ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
Գիշեր է. լուռ են ցաւերս բոլոր։
Լուսամուտէն դուրս, լուսնի լոյսին տակ հազարաւոր փաթիլներ պսպղալով վար կու գան մեղմայոյզ. ներսը, ճարճատող կրակին բոցերը սրտիս զարկերուն նման մերթ կը խոնարհին, մերթ կ՚ըմբոստանան։ Անհամբեր կը սպասեմ Վահանս. հերոսական Արցախէն կու գայ այդ, Արցախցի կնոջ նուրբ մատներով գործուած։
Մինչ այդ, հայրենիքս գրկած նստած եմ։
Աչքիս առջեւ տուներ կը հրկիզուին։ Մատներուս արանքէն լուսաւոր դէմքեր կը սահին, իւրաքանչիւրին ներքեւ անթիւ գիրեր՝ «Վա՜խ զաւակս…», «Փա՜ռք հերոսին…», «Աստուած հոգին լուսաւորէ…», «Ի զո՜ւր էր, ափսոս…», «Ախր, ինչի՞ համար…»։
Մի՜…մի՜ գրէք. մեր հերոսները մի՜ նուաստացնէք հանրային հարթակներու վրայ ձեր տեղի կամ անտեղի պոռթկումներով։ Գունաւոր հայհոյանքներու շարքը, գռեհիկ խօսքերը օր ըստ օրէ կը ծաւալին ու կը թաւալին բարձրաձայն խնդացող թշնամին գոհացնելով։
Խնայեցէք մայրերը, խնայեցէք սիրող սրտերը, խնայեցէք ազգս որ ապրիլ կը փորձէ, որ ապրելու պարտաւոր է։
* * *
Անբացատրելի է կատարուածը։ Հայհոյանք մըն ալ իմ շուրթերէն կը սպրդի օդին մէջ, վստահ չեմ թէ որո՛ւ ուղղուած՝ թուրքի՞ն, «քաղաքակիրթ» աշխարհի՞ն, մեր բախտի՞ն, ղեկավարութեա՞ն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեա՞ն, ռուսի՞ն… չեմ գիտեր։ Բայց գիտեմ, որ առօրեայ աղօթքս ուղղուած է հայ զինուորին, ուր որ է ան այսօր՝ երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ։ Ան հայրենիքը գերադասեց բոլորէ՜ն։
Սեւազգեստ մայրը ինկած է հերոս զաւկին թարմ հողակոյտին վրայ. լուռ է զաւակը, վիշտը կուլ տուած՝ լուռ է մայրը, լուռ է անգիտակից աշխարհը, դէմքը անդին դարձուցած՝ լուռ է նաեւ գիտակից աշխարհը։ Անհետ կորածներու լուսանկարներ կը սահին պաստառին վրայէն. անվերջ աղօթողներու բոցավառ յոյսերուն կը յաջորդեն ահաւոր գիրերը՝ «Յայտնաբերուել է եւս…..»։ Եռաբլուր, տակաւին քանի՜ քանի հերոսներ գիրկդ պիտի առնես։
Անծայրածիր է գերեզմանն հայոց։ Մէկ օրէն միւսը՝ հայ զինուորը մտաւ դրախտ, հայ ազգը մտաւ դժոխք։ «Ուրեմն ա՞յս էր, փոխարէնն ա՞յս էր միթէ մեր աղօթքին, մեղրամոմին, կնդրուկին…»։ Իմ սէր, Վարուժան. այսօր այդ «ութսունամեայ հաւատքին մէջ ջերմեռանդ» մամիկին դողացող ձայնին կը միացնեմ ամբողջ լարերս։
Ո՞ւր էիր, Աստուած։
* * *
«Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…»։ Ո՜չ, սիրելի Թէքէեան, մութին մէջ չէ՜ր այս անգամ։ «Քաղաքակիրթ» աշխարհի բոլոր սարքերը օգտագործելով, թուրքը, վայրկեանը վայրկեանին, արեւի պէս շողացող լոյսին տակ է որ կատարեց ու կը շարունակէ կատարել իր «ահաւոր բան»ը — Lights, camera, action! — բախտաւոր պարագային՝ կացութեան «մօտէն հետեւող եւ իրավիճակէն մտահոգ» երկիրներու հազիւ ակնթարթային ուշադրութեան արժանանալով։
Ինչպէ՞ս հանդուրժել. ինչպէ՞ս ընդունիլ ու համակերպիլ։ Ո՞ւր է հայրենիքի ոգին. միայն Սիամանթոյի տողերուն մէ՞ջ պիտի հանդիպինք անոր. թէ այն մեր մատղաշ հերոսներուն, մեր նահատակներուն կրծքին տակ կը բաբախէր միայն։
Իսկ մե՞նք, մնացորդա՞ցս. «…բաժան-բաժան անմիաբան եւ սակայն մի՝ երբ սպառնում է թշնամին…»։ Օ՜, ո՜չ սիրելի Էմին, չէ՜. «մի» չենք հիմա, այլ՝ ծուէն-ծուէն, նոյնի՜սկ երբ սպառնայ, նոյնիսկ երբ յարձակի, քանդէ ու պղծէ թշնամին։
«Կոյր մի՜ ըլլաք» ի զուր կը կրկնէր Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը. բայց աշխարհը աչք ու ականջ գոցած՝ միայն գրպանը կը մտածէ։ Մարդու իրաւո՞ւնք. ո՜չ, մեզի համար չէ ատիկա փաստօրէն։ Աշխարհը շատոնց մոռցեր է մեզ. մե՜նք շատոնց մոռցեր ենք մեզ ։ Արցախի մէջ, նահատակուած ազատամարտիկներու թանգարանի պատին յենած յուշագորգին վրայ հիւսուած է՝ Ոյժն է ծնում իրաւունք։ Նժդեհի խօսքը պահեցինք թանգարաններուն մէջ միայն. փաստօրէն, լիակատար չզինեցի՜նք մեր մատղաշ զինուորը, չզինեցի՛նք մեր կամաւորները։ Ո՞վ է պատասխան տալու։
«Գնենք հայկականը». «թրքականը մի՜ գնէք» կոչերը ասդին անդին կը տարածուին։ Հիմա՞ արթնցանք։ Ի՜նչ հրճուանքով կը սպասէիք ձեր Պոտրումի ու Անթալիայի ծովեզերեայ արձակուրդներուն։ Կը դառնամ Յակոբին՝ կը յիշե՞ս այդ մարդը, որ օր մը փորը ուռած, հպարտութեամբ բարձրաձայնեց, որ թոռնիկը «պիւլպիւլի պէս թրքերէն կը խօսիկոր»։ Ուրա՞խ է հիմա իր թոռնիկին խօսած թրքերէնով. ու հաւանաբար «պիւլպիւլի պէս» անգլերէնով. ո՞ւր մնաց հայերէնը։ Օր մը օրանց, հայերէն պիտի խօսի՞. գիրերուն ծանօ՞թ է։
Ահա հարցազրոյց մը եւս. յոգներ եմ զրոյցներէն, «մասնագէտ»ներու կարծիքներէն, նոյնիսկ լաւ վերլուծութիւններէն. եթէ գործնական քայլերու չվերածուին, ի՞նչ օգուտ ունին։ Յոգներ եմ այս «բարեկամ» երկրին ու այդ «բարեկամ» երկրին կողմէ հնչեցուած խօսքերէն. բոլո՜րդ փակեցիք աչք ու ականջ, լեցուցիք ձեր գրպանները եւ կը շարունակէք որոճալ ձեր սուտերը։ Յոգներ եմ խաչը դուրսէն կրող քրիստոնեայ աշխարհէն ու իր քննարկումներէն։ Ո՞ւր էիք հարիւր տարիէ ի վեր. ո՞ւր էիք 27 սեպտեմբերէն ի վեր, երբ «կոյր մի ըլլաք» կանչեցինք անդադար։ Յոգներ եմ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» կարդալէն։
Ահա հայ մը. կեցեր է իր տան քար ու քանդին առջեւ, հրացան մը ձեռքին՝ կը յամառի. որոշած է չլքել իր պապենական տունը։ Էջ մը հայ ազատագրական պայքարի էջերէն, որ ահա Արցախի լեռներուն վրայ կը կենդանանայ։ Ո՞վ պիտի օգնէ քեզի, եղբայր. ո՞ւր ես «ղեկավարութիւն» կոչուած։ Ո՞ւր է մեր ազգային արժանապատուութիւնը։ Ուրիշէն ի՞նչ կը սպասենք երբ մենք մեզի չենք օգներ։
* * *
Ասդիէն անդիէն անձնական նամակներ անընդհատ կը յայտնուին պաստառիս մէկ անկիւնը.
— Կարդացի՞ր, ճի՞շդ է։
— Չեմ կրնար լսել ձայնը. մտիկ չեմ ըներ իրեն։
— Չգիտեմ. սրանից յետոյ մեր ապրելը ո՞ւմ է պէտք…։
— Առաջ Աստուած… կը գնանք Շուշի. իսկ հիմա չգիտենք ինչ անենք…։
— Իր եղած շրջանէն մարմիններ գտած են, անճանաչելի…։
— Ցոյցի ելանք, բռնեցին տարին մեզ. տուգանք պէտք է տանք եղեր. քիչ մը պահեցին ձգեցին. վաղը նորէն ոստիկանատուն պէտք է երթանք. իսկ ժողովուրդին մէկ մասը ճաշարաններն է, հոգերնին չէ նոյնիսկ Արցախը։
— Սիրելի՜ սփիւռք, ես …..յանն եմ, ամուսինս անմահացաւ…։
«Քէլբաջարի մէջ….»։ Ո՜չ. Քարվաճա՜ռ է, հայերէ՜նը գրեցէք։
«Նիկոլ Փաշինեանին երեք զաւակները կը գտնուին…»։ Ճի՞շդ է. կե՞ղծ է. ինչո՞ւ ասով զբաղած ենք հիմա։ Արցախի երեք քառորդը թշնամիին ձեռքն է հիմա, հարիւր հազար հայրենակից անտուն է. հազարներով նահատակներ ունինք, իրենց ընտանիքներուն ո՞վ պիտի օգնէ, հաշմանդամներուն ո՞վ պիտի օգնէ, գերիները ո՞վ պիտի ազատագրէ. կորածները ո՞վ պիտի վերադարձնէ։ Որո՞ւ հոգն է հիմա վարչապետին զաւակներուն ուր ըլլալը։ Սահմանին կանգնած զինուորին ո՞վ տէր պիտի կանգնի։ Օրական գիւղ մը կը գրաւեն վարնոցները, ազատ համարձակ կը կտրեն հոսկէ հոնկէ։ Մենք ա՞զգ ենք թէ ոչ, ասիկա հայրենի՞ք է թէ ոչ, ո՞վ է ասոր պատասխանատուն։
* * *
— Թամար, ինծի ցոյց տուր այս քարտէսին վրայ, ի՞նչ մնաց Արցախէն, — կ՚ըսէ Յակոբ, պատէն կախուած «Արցախի վանքերն ու եկեղեցիները» խորագրով քարտէսին նայելով։
— Կը կարծես ես գիտե՞մ. օրական կը չափեն կը ձեւեն կը կտրեն իրենց ուզածին պէս։ Շուշին, Շուշի՜ն չկայ. ստորագրեց, ի՞նչ ստորագրեց, ի՞նչ իրաւունքով։
— Կը յիշե՞ս քեզի միշտ կ՚ըսէի որ Արցախը վտանգի մէջ է, հանգիստ պիտի չձգեն. իսկ Տիգրանակե՞րտը…
— Նախ գրեցին գնաց, յետոյ գրեցին մերը մնաց, բայց յետոյ գրեցին գնաց։
— Գանձասա՞րը։
— Նոյն բանը. մէկը կ՚ըսէ գնաց, միւսը կ՚ըսէ մնաց, միւսը՝ դեռ յայտնի չէ, միւսը՝ դեռ պիտի տանք։ Մի՜ հարցներ Յակոբ. ալ մի՜ հարցներ։ Դադիվանքին իբր թէ ռուսը պիտի հսկէ. ի՞նչ կարեւոր թէ ով կը «հսկէ»։ Ամարա՜սը…։ Մենք մեր տան տէրը չենք այլեւս. այս է իրողութիւնը, «վերահսկողութիւն»ը ո՞րն է այլեւս։
Յանկարծ կ՚ընդհատուի մեր երկխօսութիւնը. հեռաձայնին միւս կողմը մայրս է, փոխանցելու օրուան լուրերուն ամփոփումը. ազդանշանս՝ որ օրը իր աւարտին հասնելու վրայ է։
Ու կը քակուի կծիկը՝ արաբական կայանները այսպէս ըսին, «ՊիՊիՍի»ն աղտոտին մէկն է արդէն, հայկական լուրերն ալ կախում ունի թէ որու մտիկ կ՚ընես։
— Ես առաջին քանի մը վայրկեանը մտիկ կ՚ընեմ, եթէ տեսայ, որ կուտ կորկոտ չկայ՝ կը դարձնեմ, — կ՚ըսէ մայրս, — այսօր, տրամաբանական հարցազրոյց մը կար, մտիկ ըրէ, մարդուն անունը մոռցայ, հայ է բայց անգլերէն կը խօսի, աչքերը պզտիկ են, բայց աղուոր մազ ունի
— Մա՜մ, ես ինչպէ՞ս գտնեմ պզտիկ աչքերով եւ աղուոր մազերով մարդը։
— Աղջիկս ես այսքանը քեզի փոխանցեցի, դուն ալ մնացեալը ըրէ, ո՜ւֆ։
— Մամ, շատ գէշ է կացութիւնը, մենք հարիւր տարի ետ գացինք։
— Ես կը հաւատամ, որ մենք այսպէս չենք մնար. մոմս վառեցի։ Հայրիկը (մեծ հայրս) կ՚ըսէր՝ մենք որբանոցին մէջ հասակ առինք, բայց մեր մէջ ապրելու տենչ կար։ Մենք պիտի ապրինք որ ապրեցնենք։
* * *
Քիչ անց, պատուհանէն դուրս՝ ինքնաշարժի մը լոյսերը կը փայլին. տան զանգերը կը հնչեն ու ահա բեռնակիրը, ձեռքին՝ փաթեթը. մէջինը Վահանս է անկասկած։
Փաթեթը հականեխելէ ետք, ներս կը բերենք։ Ծունկի եկած, անհամբեր կը բանամ զայն։ Առաջին հերթին կը յայտնուի վկայականը. աչքս գամուած կը մնայ վերջին տողին վրայ՝ «Արտադրուած է Շուշիում։» Նոր մահացած հարազատի վերջին շշունչը ըլլար կարծես։
Արցունքներս կուլ տալով կը բանամ ծալքերը… իւրաքանչիւրին հետ կը քակուին յիշատակները՝ ներդաշնակ գունաւոր թելերը, գեղեցիկ նախշերն ու գունանկարները, արագ բանող ձեռքերը, լուսաւոր աչքերը, դուրսը վազվռտող փոքրիկները, ժինկէլով հացերը, սիգապանծ լեռները, երիցուկները…։
Անխառն յուզումով կը դիտեմ Վահանս հիմա. կը շոյեմ իր բուրդէ մարմինը։ Ի՜նչ ծիածաններ կան իր թելերուն մէջ, ղօղանջող զանգեր, բոցավառ սէրեր, մոմ ու կնդրուկ։ Կ՚աղօթեմ զինք գործող ձեռքերուն համար։ Չեմ կրնար կոխելով անցնիլ վրայէն, ո՜չ. Վահանս շոյանքի է արժանի։
9 դեկտեմբեր 2020
Թորոնթօ