ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Հարցումնե՜ր, հարցումներ մենք մեզի կը հարցնենք յաճախ։ Նախ եւ առաջ մենք մեզ քննելու ենք իբրեւ ազգ՝ հասկնալու թէ ինչո՞ ւ պարտուեցանք։ Ի՞նչ չըրինք, որ պէտք է ընէինք:
Ինչպէ՞ս պատրաստուեցանք երեսուն տարիներէ ի վեր, անխուսափելի պատերազմին, երբ մէկ կողմը՝ բազմատեսակ կերուխումի, միւս ստուար կողմը՝ աղքատութեան մէջ թաթխուած էր: Մէկ կողմը՝ անկախութիւն, միւս կողմը՝ նիւթական կախուածութիւն։ Մէկ կողմը հայածուծ դաստիարակութիւն, միւս կողմը՝ հայ մշակոյթը մառախլապատող գերեվարուած մարդիկ։ Մէկ կողմը Սահմանադրական դատարանի պէս բան մը, միւս կողմը՝ անիրաւուածներ, հարստահարուողներ: Արցախը սրբազան մասունքի պէս պաշտողներ եւ մեր պապենական ժառանգի կողոպուտին համակերպողներ։ Իբրեւ օժանդակութիւն հասած միլիոնաւոր տոլարները կը ցնդէին եւ դղեակներ ու ապարանքներ կը բուսնէին՝ իր օրապահիկը հազիւ վաստկող բնակչութեան չորս կողմը։ Պենթլիներ կը սուրային երբ մամիկներ կարկտնուած փէշերով փողոցները կ՚աւլէին: Շարլ Ազնաւուր ցասումով ըսաւ. «Աշխարհ պտտեցայ հայ մուրացկան չտեսայ։ Մուրացիկը միայն Հայաստանի՛ մէջ տեսայ»։
Երեք տասնամեակ անդադրում թալան եւ քաղաքական անլրջութիւն՝ մեր գլխուն վրայ ճօճուող վտանգներուն- նկատմամբ: Գաղտնի համաձայնութիւններ մեր թշնամիներուն հետ. ծախել-մախելներ։ Մահացու ուրուականներ երկրին մէջ, եւ հազիւ իր առօրեան կարգի դնող ժողովուրդ, որ ցնծութիւն կը սիրէր։ Արուեստ կ՚արարէր։ Տաղանդներու հոյլեր։ Եռանդի բոցեր։ Բարիքի ակունք։
Ահաւասիկ պայթեցա՛ւ պատերազմը, 44 օր «Յաղթելու ենք» յանկերգի ընթացքին իր էութի՜ւնը՝ իր արիւնը թափեց մեր մատաղ սերունդը, տնքացին արի վիրաւորները, մղկտացին իրենց սիրտը ճաթած ծնողները, կիներ շուարեցան թէ ի՛նչ պիտի ըսեն իրենց զաւակներուն, իսկ զաւակները քունի ժամուն իսկ՝ բաց աչուկներով իրենց հայրերուն սպասեցին։ Քարացա՛ն մեր լեռները, արիւնլուայ ու մերկ:
Կը զարմանամ թէ այս տարողութեամբ մարդկային ահաւոր ողբերգութեան պատճառ եղող անձինք դեռ ինչպէ՛ս ցերեկը քաղաքականութիւն կը խաղան, իսկ գիշերը հանգի՜ստ իրենց գլուխը բարձին կը դնեն: Այդ տրուած հողերը լուռ չե՜ն, օր մը պիտի բարձրանան եւ իրենց ահագոռգոռ երախին մէջ առնեն զիրենք գերութեան յանձնողները, նոյնիսկ անոնց դիերը:
Նոյեմբեր իննին հիւլէական ռումբի պէս մեր ոսկորները կճռտեց եւ մեր երկինքը խաւարեցուց Վարչապետին ինքնագլուխ ստորագրած թուղթը։ «Դաւաճան» սուլող սուրերու անվերջանալի սուսերամարտեր սկսան աջ ու ձախ սուրալ օդին մէջ, սատանայի աչքերու պէս փալփլիլ խաւար երկինքին տակ։ Իսկ դիմատետրերն ու մեդեան ողողեց չտեսնուած սեւ հեղեղ մը լուտանքներու, զրպարտութիւններու, անէծքներու իրարու հանդէպ։ Հայհոյանքներու հաստ բառարանի մը բոլոր բառերը գործածուեցան շաբաթներով, չլսուած բառեր, մէկը միւսէն խորդուբորդ ու սիրտ խառնող։ Ոսկեղինիկ հայերէնը պղծուեցաւ: Լաւ է, որ հետզհետէ կորսուեցաւ թափը:
Մինչ այդ տիւ ու գիշեր մարդիկ ելոյթ կ՚ունենային յայտնելու թէ իրենք ճիշդ են, միւսները սխալ են։ Իրենք տարիներու փորձառութիւն ունին, երիտասարդները ըսածնին չեն գիտեր: Իրենք հայրենիքի պաշտպան են, միւսները դաւաճան են. «Ահա ձեզի ցոյց տամ գաղտնի թուղթեր»։ Եթէ այդքան սրտցաւ էին, ինչո՞ւ վաղուց չէին յայտնած, չէին ճօճած իրենց «ճշմարտութիւնները»։
Անշուշտ կային նաեւ լուսաբանող բանավէճեր:
Այս մղձաւանջի ամիսներուն՝ թաքնուած իրողութիւններ կան հարկաւ։
Բայց ինչ որ ակնյայտ է ըստ մասնակից կամ ականատես մարդոց, այն է որ՝ հրամանատարները փախեր են պատերազմի վայրէն, երիտասարդ մատղաշ անփորձառու տղաքը թողած առանձին՝ առաջին գիծի վրայ, որոնք կա՛մ հերոսաբար կռուած, կա՛մ վիրաւորուած, եւ կամ ալ՝ էն ողբերգականը՝ նահատակուած են։ Անոնք անմեղունակ, հայրենիքի ապագային յառած մաքրափայլ աչքերով՝ չեն գիտեր ի՛նչ պատահեցաւ իրենց. բայց մենք գիտե՜նք թէ անոնք կ՚ապրին մշտնջենապէս Եռաբլուրի մէջ: Երկու կաթիլ արցունք ու խունկ իրենց անուշ յիշատակին: Կային որ նշանակուած հրամանատարին անբացատրելի բացակայութեան պատճառով՝ իրենց գլխուն ճարին նայեցան, շաբաթներով սոված՝ անտառներու մէջ:
Ամբողջ սերունդի մը հոգեվիճակը խախտած է։
Փտած ծառը այժմ կը բացատրուի վերէն վար, փոխանակ վարէ՛ն, արմատներէ՛ն սկսելու… Ինչո՞ւ նախ չհամադրել եղելութեան բոլոր ծալքերը, եւ ապա՝ կազմալուծել, գտնելու խորքը մեր ողբալի պարտութեան:
Առանց բացառումի բոլոր դերակատարները եւ անոնց արբանեակները դատարանի մէջ հարցաքննել: Ցաւսիրտ մարդոց կողքին՝ մեդիան խճողեր են քաղաքական շահեր եւ ինքնարդարացում հետապնդողները: Մեծխօսիկները, ստախօսները, յուդաներն ու մերթ ընդ մերթ՝ առաքեալները:
Մեր պարտութեան «ինչպէ՛ս»-ը գիտենք. «ո՞վ» եւ «ինչո՞ւ»-ն են հարկաւոր: Իրաւական գետնի վրայ հարցաքննելու է իւրաքանչիւրը որպէսզի ի վերջոյ յայտնուի թէ ո՛վ էր, որո՞նք էին որ պատրաստեցին մեր բազմաւեր պարտութեան թոյնը։
Այդ թոյնի սրուակը պարտադրաբար խմեցին հայոց հողը, համայն հայ ժողովուրդը ծագէ ի ծագ, եւ անշուշտ՝ Հայոց պատմութիւնը:
Կիսաւեր դարձուցին մեր հոգեկայանը։
Ինչո՞ւ փտեցաւ մեր նորայոյս ծառին արմատը։
Եթէ այսպէս ամեն գլուխէ ձայն մը ելլէ՝ եւ կորիզը գտնելու աշխատանք չտարուի, պիտի կրկնուին սխալները, ու մեր դատողութիւնը պիտի մնայ թմբիրի մէջ։ Հետեւա՞նքը, — յաւելեալ պարտութիւններ պիտի քառասմբակ յառաջանան, լափելով մեր արժանապատիւ գոյատեւելու իրաւունքը:
Հազարութհարիւր կոթող, հարիւրաւոր դարեր իբրեւ ուխտի խորան պաշտուած տաճարներն ու վանքերը Արցախի՝ ի՞նչ իրաւունքով սուսիկ-փուսիկ կը յանձնէք թշնամիին։ Ինչո՞ւ իրենց ձեռքերով շինած բնակարաններէն կ՚արտաքսուին հայ ընտանիքներ: Ինչու ռազմագերիները տակաւին նոխազ կը դառնան ազերի խժդուժութիւններու։ Ինչո՞ւ այսքան արտասուք ու կսկիծ, անճրկութիւն եւ կատաղութիւն՝ հայոց աշխարհի մէջ։
Դուք, նախագահներ, ղեկավարներ, պատերազմի՛ պիտի պատրաստուէիք, հեռատեսութիւնն ու պայքարը պէտք է ձեր հոգին զօրացնէր, որպէզի ստրուկի պէս չխեղճանայիք եւ չամչցնէիք ձեզ իր վրայ հովանի կարգած ժողովուրդը: Անոր հիմա փշրանք մը հաց կու տաք, ճեղքուած երդիքը կը նորոգէք, վարժարան ու այգի անվտանգ կը դարձնէք, պարտադրաբա՛ր: Հաշիւ պահանջող կայ։
Ինչո՞ւ համար Հայաստան թէ Սփիւռք՝ հայ ազգը մէկ հոգի ու մարմին դարձած գիշեր-ցերեկ տքնեցաւ, զինուորներուն հաց ու վերարկու հասցուց, 44 օրուան ընթացքին 170 միլիոն տոլար հաւաքեց, յատկապէս պատերազմի զոհերուն ու կորուստներուն համար։ Այդ գումարը ձեզի՛ յանձնուեցաւ: Բայց… պատերազմը հազիւ աւարտած՝ բարեսիրական կազմակերպութիւններ հապճեպ գործի լծուեցան՝ մէջտեղ մնացողներուն օգնելու համար։ Դուք չփութացիք։ Ժողովուրդը՝ փերուշան, դուք անդադար արդարացում կը ստեղծէիք աղէտին մասին։
Մինչեւ իսկ գծուծ պատասխանատուներ՝ զինուորներուն համար արտասահմանէն նուիրուած քնատոպրակները եւ այլ անհրաժեշտ իրերը ծախեցի՜ն նոյն ինքն զինուորներուն։ Զաւթեցին անոնց կռուելու անսակարկ նուիրումը եւ ապրելու իրաւունքը: Դուք գործակից եղաք համայնակուլ ողբերգութեան:
Պարտուած ենք բանիւ եւ գործով, կամայ թէ ակամայ։ Գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ: Մեղա՜յ մեր զոհերուն ու գերիներուն։ Մեղա՜յ հայոց թանկագին ժողովուրդին եւ իր մշակոյթին: Մեղա՜յ մեր փառապանծ հայրենիքին։
Ամչնալը նուաստացնող է: Մեղան՝ թերեւս փրկարար։
Յունուար 2020
Նիւ Ճըրզի