշուի Քեսապ:
Ինը ամիս Քեսապի դպրոցներուն մէջ Աթաթուրքի նկարով թրքերէն դասագիրքեր կը դասաւանդուին. «Նամութլու թուրք իմ տիանա»(8) կ՚արտասանեն քեսապցի դպրոցականները: Այդ տարին Մուսթաֆա Քեմալը կը մեռնի: Այդ օր Տէր Պետրոս տեսնելով փոքրիկները՝ կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ դպրոց գացած չեն:
— Սուգ է, Աթաթուրքը մեռած է եղեր, — կ՚ըսէ դպրոցական Մովսէս Մանճիկեանը:
— Հաւկիթը բերանին, ոռնայ կոռը(9), — կ՚ըսէ ծերունազարդ քահանան:
1939 յուլիսի 23-ին Հաթայի պետութիւնը պաշտօնապէս կը դառնայ Թուրքիոյ 63-րդ վիլայէթը: Հովիւներու շրջանակին մէջ հասունցող ապստամբական նկրտումները, հայ թեմական իշխանութիւններու դիմումները, Ֆրանսայի մէջ հայ եւ ֆրանսացի անհատներու միջամտութիւնները կը նպաստեն, որ նախկին Աղեքսանդրէթի սանճաքի կամ Հաթայի պետութեան մաս կազմող Քեսապի սահմանները փոփոխութեան ենթարկուին: Թրքական սահմանը կը քաշուի Քեսապի շրջանի հարաւային կողմերէն՝ Քեսապ աւանն ու գիւղերը Սուրիոյ ձգելով: Թրքական դրօշակը վար կ՚առնուի Քեսապի Մաղարիկի շէնքէն, ու զօրքը շարքով կ՚իջնէ դէպի գերեզմանատան անկիւնադարձը եւ անկէ կ՚ուղղուի Օրտու: Ճամբուն վրայ կիներ պատշգամբներէն ծաղրող կանչերով կաթսաներն ու լականները կը թակեն, լու լու կը կանչեն, մանուկներ ու պատանիներ ծաղրուծանակի կ՚ենթարկեն զօրքը, քանի մը երիտասարդներ կը վազեն եկեղեցիներուն զանգերը զարնելու:
Տոքթ. Աւ. Ինճեճիքեան, ձեռնափայտը բարձրացուցած, բոյնը կրակ ինկած կաղ արագիլի պէս հոս ու հոս կը վազէ վերջ տալու համար ժողովուրդի ցոյցերուն, կը յանդիմանէ կիներն ու փոքրիկները, կը սպառնայ երիտասարդներուն՝ օրինազանցութիւն կատարած ըլլալնուն համար…
Քեսապի մտաւորականութիւնը դիւանագիտութիւն կը խաղար:
(Խմբագիրին կողմէ — Այդ դրուագը լսած եմ հօրմէս, որ ականատես էր դէպքին. ինքը 8 տարեկան էր այդ ատեն, եւ մէկ օր առաջ երեկոյեան ընտանեօք Մուսա Լեռէն Քեսապ հասած էին ու իջեւանած բժիշկենց, որուն հետ մեծ հայրս անձնական ծանօթութիւն ունէր։ Հօրս յիշածը հետեւեալն էր. իրենք առտուն նախաճաշի նստած էին, երբ թուրքերու քաշուելուն առթած խանդավառութիւնը սկսած էր դուրսը, կրակոցներով ու այլ աղմուկներով հանդերձ։ Բժիշկը, հետը ունենալով այլ անձ մը, կարծեմ Գարատային, դուրս վազած էր լռեցնելու աղմուկը՝ «… դառ իհալին ճամբընէն կու» (դեռ ժողովուրդը ճամբաներն է) պոռալով։ Այսինքն, դեռ ժողովուրդը՝ աքսորուող մուսալեռցիները ճամբաներն են եւ կրնան նահանջող թրքական բանակին հանդիպիլ ու տուժել, շուտ մի ուրախանաք։ Այնպէս որ բժիշկը դիւանագիտութիւն չէր խաղար, այլ ուղղակի մտահոգ էր գաղթող մուսալեռցիներու ապահովութեամբ)։

Մեր գիւղին մէջ մարդ մըն ալ կ՚երեւէր ատեն-ատեն՝ Սիվտիցի Պզտիկը, անունը չեմ յիշեր, մուսալեռցի էր: Կու գար կը նստէր մեծերուն հետ: Ասոր ալ մէկ ոտքը տակաւին սահմանէն անդին մնացածի պէս էր: Հաթայի պետութիւնը հռչակուելուն պէս մուսալեռցիք կը լքեն Լեռը ու Քեսապի ճամբով կու գան ու վրաններ կը զարնեն Պասիթի ծովափին: Հոն ալ մեռելներ կը ձգեն ու կը տեղափոխուին Այնճար: Սիվտիցի Պզտիկը կը վերադառնայ Քեսապ, կալուած մը ձեռք կը բերէ Գարատուրանի ծովափին, որպէսզի մօտիկ ըլլայ իր Լեռան ու ամեն օր աչքերով շոյէ երկնքի ու ծովի կապոյտին խառնուող անոր ուրուագիծերը:
— Դուք ճիշդ ըրիք, — կ՚ըսէր, — չպարպեցիք Քեսապը, ինը ամիս թրքական լուծը կրեցիք, պայքարեցաք, մարդ գտաք ու Ձեր գիւղերը փրկեցիք:
— Բայց ի՞նչ արժեց, — կ՚ըսէր Ազգայինը:
Նոր սահմանը երեք կողմերէ աքցանի մէջ կը դնէ Քեսապի շրջանը: Սահմանամերձ գիւղերը կը կորսնցնեն իրենց կալուածներն ու արօտավայրերը , աղբիւրներն ու ագարակները, խաշնարածութիւնը հոգեվարք կ՚ապրի, Քեսապի շուկան կը սնանկանայ, որովհետեւ Անտիոքի շրջանին ամբողջ հումքը հաւաքելէ կը զրկուի: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը աւելիով կը ծանրացնէ սմքած գիւղացիութեան տնտեսական եւ ապահովական վիճակը; 1947-ին բնակչութեան աւելի քան կէսը կը գաղթէ Հայաստան, միւսները մէկիկ-մէկիկ փախուստի ճամբայ կը փնտռեն…
— Չեմ հասկնար, — կ՚ըսէր Լաւլաւը, — մենք տասնամեակէ տասնամեակ կը պզտիկնանք, բայց չենք վերջանար, կ՚ապրինք պարզապէս յիշելո՞ւ համար…:
— Կորսուածը կորսուած է, գացողը գացած է, մենք մնացող ենք ու այս մնացածը պիտի պահենք, ելէ՛ք, ամեն մարդ իր գործին, — կ՚ըսէր Խաչիկ Ղազարեանը ու ձեռքի յօտիչով, չըք-չըք, հին արահետները ազատելով մորմենիի ոստերէն՝ կ՚երթար նոր բացած արտին քարերը հաւաքելու:

ԽՆՁՈՐԻ ՊԱՐՏԷԶԸ ԿԱՄ ՀԻՆԻՆ ԵՒ ՆՈՐԻՆ ՄԻՋԵՒ

Բայց քոյրս գիտէր ու ես ալ կը հասկնայի, որ պապան կը վախնար:
Գիտէինք նաեւ, որ Կիւնիկ լեռան ետեւ գտնուող մարդիկ աւելի կը վախնային անկէ:
Սուրիական պետութիւնը երբեք չէր ճանչցած նոր սահմանը: Թուրքիա մերթ փշալարերով կը պատէր սահմանը, մերթ կը քանդէր, տեղաշարժի կ՚ենթարկէր իր իսկ դրած սահմանային քարերը: Ներթափանցումները սուրիական կողմի վրայ հին հաշիւներ մաքրելու պատեհութիւն կը դառնային: Ատիկա բնականաբար զգուշաւոր կը դարձնէր հայրս: Եւ ոչ միայն: Դեռ մարդիկ կը պատմէին սեւաղբիւրցի Քիթապսըզեան հօր ու զաւկի սպանութիւնը սահմանամերձ իրենց արտին մէջ, հերկի պահուն: Դեռ երէկ իրիկուն էր, երբ հրազէնի ձայներ լսուեցան Կիւնիկ լեռան վրայ: Հայրս նայեցաւ լեռան ու սպասեց մտահոգ: Քիչ ետք բողոքական եկեղեցւոյ կոչնակը բօթեց եղելութիւնը: Եուսուֆն էր, ուրֆացի ասորի ոստիկանը, որ յամառօրէն կը շրջէր սահմանի երկայնքով, Գարատուրանի ծովափէն մինչեւ Տուզաղաճ, սահմանային խախտումները արգիլելու համար: Իրեն ի՜նչ՝ կ՚ըսէին մարդիկ: Ուրֆա շատ հարազատներ նահատակ ձգած էր, կորսնցուցած հայրենի տուն ու տեղ, ինք ալ ինկաւ մեր լեռան վրայ՝ անտուն, անհող: Հօրս աչքերուն մէջ ես արցունք տեսայ այդ իրիկուն: Յաջորդ օր մեր դպրոցի բոլոր աղջիկները լացին, երբ զինուորական ինքնաշարժ մը մեր գիւղի քարքարոտ ճամբուն վրայ ցատկռտելով Եուսուֆի կինը իր նորածին մանկան հետ առաւ տարաւ մեր գիւղէն:
Առտուն, մութնուլուսուն, բոլորս մէկ կ՚արթննայինք: Հայրս գործիք մը սրելով զբաղած կ՚ըլլար: Մայրս պահ մը դուրսին ականջ տալով՝ դուռը կամացուկ մը կը բանար, «Յիսուս Քրիստոս» կ՚ըսէր, խաչը կը հանէր ու դուրս կ՚ելլէր շուներուն հետ խօսելով: Սա կը նշանակէ՝ մարդ-մարդասանք չկար:
Մենք ալ կը ցատկէինք դրան առջեւ: Օհօ՜, վարի թաղի Ծաղիր լելոն նախիրը հանած կ՚ըլլար Սաղտըժենց լեռնանցքը, վերի թաղի Մերիկ լելոն նախիրը հասցուցած կ՚ըլլար Գազենց լեռնանցքը. հոյ հո՜յ… կը լսուէին լելոներուն կանչերը;
Հայրս կը հասկնար, որ Կիւնիկ լեռը ապահով էր: Կ՚իջնէր բակ ու կը նայէր լեռան: Թեթեւ մը կը ժպտէր՝ առտուան սուրճէն գոհ մնացած ըլլալու ձեւով մը: Լելոները երեւի հեռուէն կը նկատէին անոր թեթեւ ժպիտը ու հոյ հո՜յ կանչելով կը կորսուէին Կիւնիկ լեռան խորերը:
Հայրս կ՚երթար պարտէզ աշխատելու: Երբեմն կ՚արտօնէր, որ հետը երթամ: Կը հետեւէի իրեն: Կը հետեւէի իր քայլերուն: Իր գիւղական կարմիր մոյկը ահագին ծանրութեամբ կ՚իջնէր ճամբու քարերուն վրայ: Նիհար ու մանրակազմ մարդ մըն էր հայրս, բայց ինծի կը թուէր, որ ահաւոր ուժեղ են իր ոտքերը: Քայլերս կը հասնէին իրեն, ոտքս կը դնէի այն քարին վրայ, որուն վրայ ինք ոտք դրած կ՚ըլլար: Այդպէս` ես հօրս նմանիլ կ՚ուզէի:
Հոն՝ արտին մէջ ան խորունկ հիմեր կը բանար, ուղիղ ու երկար պատեր կը շարէր ու հողը կը դարձնէր, կը շրջէր, կը տաքնէր, ինչպէս կ՚ըսէին գիւղացիք, այսինքն տակը վրան կը բերէր, կը մաքրէր քարերէ ու արմատներէ, կը շտկէր ափի պէս, մինչեւ կրկին նոր հիմ բանալու պէտք զգար. նորէն բարձր ու երկար պատ կը շարէր ու այդպէս՝ զուգահեռ պատերուն միջեւ ձեւ կ՚առնէր հօրս բացած նոր արտը, շիտակ, հարթ ու իրարու վրայ բարձրացող դարաւանդներով:
Ես մանր քարեր կը տեղաւորէի իր զետեղած մեծ քարերուն ետին կամ խիճերով պատեր կը կազմէի հօրս ըրածին պէս: Հայրս գրպանէն երկու չոր թուզ կու տար ինծի, ու հոն` պատին տակ կը պառկէի երբեմն. հայրս իր վերարկուով կը ծածկէր զիս, ու ես քունի կ՚երթայի թարմացած հողին բոյրէն գինովցած:
Մայրիկս կովը երկար պարանով կապած կ՚ըլլար վերի խոզաններէն մէկուն մէջ; Ատենը մէյ մը կ՚երեւէր կովուն տեղը փոխելու համար ու ձեռքը ճակատին՝ կը հսկէր լեռան կածաններուն, ուրկէ մարդիկ կրնային գալ ու հայրս գտնել իր միամիտ աշխատանքին մէջ: Մօրս պարտականութիւնը երբեմն Դաւիթենց տան անդամները կ՚ընէին, վազելով կու գային թէ «Քեռի՛, լուր եկաւ, որ լեռը մարդ երեւցեր է, ուշադիր եղիր»:
Դաւիթենց Գրգուրը կու գար. կը նստէր պատին վրայ: Երբեմն ձեռք կու տար՝ խոշոր ժայռ մը տեղաւորելու հիմին մէջ: Զրոյցը երկար կը տեւէր, կը խօսէին, թէ հին պարտէզներն ու ցանքի արտերը այլեւս շահաւէտ չէին, ա՛լ վերջացաւ, շերամին դարը անցաւ, ծխախոտին ծուխն ալ երկար կեանք պիտի չունենայ, սնտուկ մը չոր թուզով ու քանի մը պարկ ցորենով ա՛լ ընտանիք չի պահուիր…
— Տե՛ս, քեռի՛, — կ՚ըսէր Գրգուրի Ժոզէֆ տղան, — մէկ քիլօ խնձորը 25 ղրուշէն ծախուեր է Քեսապ, Հալէպէն օդափոխութեան եկողները տարուէ տարի կը շատնան, կ՚ըսեն՝ ծառը կու տայ 100 քիլօ, ըսել է՝ 2500 ղրուշ, սա ըսել է՝ թիթեղ մը ձէթ, սա ըսել է՝ երկու օրուայ աշխատավարձ, ալ հաշուէ՛, 100 ծառը ընտանիքի մը ամբողջ ապրուստին կը բաւէ, այս մէկ կտորդ 50 ծառ կ՚առնէ, չորս կտորդ՝ 200 ծառ… Դուն ամենէն ճիշդը կ՚ընես…
Ու կ՚ելլէր ոտքով կը չափէր. վեց քայլը՝ վեց մեթր՝ մէկ ծառ, ու կ՚երթար չափելով ու հաշուելով:
— Հը, Ժոզէֆ, ի՞նչ եղաւ, — կը հարցնէր հայրս:
— Ըսածիս պէս, — կ՚ըսէր Ժոզէֆ, — հաշիւ ըրէ, խնձորի ծառը եօթը տարեկանին կուշտ բերք կու տայ, տասը տարիէն դուն 200 ծառէն՝ այսքան եկամուտ կ՚ունենաս, հաշիւ ըրէ, դուն գիւղի ամենէն հարուստ մարդը կ՚ըլլաս…
— Ու տղաս կ՚ամուսնացնեմ, չէ՞… — հայրս քիթին տակ թեթեւ քմծիծաղ մը կը ձեւացնէր, որ ըսել էր տան հաշիւ է, վաղը ինչ կ՚ըլլայ չենք գիտեր:
— Առ այժմ մէկ-երկու տարի ծխախոտ տնկէ, լաւ եկամուտ կ՚ունենաս, — կ՚ըսէր Գրգուրը:
Ու հայրս կը մտածէր հաւանաբար, որ այդ եօթը տարին ինչպէս խնձորի սածիլ գնէ, տնկէ, խնամէ եւ ընտանիք պահէ: Պարտէզ մը հասցնելը ընտանիք մը պահելու չափ ու աւելի ծախք ու ջանք կը պահանջէ;
Եկողը կը հիանար հօրս ստեղծած լայն ու երկար հարթութիւններուն վրայ: Կ՚ըսէին պարտէզը վաղուան համար պիտի պատրաստես, լայն գետին, լայն ճամբայ, հիմա թրաքթոր կայ եղեր, արտեր կը հերկէ, բերքը քաղաք կը տանի…Դուն միայն բերք հանէ, չէ՞ որ կ՚ըսեն. «Ռուպս ըլլայ՝ ճանճը Պաղտատէն կու գայ»:
— Արամը որոշեր է եզները ծախել ու թրաքթոր առնել, — կ՚ըսէր Գրգուրի Վահանիկ տղան, ու կը խնդային բոլորը:
Ո՞ւր կը վերջանար հինը , եւ նորը ուրկէ՞ կը սկսէր… Հայրս գիտէր, որ ինք քիչ-քիչ կը փոխէր կեանքին ընթացքը՝ հին կեանքն ու վաղուան երազը իրարու խառնելով:
Դիմացը Կիւնիկ լեռն է: Վարի լեռնանցքէն մինչեւ վերի լեռնանցքը այդ կարմիր ուղղաձիգ լեռը Քորքոնց քարափն է, վրան՝ մեր արտերը, վարը՝ մեր կալը: Այդ քարքարուտներուն մէջ կորսուած ափ-ափ հողերուն մէջ ցանք ընելը արդէն անիմաստ էր: Անցեալ տարի հայրս սիսեռ ցանած էր քարափին վրայ, շալակ-շալակ սիսեռը բերած էր ու դրած քարափի պռունկին: Յետոյ հրած վար, սիսեռի շալակները այդպէս օդին մէջէն թաւալելով եկեր հասեր ու հանգչեր էին կալին մէջ:
— Ցանքը իր դարը ապրած է, Կիւնիկ լեռնէն ձեռք պիտի քաշենք այլեւս, քանի մը տարիէն կը խեղդուի թփուտներուն մէջ կը վերջանայ, ա՛լ մեր հարսերը շալակով ցորենը խուրձ-խուրձ կրելու ի վիճակի չեն, — կ՚ըսէր Գրգուր ամոն, — այծերու հօտերն ալ կը պակսին արդէն…:
Բայց հայրս չէր ուզեր հրաժարիլ լեռնէն: Հարիւրաւոր տարի Քորքենց համարուող լեռը հօրս համար սեփականութենէ աւելի բան մըն էր: Քորքենց քարափին տակ ո՛չ հով կը դպչէր, ո՛չ անձրեւ: Անձրեւային օրերուն այնտեղ այծի քանի մը մեծ հօտեր կը մակաղէին: Հայրս որպէս վարձք աղբը կ՚աւլէր, կը լեցնէր քուրցերու մէջ ու կը բերէր կը ցրուէր իր նոր բացած արտին մէջ: Հրաշալի պարարտանիւթ… Ծխախոտի տերեւները տապակի չափ կը մեծնային:
Օր մը զիս շալակին դրած այդ քարափին տակ տարաւ: Նստեցուց քարայրին դուռը. ներսը հովիւներու անկողիններն էին, իրարու վրայ շարուած, իսկ ինք ցախաւելով սկսաւ աղբը հաւաքել: Յետոյ բռնեց ձեռքէս ու եկաւ նստաւ կարմիր քարափին տակ ուրիշ ժայռի մը վրան: Վարը, երկու լեռներու ոտքերուն տակ մէջքը ծռած պառկած էր Գարատուրանի ձորը:
Աշխարհը մթնցաւ, որոտում եղաւ: Մէկ մեթր անդին տեղատարափ անձրեւ էր: Մէկը անձրեւի թափանցիկ վարագոյրը կը քաշէր մեր գիւղին վրայ, վարի թաղերէն մինչեւ արեւուն ելած տեղը: Ամպերը գրեթէ մեր հաւասարութեամբ կ՚անցնէին ու գրեթէ կը զարնուէին բողոքականաց եկեղեցւոյ տանիքին: Ես ափս երկնցուցի, որ կաթիլ մը անձրեւ բռնեմ ու մամային տանիմ ըսելով.
— Տե՛ս, մամա՛, անձրե՜ւ, ես առանց թրջուելու անձրեւ բերի քեզի համար:
Քիչ յետոյ վարդագոյն արեւը ամպերու ճեղքերէն իջաւ մեր գիւղին վրայ ու գետնի վրայ ծփացող սաւանի պէս սրբեց թաց գետինները… Երկինքի ամբողջ լոյսը մեր գիւղը ողողած էր: Հայրս օգնեց, որ գտնեմ մեր տունը… Հա՛, եկեղեցիէն քիչիկ մը վար: Մեծ քոյրս ուշացած՝ կը վազէր անձրեւին տակ մնացած կովը ախոռ բերելու համար: Մեր հաւը կը կչկչար, նոր հաւկիթ ածած ըլլալու էր…: Հովիտին մէջ հօրս բացած նոր արտին պէս ուղիղ ու հարթ դարաւանդներով ուրիշ գետիններ ալ կ՚երեւնային: Մեր արտին մէջ նոր հասակ առնող ծխախոտի տնկիները քրոջս դասագիրքին մէջ բարեւի կեցած զինուորներու շարքի պէս էին, բայց որքա՜ ն աւելի շատ…
Հայրս լուռ կը դիտէր ծխախոտի իր տնկարանը, ու ես գիտէի, որ ան եօթը տարեկան խնձորի ծառերը կը տեսնէր, պարտէզը թրաքթորով հերկող իր տղան, բերքը քաղաք տանող բեռնատարը, կախարդական մէկ կոճակով վառող ու մարող գիւղի բոլոր տուներուն ու ճամբաներուն լամբերը…: Հինն ու նորը երազի ու իրականութեան պէս մէջէ-մէջ կ՚անցնէին մեր գիւղէն:

Երեւան
(Շարունակելի)

Նշումներ

1. Այծի մազէ հիւսուած վրան:
2. Արօտի բոյս մը, որ իբրեւ թէ սեռային կենսունակութիւն կը պարգեւէ:
3. Զուգաւորուիլ, կենակցիլ:
4. Պալլում կամ Պարլում. Վարդավառի համաժողովրդական ուխտագնացութեան սրբավայրը, այժմ՝ Թուրքիա:
5. Քեսապի վերեւը Պալլում, / Վառեցաւ եալում-եուլում: Վառիլ՝ բարբառով կը նշանակէ նաեւ ձեռքէ ելլել, ի զուր կորսուիլ:
6. Թրք.՝ անհաւատի զաւակ
7. Թրք.՝ հայդուկ, հրոսակ
8. Թրք.՝ Երանի թուրք եմ ըսողին
9. Այլազգիի գերեզման

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *