Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

— Չէ՜ մայրիկ,— ըսաւ ամուսինս՝ Յակոբը, դառնալով մօրս,— Թամարը մաքրութիւն ընել չի կրնար։ Հազիւ սկսի, ձեռքը գիրք մը կ՚անցնի, գրութիւն մը կ՚անցնի, մէկ կողմ կը դնէ ընելիքը, կը սկսի կարդալ. ժամեր կ՚անցնին, իմ բաժինս կը վերջացնեմ, ինք տակաւին նո՜ր պիտի սկսի։
— Գիտեմ, պզտիկուց այսպէս էր,— ըսաւ մայրս.— դասերը մէկ կողմ կը ձգէր, ուրիշ գիրքեր կը կարդար…։

Փոքր տարիքէս ընթերցասէր եղած եմ։ Պէյրութի մէջ, պատերազմի օրերուն երբ ելեկտրականութեան հոսանքը կ՚անջատուէր, մոմի լոյսին տակ, գիրք մը ձեռքս՝ անկողին կը մտնէի։ Ընտրած գիրքս սովորաբար կապ չէր ունենար դասերուս հետ. բան մը, որ աւելի հետաքրքրական կը դարձնէր ընթերցումը։
Հայրս գոհ էր. իրեն պէս ընթերցասէր աղջիկ մը ունէր։
— Նայիմ, ձագ, ի՞նչ է կարդացածդ,— կը հարցնէր ու պզտիկ դաս մըն ալ տեղւոյն վրայ կու տար։
— Գիտե՞ս, Դանիէլ Վարուժանը նաեւ ուսուցիչ էր. Մեծարենցի «Ջրտուքը», աղջիկս, «Ջրտո՜ւքը» կարդա. այդ տղան եթէ ապրէ՜ր… Ռուբէն Սեւակը բժիշկ էր, սպանեցին ձագ, Վարուժանն ու Սեւակը միասին տարին…։ Եսայեա՜ն, օ՜հ այդ կինը շատ հալածուեցաւ…։
Ու այսպէս, մէկ առ մէկ մեր գրականութեան էջերէն դուրս կը ցցուէին մեր բանաստեղծներն ու արձակագիրները. իրենց խորաթափանց աչքերուն մէջ՝ կեանքը ապրելո՜ւ անհուն մարմաջ մը։
Մայրս ալ ուրախ էր որ ընթերցասէր աղջիկ ունէր. բայց միաժամանակ համոզուած էր, որ տունը կրակի պիտի տամ։ Գրասեղանիս վրայ կը դնէի մոմակալը, բայց հոնկէ մոմին լոյսը չէր հասներ պէտք եղածին չափ. հետեւաբար, ձեռքս կ՚առնէի զայն ու այդ պահուն մօրս երեւակայութիւնը թեւեր կ՚առնէր՝ ես քունի պիտի անցնիմ, մոմը վրաս պիտի իյնայ…։
— Եթէ հրթիռները չկործանեն այս տունը, դո՜ւն պիտի կործանես,— ըսաւ օր մը։
Հիմա երբ կը մտաբերեմ այս բոլորը, իրաւունք կու տամ իրեն. մարդ վառած մոմը անկողին կը տանի՞։
Սիրահարուած էի Դանիէլ Վարուժանին, թէեւ մէկէ աւելի սիրահարներ ունենալու իրաւունքը տուած էի ինքզինքիս։
Աղօտ լոյսին տակ ես ու ինքն էինք. լաթակազմ ու հնամաշ գիրքի մը մէջէն ինծի կը խօսէր։ Խաչերը կը շարէի էջերուն վրայ, իսկ անծանօթ բառերու երբ հանդիպէի,— որ Վարուժանի պարագային մանաւանդ՝ անխուսափելի է, — ձայնս «աշխարհ կ՚առնէր» ըստ մօրս։
— Պապա՜, «յակինթ» ի՞նչ ըսել է…։
«Առկայծ ճրագ»-էն, «Դերենիկ»-էն, «Կարօտի նամակ»-էն անցած՝ մտած էի գլուխէս շատ վեր «Գողգոթայի ծաղիկներ»-ուն մէջ։ «Լոյսը»-ը քերթուածին վրայ գոնէ տասը խաչ դրած էի։ «Հայհոյանք»-ը յափշտակած էր զիս. լեռան վրայ, լուսնին տակ յայտնուող պառաւը տակն ու վրայ ըրած էր նորափթիթ հոգիս ու մինչ օրս այդ պառաւին ջլուտ բռունցքը քանդակուած է մտապատկերիս մէջ։ Համոզուած եմ, որ «Կարմիր հողը» կարդալէս յետոյ բռունցքս զինած քնացայ։ Կարգ մը բանաստեղծութիւններ ալ քնքոյշ պարիկի պէս կու գային շոյել յուզուած ներսիդիս. կը սիրէի զանոնք աչքս գոց արտասանել.
