ԳԱՌՆ
Դ.(*)
50
Դուն, Տէր, յաւերժ կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ ներկայ չեմ քեզի համար:
Դուն կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ կը կարծեմ,
թէ դուն բացակայ ես:
Դուն միշտ եւ առանց ձանձրանալու
եւ յոգնելու կը դիմես ինծի,
այլապէս պիտի դադրէի ըլլալէ:
Դուն է, որ զիս կը բռնես կեանքին մէջ
եւ կեանքին համար:
51
Տէր,
քու հրամանդ
աշխարհի հրամաններուն չի նմանիր,
այլ սիրոյդ
աննահանջելի կամքն է անիկա:
Հրամանդ որպէս հրեղէն շնորհք՝
հետդ միաւորման ճանապարհը բաց կը պահէ:
Դուն, ով Հայր, կը սիրես արարածներդ,
ուստի հրամանդ կը վերակենդանացնէ, կ՚արթնցնէ,
կը զգաստացնէ, կ՚ուղղէ, կը լուսաւորէ, կը նորոգէ,
կ՚առաջնորդէ, կ՚ազատագրէ, եւ կը փրկէ:
Դուն կը հրամայես սիրառատութեամբ, Տէր:
52
Անկեալին առաջին օրէն էին հաւատքը եւ սէրը,
անոնց հետ նաեւ՝ յոյսը.
եւ հաւատքը կը յուսար, սէրը կը յուսար, յոյսն ալ:
Խոստումներու Աստուածն ես դուն, Տէր,
որ երբ նմանութիւնդ պարգեւեցիր ինծի,
դրիր զիս ճանապարհին վրայ քեզի յուսալու
նոյնիսկ անյուսալի պայմաններուն մէջ:
Առանց քեզի յոյսը երազ մըն է,
թէ գիշերի եւ թէ ցերեկի,
որ կ՚անհետի կանուխ կամ ուշ,
մինչդեռ քեզմով կ՚ըլլայ տեսիլք մը,
որուն յայտնութիւն մը կը շնորհես:
Յայտնութիւն մը՝
որ այս տեղէն խուսափելու ցանկութեան չի սպասարկեր,
այլ կը ներգործէ անցեալէն եւ ապագայէն,
եւ որպէս շատրուան կենսացայտ՝
Հոգիիդ ջուրերով այսօր կ՚ոռոգէ երկիրը:
Դուն, Տէր,
յաւիտենական յոյսի աւետարանը հաստատեցիր,
կը հաստատես ու պիտի հաստատես,
մինչեւ կատարումը խոստումներուդ խոստումին,
երբ դուն բացարձակապէս պիտի ըլլաս Ալֆան եւ Օմեկան,
Առաջինն ու Վերջինը, Սկիզբն ու Վախճանը:
53
Տէր, դուն կը տեսնես ամեն ինչ
իր ժամանակէն առաջ,
ժամանակին մէջ, եւ ժամանակէն վերջ:
Քու տեսողութիւնդ կ՚երկարի
բոլոր տարրերուն վրայ արարչութեանդ,
եւ կը թափանցէ զանոնք
մինչեւ անոնց խորագոյն խորքը,
որ ամենակալիդ ափերուն վրայ է:
Ժամանակները կը շարժին աչքիդ տակ,
ինչպէս տարբեր եղանակներու ամպերը:
Քու տեսողութիւնդ
նաեւ համբերութիւնն է ներգործօն բարութեանդ,
որուն շնորհիւ կարելի է յուսալ,
թէ ոչնչութիւնը պիտի չըլլայ վախճանը սիրոյդ գործին,
թէ զայն պիտի չլքես,
եւ թէ արարչութիւնդ
ինքզինք վերստին բարի պիտի տեսնէ աչքիդ մէջ:
54
Շնորհներ բաշխողիդ զղջումը՝
կանխատեսելու անկարողութեան մը անդրադարձը չէ,
քանի որ դուն ոչ թէ միայն կանխատեսողն ես,
այլեւ վախճանական ապագայէն կը տեսնես
բոլոր ժամանակները, որ պիտի գան։
Դուն՝ ամենասուրբդ երբ կը զղջաս,
գոյութենական լուր կսկիծը կը բերես ինծի՝ մոլորեալիս։
Զայն կը բերես իբր ահազանգ՝
թէ ապականումս կը սպառնայ ինծի եւ երկրին։
Բայց, Տէր, զարմանալի յոյսն ալ կը ներշնչես դուն,
թէ չես լքեր զիս իմ կամակորութեանս մէջ,
ըստ Հոգիիդ ազդմամբ յաւիտենական խօսքին թէ՝
ուր որ մեղքը կը շատնայ
այնտեղ շնորհներդ կ՚առատանան։
Շնորհներդ, Տէր, չես զեղչեր դուն,
քանի որ զեղչելը
քու Լինելութեանդ հեղեղին մէջ չի կրնար ըլլալ։
55
Արդար ես դուն, Տէր,
եւ ամեն օրհնութիւն Հայրաբար կը բաշխես
բոլոր բոլորի’ն,
ինչպէս արեւը՝ իր ճառագայթները կը սփռէ
թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ,
ինչպէս երկինքը՝ իր անձրեւները կը տեղացնէ
թէ՛ արդարութեան որդիներուն
եւ թէ՛ մեղքին գերեալներուն վրայ:
Դուն, Տէր, ոչ ոք կը զրկես օրհնութիւններէդ:
Արարածդ ինքզինքն է որ կը զրկէ անոնցմէ՝
յանձնուելով իր իսկ շինած բանտախուցի մութ ստուերներուն,
ուր մահը կը պատրաստուի:
Աջդ, Տէր,
թող արագօրէն քակէ
զղջացող կալանաւորեալին ճաղերը,
եւ զայն դուրս բերէ՝
արեւիդ լոյսին ու կենարար ջերմութեան,
նաեւ զայն դուրս բերէ,
որպէսզի երկնքիդ անձրեւով
անոր հոգիին ճաթռտած երկիրը ոռոգուի:
56
Անաչառատես Տէր,
ամբողջ արարչութիւնը ընտրութիւնդ է.
ոչինչ գոյութիւն պիտի ունենար՝ եթէ ընտրած չըլլայիր։
Եւ դեռ, դուն ընտրութիւնդ կը ծագեցնես ու յաւերժ պիտի ծագեցնես.
եւ դեռ, դուն ընտրութիւնդ կ՚անձրեւես ու յաւերժ պիտի անձրեւես,
որպէս կատարեալ ինքնընծայում։
Դուն այս կամ այն ցեղը միայն չես ընտրեր.
այս կամ այն ընկերութիւնը միայն չես ընտրեր դուն.
եւ դուն այս կամ այն մարդը միայն չես ընտրեր։
Առանց ընտրութեանդ հաւատք պիտի չըլլար այստեղ,
ոչ ալ յոյս եւ ոչ ալ սէր,
եւ ոչ ոք ազատ էակ պիտի ըլլար,
եւ արդարութիւնը բացարձակապէս պիտի յանձնուէր ունայնին։
Ան որ կը զղջայ՝ ընտրութեանդ շնորհքին մէջ արթնցած մըն է։
Ան որ հաւատքի լապտերը կը վառէ՝
ընտրութեանդ շնորհքին մէջ քեզի կը յուսայ եւ քեզ կը սիրէ։
Ան որ քեզի կը վերհայի՝ ընտրութեանդ շնորհքով կ՚արբենայ։
Ընտրութիւնդ
իմաստութեան հրաւէրն է բոլոր սիրտերուն, անխտիր.
հրաւէրը՝ փութալու եօնասիւն յարկդ:
57
Հրաշալի էր մխիթարութիւնդ երէկ,
հրաշալի է մխիթարութիւնդ այսօր,
հրաշալի պիտի ըլլայ մխիթարութիւնդ վաղը,
եւ մինչեւ օրը՝
երբ սգաւորութիւնը պիտի դադրի
փառաւոր գալստեանդ խաղաղութեան առջեւ:
Եւ այժմ,
ով հոգեբոյժ սրտի մխիթարութեան,
դուն ամեն օր եւ որեւէ ժամու
կ՚ընդունիս սգաւորները, որ քեզի կու գան,
ու մտիկ կ՚ընես
անոնց սեփական յանցանքներուն եւ մեղքերուն ողբերը,
նաեւ այլոց յանցանքներուն եւ մեղքերուն համար
անոնց համահեծեծանքը,
անոնց եւ անոնցմով քեզի մատուցուող
այլոց կորուստներուն, անյաջողութիւններուն,
ակնկալութիւններուն եւ պատրանաթափութիւններուն,
չիրականացած երազներուն կամ տեսիլքներուն աղաղակները,
եւ լուռ ձայնիդ իմաստներուն իւղով կը բուժես վէրքերը,
եւ իրատեսութեան ու հետդ գործակցութեան ճանապարհով
զանոնք կ՚առաջնորդես ընդ քեզ կատարեալ հանդիպման…
58
Տէր, քեզ սիրողները կը մխիթարես
եւ սփոփելով կը ժողովես ու կը հանգչեցնես մէջդ:
Քեզ սիրելու շնորհքը պարարտ հողն է,
ուր մխիթարութիւնդ ցանուած կ՚ըլլայ
իբրեւ փոքրագոյն սերմնահատիկ,
որ կը բուսնի, կ՚աճի,
կ՚ըլլայ տունկ համայնական սփոփանքի,
ով բերկրարար Հանգիստ:
59
Անանուն Անուն,
որ բազում անուններով կը յայտնուիս,
դուն ինքդ կը յուսադրես եւ քեզի դիմել կու տաս անուններով,
որոնցմէ անսահմանօրէն աւելի ու աւելի ես։
Դուն պատճառն ես կեանքին,
զայն քեզմէ կը բխեցնես եւ կը հոսեցնես յաւիտենապէս յորդեցնելով։
Անուններուդ նուիրապետութեան գագաթին անունն է,
որ լերան բարձունքին վրայ մարգարէին աւանդեցիր
Անկէզ մորենիին ընդմէջէն,
եւ կտակեցիր որպէս կեանքին ապացոյց։
Անիկա բոլոր անուններուն իսկութիւնն է զօրութենական,
ով կենարա՛ր:
60
Դուն՝ յաւիտեաններուն Տէրը, եւ Ամբողջը:
Ամենակալ զօրութիւնդ կը խնամէ գոյութիւնը:
Քու խնամատարութիւնդ ժամանակներ չունի,
քանի որ անիկա երկնքին ներքեւ՝
մեր մէջ Ներկայութեանդ Խորհուրդին խորքէն կը մատակարարուի:
Դուն կը խնամես մշտնջենապէս.
քու ստեղծագործական “Եղիցի”դ՝
նոյնհետայն խնամարկութեանդ տարածումն է
գոյութեան սկիզբէն մինչեւ վախճանը:
Բիւր բիւրաւոր ձեռքեր եւ բազուկներ պէտք չեն քեզի,
քու խօսքիդ սկզբնական հպումէն
ամեն ինչ յաւէտ վեր կը բռնուի լոյսին ու կեանքին համար:
Դուն՝ յաւերժախնամո՛ղ:
61
Գերեալներուն աղաղակը երբ կը լսես՝
կ՚ազատագրես զանոնք…
Ե՛լք, գերի եմ կամքիս ցնորքներուն, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ ունայնապաշտութեանս, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ իմ անարդարութեանս, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ իրաւազրկողութեանս, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ զոհարար նախանձիս, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ ապականութեանս, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ թիւր զղջումներու, ազատագրէ՛ զիս:
Ե՛լք, գերի եմ փարիսեցիութեանս, ազատագրէ՛ զիս:
Խուճապահար, մոլորեալ եւ թափառական հոգիիս համար՝
անգայթակղելի ելքը դուն ես, եւ դուն միայն կրնաս ըլլալ:
Տէր, ազատագրութիւնդ շնորհէ՜ ինծի
անխարդախ ընթացքին մէջ
Ճանապարհիդ, ճշմարտութեանդ ու Կեանքիդ,
որ փառքիդ լայնարձակ երկիրը կը տանի: