Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հազուագիւտներու փաղանգին վրայի ամենաընտիր սերը. խիզախ վրիժառու, քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան ամենայետին նրբութիւններով օժտուած տաղանդաւոր ազգային գործիչ ու ղեկավար. ուղղամիտ, անկաշառ ու բացառիկ համեստ, որուն համատ տեւաբար կատարելիք գործն էր կարեւորը. Չէր ուզեր երեւնալ ու կը խուսափէր իր մասին խօսիլ տալէ։ Continue reading “ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ”
ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ
ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Բնութեան երկու երեւոյթներ, իրարու հակադիր՝ միաժամանակ մտերիմ ու անբաժան եղբայրներ։
Ժամանակին Աստուած զայրացաւ մարդկանց վրայ, ու երկինքը պատռելով՝ ծովերը իրար խառնեց ու շուռ տուաւ դէպի երկիր՝ որոտը գոռաց, ու կայծակը փայլատակեց, ու հեղեղանման տարափներ Continue reading “ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ”
«ԷՐԻԿ-ԿՆԻԿ»
ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
1940-կան թուականներուն Հալէպի մէջ հայերէն դասագիրք վաճառող գլխաւոր 3 գրախանութներ գոյութիւն ունէին։ Ամենէ ճանչցուածը Կիւլէսէրին գրախանութն էր, որ շնորհիւ իր ունեցած առանձնաշնորհեալ դիրքին հայ նախակրթարաններուն մօտ, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մուտքին ճիշտ դիմաց՝ եւ իր ունեցած գիրքերու բազմազանութեան, կը գոհացնէր հայ աշակերտութեան բոլոր պէտքերն ու պահանջները։ Continue reading “«ԷՐԻԿ-ԿՆԻԿ»”
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
1940-ական թուականներուն Հալէպի բնակարաններուն մեծամասնութիւնը սահմանափակ յարմարութիւններով օժտուած էր, ու բաղնիքները հեռու էին գործնական ըլլալէ. լոգնալու համար անհրաժեշտ էր օճախին վրայ խոշոր կաթսաներու մէջ ջուր տաքցնել, ապա «բաղնիք» համարուած փոքր խուցի մը մէջ մայրեր իրենց փոքրերը ցած, անթեւ աթոռակի վրայ նստեցնելով՝ կ՚օճառէին անոնց Continue reading “ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂՆԻՔ”
ԼԵՒՈՆ ՀԻՄԻՏԵԱՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀՐՇԷՋԸ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հալէպի հրշէջներու կայանը 1940-50-ական թուականներուն կը գտնուէր Նէյյալ թաղին մօտերը, բժիշկ Յակոբ Գասապեանի դարմանատան դիմացի կողմը, միաժամանակ ան մեր ամենօրեայ՝ դէպի դպրոց եւ կամ ակումբ՝ երթեւեկի ճամբուն վրայ էր։
Փոքրերուս համար, կայանին առջեւէն մեր անցած միջոցին հրդեհ ազդարարող, խլացնող, թոքերը պատռող երկարատեւ սոյլերը եւ հրշէջներուն զգեստաւորուած, մետաղեայ գլխարկներով, երկրորդ յարկէն երկաթեայ գլանաձեւ սիւնին վրայէն սահելով վար գալն ու հապճեպ կերպով ինքնաշարժերուն վրայ ցատկելը, ուշագրաւ ու հետաքրքրական երեւոյթ էր, ու պահ մը կանգ առնելով դիտէինք պարզուած արտասովոր ու տպաւորիչ երեւոյթը, — ինչ որ փոքր տարիքիս զիս մղած էր ծնողքիս ու շրջապատիս յայտարարելու, թէ երբ մեծնամ կը փափաքիմ հրշէջ ըլլալ, կամ քաղցրեղէնները շատ սիրելուս՝ փախլաւաճի…։ Continue reading “ԼԵՒՈՆ ՀԻՄԻՏԵԱՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀՐՇԷՋԸ”
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։ Continue reading “ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ”
ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ
ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հալէպ կեցութեանս մօտ քսան տարիներուն ընթացքին, մեր ընտանիքը հաւատաւոր կերպով միշտ նոյն մատակարողները ունեցած է. նոյն կաթնավաճառը, նոյն մածնավաճառը, նոյն դերձակը, նոյն կօշկակարը, ու նոյն սափրիչը։
Հալէպի մեր սափրիչը Նշան Վարդանեան անունով մօտ 45 տարեկան անձ մըն էր, որուն աշխատատեղը Թիլէլէն դէպի Ճիտէյտէ թեքուող թաղին անկիւնը կը գտնուէր։ Փոքր ու չափազանց պարզ սափրիչատուն մը, հսկայ հայելիի մը առջեւ Continue reading “ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ”