ԱՆՎԵՀԵՐ ՈՒ ԿԱՐԵՎԷՐ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Այնքա՜ն խօսեցայ, այնքա՜ն աղօթեցի որ վերջապէս յայտնուեցաւ Աստուած. «Ի՞նչ կ՚ուզես, աղջիկս»,— ըսաւ։ «Մեզի խոստացած էք որ մահէն ետք աստեղերը պիտի գանք։ Բայց մենք կեանքը կը սիրենք։ Նոյին պէս ինը հարիւր տարի պիտի չապրինք։ Շատ-շատ հարիւր տարի սահմանած էք մեզի։ Հարիւրը ընդունուած սահմանն է, քիչեր կ՚անցնին սահմանը, բայց մեծամասնութիւնը կամայ-ակամայ մինչ այդ անդենականի ճամբուն մէջ կ՚իյնայ։ Ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ այսքան աղէտ ու արհաւիրք, հիւանդութիւն ու ողբ չսփռէիք մարդկութեան վրայ։ Եթէ հաւատանք որ Դուք էք տիեզերքի արարիչը, տէրն ու տիրակալը, եւ առանց Ձեր արտօնութեան “տերեւ մը իսկ չի շարժիր”, ահա եկեր եմ հասկնալու Թագաժահրին գոյութիւնը մեր կենսախայտ կեանքին մէջ։ Ունինք-չունինք մարմին մը եւ հոգի մը ունինք։ Այս համաճարակը մեր մարմնին խերը կ՚անիծէ, հոգին ալ մեր սիրելիներուն կը յանձնէ որպէսզի կսկծան եւ անոր հանգի՜ստը աղերսեն»։ Continue reading “ԱՆՎԵՀԵՐ ՈՒ ԿԱՐԵՎԷՐ”

Որոտանը որոտա՛ց

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

1976-ին երբ Երեւան էի, օր մը Վահագն Դաւթեանը ըսաւ.
— Այսօր Համօ Սահեանին պիտի երթանք։
— Ինչո՞ւ, հո՞ս է։
— Ո՞ւր պիտի ըլլայ, հո՛ս՝ Երեւանի մէջ է։
— Ի՛նչ գիտնամ՝ Որոտա՜ն, Որոտա՜ն. կարծեցի գիւղը կ՚ապրի, Որոտանի ափին։
— Այ աղջիկ,— ժպտեցաւ,— Որոտանը իր մէջ կ՚ապրի։ Continue reading “Որոտանը որոտա՛ց”

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Բանաստեղծը Պէյրութ գտնուած շրջանին ամեն անգամ որ գիրք մը հրատարակէր, հայրս նոյն օրը անութին տակ դրած կը մտնէր տուն։ «Սուրբ Գիրքը թող միշտ բաց մնայ սեղանիդ վրայ» վերնագիրն էր իր մէկ բանաստեղծութեան։ Սուրբ Գիրքը միշտ բաց մնաց մեր հիւրասենեակի ճիշդ մէջտեղի սեղանին վրայ։
Վարդանանցին մեր դպրոցի — Հայ Աւետարանական Գոլէճ — եկեղեցիի սրահին մէջ պիտի պատգամէր Ժագ Յակոբեան։ Իններորդ դասարան էի։ Մայրս ու ես գացինք։ Յակոբեանի մազերը Վահան Տէրեանի մէկ կողմի վրայ ինկած մազերը կը յիշեցնէին։ Continue reading “ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ”

ՄԻՒՌՈՆԻ ԵՒ ԱՍՏՂԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Մեծհայրս վաթսունհինգ տարեկանին ամուսնացած էր Եղեռնին այրիացած երեսուն տարեկան մեծմօրս հետ, որ ունէր տասներկու տարեկան աղջնակ մը: Յաջորդ տարի ծներ էր մայրս, եւ հինգ տարի ետք, — այո, հինգ տարի ետք, — մօրեղբայրս: Այս իրողութիւնը մեծ հրճուանքով պատմեցի բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին, որ կը զարմանար թէ յիսունը անց ունեցեր էր իր վերջին մանչը: «Անցեալ դարուն բնական բաներ էին այս բոլորը», բացատրեց մայրս, «մարդիկ հիմակուաններուն պէս զեխ կեանք չէին վարեր»: Continue reading “ՄԻՒՌՈՆԻ ԵՒ ԱՍՏՂԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ”

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ — Բ.

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

«Բերէք ինծի ձեր բոլոր յոգնածները», դեռ ամառը երգեր էր տեղացի երգչուհին, Ազատութեան նորոգուած արձանի հարիւրամեակին։

Դեռ դար մը առաջ, այդ արձանին դիմաց, Էլլիս Այլընտի մէջ գաղթականներ՝ իրենց հիւանդ ու առողջ երազներով, թունաւոր եւ անդարմանելի յիշատակներով ու դարմանելի հեռանկարներով հասեր Continue reading “ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ — Բ.”

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Լողաւազանին ճիշդ եզերքը, թարմ առողջ խոտերէն առաջ, երկար աթոռին վրայ երկարած էր արեւակէզ սրունքները, լողազգեստին վերնամասի կապերը իջեցուցած ուսերէն վար՝ «Սագօ՛, — կը պոռար, — շաուըրին տակէն ասդի էկուր»։ Կ՚ուղղուէի աղջկանս քով, որ ահաւասիկ կէս ժամէ աւազանին ջուրը կը լեցնէ պտըլիկ խորանարդի մը մէջ, անկէ՝ ցնցուղին, եւ ցնցուղը կը պարպէ աւազանը եզերող սիմենթին վրայ. Continue reading “ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ”

ՑԱՒԸ՝ ՄԷԿԷՆ ՏԱՍԻ ՄԻՋԵՒ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Մայիս 30-ին չարութիւն ըրե՞ր էի։ Ո՛չ։
Յիշատակումի տօնին առթիւ ամերիկեան դրօշակի գոյներով գլխարկ-մլխարկ դրած՝ շքերթի մասնակցե՞ր էի։ Ո՛չ։
Խանութէ խանութ վազվզե՞ր էի բացառիկ զեղչերէն օգտուելու։ Անշուշտ ոչ։ Continue reading “ՑԱՒԸ՝ ՄԷԿԷՆ ՏԱՍԻ ՄԻՋԵՒ”