«Հովե՜ր կ՚անցնին.
Ու ցորեանին պատմուճանները ծփուն
Մերթ կը պատռին, մերթ կը կարուին փողփողուն…»։
Կարծես բնութիւնն ինք ալ կը գնահատէր այդ հրաշալի պատկերը. Պէյրութի գիշերային զեփիւռը կ՚անցնէր ննջասենեակիս վարագոյրներուն արանքէն ու հպանցիկ կ՚օրօրէր մոմին բոցը…, մինչ քոյրս՝ սենեակին միւս կողմը, ասդին անդին դառնալով կը փորձէր քնանալ։
«Կը փորձէր» կ՚ըսեմ, որովհետեւ մեր քթին տակ էին Ֆարաոնին(*) նշանաւոր պալատն ու իր հռչակաւոր սպիտակ շուները։ Այնքան մօտ էին շէնքերը իրարու, որ երբ համարձակէինք մեր գլուխները տնկել մեր ննջասենեակին պատուհանէն՝ մէյ մէկ առիւծներ ըլլային կարծես՝ պիտի ցատկէին մտնէին մեր տան մէջ։ Չեմ յիշեր, թէ ինծի համար ո՞րն էր աւելի վախազդուն այդ տարիներուն. շուներուն հաջո՞ցը թէ հրթիռներուն սուլոցն ու պայթումը։
Երանի՜ այդ օրերուն։
Ի՞նչ «երանի». պատերազմի ահաւոր օրերն էին, պիտի ըսէր մէջէն անցնողը։ Ճիշդ է, բայց պզտիկ էինք, չէինք շալկած այդ հսկայ հոգը որ մեր ծնողները շալկած էին…։ Վախը կար. յարձակողական դիրքի վրայ կեցած զինուորի պէս՝ պատրաստ ներխուժելու. անկայունութիւնը սովորական դարձած էր այլեւս, օրը-օրին ապրելու կենցաղ մը մտած էր տուներէն ներս։
Այսօր դպրոց կայ. վաղը՝ Աստուած գիտէ։
Այսօր դպրոցէն տուն չենք կրնար վերադառնալ, ճամբան լաւ չէ, մնալու տեղ մը կը գտնենք։
Այսօր ՀՄԸՄ-ի ակումբը գոց է. վստահ՝ Ապու Ալին դուռը կը բանայ։ Ապու Ալին Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ խենթանալիք հաց ու պանիր կը պատրաստէր. նոյնիսկ իր տունը գացած ու քաշած-բերած ենք զինք՝ որ ակումբը բանայ…։
Ու մօրս անընդհատ խօսքերը՝
— Քաննասները (դիպուկահարները) շատցեր են, պատուհաններուն մի՜ մօտենաք, կը զարնեն։
— Լոյսը մի՜ բանաք, կը տեսնե՜ն։
— Երեք պատ ետեւ պէտք է ըլլանք, պատուհաններէն հեռու… պզտիկ բաղնիքը ապահով է։
— Սկսան նորէն, անաստուածները. այս մէկը շատ մօտ էր, շո՜ւտ, վար պիտի իջնենք։ Գիրքերը չմոռնա՜ք։
— Այսօր վարը պիտի քնանանք կարծես, ելլեմ բարձերը բերեմ։
— Պապան չեկաւ, հեռաձայնի գիծն ալ կտրուեր է. կ՚երեւի նորէն տպարանը պիտի քնանայ…։
Չեմ մոռնար. աշնան զով գիշերներէն մէկն էր, Ֆարաոնի պալատին շուները դարձեալ քէֆի մէջ էին, իրենց շղթայուող հաջոցներով կարծես այս անգամ մրցակցութեան ելած էին հրացանաձգութեան խլացուցիչ ձայներուն հետ։ Հայրս նոր տուն մտած էր. հեւ ի հեւ վեր ելած աստիճաններէն մինչեւ վեցերորդ յարկ ու բանալիներուն ձայնը հազիւ ելած՝ հրթիռ մը ինկաւ մօտերը։ Ցատկեցինք ու մօրս ձայնն էր այս անգամ «աշխարհ առնողը»։
— Շո՜ւտ, վա՜ր…
Բայց չէ՜, ոտքը կոխեց քոյրս՝ Ալինը։ Այս անգամ, մեզ փրկողը կ՚երեւի ինք պիտի ըլլար։ Կէս քուն՝ վար իջնել չուզեց. վճռակամ՝ ելաւ անկողինէն, նետեց ծածկոցը, արագ քայլերուն հետ գանգուրները ցնցելէն մտաւ ծնողքիս ննջասենեակը, դարակ մը բացաւ ու դուրս քաշեց սաւան մը, նետեց գետին եւ սկսաւ արագութեամբ ուրիշ դարակներ բանալ. հայրս՝ շփոթը դէմքին իրեն դարձաւ՝
— Ի՞նչ կը փնտռես ձագ, ի՞նչ տամ։
— Պարան։
— Պարանը ի՞նչ պիտի ընես աղջիկս, վար պիտի իջնենք, քալէ՜։
— Ո՜չ, ես գիտեմ. վրան պիտի լարենք որ տակը մտնենք որ ռումբը մեր վրայ չիյնայ…։
Ու յանկարծ՝ սուլե՜ց… ապակիներուն խշրտոցը, ձայներուն վլվլուկը, արդեօք որո՞ւ տունը քանդուեցաւ այդ վայրկեանին։ Այդ գիշեր երկրորդ ու առաջին յարկերու աստիճաններուն վրայ հաւաքուեցանք. շէնքին մէջտեղի բաժինը ամենէն յարմարը նկատելով։ Քոյրս ու ես, կծկուած, մեր աչքին առջեւ գտնուող նեղ ու երկար պատուհանէն, «Մըրր»-ի աշտարակին շուրջ կատարուած հրախաղը դիտեցինք երկա՜ր։ Աչքիս առջեւ կը տողանցեն տիկ. Քասունիին դողդղացող ձեռքերը, երբ մեզ հանդարտեցնելու համար թէյ կը հրամցնէր։ Տիկ. Վարդապետեանին ձեռքերը, որ ամուր ականջներուն սեղմած՝ ինքը ցած աթոռակի մը վրայ նստած, գլուխը կախ կ՚երերար։
Օ՜հ այդ ահաւոր սարսուռը որ ակնթարթի մը մէջ կը սողոսկէր ողնայարիս վերէն վար ու կը կապէր ձեռք-ոտք ու լեզո՜ւ…։ Բայց ո՜չ, երկար չէր տեւեր այդ։
Ահա կրակ ու բոց գիշերներուն կը յաջորդէր Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ զանգերուն համանուագը, որ կու գար ակնթարթի մէջ փարատել վախը ու վերադարձնել մեր այտերուն կարմիրը։
Որքա՜ն կարօտը ունի հոգիս այսօր, Ս. Նշանի զանգերուն։

Հակառակ տիրող պատերազմական իրավիճակին, դպրոցները կանգուն էին. թէեւ, Սուրէն Խանամիրեան գոլէճի աշակերտներս թափառական վիճակի մէջ էինք։ Մեր սիրելի գոլէճին վայրը շատ վտանգաւոր դարձած էր, կարելի չէր հոն շարունակել դասապահերը, հետեւաբար, դպրոցը Ս. Նշան եկեղեցւոյ համալիրէն փոխադրեցին արեւելեան Պէյրութ. նախ Անթիլիաս՝ դպրեվանք, յետոյ անցանք ատկէ վեր՝ Ֆանար։ Հանգիստ չէինք, կը գանգատէինք, խաղալու դաշտ չկար… փոքրիկ բակ մը, պատերուն տակ կը կենայինք, քիչ մը կը վազվռտէինք, կը ճեմէինք…։ Երբեմն դիմացի ծառաստանին մէջ վազքի փորձ կ՚ընէինք։
Պէյրութի մէջ սովորութիւն դարձած համադպրոցական մրցոյթները կը շարունակուէին. վազքի, կողովագնդակի, ոտնագնդակի, արտասանական, երգի, զարգացման…։ Այս մրցոյթներուն անհամբեր կը սպասէինք. դաշտ չունէինք այլեւս, դժուար էր յաջողութիւն ապահովել խմբային խաղերուն մէջ։ Կեանքը եռուն էր, երազները վառ էին, արդէն միջնակարգի բաժինը անցած էինք, նոր գոգնոց՝ նոր երազներ։
Յիշողութեանս մէկ անկիւնը պատկեր մը քանդակուած է. զայն ամուր պահած եմ ու կ՚աղօթեմ առ Աստուած, որ եթէ պատահի խոր ծերութեան մէջ մարմնիս անդամներուն հետ յիշողութիւնս ալ թառամի, այս փոքրիկ յիշատակը գոնէ, որպէս անմար ճրագ հետս մնայ յաւիտեան։
Պէյրութի պայծառ ու հանդարտ օրերէն մէկն էր. մեր հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներէն՝ սիրելի օրիորդ Հնազանդը (Նազ Տէր Սարգիսեան) դասարանէն դուրս կանչեց զիս, որ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը տանի, ձեռնարկի մը պատրաստութեան համար։ Վարուժա՜նն էր խնդրոյ առարկան։
Ըրաւ-չըրաւ ինքնաշարժը աշխատցուց. դուռը բանալու կարգը եկաւ. դուրսէն կարելի չէր, ներսէն ալ բռնիչ չունէր, բայց ինք ճարը գտած էր՝ ներսէն թել մը, որ երբ վեր վերցնես, դուռը կը բացուի. այդպէս ալ եղաւ։ Նստեցանք։ Քանի մը քայլ անդին հաւաքուած Խանամիրեանի վարորդները, սիկարէթի ծուխին ետեւէն մեզ կը դիտէին. պարոն Ժիրայրը՝ հաստ ակնոցներուն ետին հետաքրքրութեամբ պզտիկցած աչքերով, պարոն Ղազարոսը՝ արեւէն չորցած վիզը երկարած դէպի մեզ եւ պարոն Մանուկը որ յանկարծ թեւերը վեր կ՚առնէ մեզ զգուշացնելու նպատակով ու արագ քայլերով կը յառաջանայ դէպի մեզ։
— Օրիորդ Հնազանդ, կեցի՜ր հոգիդ սիրեմ. այս երկաթը ինչպէ՞ս օթոյիդ մէջ մտեր է եա՜ու, ձեռքը դնելով ինքնաշարժին առջեւը։
Վար կ՚իջնենք, ի՜նչ տեսնենք… գետնին ամրացուած երկաթեայ ձող մը մտեր էր ինքնաշարժին առջեւի աջ լոյսին տեղը։ Լոյսը տեղէն ելած ըլլալուն, ձողը առիթը օգտագործեր էր փաստօրէն։ Բայց ինչպէ՞ս. հանելուկ մնաց այդ։
Ինքնաշարժը ետ- ու-առաջ ընելէ ետք, վերջապէս ազատ էինք ճամբայ ելլելու։ Պէյրութի հազար ու մէկ նեղլիկ ճամբաներէն ու ինքնաշարժներու միլիոն տեղի անտեղի սթափեցնող ձայներէն յետոյ մտանք Տէր Մելքոնեան թատերասրահի թաղը, որ ալ աւելի նեղցած-տափակցած էր՝ մէկ կողմը ինքնաշարժներ շարուած ըլլալուն պատճառով։ Ինքնաշարժը կեցուց փողոցին մէջտեղը. ինք ելաւ, ես սպրդեցայ դուրս եւ մտանք թատերասրահի շէնքէն ներս։ Ինքնաշարժին ետեւը շարք բռնած դժգոհ վարորդներուն խօսքերը արհամարհելով, աստիճաններէն վեր բարձրացաւ հետս, գտանք սենեակը ու ինք անհետացաւ, վստահաբար ինքնաշարժը տեղաւորելու։
Մեծ ու քառանկիւն սեղանի մը շուրջ բազմաթիւ աշակերտներ նստած էին. տեղաւորուեցայ իրենց քով։ Քիչ անց, ակնոցաւոր, յաղթանդամ մարդ մը ներս մտաւ, ակնոցին տակէն զննեց շուրջը, «բարե՜ւ» ըսաւ թաւ ձայնով ու նստեցաւ։ Վախը մտաւ փորս։
Թեթեւ ժպիտ մը դէմքին՝ ինքզինք ծանօթացուց՝ տոքթոր Բաբգէն Փափազեան։ Բացատրեց, որ կը պատրաստուինք Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան հարիւրամեակին։ Խնդրեց որ բոլորս մէկ առ մէկ նոյն քերթուածը՝ «Հայր, օրհնէ՜» ընթերցենք։
Այս մէկուն վրայ քիչ թիւով խաչ դրած էի. երանի՜ «Հայհոյանք»-ը ըսէր, կամ «Լոյսը», կամ կամ կամ… ատոնք արդէն հազար անգամ կարդալով գոց սորված էի։
Կարգը հասաւ ինծի. ընթերցեցի «Հայր, օրհնէ՜»-ն, անցաւ միւսին, միւսին… բոլորին առիթ տալով որ ընթերցեն, առանց ընդհատելու։
Խօսեցաւ շեշտերու կարեւորութեան, բանաստեղծին հոգին ըմբռնելու կարեւորութեան մասին ու յորդորեց բոլորին որ աւելորդ եղանակներէ ու ձեւերէ հեռու մնանք։
— «Անդաստան»-ը պիտի ներկայացնէք, խմբային արտասանութեամբ. ապա, ինծի դառնալով՝ դուն մենասողը պիտի ըլլաս։
Յաջորդող օրերուն հարցումներու տարափը թափեցի հօրս ու մօրս գլխուն։ Ինչո՞ւ արեւելքէն սկսաւ, ինչո՞ւ արեւելքին համար ըսաւ՝ խաղաղութիւն թող ըլլայ ։
Հասաւ օրը։ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ եռուզեռ է. բեմին անկիւնէն կը փորձեմ ծնողքս գտնել, ի զուր։ Մազս պէտք է շտկուի. պոչիկս ծուռ է. բայց չեմ կրնար ատով մտահոգուիլ հիմա։ Ձեռնարկը սկսաւ. խօսքեր ու ծափեր, սրտի արագ տրոփիւն. յաջորդը մենք ենք։ Սիրահարս հարի՜ւր տարեկան է. լաւագոյնս պէտք է ընեմ։ Մօրս ձայնն է ականջիս՝ «ապրումո՜վ, աղջիկս». հայրս՝ «սասունցիի պէս, «ձա՜գ. անվա՛խ»։
Կը վազեմ տոքթոր Փափազեանին մօտ։
— Պարո՛ն, փորձ ըրած ատեն, ձեռքս ինքնիրեն վեր ելաւ, ի՞նչ ընեմ։
— Եթէ ինքնաբերաբար կ՚ելլէ, թող ելլէ՛,— կ՚ըլլայ պատասխանը։
Սիրտս հանգիստ է։
Ծափե՜ր կը լսուին. լոյսերը վրաս են, մարդ չեմ տեսներ. ես ու Վարուժանն ենք միայն.
«Արեւելեան կողմն աշխարհի, խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ,
Ո՛չ արիւններ, քրտի՜նք հոսին լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…»։

Թորոնթօ

*) Ծանօթ. խմբ. — Ֆարաոնին պալատը կապ չունի եգիպտական ֆարաոններուն հետ, թէեւ տէրը՝ Հանրի Ֆարաոն (1901-1993), ծնած էր Աղեքսանդրիա։ Ան շրջան մը կը համարուէր Լիբանանի ամենահարուստ անձնաւորութիւնը։ Կը նկատուի Լիբանանի անկախութեան կերտիչներէն, ըստ ոմանց նաեւ Լիբանանի դրօշի հեղինակը։ Սպանուեցաւ 1993-ին Պէյրութի մէջ։

One Reply to “Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…”

  1. Մէկ շունչով ապրեցայ հետդ։ Թթուածին ալ չքաշեցի։ Շնորհակալութիւն սիրելի Թամար որ մեզի բաժնեկից ըրիր գրական ապրումներու, անկիւնադադձեային պահերու, յատուկ իրավիճակներու և բազմաշերտ կեանքին։ Արշօ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *