ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Անցեալ տարի, 2019 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն, գրական բեղուն վաստակ ունեցող ու ազգային գործիչ, նախկին հալէպահայ Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը, մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լօլա Գարապիպերճեաններուն, ձօնուած՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակին:
Գիրքին կողքին վրայ տեղադրուած է Անիի մայր եկեղեցին, հեղինակին դիմանկարով, իսկ ետեւի կողքին վրայ գրագէտին նկարը իր համառօտ կենսագրականով: Գիրքը յուշապատում մըն է 165 էջերով ու 35 գրութիւններով, որոնք ըստ խորքի կը բաժնուին 3 մասերու — ուսուցիչներու խումբով պատմական Անիի աւերակներուն կատարուած այցելութիւնը, սրտցաւ հայու զգացումներով ու վերլուծումներով, յուշեր ու տպաւորութիւններ հայրենիք կատարուած իր այցելութիւններէն, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններ սփիւռքի ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ ժողովուրդին սպառնացող վտանգին:
Պատմական Անիի այցելութիւնը կատարուած է Հայաստանի կողմէն, ու հեղինակը բարձունքէ մը դիտելէ ետք Անիի չոր ու ցամաք անապատային տարածութիւնը, իր փլատակ եկեղեցիներու տեսարանով՝ պահ մը առանձնանալով հեռադիտակով մը երկարօրէն կը դիտէ աւերակներուն ու փլատակներուն գեղեցկութիւնն ու վսեմութիւնը, ու անոնց հետ կը դառնայ խօսակից ու զրուցակից. դարերու ակռաներուն տակ ճզմուած տարածութիւն մըն է Անին կը նշէ ան. յուզում, երեւակայութիւն ու պատրանք միաձուլուած՝ հեղինակը կարծես կը լսէ բոլոր եկեղեցիներուն ղօղանջները, լուսաւոր երաժշտութեան նման, որոնք զինք կը մղեն աղօթելու. խօսիլ Անիի մասին կը նշանակէ բանալ հայոց պատմութեան փառապանծ էջերը, կը նշէ ան, ու տարածութիւնը կը նկատէ կողոպտուած հող աւելցնելով — գացած էի իբրեւ ուխտաւոր հոգիս ու սիրտս կապելու մեր ասպետական դարերուն պատկանող այդ փլատակներուն:
«Յուշեր ու տպաւորութիւններ հայրենիքէն» բաժնի գրութիւններուն մէջ հեղինակը առանց դոյզն վերապահութեան, ցայտուն կը դարձնէ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, իր դրական ու բացասական բոլոր երեւոյթներով. — արհեստավարժ մուրացկաններ փողոցներուն վրայ, մէկ մայթէն միւսը անցնող օրինազանցներ, երիտասարդ անգործ տղաք մայթերուն վրայ ծխախոտը իրենց ձեռքին եւ այլն:
Յաճախ խօսուած է Հայաստանի ոստիկաններուն կաշառակերութեան մասին, սակայն «Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ» իր գրութեան մէջ Գէորգ Պետիկեան կ՚անդրադառնայ ոստիկանի մը վերաբերմունքին, որ ինքնաշարժի օրինազանցութեան մը պարագային անտեսած էր կաշառքը. մեծապէս տպաւորուած այս երեւոյթով «Իրապէս հայ ոստիկանը ինծի համար մեծցած էր ու գերազանցապէս հայ» կը նշէ ան:
Հետաքրքրական է նաեւ օտարազգի «Մայքին աղօթքը» գրութիւնը: Մայք կիթառ նուագելու կողքին սիրահար էր լեռնագնացութեան՝ անտեսելով այլ լեռները, Մայք նախընտրած էր Արարատը, որովհետեւ աւետարանէն սորված էր «պիպլիական» այս լերան մասին: Ան բարձրանալէ ետք Արարատի գագաթը, կիթառը հանելով երգած է ու աղօթած՝ խնդրելով Աստուծմէ որ այս լեռը վերադարձնէ իր իսկական տիրոջը: Հաճելի զուգադիպոպթեամբ մը, հեղինակը մասնակից կը դառնայ Արամ Մանուկեանի յուշարձանին բացման հանդիսութիւններուն, նշելով որ Արամ Մանուկեան սուրբի մը հոտը ունի, ու իւրաքանչիւր հայու համար ան կը մնայ մեծ ղեկավար: Սփիւռքահայ Գէորգ Պետիկեանի համար հայրենիքը այն տեղն է, ուր եթէ անկէ ոտքերը մեկնին, սակայն հոն կը մնայ իր սիրտը…:
Հատորին երրորդ մասը կ՚ընդգրկէ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ հայ ժողովուրդին ինքնութեան սպառնացող մեծ վտանգը, երբ հեղինակը ի ցաւ սրտի կը հաստատէ իր երկու թոռներուն, վեց տարեկան Վանային ու հինգ տարեկան Հայկին օտար վարժարան յաճախելու պարագան, անոնցմէ մին օր մը ըսած է «Պապիկ դուն ամերիկացի չես, հայ ես, մենք ամերիկացի ենք, ու կրնանք օր մը նախագահ ընտրուիլ այս երկրին… Նոր հայութիւն որ արդէն իսկ կազմած է նոր մտայնութիւն… ու հեղինակը կ՚աւելցնէ — Միջին Արեւելքի մէջ մենք բոլորս հայեր էինք, մինչ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ իւրաքանչիւր հայու ճակտին դրոշմուած է «ամերիկահայ» մակդիրը… անոնք նախ ամերիկացի են ապա հայ. Ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլած է մարդկային բոլոր հոսանքները… պարտուած ենք, կը հեւանք, առանց անդրադառնալու որ հայուն մնայուն լաստը հայրենիքն է», — կը հաստատէ հեղինակը: Հարկ է նոր սերունդին փոխանցել ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը. ցաւալի է, որ հակառակ այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքին, վարանում կայ մեր մտքերուն մէջ ու իրականութիւնը չտեսնողներ… ամեն օր յոյս կը մուրանք ու հրաշք կը փնտռենք, առանց համոզուելու որ միայն հայրենիքն է մեր վերջին լաստն ու օթեւանը կը վճռէ Գէորգ Պետիկեան:
Թիւ 28 գրութիւնը նուիրուած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի շատերուն ծանօթ պրն. Փիլիպոս Դերձակեանին. համեստ դասատու ու դաստիարակ, հեղինակը կը նշէ, որ պրն. Դերձակեան դասի պահերուն յաճախ կը խօսէր ու կը յորդորէր, որ մենք աշխատելով բարձր պահենք հայ մտքի ջահը:
Թիւ 31 գրութիւնը «Ոսկի սմբուկներ» վերնագրով, հարազատ կերպով արտադրուած՝ շատ գեղեցիկ, ինքնատիպ գրութիւն մըն է, հիւմըրով համեմուած:
Անդրադառնալով հեղինակին ոճին, ան հեզասահ է, դիւրահաղորդ ու կը յատկանշուի յստակութեամբ. մտքերն ու զգացումները բացայայտ են ու չկայ ցուցամոլութիւն նախադասութիւններուն կառոյցին մէջ: Ան իր ըսելիքը վերականգնած է իր մտապատկերին մէջ, ու ամենայն հարազատութեամբ յանձնած է թուղթին, առանց որեւէ պճնազարդութեան, ինչ որ գրութիւնը հաճելի ու մատչելի կը դարձնէ ընթերցողին:
Գէորգ Պետիկեանի մօտ ակներեւ է նաեւ հայու ազատ ու անկախ մտքի թռիչքը, իր հիւմորով ու վերլուծական մտածումներով:
Յանձնարարելի է, որ բոլորս կարդանք իր «Ես տեսայ Անին» հատորը ու միաբերան գոչենք — վարձքդ կատար ու գրիչդ դալար յարգելի ու սիրելի Գէորգ Պետիկեան:

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *