Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱՐԱԲԵՐԷՆՍ

Արաբերէնը մեծ բացական էր մեր դպրոցներուն մէջ եւս, ուր միայն սկզբունքով գոյութիւն ունէր ան: Այս «սկզբունքով»-ը ըսելու խաբուսիկ ձեւ մըն է, որ որեւէ իմաստ եւ բովանդակութիւն չունէր: Դասացուցակին վրայ նշանակուած էր ան՝ ճիշդ է, դասագիրք մըն ալ ունէինք մեր պայուսակներուն մէջ՝ ա՛յդ ալ ճիշդ է, սակայն այս բոլորին իմաստը չէինք ըմբռներ: Մեզմէ առաջ այդ իմաստը չէին ըմբռներ իրենք՝ արաբերէնի ուսուցիչները, որ կրթական նախարարութիւնը կը տրամադրէր: Պետական պաշտօնեայի սուր հոտառութեամբ անոնք իսկոյն կ՚անդրադառնային, որ կը գտնուէին բոլորովին խոպան դաշտի մը մէջ, ուր գրեթէ ընելիք չէր մնար իրենց, թող որ շատ ալ դժգոհ ըլլալու տպաւորութիւն չէին ձգեր. ուստի մեղսակից համաձայնութեամբ մը թոյլ կու տային, որ ուզածնիս ընենք, իրենք ալ իրենց կարգին զբաղումի ու ժամանցի միջոցներ կը գտնէին. արաբերէնի ուսուցչուհի մը ունէի, օրինակ, որ դասարանին մէջ կանաչ լուբիա, անանուխ կամ ազատքեղ կը մաքրէր:
Եւ այսպէս տարիները հեզասահ կ՚անցնէին, մեր արաբերէնի ուսուցիչներէն ոմանք հայերէն ալ կը սորվէին, հայ աղջիկ առնող ալ եղաւ, մինչ մեր «արաբագիտութիւնը» յաւիտենական տեղքայլի մէջ կը մնար:
Ոչ ոք դժգոհ էր այս կացութենէն:
Եւ ինչո՞ւ դժգոհիլ, ի՞նչ կար որ. գրեթէ բոլորս ալ մէկ-երկու տարիէն ուսումը պիտի ձգէինք ու մտնէինք շրջակայ արհեստանոցներէն մէկը, ուր մեզմէ շատեր արդէն բաւական ելեւմուտք ունեցեր ու կօշիկ մաշեցուցեր էին եւ ուր իշխող լեզուն հայերէնն էր կամ թրքերէնը, աւելի յաճախ այս վերջինը:
Կային ուրիշ, աւելի «հիմնաւոր» պատճաբանութիւններ եւս՝ ոմանք լսովի, ուրիշներ տեսովի.
—Ասի մեր երկիրը չէ, ի՞նչ պիտի ընենք իրենց լեզուն…
—Արդէն արաբերէնը կարեւոր լեզու մը չէ…
—Արաբները իրենք ալ արաբերէն չեն սորվիր…
—Մենք Հայաստան պիտի երթանք, հոն արաբերէնը չ’անցնիր…

* * *

Բայց մեր չար բախտէն այդ տարի արաբերէնի նոր ուսուցիչը յայտարարեց, որ ամեն աշակերտ պարտի գրական արաբերէնով պատմութիւն մը սորվիլ ու պատմել ընկերներուն՝ ի՛ր ներկայութեան: Այս պահանջը լախտի այնպիսի հարուած մըն էր, որուն ազդեցութիւնը ամենէն աւելի զգացողներէն մէկն ալ ե՛ս էի. ինչպէ՞ս կարելի էր չգիտցած լեզուովդ գոց սորվիլ ամբողջ էջ մը, թերեւս երկու էջ: Գրաբար սորվիլը աւելի դիւրին էր: Տակաւին կար զաւեշտական մասը. մե՛նք պիտի ընտրէինք պատմութեան նիւթը:
Երկար տատամսումներէ, մտմտուքներէ ու չկամութենէ ետք վերջապէս գտայ գրութիւն մը, որ երկու կատուներու պատմութիւնը ըլլալու էր, քանի խորագիրին վերեւ կը գտնուէին երկու կատուներ: Իսկ այդ խորագիր ըսուածն էր՝ «Ալ ղարղազան ուալ ղարղազուն». մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած լուսաբանուիլ, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այս երկու բառերը՝ անո՞ւն են, ածակա՞ն են, մակդի՞ր են, ինչենի՞ են, ինչացո՞ւ են՝ գնա՛-հասկցի՛ր…
Եւ այնուհետեւ ինծի համար սկսաւ սպիտակ գիշերներու, ծով համբերութեան, տանջանքի, յուսահատութեան, անդուլ ու անմիտ կրկնութիւններու անվերջանալի շարք մը, ուր պէտք է քայլ առ քայլ նուաճէի գողգոթաս, որ սկիզբը բոլորովին անհասանելի կը թուէր, բայց ահա ժամանակին հետ կամաց-կամաց յաղթահարուեցաւ: Մինչեւ որ օր մըն ալ նկատեցի, որ կրնամ անսայթաք արտասանել մօտաւորապէս 35-40 տողանի այդ անիծեալ հատուածը: Ու սպասեցի՝ հոգէառ հրեշտակի փողին սպասողի համակերպութեամբ, մինչեւ որ հասաւ կարգս:
—Պատմութիւն սորվա՞ծ ես,— օր մըն ալ հարցուց ուսուցիչս…
—Այո՜,— պատասխանեցի ինքնավստահ ու շէնշող շեշտով մը, եւ առաջ անցնելով սկսայ… «Ալ ղարղազա՜ն ուալ ղարղազո՜ւն»:
Տպաւորութիւնը…շշմեցուցիչ էր:
Ոչ ոք ականջին կը հաւատար՝ ո՛չ ուսուցիչը, ո՛չ ընկերներս, ո՛չ ալ մանաւանդ ե՛ս, որ թեւեր առած կը սաւառնէի գրական արաբերէնի վերամբարձ ու դարձդարձիկ ոլորտներուն մէջ: Ձայնիս կ՚ընկերանային ձեռքի շարժումներս՝ ա՛լ չեմ գիտեր ինչ ներդաշնակութեամբ… եւ ինչպէս կ՚ըսեն՝ կը գերազանցէի՜ ինքզինքս:
—Աֆե՜յք,— «ապրի՛ս» կրցաւ արտասանել ուսուցիչս՝ դժուար սթափելով կրած տպաւորութենէն ու աւելցուց,— «աշրա ալա աշրա»,— այսինքն՝ «տասը տասի վրայ»:
Իսկ երբ կը պատրաստուէի յաղթական տեղս երթալ՝ աւելցուց.
—Յուսամ յաջորդն ալ այսպէս լաւ կը պատրաստես…
Յաջո՞րդ…ճի՛շդ ահա հո՛ս էր որ տառացիօրէն փլայ ես իմ վրաս:
Ուրեմն յաջո՞րդ մըն ալ պիտի ըլլար…
Օ՜, ո՜չ, անկարելի՜ է, այդքան անարդարութիւն չի կրնար պատահիլ:Եւ չպատահեցաւ: Նոյն պահուն իսկ որոշեր էի, թէ ի՛նչ պիտի ընեմ:
Երկու ամիս սահած էր այն օրէն, երբ ուսուցիչս դա՛րձեալ կանչեց զիս:
Եւ ես ամենայն հանդարտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ սկսայ պատմել… «Ալ ղարղազա՜ն ուալ ղարղազո՜ւն»:
Ընկերներս անտարբեր մտիկ կ՚ընէին, իսկ ուսուցիչս, որուն մերթ ընթ մերթ, աչքիս տակէն կը յառէի գողունի նայուածքս, կը շփէր ճակատը, յօնքերը կը պռստէր, դիմագծերը կը ճմռթքէր, բան մը յիշելու զուր փորձեր կը կատարէր՝ առանց յաջողելու, բայց եւ այնպէս առանց ձեռնթափ ըլլալու, մինչեւ որ աւարտեցի հատուածը:
—Այս պատմութիւնը տեղ մը կարդացած եմ,— ըսաւ, բայց չեմ յիշեր՝ ո՛ւր:
Գլուխը օրօրեց, վերջին փորձ մըն ալ ըրաւ յիշելու, ապա աւելցուց «աֆեյք» մը, որ շատ սրտովը ըլլալ չէր թուեր, յայտնեց նիշս ալ՝ «ութ տասի վրայ», նշանակեց յուշատետրին մէջ, նշանակում մը…որ բաւական երկար տեւեց:
Տարեշրջանը կը մօտենար իր աւարտին, կը յուսայի, որ մէյ մըն ալ պատմելու պարտաւորութիւն պիտի չներկայանայ այլեւս: Բայց հաշիւներս սխալ դուրս եկան, մինչեւ որ օր մըն ալ վերստին կանչուեցայ ահեղ դատաստանին հաշիւ տալու:
Մտահոգ էի,— իսկ ուսուցիչին դէմքին վրայ կը նշմարուէր կասկածելի ու դաւադիր խաղաղութիւն մը,— չէի յաջողեր սկսիլ, կը տնտնայի, կը վարանէի, բայց պէտք էր սկսիլ ու հանդիսաւորապէս սկսայ, եւ մինչ ան նայուածքը կ՚ուղղէր յուշատետրին, ես գերագոյն ճիգով մը պարզեցի առագաստներսկ եւ՝
—«Ալ ղարղազա՜ն…»,— սակայն չհասցուցի շարունակել, երբ խօսքս խլելով՝
—«ուալ ղարղազո՜ւն»,— աւարտեց փոխարէնս՝ ճիշդ իմ շեշտովս ու կշռոյթովս:
Եւ խլացուցիչ աղմուկով մը իջաւ վարագոյրը:

* * *

Այնուհետեւ երբեմնի 10-ին առջեւի մէկը ջնջուեցաւ տետրակէն:
Սակայն այսքանով չփակուեցաւ հարցը: Զիս տարաւ տնօրէնին, որ Անդրանիկ Ծառուկեանն էր եւ որուն արաբերէնը իմինէն աւելի փայլուն չէր. ուստի կանչուեցաւ թարգման մը: Եւ ահա ուսուցիչը մանրամասն պատմեց եղելութիւնը:
Ես նկատեցի այն շատ նուրբ քմծիծաղը, որ գծագրուեցաւ Ծառուկեանի դէմքին վրայ եւ որուն ծանօթ էի մեր ամենօրեայ շփումներուն բերումով, երբ վերահասու դարձաւ պատմութեան աւարտին…
— Շատ լաւ, ես հարկը կը տնօրինեմ,— հանգստացուց եւ արձակեց մեզ:
Եւ այնուհետեւ չեմ յիշեր, թէ որեւէ «տնօրինումի» առարկայ դառնայի:

ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱ՜՜՜Ն

Մեր թերթավաճառ Պարգեւը ամիսներ առաջ աւետած էր, որ «Կարմիր բանակը մտաւ Պերլին»,— վերջապէ՜ս,— ու մեր հոգիները խաղաղեր էին այդ երկար մղձաւանջէն, երբ օր մըն ալ պայթեցուց բոլորովին անսպասելի ռումբ մը.
—Բոլոր հայերը պիտի երթան Հայաստա՜՜՜ն…
Ճիշդ կը լսէի՞նք… Հայաստա՞ն… բոլոր հայե՞րը… մե՞նք ալ… ե՞ս ալ…
Հայոց պատմութենէն գիտէինք, որ գոյութիւն ունեցած է հեքիաթային երկիր մը՝ Հայաստան անունով, բայց ան մինչեւ հիմա գոյութիւն ունի՞ ուրեմն…
«Հայրենիքի ձայն»ին վաճառքը իսկոյն կրկնապատկուեցաւ, սակայն կայ աւելին. թերթ գնող թէ չգնող անցորդներն ու թաղեցիները շրջապատեցին թերթավաճառը՝ հարցումներու տարափ մը տեղացնելով անոր գլխուն. կ՚ուզէին աւելի լուսաբանուիլ, ուստի չէին վարաներ զանազան մանրամասնութիւններ հարցնելու՝ ստոյգ բան մը գիտնալու համար:
—Այո, եղբա՛յր, այո՛, բոլորս պիտի տանին, մէկ հայ պիտի չմնայ դուրսը:
1945-ի վերջերուն… 1946-ի սկիզբներուն էր:

* * *

Եւ այնուհետեւ ելեկտրականացաւ հայ կեանքը իր բոլոր բաղադրիչներով եւ այնքանով, որ մենք կը յաջողէինք ըմբռնել. մեզի համար կար երազային ճամբորդութիւն մը, երազային նաւով մը, դէպի երազային երկիր մը, ճիշդ հոն, ուր Սասունցի Դաւիթը իր թուրով երկու կտոր ըրաւ Մսրայ Մելիքը, Հայկ Նահապետ սպաննեց Բէլը, ուր շատակեր Շարան կ՚ուտէր Շիրակի դաշտին ամբողջ ցորենը, Արշակ երկրորդ ոչնչացուց պարսիկ կէս միլիոննոց բանակը՝ ողջ ձգելով միայն Շապուհը, որ փախաւ-գնաց՝ անամօթաբար լքելով իր կանանոցը…
Բայց եւ այնպէս շուտով սկսաւ հեքիաթը շօշափելի իրականութեան վերածելու ծառայող առաջին եռուզեռը։ Ճիշդ մեր բնակարանին դիմացը կը գտնուէր Պուրճ-Համմուտի քանի մը հազուագիւտ երկյարկանի շէնքերէն մէկը, որուն երկրորդ յարկի հիւրանոցը վերածուեցաւ գրասենեակի եւ տրամադրուեցաւ,— ինչպէս կը կոչուէր այն օրերուն,— «Ներգաղթի կոմիտէին»1:
Ներգաղթի կոմիտէ կոչուածը կը բաղկանար երկու սակաւախօս, շատ խոհուն, յարատեւ ժպտող, ծայրայեղօրէն զգուշ ու կիրթ անձնաւորութիւններէ, որոնք շաբաթը քանի մը անգամ կու գային գրասենեակ՝ բերելով յատուկ տոմարներ, որոնց մէջ կ՚արձանագրէին «Հայաստան երթալ ցանկացողների անունները»՝ առ ի սերտողութիւն:
Կարծես կը հեգնէին մեզ. չցանկացող կա՞ր…
Եւ ահա շրջակայ թաղերու ողջ բնակչութիւնը առտուան լոյսը չբացուած սկսաւ խուժել գրասենեակ՝ առաջինը արձանագրուելու մարմաջէն տարուած բազմութիւններով՝ յառաջացնելով վէճի, վիճաբանութեան, հրմշտուքի ու կռիւի խայտաբղէտ ու զաւեշտական տեսարաններ: Կոմիտէի ներկայացուցիչները կը գրէին թեկնածուներուն բոլոր տուեալները՝ անուն-մականուն, բնիկ որտեղացի, զբաղում, զաւակներու թիւ ու տարիք եւ այլն: Արձանագրութեան կ՚ընկերանար թելադութիւն մըն ալ, թէ շուտով պիտի հրաւէր ստանան, ուրեմն՝ համբերեն:
Եւ այնուհետեւ կը սկսէր անորոշ սպասումի, անվերջանալի զրոյցներու, խառնակ գիշերներու երկար շրջան մը, որ զերծ չէր կասկածէ ու մտահոգութենէ: Մարդիկ պարզապէս չէին հաւատար, որ նման բան մը կրնար տեղի ունենալ:
Սակայն ժամանակը եկաւ հաստատելու, որ հեքիաթ չէր այս բոլորը, երբ օր մըն ալ մեր թաղերուն մէջ երեւցաւ ծանօթ նամակաբաշխը յիշեցնող մարդ մը՝ մախաղը ուսին, ձեռքին դեղին տրցակներ. ան բնակարաններու թիւերուն կը նայէր, անուններ կը հարցնէր, տուները կը մտնէր եւ կը յանձնէր տուեալ անունը կրող դեղին տոմս մը, որ կը հաստատէր ենթակային ընդունուած ըլլալը եւ կը թելադրէր պատրաստ ըլլալ:
—Բայց տուներնիդ մի՛ ծախէք, սպասեցէ՛ք, պիտի բերեմ կարմիր թուղթ մըն ալ, այն ատեն պիտի ծախէք տուներնիդ եւ նաւահանգիստ երթաք,— բերանացի ու բարեխղճօրէն կը յանձնարարէր ցրուիչը՝ լաւ սորված դասի մը պէս:
Այս բոլորը արդէն կը վանէին յետին կասկածներն ալ:
Տոմս ստացողները կը դառնային հետաքրքութեան իւրայատուկ առարկայ. հեռու-մօտիկ կու գային «իրենց աչքերով տեսնելու», շօշափելու, հոտոտելու ու կարդալու այդ տոմսերը եւ իրենց կարգին համոզուելու:
Այնուհետեւ սկսաւ ուրիշ եռուզեռ մը ու տագնապ մը. ի՞նչ ընել, որո՞ւ ծախել տունը, ինչպէ՞ս յաճախորդ գտնել, երբ ամբողջ Պուրճ-Համմուտը վերածուած էր անմիջական ու հաւանական տնավաճառներու հաւաքականութեան մը:
Եւ չես գիտեր ուրկէ եւ ինչպէս, ահա մեր թաղերուն մէջ սկսան երեւիլ տեղացի արաբ հայրենակիցներ, որոնց հետ սակարկութիւններ տեղի կ՚ունենային եւ համաձայնութիւններ կը գոյանային: Ընդհանրապէս տանտէր ու յաճախորդ կը համաձայնէին գինի մը շուրջ, մինչեւ անգամ կը վճարուէր պզտիկ կանխավճար մը՝ սպասելով բո՛ւն վաճառքին, որ պիտի կնքուէր ի մօտոյ: Եւ մարդիկ իրենց տարիներու վաստակով ու քրտինքով ձեռք ձգած տնակը,— որ ընդհանրապէս միասենեակ բոյն մըն էր՝ խոհանոցով մը ու բաղնիքով մը եւ քանի մը թիզ ազատ տարածքով, ուր գրեթէ ամեն ոք քանի մը որթատունկ, սալորենի, թզենի կամ նռնենի տնկած էր՝ ի յիշատաակ Արեւմտեան Հայաստան ձգուած փարթամ այգիներու ու մրգաստաններու,— կը յօժարէին ծախել քանի մը հարիւր լիբանանեան ոսկիի, օրուան սակերով՝ երկու, երեք կամ լաւագոյն պարագային չորս-հինգ հարիւր դոլարի՝ վախնալով որ վերջին պահուն յանկարծ «այդքան տուող ալ չգտնէին»:
Կար աւելին. եղան այնպիսիներ, որոնք, «աւելի հեռատեսութեամբ» եւ առանց հրաւէրի, ուղղակի ծախեցին բնակարաննին՝ համոզուած, որ պիտի երթան, եւ իրենց կարգին սկսան պատրաստութիւն տեսնել՝ ծախսելով ունեցածնին:
Եւ ահա օր մըն ալ ցրուիչի ձեռքերուն մէջ դեղին տրցակներուն հետ երեւցան կարմիր տրցակներ եւս, որոնց գործած տպաւորութիւնը ուղղակի կախարդական էր. այստեղ յստակ նշուած էին մեկնումի օրն ու ժամը, յորում բախտաւորները կը հրաւիրուէին վերջնականապէս պատրաստ գտնուելու նաւահանգիստի տարածքին: Նշուած էր մինչեւ անգամ նաւուն անունը:
Շատ-շատեր,— ասոնց կարգին մօրաքոյրս ալ,— իրենց տունը վաճառած եւ դրամն ալ գանձած ըլլալով, նշանակուած օրէն առաջ կը փութային նաւահանգիստ եւ քարափին կից մարգագետնին վրայ կ՚անցընէին մնացած քանի մը օրերը, ոմանք փոքրիկ վրաններու տակ, ուրիշներ ուղղակի բացօթեայ:
Չուշացաւ մեծ աւետիսն ալ, որ քանի մը օր ետք` յունիսի երկրորդ կէսին, պսակումը պիտի դառնար այս բոլորին, երբ թերթավաճառ Պարգեւ բոլորովին նոր եռանդով մը յայտարարեց.
—Թրանսիլվանիա նաւը կը մտնէ Լիբանա՜ն…
Իրօք ալ յաջորդ օրը ան իր պատկառելի,— պէտք է ըսէի՝ «վեհաշուք»,— զանգուածով հասաւ նաւահանգիստ, հայրենադարձներու, հարազատներու եւ հետաքրքիրներու ցնծութեան աղաղակներուն ու ծափերուն տակ,— որոնց միացան անճարցիները իրենց ահեղաթունդ թմբուկներով ու խլացուցիչ զուռնաներով,— եւ զգուշօրէն մօտեցաւ քարափին եւ անոր կապուեցաւ կամրջակով մը:
Երկու կամ երեք օր ետք ան արդէն լեցուած էր բեռներով ու խուռներամ հայրենադարձներով, երբ կամրջակը քաշեցին ու նաւը շարժեցաւ՝ մեկնողներու եւ մնացողներու ճիչերուն տակ, որոնք շուտով վերածուեցան սրտերէ բխած համերգի մը, որ առաջին անգամ կը լսէինք եւ հետագային աւելի յաճախ պիտի լսուէր.
«Ա՜յ կարաւան, ջա՜ն կարաւան, քշի՛ր քո ճամբան…»:
Այնուհետեւ կարաւան անունով բնորոշուեցան այն նաւերը, որոնք հայ հայրենադարձներով լեցուն կը մեկնէին Հայաստան: Ուրեմն առաջին կարաւանին յաջորդեցին երկու ուրիշներ մինչեւ աշուն, ապա կանգ առին՝ նոր թափով վերսկսելու համար 1947-ի ամառը, որ եւ անակնկալօրէն եղաւ վերջինը Լիբանանի պարագային: Ան փոքր չափերով շարունակուեցաւ 1948-ին Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ու այնպէս ալ վերջնականապէս դադրեցաւ հրամանովը Ստալինի, որու քաղաքական նպատակներուն չէր ծառայեր ան այլեւս:
Ստալին ոչ միայն վերջ տուաւ արեւմտահայերու հայրենադարձին, այլեւ 1949-ին մօտ 6.500 արեւմտահայ ընտանիք նենգաբար աքսորեց Սիպերիա եւ Altaï:

* * *

Հայրենադարձը շատ բարդ եւ շատ ընդարձակ դիպաշար մըն է՝ պատմական շատ հակասական արժեւորումներով, որոնց մանրամասնութեան մէջ չեմ մտներ: Կը գոհանամ անոր հետեւանքներովը Պուրճ-Համմուտի վրայ:
Անցնող երկու տարիները պատճառ դարձան, որ անոր հայ բնակչութեան մօտաւորապէս մէկ երրորդը փոխարինուէր տեղացիներով, որոնք ընդհանրապէս կու գային հարաւի շիա համայնքէն: Իսկ 1948-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին հետեւանքով Լիբանան խուժած հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներուն մէկ մասը իր կարգին հաստատուեցաւ Պուրճ-Համմուտի մէջ, բայց մանաւանդ անոնք հաստատուեցան ներկայիս ծանօթ «Նապաա» կոչուած բնակատեղին, որ իր խտութեամբ պահ մը գերազանցեց Պուրճ-Համմուտը, որուն ուղիղ շարունակութիւնն է ան: Մինչդեռ մինչեւ 1946 ան ամայի ճահիճ մըն էր, ուրկէ կը բխէին երեք ակեր. մերոնք «Իւչ կէօզ» (երեք ակ) կը կոչէին զայն: Նապաա եւս կը նշանակէ ակ:
Ազգագրական այս նոր տուեալները, գումարուելով ժամանակին հետ ձեռք բերուած որոշ բարեկեցութեան մը, իրենց կարգին պատճառ դարձան, որ Պուրճ-Համմուտի հայութեան մէկ կարեւոր մասը լքէ զայն՝ դէպի այլ շրջաններ, չհաշուած հետագային ընդմիշտ գաղթողները: Այս բոլորը աւելի նսեմացուցին անոր հայեցի դիմագիծը, եւ այդ նսեմացումը կը շարունակուի ցաւագին թափով մը:

* * *

Հայրենադարձը բաւական բան փոխեց մեր կեանքին մէջ:
Առաջին կարաւանով, ինչպէս ըսի, մեկնեցաւ մօրաքոյրս իր երկու զաւակներով, երկրորդով մեկնեցաւ հօրաքոյրս ալ իր չորս զաւակներով,— իսկ հօրս բոլոր ճիգերը, որ մենք եւս հայրենադարձուէինք, մնացին ապարդիւն՝ համակելով մեզ զրկանքի այն խոր զգացումով, որ յատուկ էր բոլոր մնացողներուն: Ոչ մէկ հրաւէր ստացած էինք՝ ո՛չ կարմիր, ո՛չ դեղին, իսկ վերջին նաւը մէկ օրէն միւսը մեկնելիք էր, ինչպէս ափսոսանքով կը զեկուցէր հայրս:
Ահա այդ օրերէն մէկուն էր, որ երեկոյեան եղբայրս տուն չվերադարձաւ:
Հօրս տագնապալի պրպտումներն ու հարցուփորձերը ի վերջոյ պարզեցին, որ ան գաղտագողի նաւ բարձրացած էր ու խառնուած հայրենիք վերադարձողներուն: Եւ ինք առաջինը չէր, որ կ՚ընէր այս բանը, իրմէ առաջ ուրիշներ ալ դիմած էին հայրենադարձի այդ միջոցին, եւ այդ նոյն օրը նմանապէս կային դիմողներ, որոնցմէ մէկն ալ ինք էր:
Եղբօրս փախուստը եղաւ մեր ընտանեկան մեծագոյն ողբերգութիւնը, որ տարի մը ետք աւելի շեշտուեցաւ, երբ կանգ առաւ հայրենադարձը, եւ ուրեմն ընդմիշտ կորսուեցաւ միանալու ամեն յոյս:
Ծնողքս վաղաժամ մեռան առանց տեսնելու իրենց զաւակը:

* * *

Այդ առաջին տարին հայրենադարձուեցաւ Աբգարեանի տնօրէնն ալ:
Յուշերուս մէջ ան կը ներկայանայ իր գեղեցիկ կերպարով, որ կը շեշտուէր կրած փողկապով, անթերի արդուկուած զգեստով, որով զգալապէս կը զանազանուէր շրջապատէն, այլեւ ազնուական նիստուկացովը:
Յուշադրամի դիմերեսն է այս, սակայն կայ անոր դարձերեսը եւս:
Շատ խոր հետք ձգած է մէջս անոր՝ ծեծելու սովորութիւնը:
Ան գրպանին մէջ գրեթէ միշտ կը կրէր անուանացանկ մը, որ հայթայթած կ՚ըլլար այս կամ այն ուսուցիչը եւ որուն մէջ արձանագրուած կ՚ըլլային անունները՝ մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտէր ի՛նչ յանցանքով ամբաստանուած աշակերտներու: Այդ ցանկը երեւան կ՚ելլէր առաւօտեան զբօսանքի աւարտին, բակին մէջ շարուելու առթիւ, կամ շաբաթ օրերը կէսօրուան ատենամարզանքին, որ կը սկսէր… ծեծով: Ապտակներն ու կիցերը անխնայ կ՚իջնէին «յանցաւորներու» դէմքին ու մարմնի որեւէ մէկ մասին: Ոմանք գետին կը տապալէին, սակայն ան կը շարունակէր հարուածել:
Կը պատահէր, որ ցանկին մէջ գտնուէր անունը իր սեփական զաւակին եւս, որ Արա կը կոչուէր. սա իր կարգին կը կրէր նոյն պատիժը՝ առանց նուազագոյն զատողութեան, ընդհուպ գետինները տապլտկելով ու ենթարկուելով հօրը յաջորդական կիցերուն: Շատ կը զարմանայի, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը ծեծէ իր զաւակը:
Տնօրէնին կը հետեւէին գրեթէ բոլոր ուսուցիչները եւ ուսուցչուհիներն ալ:
Ինչպէս նախակրթարանի, այնպէս ալ մանկապարտէզի մէջ:
Այս աւանդոյթը մազաչափ չփոխուեցաւ անոր Հայաստան մեկնումովը եւ փոխարինումովը Արմէն Ղարիպով՝ 1946-51 տարիներուն, ուր ապտակներն ու կիցերը փոխարինուեցան…ամրակուռ գաւազաններով:
(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *