ՃԱՅԻ ՃԱԽՐԱՆՔԸ

Տիկին Զապէլ Եսայեանի խնկելի յիշատակին

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

Աշնանային արեգակի ցոլքերը ոսկեփայլ ծաղկաթերթեր էին տեղում Մարմարայի վրայ: Ալիքները ջինջ ճողփում, ժպտում էին նրանց զնգուն ժպիտով: Ծովեզրեայ յետկէսօ՞րն էր անհոգ, թէ՞ տիար Արփիարին էր անհոգութիւնը համակել: Արդէն համոզուել էր, որդին՝ Նոյը, այնքան էր մեծացել, որ դասագրքերով լեցուն պայուսակը մերժում էր իրեն տալ, ուսափոկերով կռնակն էր նետում, օր օրի մանկութիւնից պատանեկութեանն անցնում: Շուտով երեւի թոյլ չտար, որ Կեդրոնական հասնէր, դասերից յետոյ իրեն տուն տանէր: Տարեկից դասընկերները, նույնիսկ աւելի հեռու՝ Սկիւտար, Բանկալթի ապրողները, ինքնուրույն էին վերադառնում: Ամիրաների զաւակները՝ հայրիկների ուղարկած շքակառքերով: Continue reading “ՃԱՅԻ ՃԱԽՐԱՆՔԸ”

ՊԱՏՃԱՌԸ

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

—Հելմութ:
Այսպէս ներկայացուց ինքզինք տեղացի բարեկամի մը ճամբով Գահիրէի գործատեղիս եկած գերմանացին: Եկած էր «լիբանանցի» ոսկերիչէ մը կնոջ համար մատանի մը գնելու: Continue reading “ՊԱՏՃԱՌԸ”

ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ «ԱՌԱԿՆԵՐ»-Ը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Առակները խրատական բնոյթի կարճ գրութիւններ են, որոնք առաջացած են ժողովրդական բանահիւսութեամբ, ապա մշակուած են առակագիրներու կողմէ:
Սակայն Աւետիս Աւետիսեանի «Առակներ»-ը, ծնունդն են հեղինակին միտքն ու հոգին փոթորկող զգացումներուն՝ զայրոյթին, ընդվզումին, ինչպէս նաեւ սիրոյն եւ գնահատանքին: Գիրքը հրատարակուած է Լառնաքա, Կիպրոս, 2006-ին, անոր մէջ տեղ գտած են մօտաւորապէս վաթսունհինգ առակներ, զանազան երեւոյթներ շօշափող: Հերոսներու մեծամասնութիւնը կենդանիներն են, որոնք ընդհանրապէս առակագիրներու նախասիրութիւնը եղած են դարերէ ի վեր, սակայն երբեմն նաեւ մարդի՛կ հանդէս կու գան Աւետիսեանի առակներուն մէջ: Continue reading “ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ «ԱՌԱԿՆԵՐ»-Ը”

ԻՂՁ

ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Գիշեր է խաղաղ, լուսնակը ժպտուն,
Ուրախ է նորէն, քանի նոր մարդիկ
Երկրէն են եկած իրեն այցելու
Քար են տանելու, գուղձեր մեծ պզտիկ։ Continue reading “ԻՂՁ”

ՁՕՆ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Տօն է այսօր, ցնծատօն, հայրենիքիս նայիրեան,
Լոյսի ովկիան շողշողուն, քաղաքամայր Երեւան.՚
Քու ծննդեան հնամեայ, տարեդարձն է կը տօնեն
Մեր գալիքին տեսիլքով, եւ հաւատքով անսասան
Որդիներդ հայրենի, եւ Սփիւռքի ցիրուցան։ Continue reading “ՁՕՆ ԵՐԵՒԱՆԻՆ”

ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Ուրախալի երեւոյթ է տեսնել բառերու աճը մեր լեզուին մէջ։ Վերջապէս՝ բառապաշարի հարստութեամբ կը զարգանայ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան մակարդակը, իրարհասկացողութիւնը, եւ նոյնիսկ մտքերու յստակացումը։
Անշուշտ անհրաժեշտ է օտար բառերու որդեգրումը լեզուն այժմէական պահելու համար։ Բայց ինչպէս ամէն բանի համար՝ հոս ալ չափազանցումը վտանգաւոր է։ Խօսքը ներմուծուած օտար բառերու քանակին մասին չէ, այլ անհրաժեշտ բառերու կողքին՝ աւելորդ ներմուծումներուն մասին։ Շատ մը հայացուած օտար բառեր, որոնք լայն գործածութեան մէջ են արեւելահայ մամուլին մէջ, անհրաժեշտ յաւելումներ չեն, որովհետեւ այդ բառերուն հայերէնը գոյութիւն ունի եւ կը գործածուի արդէն, գոնէ արեւմտահայերէնին մէջ։ Եւ այս կէտը մեզ կը բերէ երկու լեզուներու մերձեցման հարցին։ Continue reading “ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ”

ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ — 1850-1980 / Բ. մաս

Բժ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բ. Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր
Continue reading “ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ — 1850-1980 / Բ. մաս”

20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս

Վարդան Գէորգեան 1972-ին հրատարակած իր «Մտածումի եւ հառաչանքի շիթեր» (272 էջ) գիրքին մէջ ամփոփած է 1928-էն մինչեւ 1972 տարիներու իր ապրումները, որովհետեւ՝

«Ամեն յաղթանակ, ամեն պարտութիւն ուղիղ կամ սխալ հաշուի մը արդիւնքն է։ Եւ ամեն հաշիւ մտքի գործողութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Continue reading “20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ”

Կ՚ՈՒԶՈՒԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Վերջին քանի մը տարիներուն Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան գործելադաշտի ընդարձակման ու ծաւալման որպէս արդիւնք, ներկայիս կարիքը կը զգացուի աշխուժ ու փորձառու վճարովի վարիչ-տնօրէն-ի մը նշանակման»:

«Վարիչ-տնօրէնը, համագործակցելով թերթի գլխաւոր խմբագրին եւ թղթակիցներուն հետ, զեկուցելով Արմենիա Մետիա ընկերկացութեան խնամակալ կազմին, պատասխանատու պիտի ըլլայ՝ ստեղծելու եւ վարելու յատուկ ռազմավարական ծրագիր, զորս պիտի ընդգրկէ մամուլէն ներս ամսական յատուկ թեմաներու կիրարկում»: Continue reading “Կ՚ՈՒԶՈՒԻ”