ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ»Ը — ՅՂԱՑՔ, ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԼԱՑՔՆԵՐ

Վեհանոյշ Թեքեան

Բանաստեղծութիւններ կան, ուր փրփրուն գետեր կը հոսին, ուր հովեր կը խօսին, աստղեր վար կը թափին, քամին՝ հարցում-պատասխան իրար անցուցած գլուխը կ՚առնէ կ՚երթայ, տրտմայած հառաչներ կան եւ ցնծագին ծնծղայ, օրհնութիւն ու անէծք, պատիւ կամ պատիժ տնօրինողներ, փառք ու պարծանք պանծացնողներ։ Հեղուկը, շոգին, կարծրն ու փափուկը, հեքիաթայինը, ողբերգականը, կը յայտնուին Continue reading “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ»Ը — ՅՂԱՑՔ, ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԼԱՑՔՆԵՐ”

Մարգար Շարապխանեան

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Ի՜նչ խոհուն ժպիտ ունէր, ի՜նչ անկեղծութիւն: Մարգարն ու Էլիզը ջերմութիւն եւ մտաւորական մթնոլորտ ստեղծողներ էին: Առաջին անգամ իրենց հանդիպեցայ 1978-ի նոյեմբերին: Նոր ամուսնացած էին, ես ալ Պէյրութէն տասը օր առաջ տեղափոխուած էի:
Ամերիկահայ գրողներու միութեան համագումարէն ետք (առաջինը եւ վերջինը) գիշերը Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հաւաքուեր էինք Սօսի Continue reading “Մարգար Շարապխանեան”

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Փափուկ արեւներ
Փափուկ լուսնահար արեւներ
Լուսնահար, դեղնախայտ սենեակներ։
Աղմկոտ մթութեան կաթիլները հաւաքած
ծովե՜ր ծովե՜ր կը շինէի.
Մեծհայր մեծմայր ամենքս մէկ՝ Կիրակի կէսօրէ ետք
Կանաչ պատերով սենեակի քիլիմին վրայ կեդրոնացած Continue reading “ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ”

ԹԷՅ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ամբողջ եղածը քախքէ եւ թէյ էր
Քախքէն կը մկրտուէր տարչին թէյին մէջ,
Ամենայն փութով՝ փափկացած մասին
Կը քսէինք կարագ, վրան՝ մեղրագոյն թուզի անուշ էր.
Աշխարհի ամենէն համով պատառն էր։ Continue reading “ԹԷՅ”

ՕՐՕՐ ԵՐԻՑՍ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Օրօ՜ր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Պատուհան չկար որ լուսինը շողար
Արեւի շողն իսկ ճանապարհ չունէր,
Քարասիրտ մարդիկ քարին փռած էին ձեզ եօթը ամիսներ։

Դուք չքնացաք վախճանման նիրհով
Ու չհանգչեցաք մայր հողի գիրկին,
Երբ քաղաքակիրթ որեւէ երկրի
Անասո՛ւնն անգամ զինք թաղող ունի։ Continue reading “ՕՐՕՐ ԵՐԻՑՍ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ”

ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չդիմացա՛ւ։ Սի՛րտը չդիմացաւ։ Հոկտեմբերէն ի վեր ամեն օր դիմատետրի էջերուն կը դնէր իր հարցերու շառաչն ու արցունքի խունկը։
Վախճանումէն հինգ օր առաջ կը գրէր ինծի. «Բան մը այն չէ։ Ես ոչնչացած կը զգամ ինքզինքս։ Անոնք որ մեզ այս ահաւոր ճգնաժամին վերածեցին, այնքան անգամ պէտք են սպանուիլ որքան նահատակներ ունեցանք։
Ազգին ամեն ցաւի պահերուն կը մխիթարուէի ըսելով որ մենք Կոմիտաս ունինք, Սարեան ունինք, Սայեաթ Նովա ունինք, Համբարձումեան ունինք, Չարենց ունինք։ Այո, այս ամենը հոգիիս մէջ փոխարինուած են “խլէզներով”, որ իրարու միս կ՚ուտեն, ծունկի կու գան մարդակերպ գազաններու առջեւ, սրբութիւնները պղծող, պապենական գիւղերը քանդող, ես չեմ ընդունիր այս անձերը,— թող կորչին երթան գրողի ծոցը եւ չպղծեն հայոց սուրբ հողը»։ Continue reading “ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ”

ԱՄՕԹ ԵՒ ՄԵՂԱՅ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Հարցումնե՜ր, հարցումներ մենք մեզի կը հարցնենք յաճախ։ Նախ եւ առաջ մենք մեզ քննելու ենք իբրեւ ազգ՝ հասկնալու թէ ինչո՞ ւ պարտուեցանք։ Ի՞նչ չըրինք, որ պէտք է ընէինք:
Ինչպէ՞ս պատրաստուեցանք երեսուն տարիներէ ի վեր, անխուսափելի պատերազմին, երբ մէկ կողմը՝ բազմատեսակ կերուխումի, միւս ստուար կողմը՝ աղքատութեան մէջ թաթխուած էր: Մէկ կողմը՝ անկախութիւն, միւս կողմը՝ նիւթական կախուածութիւն։ Մէկ կողմը հայածուծ Continue reading “ԱՄՕԹ ԵՒ ՄԵՂԱՅ”

ԱՐՑԱԽ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՚երեւան։ Continue reading “ԱՐՑԱԽ”

ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի չմայրանայ այլեւս
Երկիրը կ՚երգէ իր նոր անտունին։ Continue reading “ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ”

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ — ԳԵՐԼՈՒՍԱՒՈՐՄԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ եւ ԼԵԶՈՒԻ ԿԱԽԱՐԴ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ատենը անգամ մը Յակոբ Կարապենցի նորագոյն երկը հրթիռի նման կ՚արձակուէր մեր գրական անջրպետին մէջ: Կու գար երկը բոլոր կողմերով յղկուած, փայլատակող, ամբարած կառոյց, ոյժ եւ զօրութիւն, այնպիսի վարպետութեամբ մը որ կը լեցուէինք ակնածանքով: Գոյութիւն ունի Կարապենցի գրականութիւնը իբրեւ տինամիք իրականութիւն: Continue reading “ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ — ԳԵՐԼՈՒՍԱՒՈՐՄԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ եւ ԼԵԶՈՒԻ ԿԱԽԱՐԴ”