Ռ. ԽԱԺԱԿ
ա.
«չեմ կրնար շնչել,
այ մարդ.
հաճիս.
չեմ կրնար շնչել:
հաճիս, ծունկը վիզիս մէջ,
չեմ կրնար շնչել…
զիս պիտի սպանեն,
մի սպաներ զիս:
մամա… մամա՜…
չեմ կրնար շնչել.
չեմ կրնար շնչել.»
բ.
չենք -կրնար շնչել,
այ մարդ
հաճիս.
չենք կրնար շնչել:
հսկայ ծունկը մխրճած մեր հաւաքական վիզին մէջ
չենք կրնար շնչել…
մեզի պիտի սպանեն,
մի սպաներ մեզի:
մամա… մամա՜…
չենք կրնար շնչել.
չենք կրնար շնչել:
գ.
չե՛նք կրնար շնչել.
մարդ, լա՛ւ լսէ,
ալ «հաճիս» չմնաց.
չե՛նք կրնար շնչել:
մխրճած ծունկդ վերցուր մեր վիզէն
չե՛նք կրնար շնչել…
մեզի պիտի սպանէ՞,
թող փորձուի՛
մամա, պապա չմնաց.
չենք կրնար շնչել.
չե՞նք կրնար շնչել:
դ.
պիտի շնչե՜նք.
ուզես,
չուզես
պիտի շնչե՛նք:
որովհետեւ ծունկդ հսկայ
պիտի իյնայ վիզիդ վրայ.
եւ պիտի մեռնիս, ո՜վ անարդարութիւն,
քու ծունկիդ ճնշման տակ՝
քու շունչդ է, որ պիտի կտրուի.
մենք պիտի շնչենք.
պիտի շնչենք մենք,
հիմա եւ միշտ…
2020, Թորոնթօ